Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին Ծննդեան 150-ամեակի Նշումը Արցախի Մէջ
17-18 դեկտեմբեր 2017-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներէն երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսին ծննդեան 150-ամեակին եւ վախճանման 65-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ, կազմակերպութեամբ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան:
Սոյն ձեռնարկներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:
Ձեռնարկները սկիզբ առին կիրակի, 17 դեկտեմբերին, Ս. պատարագով` Գանձասարի վանքին մէջ: Ապա հիւրերը այցելեցին Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսին ծննդավայրը` Մաղավուզ գիւղը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` հայրապետին հոգիին համար:
18 դեկտեմբեր 2017-ին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ բացումը կատարուեցաւ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսին նուիրուած ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած էին Հայաստանի պետական արխիւին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ ի պահ դրուած հայրապետին անձնական իրերը, ինչպէս` կաթողիկոսական ասա, վեղարի խաչ, եւ այլ իրեր:
Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեան կարեւոր նկատեց Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսին գործունէութիւնը` իբրեւ հայագէտ, ձեռագրագէտ, մատենագէտ, հնագէտ, պատմաբան, բանասէր, մշակութաբան, մանկավարժ, փիլիսոփայութեան եւ աստուածագիտութեան դոկտոր: «Ըլլալով բազմակողմանի զարգացում ունեցող անձնաւորութիւն` ան շատ լաւ կ՛ընկալէր հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական տարողութիւն ունեցող երեւոյթները: Արդարեւ, զուգադիպութիւն չէ, որ Սարդարապատի հերոսամարտին ան հանդէս եկաւ իբրեւ նորօրեայ Աւարայրի ոգեշնչող», հաստատեց Շահվերդեան:
Նոյն օրը, երեկոյեան, տեղի ունեցաւ երջանկայիշատակ կաթողիկոսին նուիրուած գիտաժողով մը, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը` խօսք առնելով ըսաւ. «Եկած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն, ուր Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոս իր մահկանացուն կնքեց, այս սրբազան երկիրը` Արցախի մեր հանրապետութիւնը, որ ծնունդ տուաւ շնորհազարդ կաթողիկոսին: Ձեզի կը փոխանցեմ Գարեգին Յովսէփեանցի յաջորդ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյններն ու օրհնութիւնները: Աստուածատուր մեր լեզուն թէպէտեւ հարուստ է եւ շքեղ, սակայն ես այս պահուս կը դժուարանամ բառերով արտայայտել իմ զգացումներս, որ կ՛ապրիմ այս երկու օրերու ընթացքին այստեղ: Մեր Սուրբ Աթոռէն եկած ոեւէ անձ ինքզինք շատ հարազատ պիտի զգայ այստեղ, որովհետեւ, շնորհիւ Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսին եւ իր յաջորդներուն, Արցախը եւ Արցախի մեր ժողովուրդին կամքը, ոգին ու հաւատքը կ՛ապրի ու կը գործեն մեր Սուրբ Աթոռին կեանքին մէջ»: Հայր սուրբը իր խօսքը շարունակելով` վեր առաւ Գարեգին Ա. կաթողիկոսին արժանիքները, յատկապէս մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ` շեշտելով, որ Գարեգին կաթողիկոսը` իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, լծուած էր սփիւռքի մեր գաղութները կազմակերպելու աշխատանքին:
Նոր Տարին` Նոր Տան Մէջ – Արցախի Մէջ Վերաբնակեցուած Լիբանանահայ Ընտանիքը Նորակառոյց Առանձնատուն Ստացաւ «Թուֆենկեան» Հիմնադրամէն
Լիբանանէն Արցախ տեղափոխուած Վահէ Աշգարեանին ընտանիքը այսօր բնակարանամուտ նշեց ազատագրուած Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր գիւղին մէջ: Առանձնատունը կառուցուած է «Թուֆենկեան» հիմնադրամին կողմէ` Քաշաթաղի վերաբնակեցմանը ուղղուած ծրագիրի շրջանակներուն մէջ: Ի թիւս այլ ջանքերու` այս ծրագիրը բնակարանային աջակցութիւն կը տրամադրէ Քաշաթաղի մէջ վերաբնակիլ ցանկացող սուրիահայ եւ լիբանանահայ ընտանիքներու:
Բնակարանամուտի արարողութեան մասնակցեցան Քաշաթաղի վարչական շրջանի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանը, «Թուֆենկեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, ինչպէս նաեւ` Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, Բերձորի հիւանդանոցի եւ Իշխանաձորի համայնքի ներկայացուցիչները:
Վահէ Աշգարեանը իր 4 երեխաներուն հետ Արցախ տեղափոխուած է երկու տարի առաջ եւ նոր տուն հաստատած` Իշխանաձոր գիւղին մէջ, ուր ներկայիս 20 սուրիահայեր եւ լիբանանահայեր կ՛ապրին:
Քաշաթաղը (Լաչին) Արցախը Հայաստանին կապող եւ մէկ ամբողջութիւն դարձնող կենսական կամուրջն է: Անիկա ոչ միայն կ՛երաշխաւորէ Արցախի գոյութիւնը, այլ նաեւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի ամբողջ հայութեան անվտանգութեան եւ խաղաղութեան համար: Ազրպէյճանական 70-ամեայ տիրապետութենէն ետք պատմականօրէն հայկական շրջանը ազատագրուած է արցախեան ազատամարտի ընթացքին եւ ներկայիս աշխուժօրէն կը վերաբնակեցուի: Բայց սահմանամերձ այս շրջանը մեծապէս տուժած է պատերազմէն եւ ներկայիս կանգնած է բնակարանային եւ ենթակառուցուածքային ճգնաժամի առջեւ:
Այս խնդիրին արձագանգելու համար «Թուֆենկեան» հիմնադրամը 2008 թուականին փորձնական ծրագիր մը սկսաւ` ուղղուած Քաշաթաղի գիւղական տուներու վերանորոգման եւ պատերազմէն ժառանգութիւն մնացած աւերակներու վերափոխման` արժանապատիւ կեանքի համար պիտանի տուներու: 2008-2010 թուականներուն աւելի քան 40 շինարարական աշխատանքներ կատարուեցան այս ծրագիրի շրջանակներուն մէջ: 2010 թուականէն ի վեր «Թուֆենկեան» հիմնադրամը շարունակած է այս ծրագիրը` կեդրոնանալով արդէն յատուկ կարիքներու` մասնաւորապէս Սուրիայէն եւ Լիբանանէն Արցախ տեղափոխուած եւ այստեղ բնակութիւն հաստատած հայ ընտանիքներու բնակարանային ապահովման վրայ:
Վահէ Աշգարեանը Միջին Արեւելքէն Քաշաթաղ տեղափոխուած երկրորդ վերաբնակիչն է, որուն համար 2017 թուականին առանձնատուն կառուցած է «Թուֆենկեան» հիմնադրամը: Այս տարուան յունիսին սուրիահայ բժիշկ Հայկ Խաչոն (Խաչատրեան) եւս բնակարանամուտ նշեց նոր գիւղին մէջ:
Վահէ Աշգարեանի ընտանիքին նոր տուն տրամադրելու համար «Թուֆենկեան» հիմնադրամը ամբողջութեամբ վերակառուցած է պատերազմի պատճառով աւերակներու վերածուած տուներէն մէկը` փոխակերպելով զայն ընդարձակ, անվտանգ եւ լուսաւոր առանձնատան: Շինարարական աշխատանքները կատարուած են տեղացի մասնագէտներու կողմէ եւ տեւած` մօտ 5 ամիս:
Դիմելով իրեն շնորհաւորելու համար հաւաքուած հիւրերուն` Վահէ Աշգարեանը ըսաւ. «Արցախ տեղափոխուիլը, բոլոր հայերու այս տոհմական տան մէջ նոր կեանք սկսիլը ամենալաւ որոշումն էր, որ կրնայի ընդունիլ ընտանիքիս համար: Երջանիկ եմ հայրենակիցներուս կողմէ այսպիսի աջակցութիւն ստանալու համար եւ կը խոստանամ բոլոր կարողութիւններս ներդնել Արցախը ծաղկեցնելու համար»:
Վահէն հմուտ գիւղատնտես է եւ ջերմոցային տնտեսութիւններու վարման մեծ փորձ ունի: Ընտանիքի բարեկեցութեան օժանդակելու համար «Թուֆենկեան» հիմնադրամը Վահէին տրամադրած է ջերմոց մը, որ արդիւնաւէտ շահագործման պարագային, կրնայ նաեւ աշխատատեղերու հնարաւորութիւններ ստեղծել համագիւղացիներուն համար:
Վահէ Աշգարեանի ընտանիքին համար առանձնատան կառուցման զուգահեռ, «Թուֆենկեան» հիմնադրամը վերանորոգած է Իշխանաձորի դարմանատունը: 2006 թուականին հիմնադրամի կողմէ կառուցուած դարմանատունը բժշկական խնամք կը տրամադրէ Քաշաթաղի 16 հեռաւոր գիւղերու բնակիչներուն:
Արցախի ազատագրուած տարածքներու վերակառուցումը, վերաբնակեցումը եւ զարգացումը «Թուֆենկեան» հիմնադրամի գլխաւոր առաքելութիւններէն մէկն է, որուն իրականացման ուղղուած աշխատանքները շարունակական բնոյթ կը կրեն:
Ամանորի Գիշերը Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ Պիտի Կատարուի Նռնօրհնէք
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Ամանորի գիշերը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Գոհաբանական մաղթանքին պիտի յաջորդէ նուռի օրհնութիւնը: Նռնօրհնէք պիտի կատարուի Հայաստանեայց առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Ամանորի խորհրդանշական աւանդոյթ դարձած արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 2014-էն ի վեր:
Հայկական աւանդութեան մէջ նուռը` իբրեւ ազգային խորհրդանիշ, կը կրէ կեանքի, ծաղկունքի եւ առատութեան իմաստը:
Քրիստոնէական խորհրդաբանութեան մէջ նուռը խորհրդանշանն է Յիսուսի հեղած արեան` խորհրդանշելով նաեւ Տիրոջ հրաշափառ յարութիւնն ու Աստուծոյ շնորհներու բազմազանութիւնը:
Յայտնենք, որ Հայ եկեղեցւոյ վարդապետներու եւ հայրերու մեկնութիւններուն մէջ նուռը կը ներկայացուի նաեւ այն իմաստով, որ նուռի հատիկներուն պէս եկեղեցւոյ անդամները շատ ու բազմատեսակ են, սակայն պատուած են նռան նման պինդ կեղեւով` միաւորուած մէկ եկեղեցւոյ մէջ:
«Իզմիրլեան» Հիմնադրամը 5 Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնէ Պաշտպանութեան Նախարարութեան
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը եւ «Իզմիրլեան» հիմնադրամի փոխնախագահ Կրեկ Ճէրէճեանը, վերջերս Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանին մէջ ստորագրեցին յուշագիր մը` «Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի համալսարանային տարածքի արդիականացման» նախագիծի աջակցութեան մասին:
Յուշագիրով հիմնադրամը 5 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ պաշտպանութեան նախարարութեան` Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի շէնքերու վերանորոգման եւ վերակառուցման մեծածաւալ ծրագիրի իրականացման համար: Այս ծրագիրը կը նպատակադրէ ռազմական համալսարանը միջազգային ամէնէն բարձր չափորոշիչներուն համապատասխանեցնել:
«Այժմ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբը կը քննարկէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանին եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Մարշալ Արմենակ Խանփերեանցի անուան օդուժի համալսարաններու մէկտեղման գործընթացն ու տարբեր բաժիններով, մէկ ռազմական համալսարան ունենալու գաղափարը: Կ՛ակնկալուի, որ նոր համալսարանը կը տեղակայուի Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի տարածքին վրայ` լրացուցիչ շէնքային պայմաններու ապահովմամբ», յայտնեց պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան` յայտնեց, որ «Իզմիրլեան» հիմնադրամը համալսարանի ստեղծման առաջին իսկ օրերէն եղած է կառոյցի կողքին եւ այսօր ալ, նոր յուշագիրի ստորագրումով, նոյն քայլը կը կատարուի:
Ձեռնարկին ընթացքին ճարտարապետ Էրիկ Յովհաննիսեան ներկայացուց համալսարանի շէնքային կարելիութիւններու բարելաւման նախագիծը, որով կը նախատեսուի կառուցել զօրանոցային առաւել յարմարաւէտ պայմաններով, գրադարանով, համակարգչային դասասենեակներով, մարզական համալիրով ապահովուած գերժամանակակից կրթական համալիր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ «Իզմիրլեան» հիմնադրամի համագործակցութիւնը տարիներու պատմութիւն ունի: 2001-էն սկսեալ հիմնադրամը նիւթական մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած է «Հայաստանի եւ Արցախի մէջ զոհուած եւ առաջին կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինուորներուն զաւակներուն ծրագիրին: Հիմնադրամը իր միջոցներով անցեալ տարիներուն զգալի աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանի ենթակառուցուածքներու արդիականացման, ինչպէս նաեւ զօրանոցային պայմաններու բարելաւման աշխատանքներուն:
Հրատարակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Անգլերէն Ատլասը
Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին մէջ 21 դեկտեմբերին ներկայացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան անգլերէն ատլասը եւ օսմաներէնի համալսարանական դասագիրքը:
Ատլասը կազմուած է Բաբգէն Յարութիւնեանի անուան պատմական աշխարհագրութեան եւ քարտէսագրութեան գիտաշխատանոցի, իսկ օսմաներէնի դասագիրքը` Հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժինին կողմէ:
«Ատլասի հրատարակումը ինքնանպատակ չէ եղած, եւ անիկա եզակի է իր բնոյթով: Մեր գլխաւոր նպատակը այն է, որ այս կերպով կարենանք կարելիութիւն տալ օտար հետազօտողներուն, տարբեր պաշտօնական ատեաններուն եւ, ընդհանրապէս, Հայոց ցեղասպանութեան հարցով հետաքրքրուողներուն` հանգամանօրէն ուսումնասիրելու նիւթը: Մենք կը նախատեսենք նաեւ հետագային ատլասը թարգմանել այլ լեզուներու», կը յայտնէ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանը:
Ատլասին մէջ ներկայացուած են` հայ-թրքական պատերազմը, համիտեան կոտորածները, արեւելահայերու կոտորածները եւ մայիսեան յաղթանակները, Պաքուի հայերու կոտորածը, մշակութային եղեռնը, սփիւռքի ձեւաւորումը եւ այլն: Ատլասին մէջ ներառուած են նաեւ` պայմանագիրներ, փաստաթուղթեր եւ նկարներ: Անոր մէջ զուգահեռաբար կը ներկայացուի նաեւ հայերու դերը Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսական կայսրութեան մէջ: Ատլասի վերջին հատուածին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման:
Անդրադառնալով օսմաներէնի դասագիրքին` Մհեր Յովհաննիսեան շատ կարեւոր կը համարէ օսմաներէնի դասաւանդումը: «Այդ լեզուով գրուած են բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան հարցին, եւ մենք նպատակ ունինք հետագայ ուսումնասիրութիւններու համար պատրաստել մասնագէտներ, որոնք կրնան օսմաներէնով կատարել խորունկ եւ համապարփակ փաստաթղթային ուսումնասիրութիւններ», կը յայտնէ ան:
Փրոֆեսէօր Ալեքսանդր Սաֆարեանը կ՛ընդգծէ, որ ցարդ օսմաներէնի դասաւանդման համար օգտագործուած են արտասահմանեան տարբեր համալսարաններու կողմէ տպագրուած դասագիրքերն ու ուսումնական ձեռնարկները:
Նշենք, որ դասագիրքը արդէն լայն հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է Յունաստանի եւ Թուրքիոյ օսմանագէտներուն մօտ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Պիտի Վերակազմաւորուի Եւ Պիտի Դառնայ Հիմնադրամ
Լրագրող Լիլիթ Մուրատեանը կը հաղորդէ, որ կառավարութեան 21 դեկտեմբերի որոշումով Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ պետական ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւնը պիտի վերակազմաւորուի եւ պիտի դառնայ հիմնադրամ:
Ըստ հիմնաւորման, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը հիմնադրամի վերածելու անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է Ցեղասպանութեան թանգարանի զարգացման ծրագիրներու իրականացման համար առաւել նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու հանգամանքով:
Կարգավիճակի փոփոխութիւնը կը նպաստէ թանգարան-հիմնարկի կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման, տարբեր աղբիւրներէ, նաեւ սփիւռքէն ներդրումներու ապահովման:
Կ՛ակնկալուի, որ հիմնադրամի կարգավիճակ ստացած թանգարանը կը վերածուի ինքնավարութեան առաւել բարձր մակարդակ ունեցող գիտական կեդրոնի` Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրման ոլորտ ներգրաւելով նաեւ օտար ուսումնասիրողներ, գիտնականներ, ձեւաւորելով միջազգային հասարակութեան վերաբերմունք Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ` արտաքին աշխարհի մէջ անհրաժեշտ ընկալման հասնելու նպատակով:
«Կազմակերպչական իրաւական կարգավիճակի փոփոխութիւնը մեծ առիթ կը ստեղծէ աւելի ճկուն ու արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու ֆինանսական միջոցները, թանգարանի մէջ ծաւալելու լրացուցիչ ներդրումներ պահանջող աշխատանքներ` անոնցմով ներգրաւելով նաեւ սփիւռքահայ գաղթօճախներու ներկայացուցիչներ, բարերարներ: Հիմնադրամի կարգավիճակը կ՛ենթադրէ աւելի բարձր ինքնուրոյնութիւն եւ ինքնակառավարում` ի դէմս Հոգաբարձուներու խորհուրդին, որ իրաւասու է սահմանելու ձեռնարկատիրական գործունէութեան նոր տեսակներ», նշուած է հիմնաւորման մէջ:
Միացեալ Նահանգները Կ՛աջակցին Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան Զարգացման
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ գիւղատնտեսութեան ոլորտին վրայ: Ամերիկայի դեսպան Ռիչըրտ Միլզ գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեանին հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծած է այս իրողութիւնը:
Դեսպան Միլզ հանդիպման ընթացքին վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու Հայաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման, փորձառութեան փոխանակման նպատակով Հայաստան գործուղելով համապատասխան մասնագէտներ:
«Մենք կարեւոր կը նկատենք Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հետ մեր երկարամեայ գործընկերութիւնը, որուն հիմքը կը կազմէ գիւղական բնակավայրերուն մէջ տնտեսութեան եւ մարդոց բարեկեցութեան բարելաւման մեր ընդհանուր նպատակը: Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան պարունակին մէջ գիւղատնտեսութիւնը գերակայ ուղղութիւն է, որովհետեւ այս ոլորտին մէջ մենք աճի մեծ ներուժ կը տեսնենք, եւ դեսպանութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ նախարարութեան այս ոլորտի կանոնակարգման եւ վերահսկման գործառոյթի իրականացման հարցին մէջ», ըսած է դեսպանը:
Հաղորդենք, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ Հայաստանի մէջ պետական աջակցութեամբ իրականացուող նոր ծրագիրները, սննդամթերքի անվտանգութեան ապահովման վերաբերող եւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: