Անդրադարձ. Էրտողանի Թունուզեան Յայտարարութեան Մասին
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի, 27 դեկտեմբերին Թունուզ իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Ասատ ահաբեկիչ է, Սուրիան քանդեց, եւ կարելի չէ զինք լուծումին մասնակից դարձնել»: Ան մէկ ամիս առաջ` 24 նոյեմբերին յայտարարած էր, որ Սուրիոյ քիւրտերուն հարցով Ասատի հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելը կարելի չէ բացառել` աւելցնելով. «Քաղաքականութեան դռները միշտ բաց են մինչեւ վերջին պահ»: Թրքական դիւանագիտութեան պետ Մեւլութ...


















