Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան Միացեալ Նահանգներ Կ՛Այցելէ
* 15 դեկտեմբերին Շահան արք. Սարգիսեանը, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Վարդան Տէրտէրեանը այցելեցին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանին եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Շահան արք. Սարգիսեան ներկայացուց սուրիահայութեան դիմագրաւած խնդիրները, համայնքի վերականգնման ծրագիրները եւ այդ ուղղութեամբ ցարդ իրականացուած աշխատանքները:
ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները իրենց կարգին զեկուցեցին Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ տարուած աշխատանքներուն մասին` շեշտելով, որ կուսակցութիւնը պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը` Սուրիոյ հայութեան վերականգնման գործին:
* 15 դեկտեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեանի, եղբայրական հանդիպում մը ունեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին հետ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ` Պըրպենք:
Հանդիպման ընթացքին Շահան արք. Սարգիսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց սուրիահայութեան այժմու կացութեան, երկրի ապահովական վիճակին եւ վերականգնումի ու բնականոն առօրեայի վերաշխուժացման ծրագիրներուն մասին:
Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրերը յաջողութիւն մաղթեցին Շահան արք. Սարգիսեանին եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն:
Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինի Հանգանակային Ընթրիք-Ընդունելութիւնը
Չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան կազմակերպած էր հանգանակային ընթրիք-ընդունելութիւն մը, գործնական մասնակցութիւն ցուցաբերելու համար Սուրիոյ գաղութին ու մասնաւորաբար Հալէպի օճախին վերականգնումին ու վերակառուցման ճիգերուն: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Չեւի Չէյս Քաունթրի Քլապ»-ին մէջ, Կլենտէյլ. պատուոյ հիւրն էր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ եւ Սուրիոյ հայութեան շտապ օգնութեան մարմինի ատենապետ Շահան արք. Սարգիսեան, ներկայ էին հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու առաջնորդները, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատու ներկայացուցիչներ, Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամներէն Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Զարեհ Սինանեան, բարերարներ եւ ՍԱՐՖ-ի բարեկամներ:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւս ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր պատգամը: Առաջնորդ սրբազանին կ’ընկերանային առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեան անդամներ:
Բացման խօսքը արտասանեց ՍԱՐՖ-ի քարտուղար Սոնա Մատարեան, որ ողջունեց հիւրերն ու ներկաները: Ատենապետը` Րաֆֆի Քենտիրճեան, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կրօնական ու համայնքի կազմակերպութեանց պատասխանատուներուն անցեալ աւելի քան 6 տարիներուն անոնց նիւթական ու բարոյական զօրակցութեան համար, գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՍԱՐՖ-ի ծառայողներուն մասին ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանին` անոր «ներշնչում առթող» ներկայութեան համար:
Գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընդգրկէր երգեր ու ասմունքներ, ինչպէս նաեւ Հալէպէն հասած աշակերտական նամակներու ընթերցում` աշակերտներու կողմէ:
Մուշեղ սրբազան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը, որ ապացոյց է սուրիահայութեան նկատմամբ գաղութին զօրակցութեան, մասնաւորաբար ողջունեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը ու շեշտեց, որ այս հաւաքը նորագոյն ապացոյց մըն է, որ ամերիկահայութիւնը սուրիահայութեան կողքին էր տագնապի ծանր տարիներուն, անոնց հետ պիտի ըլլայ նաեւ այսօր ու վաղը, երբ լծուած են վերակառուցման ու վերականգնումի վսեմ աշխատանքին: Ան նշեց, որ Հալէպի հայութեան ապրած դառն փորձառութիւնները կարելի է համեմատել Աստուածաշունչի դէմքերէն` Յոբի փորձառութեանց, որովհետեւ անոր նման, հալէպցիք յոյսն ու Աստուծոյ նկատմամբ վստահութիւնը չկորսնցուցին պատերազմի ու քանդումի տարիներուն, եւ ահա այսօր թեւակոխած են վերակառուցման ուղին, ուրկէ պիտի կարենան քալել մեր աջակցութեամբ:
Ցուցադրուեցաւ «Պիտի վերակառուցենք» խորագրեալ ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէր Հալէպի վերականգնումի աշխատանքներէն դրուագներ:
Գլխաւոր բանախօսն էր Շահան սրբազանը. ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց Սուրիոյ հայութեան հանդէպ ցուցաբերուած գուրգուրանքին ու աջակցութիւններուն համար, որոնց «Առիւծի բաժինը» տրամադրուած է ամերիկահայութեան կողմէ: Ան յայտնեց, որ դասախօսելու չէ եկած, այլ` վկայելու, թէ Հալէպի հայութիւնը տոկաց պատերազմի ծանր օրերուն եւ այժմ լծուած է վերականգնումի աշխատանքին: Ան նշեց, որ, թէեւ նիւթական կառոյցներ քանդուած ու վնասուած են, սակայն բարոյական կորովն ու հաւաքական կամքը ամուր է, ժողովուրդը կը վերապրի շնորհիւ իր հաւատքին: Արագ ակնարկով մը անդրադարձաւ Հալէպի ազատագրումէն ասդին 10-11 ամիսներուն տեղի ունեցած վերակառուցման աշխատանքներուն, որոնք կ’ընդգրկեն անհատական ու հաւաքական կեանքի բնագաւառները: Բնակարաններու, գործատեղիներու եւ դպրոցներու վերակառուցումը ընթացքի մէջ է, յաջորդ փուլին պիտի վերակառուցուին եկեղեցիներն ու Ազգ. առաջնորդարանը: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ համայնքը պիտի յաջողի հաւաքական ճիգերով կերտել վերականգնումի ճանապարհը, եւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկահայ համայնքին` անոր զօրակցութեան ու օժանդակութեան համար:
Րաֆֆի Քէնտիրճեան եւ ՍԱՐՖ-ի նախկին ատենապետ Ժան Թիթիզեան յուշանուէրով մը պատուեցին Շահան սրբազանը` քաջարի առաջնորդի իր արժանիքին համար, նաեւ յուշանուէր մը յանձնեցին «Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնարկ»-ի նախագահ Րաֆֆի Արտալճեանին` Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու տրամադրուած օժանդակութեանց համար:
Այցելութիւն` Ազգային Վարժարաններ
Տնօրինութեամբ եւ ընկերակցութեամբ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան անցնող շաբթուան ընթացքին այցելեց Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս եւ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանները:
Այցելութեանց նպատակն էր սուրիահայ ուսանողներուն երախտագիտական խօսքը ու ողջոյնները փոխանցել շրջանի հայ դպրոցականներուն, որոնք անցեալ տարիներուն մէկէ աւելի առիթներով իրենց լումաներով մասնակցութիւն բերին Սուրիոյ հայութեան համար հաւաքագրուած օժանդակութիւններուն: Աշակերտութեան ուղղուած իր խօսքին ընդմէջէն Շահան արք. Սարգիսեան հրաւիրեց բոլոր հայ աշակերտները, որպէսզի իրենց աղօթքին ու մտածումին մէջ միշտ տեղ տան ազգի այն հայորդիներուն, որոնց համար դժուարին պայմաններու մէջ ապրիլն ու ուսանիլը լո՛ւրջ մարտահրաւէրներ են:
Սրբազան հօր հետ այս հանդիպումը պատեհ առիթ դարձաւ, որ աշակերտները աղօթքով, երաժշտութեան ու խօսքի ճամբով անգամ մը եւս իրենց սէրն ու զօրակցութիւնը յայտնեն իրենց սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Իր խօսքին մէջ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան բարի գալուստ մաղթեց Շահան արք. Սարգիսեանին եւ բարձր գնահատեց տուեալ վարժարանները` սուրիահայութեան բերած իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեան համար: Ան անդրադարձաւ այն պայմաններուն, որոնց մէջ ապրեցան այդ աշակերտներուն հասակակից սուրիահայերը` անցնող վեց տարիներուն, յաճախ զրկուած բնականոն կեանքի ամէնէն տարրական կարելիութիւններէն, սակայն շնորհիւ իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ գաղութի պատասխանատուներուն խնամքին ու հոգածութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի զօրակցութեան` անոնք շարունակեցին կեանքի պայքարը, եւ իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ ու հաւատարիմ հայեր` չկորսնցուցին յոյսն ու խաղաղութեան հասնելու երազը, որ ահա՛ սկսած է իրականութեան վերածուելու մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր: Սրբազանը հաստատեց, որ իբրեւ Արեւմտեան թեմի զաւակներ, ուրախութեամբ կը հետեւին վերականգնումի աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ պիտի շարունակեն կանգնիլ սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ:
Նոր Ջուղա
Նշուեցաւ Նոր Ջուղայի Թատրոնի Հիմնադրութեան 130-ամեակը
30 նոյեմբերին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ Նոր Ջուղայի թատրոնի հիմնադրութեան 130-ամեակը:
Երեկոյի բացումը կատարեց Ալինա Տէր Սուքիասեանը, որմէ ետք խօսք առաւ յոբելենական յանձնախումբի նախագահ Նիկիտ Միրզայեանցը: Ան նշեց կարգ մը թատերախաղերու անունները, որոնք բեմադրուած էին 1887-ին, որմէ ետք ներկայացուց Նոր Ջուղայի թատրոնին պատմութիւնը` յիշելով այդ ճանապարհին դերակատարութիւն ունեցած անձնաւորութիւնները: Միրզայեանցը կարեւորութեամբ ընդգծեց յատկապէս ներկայացումներուն մէջ կիներու դերակատարութիւնը, որ ինքնին հերոսութիւն կը համարուէր` նկատի ունենալով ժամանակաշրջանի մտածելակերպը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Նոր Ջուղայի թատրոնին պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը, ղեկավարութեամբ Գաբրիէլ Տիքիճեանի, ներկայացուց Մորիս Հեննեկինի «Պէպէքս» կատակերգութիւնը:
Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Օհանեանը, որ ակնարկ մը նետեց թատրոնին հետ կապուած իր յուշերուն եւ անցնող տարիներու ընթացքին ներկայացուած թատրերգութիւններուն վրայ:
Վրաստան
Ղափամայի Տօն Թիֆլիսի Ս. Գէորգ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Բակին Մէջ
Հովանաւորութեամբ վիրահայոց թեմի առաջնորդարանին, նախաձեռնութեամբ Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան, աջակցութեամբ «Հայարտուն» կեդրոնին, 17 դեկտեմբերին Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ ղափամայի տօն:
Հաւատալով, որ հայկական խոհանոցը հայ ազգային մշակոյթի մասն է, վիրահայոց թեմին մէջ կը կազմակերպուին հայկական աւանդական ճաշատեսակներու նուիրուած փառատօներ. հարիսայի, գաթայի, տոլմայի, նաեւ` ղափամայի, որ արդէն դարձած է աւանդական:
Փառատօնին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը:
Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատուրեանը արժեւորեց հայկական ազգային ճաշատեսակները ժողովրդականացնելու եւ անոնց հետ կապուած աւանդոյթները սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւնը:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանը իր օրհնութեան խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց ազգային խոհանոցը արդիականացնելու թիֆլիսահայ համայնքին մէջ հաստատուած աւանդոյթը: Անդրադառնալով փառատօնի խորհուրդին` ան շեշտեց նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը եւ խօսեցաւ նոր նախաձեռնութիւններու եւ արդէն նախատեսուած ձեռնարկներու մասին: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց թիֆլիսահայ հասարակութեան մէջ հայկական մշակոյթի պահպանման համար հարուած գործունէութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայոց խոհանոցը:
Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագէտ Յարութիւն Հայրապետեանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատելով նմանօրինակ ձեռնարկներու կայացումը, ընդգծեց դեսպանութեան պատրաստակամութիւնը` յառաջիկային աջակցելու այլ փառատօներու կազմակերպման:
Այնուհետեւ, 13-ամեայ Ռիթա Յովհաննիսեանը մեկնաբանեց ազգային եւ հայրենասիրական երգերու փունջ մը:
Դեսպան Սադոյեանի Հանդիպումը Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Կվիրիկաշվիլիի Հետ
15 դեկտեմբերին Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Կվիրիկաշվիլիի հետ:
Վարչապետը շնորհաւորեց դեսպանը նշանակման առիթով` անոր մաղթելով արգասաբեր աշխատանք մը միաժամանակ շեշտելով, որ ան իր գործունէութեան ընթացքին միշտ պիտի վայելէ վրացական իշխանութիւններուն աջակցութիւնը:
Կիորկի Կվիրիկաշվիլի, խօսելով երկկողմ յարաբերութիւններու մասին, ընդգծեց հայ-վրացական աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ են փոխշահաւէտ համագործակցութեան մեծ հեռանկարներ: Ան հաստատեց, թէ չէ պատահած, որ որեւէ ժամանակաշրջանին Վրաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները այս աստիճան բարձր մակարդակի վրայ ըլլային: Վարչապետը նաեւ կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու ղեկավարութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած անձնական ջերմ յարաբերութիւնները, որոնք մեծապէս կը նպաստեն փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորացումին:
Իր կարգին Հայաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար` նշելով, որ կը մտադրէ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել եւս խորացման համար աշխատանք տանիլ:
Երկու կողմերը համակարծիք էին, որ յառաջիկային սպասուող երկկողմ բարձրաստիճան այցելութիւնները առաւել եւս պիտի ամրապնդեն երկու բարեկամ երկիրներուն փոխյարաբերութիւնները:
Հանդիպումի աւարտին Հայաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց վրացական իշխանութիւններուն` հայ համայնքի նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատարութեան համար: