Հակառակ երբեմն ընդառաջումի ոչ ակնկալուած թիւերուն, «Ազդակ»-ի լսարանները այս տարի եւս շարունակուեցան գրեթէ ամսական կշռոյթով եւ պահեցին հետեւողականութիւնը: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէ պետական դէմքեր, գիտահետազօտողներ, վերլուծաբաններ, ակադեմիայի տնօրէններ եկան հարստացնելու «Ազդակ»-ի հարթակը` համահայկական ամէնէն այժմէական հնչեղութիւնը ներկայացնող խնդիրներու ներկայացման, պարզաբանման միջոցով: Ներկաներու քանակը կայուն պատկեր չպարզեց: Պէտք է նշել, որ «Ազդակ»-ի լսարանները այ՛ս ձեւաչափով եւ այս բովանդակութեամբ համայնքին մէջ կը ներկայանան իբրեւ եզակի հարթակի հանգամանք ունեցող քննարկումի միջավայր:
Լսարանները, թերթի սիւնակներուն առընթեր յառաջացուցած են հայ քաղաքական մտքի կայացման համար նպաստաւոր գործընթացային միջավայր ստեղծող առիթ: Կը մնայ, որ ընդառաջումը, մասնակցութիւնն ու քննարկումները թափ հաւաքեն, եւ իրաւամբ յայտարարուած եւ առաջադրուած միտքերու արտադրութեան անհրաժեշտութիւնը զգալի դարձնէ ինքզինք թերթի յարկին տակ:
Ստեփանակերտի մէջ Արցախի տեղեկատուական մարզի պետական եւ հասարակական պատասխանատուներու հետ կայացած քննարկում-հանդիպումը կ՛առանձնանայ այս շարքին մէջ` նախանշելով հետագայ համագործակցութիւններու ծաւալը: Ստեփանակերտի քննարկումը առիթ եղաւ ո՛չ միայն «Ազդակ»-ի անցած ուղին, իրականացուցած ծրագիրները ներկայացնելու, այլ խորքային քննարկումի ենթարկելու համահայկական տեղեկատուական դաշտի այսօրուան իրավիճակը եւ յատկապէս Արցախի ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքներուն կարեւորագոյն ուղիները:
Արցախի մէջ սեփական վերլուծաբան ունենալը անշուշտ կը նպաստէ այս ուղենիշի առարկայացման: Մեր պաշտօնակից «Ապառաժ»-ի հետ մնայուն կապերը, եւ առհասարակ Արցախի պետական-հասարակական տեղեկատուադաշտի հետ «Ազդակ»-ի ունեցած համագործակցական մթնոլորտը աւելի խորանալու եւ զարգանալու միտումներ կը պարզէ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերին թէ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին քանի մը հանդիպումները մեր երիտասարդ մարդուժի ներկայացուցիչներուն հետ կարեւոր նախադրեալներ են նշուած առաջադրանքին ուղղութեամբ աշխատելու:
Արցախի պետութեան բարձրագոյն օղակներուն մօտ աննկատ չէին մնացած թէ՛ ապրիլեան պատերազմին եւ թէ՛ ընդհանրապէս արցախեան կեանքին «Ազդակ»-ի կատարած արագ արձագանգումներն ու վերլուծական գրութիւնները: «Ազդակ»-ը այս բոլորին համար կ՛արժանանար Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երախտագիտութեան մետալին:
Քննարկումներու հայաստանեան միջավայրին մէջ եւս նկատուեցաւ «Ազդակ»-ի աշխուժ ներկայութիւնը: Թէ՛ սփիւռքի նախարարութեան առընթեր գործող համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստերուն, թէ՛ մամլոյ ասուլիսներուն կամ քննարկման այլ ձեւաչափերուն «Ազդակ»-ը նկատի առնուեցաւ իբրեւ սփիւռքեան կարեւորագոյն խօսափող, յատկապէս համահայկական հիմնահարցերու շուրջ հանրային կարծիքի ձեւաւորման տարբեր գործընթացներուն իր անշրջանցելի նպաստը բերելով:
Ընթացիկ տարին «Ազդակ»-ի համար յատկանշուեցաւ նաեւ մարդուժի պատրաստութեան հեռանկարային աշխատանքներով:
Դէպի Հայաստան եւ դէպի Եւրոպա մեր խմբագիրներու գործուղումները դասական իմաստով կը նպաստեն մարդուժի վերաորակաւորման առաջադրանքին:
Ապագայ ընթերցողներ եւ աշխատակիցներ պատրաստելու համար տարիներէ ի վեր իրականացուող «Պզտիկ-մզտիկ»-ի թէ՛ հրատարակչական եւ թէ՛ մրցանքներու կազմակերպման աշխատանքները շարունակուեցան: Այս տարուան նորութիւնը «Պզտիկ-մզտիկ»-ի աշխատանոցն էր, որ համախմբեց հարիւրաւոր երեխաներ, որոնց ուղեցոյց տալու նպատակով միացան «Պզտիկ-մզտիկ»-ի խմբագիրները: Անոնք խմբային աշխատանքներով ծրագրեցին եւ պատրաստեցին հրատարակութեան պատրաստ յատուկ մանկապատանեկան թիւ: Բնականաբար պարզեցուած կարգով աշխատանքը կը նպատակադրէր թերթի խոհանոցային բաժինը բանալ փոքրիկ լրագրողներուն, խմբագրական, էջադրական, գրաշարական եւ տպագրական բաժիններով:
Վաղուց կը զգայինք բացակայութիւնը թերթին հանդէպ փոքրիկ լրագրողներու եւ չափահասներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բացի ամբողջացման նպաստող աշխատանքին: Այս առումով այդ բացը լրացնելու համար «Ազդակ» նախաձեռնեց «Ապագայ լրագրողներ»-ու եւ «Քննական ոսպնեակ»-ի ծրագիրները: Մեր պատանի մարդուժի ներկայացուցիչները համախմբուեցան «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին շուրջ, մինչ «Քննական ոսպնեակ»-ը հաւաքագրեց երիտասարդ այն խաւը, որուն մօտ արդէն իսկ յայտնաբերուած էր քննական մտածողութիւնը զարգացնելու հմտութիւնը:
Այս հիմնական երեք ուղղութիւններով փորձ պիտի կատարուի աշխատանքներուն տալ հետեւողական բնոյթ: Թէ՛ «Պզտիկ-մզտիկ»-ի աշխատանոցը, թէ՛ «Ապագայ լրագրողներ»-ը, «թէ՛ «Քննական ոսպնեակ»-ը ըստ էութեան յաջորդաբար երեխայ-պատանի-երիտասարդ խաւերով շղթայական սերնդական կապ կրնան ապահովել «Ազդակ»-ին:
Առանց մարդկային պաշարներու ամբարման, որեւէ աշխատանք կը կորսնցնէ իր հեռանկարայնութիւնը: Առանց վաղը պատրաստելու, այսօրը կրնայ փոշիանալ շուտով: «Ազդակ»-ը փաստած է, որ իննսուն տարի անընդմէջ պատուով կատարած է սերնդափոխութիւնը: Մենք մեր հերթին կը փորձենք աւանդական այդ ժառանգութիւնը շարունակել, եւ փաստօրէն մեր երիտասարդ խմբագիրները տենդագին լծուած են այդ աշխատանքին: Երիտասարդներն են, որոնք կը պատրաստեն իրենց յաջորդները: Թէ՛ աշխատանոցի պարագային, թէ՛ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն եւ թէ՛ «Քննական ոսպնեակ»-ին ո՛չ միայն հետեւողները, այլ նաեւ դասախօսներն ու զրուցավարները միանշանակ կը յայտնեն իրենց խանդավառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը գործը շարունակելու:
Կը գիտակցինք, որ ժամանակաւոր խանդավառութեան եւ նախաձեռնութեան ստեղծած անմիջական ազդեցութեան սահմաններուն մէջ պէտք չէ մնան նման աշխատանքներ: Հետեւողականութիւնը եւ գործի շարունակականութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ են այս պարագային եւ կը հաւատանք, որ «Ազդակ» յառաջիկային եւս իր առաջնահերթութիւնը պիտի նկատէ մարդկային պաշարներու ամբարման եւ ատոր համար մարդուժի պատրաստման այս աշխատանքները: