Յօդուածներ

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Բ.) «Ազդակ»-ի Աշխարհագրութիւնը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Բ.) «Ազդակ»-ի Աշխարհագրութիւնը

«Ազդակ»-ի կայքի այցելուներու թիւին եւ այցելուներու վայրին մասին կատարուած ուսումնասիրութիւնները կը խօսին հասանելի ընթերցանութեան մը ընդլայնուած աշխարհագրութեան մասին: Ամերիկեան ցամաքամասէն մինչեւ Աւստրալիա, Եւրոպա, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ, միջինարեւելեան երկիրներէն մինչեւ նոյնիսկ Չինաստան` «Ազդակ»-ի կայքը օրական կշռոյթով տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներ ունի: Ընթերցողներու աշխարհագրութեան վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ աշխատակցողներու աշխարհագրութիւնը: Ո՛չ միայն «Ազդակ»-ի բացառիկ համարները, այլ նաեւ օրաթերթի աշխատակիցներու ցուցակը կարեւոր մասամբ...

Սուրբ Ծնունդի Պատգամ.  Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ  Շնորհքը  Յայտնուեցաւ

Սուրբ Ծնունդի Պատգամ. Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ Շնորհքը Յայտնուեցաւ

Քրիստոսի գալուստը յաշխարհ իր ծնունդով` գերազանց ուրախութեան յատկանիշն է ամէն բանէ առաջ, ամէն բանէ վեր: Այս ուրախութիւնը սակայն բաղդատելի չէ մարդկային այլ ուրախութիւններուն հետ, որովհետեւ անցողակի դէպքի մը, հաճոյալի զգացողութեան մը առթած յուզումը չէ, որ պահ մը կ՛առինքնէ մեզ ու կ՛անհետանայ. պտուղն է անկրկնելի եղելութեան մը, որ Աստուծոյ ծրագիրին մէջ էր ի յաւիտենից. անկեալ, մեղապարտ մարդկութեան դատավճիռին բեկումն է, կորսուած...

Անդրադարձ.  Շառաչուն Երկրորդ Ապտակը

Անդրադարձ. Շառաչուն Երկրորդ Ապտակը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի` Երուսաղէմի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի որոշումը դատապարտող բանաձեւը որդեգրած 128 երկիրները շառաչուն ապտակ մը հասցուցին Թրամփին` մերժելով ամերիկեան օժանդակութիւնները դադրեցնելու անոր սպառնալիքը, զոր քուէարկութեան նախօրեակին վերահաստատած էր` նշելով. «Թող մեզի դէմ քուէարկեն, եւ մենք մեծ գումարներ պիտի խնայենք, մեր հոգը չէ»: ՄԱԿ-ի մէջ անոր երկրին մնայուն ներկայացուցիչը` Նիքի Հէյլի քուէարկութենէն ետք նշեց. «Այս...

Որքա՜ն Զգալի Է Մեր Մեծ Ընկերոջ  Բացակայութիւնը` 19 Տարիներ Ետք…

Որքա՜ն Զգալի Է Մեր Մեծ Ընկերոջ Բացակայութիւնը` 19 Տարիներ Ետք…

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Հրայր Մարուխեան Երբ պէտք ունինք ճառագայթող մտքի, Երբ կարիքը ունինք կազմակերպական հանճարի, Երբ կը փնտռենք գաղափարական բիւրեղացում, Երբ կ՛որոնենք մեր յեղափոխական աւանդներուն վերադարձնող բազուկը, Երբ կը փորձենք ելքեր գտնել դէպի կառուցային ու մտային արդիականացում, Երբ կը սպասենք բարի, ազնիւ եւ առաքինի ընկերոջ գալստեան, Երբ կ՛ուզենք մեծին մէջ տեսնել խոնարհ առաջնորդը... Այն ատեն կը զգանք բացակայութիւնը մեր մեծ ընկերոջ`...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Տուգանքի Ենթարկած Է Թէ՛ Հայաստանը, Թէ՛ Ազրպէյճանը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան 12 դեկտեմբեր 2017-ին Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) հրապարակեց վճիռներ` համանման երկու դատական հայցերու վերաբերեալ, մէկը ընդդէմ Հայաստանի, միւսը` Ազրպէյճանի: Զարմանալի չէ, որ ազրպէյճանական մամուլը, խեղաթիւրելով իրողութիւնը, յայտարարեց միայն Հայաստանի դէմ կայացուած վճիռին մասին` իր ընթերցողներէն թաքցնելով այն փաստը, որ նման վճիռ մըն ալ արձակուած է Ազրպէյճանի դէմ: Նախկին Խորհրդային...

Ուխտի  Ճանապարհներ Յակոբ Օշականի Շիրիմը

Ուխտի Ճանապարհներ Յակոբ Օշականի Շիրիմը

ՎԱՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Մանկութենէս լսած եմ իր անունը մօրմէս` Վարդանուշ Մալխասեանէն, որ Իրաքի Նահր Օմար գաղթակայանի որբանոցէն իր նման հազար  որբերու հետ, թեմի Քաղաքական ժողովի ու գաղթակայանի որբանոցի վերին խնամատարութեան կարգադրութեամբ եւ Եգիպտոսի Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան նիւթական օժանդակութեամբ, 1922-ի յունուարին, աշակերտութեան ու պաշտօնէութեան հետ «Ջումա» նաւով փոխադրուած էր Երուսաղէմ` Ս. Յակոբեանց վանք, ապա որպէս ընդունակ որբերէն մին` տեղափոխուած էր Նիկոսիա`...

Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Խորհրդարանական Համագործակցութեան Յանձնաժողովի Յայտարարութիւն

Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Խորհրդարանական Համագործակցութեան Յանձնաժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Հարցով Եւրոպական Միութիւնը Կը Զօրակցի Մինսքի Խմբակի Ջանքերուն Դեկտեմբեր 19-20 Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովին 17-րդ նիստը, որուն աւարտին հրապարակուած է եզրափակիչ յայտարարութիւն, եւ ներկայացուած են առաջարկներ, որոնք հիմնուած են Գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագրի 83-րդ յօդուածին վրայ: Ընդունուած փաստաթուղթը արտացոլացումն է Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրութեան պարունակին մէջ Հայաստանի-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ընթացքին` թէ՛ երկկողմանի...

«Միասնաբար Օգնենք Ուրիշին». ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի Սկաուտական Նախաձեռնութիւն

«Միասնաբար Օգնենք Ուրիշին». ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի Սկաուտական Նախաձեռնութիւն

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը յաջորդաբար երկրորդ տարուան համար կազմակերպեցին «Միասնաբար օգնենք ուրիշին» բարեսիրական աշխատանքը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերու անդամները իրենց հետ բերած էին ուտեստեղէն, թէյ, կաթ, պահածոներ, ձէթ, ալիւր, ինչպէս նաեւ` տնային գործածութեան անհրաժեշտ մաքրութեան օճառ եւ այլ նիւթեր: Այս բոլոր նուէրները զետեղուեցան մասնաճիւղի...

Սուրբ Ծննդեան Նախատօնական Օրեր` Մեսրոպեանի Մէջ

Սուրբ Ծննդեան Նախատօնական Օրեր` Մեսրոպեանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հոգեւոր վարիչի գրասենեակին, գործակցութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ աշխատակցութեամբ աշակերտական հոգեւոր խմբակին, Մեսրոպեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր դաստիարակութեան շարք մը ձեռնարկներ` Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ: Աշակերտութեան համար մասնաւորապէս կազմակերպուեցան խոստովանանքի օրեր, որուն առ ի պատրաստութիւն` վարժարանի հոգեւոր վարիչ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան աշակերտներուն հետ ունեցած էր հանդիպումներուն ընթացքին անոնց բացատրեց խոստովանանքի եւ ապաշխարութեան...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կաղանդի Պատրաստութիւն

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Կօշիկները ձեր հին, մաշած, Փայլուն թուղթի մէջ փաթթուած, Ձեր թաղին մօտ աղբանոցին Քովը դրէք այս Կաղանդին: Աւելցուկներ ձեր կերածէն` Ուտեստեղէն, անուշեղէն, Նաեւ եթէ պիտի թափէք, Շատ խնամքով տուփերու մէջ` Մաքուր, կոկիկ, տեսքով աղէկ` Աղբանոցին ձեր յանձնեցէք: Հագուստները ոչ նորոյթէն, Զոր չէք սեպեր ձեր ճաշակէն, Փայլուն թուղթով, ժապաւէնով Զարդարեցէք մեծ հաճոյքով, Տակը ծառին աղբանոցին Զետեղեցէք դուք ձեր թաղին: Գէթ...

ՀՅԴ 127 փառապանծ տարիներու առթիւ մեծ տօնախմբութիւն Մօնթէվիտէոյի մէջ

ՀՅԴ 127 փառապանծ տարիներու առթիւ մեծ տօնախմբութիւն Մօնթէվիտէոյի մէջ

Ինչպէս բոլոր հայաշխարհը, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, այս օրերուս մեծ հանդիսութիւններով կը տօնախմբեն ՀՅԴ 127-րդ տարեդարձը, այստեղ եւս, Մօնթէվիտէոյի Վռամեան Կոմիտէի եւ քոյր միութիւններու միացեալ ճիգով, տօնախմբուեցաւ այս հզօր Կազմակերպութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան 127 տարիները, Վռամեան ակումբի շքեղ հանդիսասրահին մէջ։ Նախքան սրահ անցնիլը, ակումբի շրջաբակի մէջ գտնւող մեր շրջանի Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի եւ իրեցմէ ետք ֆիզիքապէս բացակայ մեր ընկերներուն համար կառուցուած...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Բացառիկ Համար Եւ Արխիւի Թուայնացում

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ա.) Բացառիկ Համար Եւ Արխիւի Թուայնացում

Աւանդութիւն դարձած տարեփակի խոհերու կարգով, անգամ մը եւս այս սիւնակներուն մէջ կը տեղաւորենք «Ազդակ»-ի միամեայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, իրագործումները, բացթողումները եւ յառաջիկայ տարուան կարեւորագոյն ծրագիրներու նախանիշերը: «Ազդակ»-ի 90-ամեակի նշումը յոբելենական հանդիսութիւններէն աւելի, մեզ մղեց մնայուն հետք ձգելիք որոշ ծրագիրներ իրականացնելու հրամայականին ուղղութեամբ աշխատելու: Մեր առաջին առաջադրանքը եղաւ հրատարակել յատուկ բացառիկ հատոր մը, որ կարելիի սահմաններուն մէջ պիտի հաւաքէր «Ազդակ»-ի պատմութեան...

Հայկ Գայսէրեան նշանակուեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Գործադիր Տնօրէն

Հայկ Գայսէրեան նշանակուեցաւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Գործադիր Տնօրէն

ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը (ՀԴ) յայտարարեց նշանակումը Հայկ Գայսէրեանի որպէս ՀԴի գործադիր Տնօրէն: Այս յայատարարութիւնը կը հետեւի ՀԴի մէջ վերջերս կայացած փոփոխութիւններէն ետք (կարդալ): Գայսէրեան, որ երկար ժամանակ ծառայած է ՀԴին եւ ստանձնած զանազան պատասխանատու պաշտօններ Աւստրալահայ Համայնքին մէջ, յանձնառութիւն կը վերցնէ շարունակելու առաջնորդել Ցեղասպանութեան արդար հատուցում գտնելու համար մղուող պայքարը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ Աւստրալական բեմի վրայ ի նպաստ...

«Հորիզոն»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի Հետ

«Հորիզոն»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի Հետ

«Նպատակաուղղուած Աշխատանք Պէտք Է Տանինք Ապագայ Սերունդներ Պատրաստելու» «ՀՈՐԻԶՈՆ».- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը քարոզչական իր աշխատանքներու ծիրէն ներս այս տարի կազմակերպեց դէպի Արցախ հետաքննական առաքելութիւն մը, Fact finding mission, որուն մասնակից դարձան Գանատայի խորհրդարանի երկու անդամներ: Փաստագրական այս առաքելութեան նպատակն էր փաստացի տուեալներ ձեռք ձգել Արցախի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի մարդկային իրաւանց խախտումներուն:...

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Կ՛այցելէ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակ

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Կ՛այցելէ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան անցեալ Ուրբաթ, 15 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան մարմինին մէջ ՀՅԴի ներկայացուցիչ Վարդան Տէրտէրեանի ընկերակցութեամբ այցելեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի (ԿԿ) գրասենեակ, ուր հանդիպեցաւ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին, Շահան սրբազան հանգամանօրէն ներկայացուց Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած խնդիրները,...

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողով

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողով

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան շրջանի կազմակերպութեամբ, Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանին մէջ Մայիս 11 եւ 12, 2018-ին տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով որուն պիտի մասնակցին մասնագիտացած նշանաւոր փրոֆէսօրներ։ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած այս գիտաժողովը կը հովանաւորեն Գոլոմպիա համալսարանի հայկական ամպիոնը, հայկական նիւթերու ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան ազգային հիմնարկը (NAASR) եւ «Armenian Review» պարբերաթերթը: Այս գիտաժողովին պիտի մասնակցին Լոս Անճելըսէն՝...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Հայաստանի հողը կը պատկանի ամբողջ հայութեան

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Կարդա՛լ Գոհար Աւետիսեանի յօդուածը «Առաջին Լրատւական»ի կայքին վրայ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս տեղի ունեցող ըստ ամենայնի կարճատես եւ ըստ էութեան մեր ազգային անվտանգութեան նորմերուն հակասող զարգացումներուն մասին։ Յօդուածին մէջ ընդգրկուած է մեծապէս շահեկան հարցազրոյց մը Հայաստանի Գինեգործներու Միութեան Նախագահ՝ Աւագ Յարութիւնեանի հետ, ուր կը խօսուի երկրի գիւղատնտեսական քաղաքականութեան լուրջ վրէպներուն մասին, բայց ուր դժբախտաբար կարելի յստակութեամբ չի խօսուիր...

Կոմիտասի Մասին՝ Հալիտէ Ա. Էտիպի Յուշերը

Պատուելով Հայ Որբերի Հերոսին` Պալապան Հոճային

ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ Հոգեբանական գիտութիւնների թեկնածու Սարգիս Պալապանեանը, իր աշակերտների համար` Պալապան հոճան (1882-1963) Այնթապի մանկատան ուսուցիչն էր, ով վտանգելով իր կեանքը` փրկել էր հայ որբերին թուրքերից, երբ վերջիններս յարձակուել էին Այնթապի մանկատան վրայ: Նա ոչ միայն ուսողութիւն էր դասաւանդում, այլեւ օրինակ էր դարձել իր սաների համար: Թուրքիայից բռնագաղթից (Հայոց ցեղասպանութիւնից, «Ակունք»-ի խմբ.) յետոյ նա շարունակեց դասաւանդել Հալէպում` շարունակելով մարդկային կեանքեր...

«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու». 2017-ին Աշխարհի Մէջ Զոհուած Են 65 Լրագրողներ

«Լրագրողներ Առանց Սահմաններու». 2017-ին Աշխարհի Մէջ Զոհուած Են 65 Լրագրողներ

Դեկտեմբեր 19-ին «Լրագրողներ առանց սահմաններու» միջազգային կազմակերպութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած զեկոյցի մը համաձայն, 2017-ին աշխարհի տարածքին զոհուած լրագրողներուն թիւը կը հասնի 65-ի, որ 18 տոկոսով նուազ է մէկ տարի առաջ արձանագրուած թիւէն: Զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ` «2017-ին աշխարհի մէջ զոհուած են 65 լրագրողներ, որոնցմէ 26-ը իրենց պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին դարձած են վտանգաւոր մահացու իրավիճակներու զոհեր, ինչպէս` հրացանաձգութեան կամ...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Երբ Մեռելները Կը Խօսին

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 2011-էն ետք, երբ «Արաբական գարուն»-ը ժայթքեցաւ արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ,յստակ տարակարծութիւններ երեւան ելան: Այս տարակարծութիւններէն մէջտեղ եկան երեք ուղղութիւններ, որոնք որդեգրեցին անզիջող քաղաքական գիծեր: Առաջին գիծը կը ներկայացնէին Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները,որոնց կը հետեւէին այլ երկիրներ, անոնք ամէն ջանք կը թափէին` վերացնելու Իրանի քաղաքական ազդեցութիւնը շրջանին մէջ: Երկրորդ ուղեգիծը Քաթարի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցած ուղեգիծն էր,...

Page 742 of 1110 1 … 741 742 743 … 1,110

Արխիւներ