Յօդուածներ

Արցախի Նախագահը  Կը Պարգեւատրէ «Ազդակ»-ը

90 Տարիներու Փորձառութիւնն Ու Պատմութիւնը` Հարուստ Ու Պարտաւորեցնող Ժառանգութիւն

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 90 տարուան հպարտալի պատմութիւն կայ յարկին տակ այն հաստատութեան, ուր այսօր մեղուաջան աշխատանքի լծուած են տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ, տարբեր մասնագիտութեան տէր անձեր, տարբեր փորձառութեամբ օժտուածներ, որոնք բոլորն ալ, սակայն, կը կրեն նոյն ինքնութիւնը` ազդակցի են: 90 տարուան աւանդ կայ էջերուն մէջ այն օրաթերթին, ուր տողանցած են 90 տասնամեակներ լիբանանահայ, նաեւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ իրենց տեղն ու դերը ունեցած...

Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեան (1924-2010). «Չ­խո­նար­հող ե­ղէգ­ներ»ու հայ­րե­նա­դարձ պատ­գա­մա­բե­րը

Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեան (1924-2010). «Չ­խո­նար­հող ե­ղէգ­ներ»ու հայ­րե­նա­դարձ պատ­գա­մա­բե­րը

Ն. Պ. Յու­նո­ւար 3ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ գրա­կա­նու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­նի մեծ վար­պետ­նե­րէն Ս­տե­փան Ա­լա­ջա­ջեա­նի, որ յատ­կա­պէս «Ե­ղէգ­նե­րը չխո­նար­հո­ւե­ցին» ա­նուն իր վէ­պով՝ ան­մա­հու­թիւն նո­ւա­ճեց եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր փայ­լուն աստ­ղը ու­նե­ցաւ հա­յոց մե­ծե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։ Տա­րա­բախտ կեանք մը ապ­րե­ցաւ Ս. Ա­լա­ջա­ջեան։ ­Կո­կոր­դի քաղց­կեղ յայտ­նո­ւե­ցաւ մօ­տը եւ ստոյգ մա­հէ փրկո­ւե­ցաւ 1980ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, երբ վի­րա­հա­տե­ցին զինք ու ձայ­նա­յին լա­րե­րը հե­ռա­ցու­ցին։ Մ­նաց ա­ռանց...

Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրին Մասնայատուկ Տեղը

Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրին Մասնայատուկ Տեղը

ՍԱՐԳԻՍ ՊԱԼՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Ծանօթ.- Այս յօդուածին հեղինակը՝ Սարգիս Պալմանուկեան ճարտարապետն է Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց յուշահամալիրին, որ, ինչպէս ծանօթ է, ծանր վնասներու ենթարկուած է Սուրիան քանդումի ու տառապանքի մատնող պատերազմական գործողութիւններուն հետեւանքով. արհաւիրքին անմասն չմնաց նաեւ Սուրիոյ մեր գաղութը։ Ան նաեւ հեղինակն է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ այլ յուշակոթողներու։ Հեղինակին հետ կարճ զրոյցի մը պահուն,...

Գանձանակներ

Գանձանակներ

ԱՐՇԱՒԻՐ ԳԱԲՈՒՃԵԱՆ Մանկութեանս խաղալիքներն են, որոնք հիմա յուշերուս բնակիչներն են դարձած, շարքով կանգնած՝ գեղեցիկ դասաւորութեամբ, որոնք հին ընկերներուս պէս զիս խաղի էին հրաւիրեր, զինուորներու պէս բարի, որոնք մանկութիւնս էին պաշտպաներ: Չեմ գիտեր, հիմա ո՞ւր են անոնք՝ անոնց մեծամասնութիւնը. շատ փոքր մասնիկ մը կայ անոնցմէ իմ կողքին, իսկ մեծ մասը վստահաբար տեղ մըն է… Կը դժուարանամ ըսելու ճակատագրուած բառերը, որոնք ծանրօրէն...

Հարցազրոյց Պոլսահայ Գրող Եւ Ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի Հետ

Հարցազրոյց Պոլսահայ Գրող Եւ Ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի Հետ

«…Ինքնութեան Աւանդական Սահմաններուն Մէջ Բանտարկուած Հայերը Իրենցմէ Դուրս Այլ Հայեր Չեն Ընդունիր» Սեւան Տէյիրմենճեան կը փորձէ բացատրել, թէ որոնք են պոլսահայերու ինքնութեան հիմերը, անոնց կապը կրօնքի, հայոց լեզուի, ծպտեալ հայերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պոլսահայ համայնքին մէջ հայկական ինքնութիւնը ինչպէ՞ս կ՛ընկալուի, ո՞րն է հայու ինքնութիւնը: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ես պոլսահայ համայնքը ներկայացնող մէկը չեմ, ատոր համար ալ հիմնուելով իմ դիտարկումներուն վրայ՝...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

Օրուան Հարցերուն Հետ. Շահատուրքերու Բարեփոխման Օրէ՞նք, Թէ՞ Արդի Աւատապետութիւն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այն օրերուն, երբ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ աշխարհը կը զբաղեցնէր Հիւսիսային Քորէայի, Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու, ռուսական «միջամտութիւններ»-ու, իսլամական  ու լատինամերիկեան երկիրներու դէմ բազմապիսի արգելքներու եւ այլ «հնարքներ»-ով, իսկ զուգահեռ գիծերու վրայ, լրատու աղբիւրներ, «օրը նոր, գայթակղութիւնը` նոր» սկզբունքով, իրարու ետեւէ հրապարակ կը նետէին շարժապատկերի-պատկերասփիւռի ու քաղաքական աշխարհի կարգ մը մարդոց անբարոյ վարմունքին մասին` Պիլ Քլինթըն-Մոնիքա Լիուինսքի գայթակղութիւնը նսեմացնող...

Հայաստան 88-րդ Տեղը Կը Գրաւէ Առեւտուրի Ձեռնարկութիւններու Ղեկավարման «Ֆորպզ»-ի Վարկանիշով

Հայաստան 88-րդ Տեղը Կը Գրաւէ Առեւտուրի Ձեռնարկութիւններու Ղեկավարման «Ֆորպզ»-ի Վարկանիշով

Հայաստան 153 երկիրներու շարքին 88-րդ տեղը գրաւած է «Ֆորպզ» թերթին կազմած առեւտրական ձեռնարկութիւններու ղեկավարման վարկանիշով: Ըստ թերթի տեղեկագրութեան, Հայաստանի կառավարութիւնը վերջին տարիներուն որոշ բարելաւումներ իրականացուցած է հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան մէջ, բայց կաշառակերութեան դէմ պայքարի միջոցները զգալի չափով անարդիւնաւէտ եղած են: «Հայաստան պէտք է լրացուցիչ տնտեսական բարեփոխումներ իրականացնէ եւ ամրապնդէ օրէնքի գերակայութիւնը` տնտեսական աճի, տնտեսական մրցունակութեան եւ աշխատատեղերու համար, յատկապէս`...

Հայաստանի Օրկանական Մեղրը Կը Վաճառուի Չինաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Շուկաներու Մէջ

Հայաստանի Օրկանական Մեղրը Կը Վաճառուի Չինաստանի Եւ Այլ Երկիրներու Շուկաներու Մէջ

Հայաստանի տարածքին օրկանական գիւղատնտեսութեամբ կը զբաղին 86 արտադրողներ: Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Արմէն Յարութիւնեանը յայտնեց, որ արտադրողներուն թիւը կարելի եղած է կրկնապատկել Եւրոմիութեան եւ Աւստրիոյ զարգացման գործակալութեան ֆինանսաւորումով իրականացուող օրկանական գիւղատնտեսութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրին շնորհիւ: «Բաւականին հետաքրքրութիւն կայ հայկական օրկանական ապրանքներու նկատմամբ, բայց արտահանման կազմակերպման հիմնական հարցը կապուած է արտադրական ծաւալներու ապահովման հետ», յայտնեց փոխնախարարը` աւելցնելով, որ կենդանական ծագման օրկանական...

Հայկական Արտադրութեան «Խելացի Օրoրոց»-ը Հեքիաթ Պիտի Պատմէ Ու Պիտի Քնացնէ Փոքրիկը

Հայկական Արտադրութեան «Խելացի Օրoրոց»-ը Հեքիաթ Պիտի Պատմէ Ու Պիտի Քնացնէ Փոքրիկը

Հայաստանի մէջ արտադրուած է «Cribby» կոչուող բազմագործառոյթ օրօրոցը կարելի է կարգաւորել սմարթֆոնի միջոցով: Նախագիծի հեղինակներէն Սերգէյ Նաւասարդեանը պատմած է, որ ծնողներու կենցաղը դիւրացնող «խելացի» օրօրոց ստեղծելու գաղափարը ունէին շատոնց: Այդ ուղղութեամբ, «Cribby»-ի ծրագրաւորողներէ եւ ձեւաւորողներէ բաղկացած խումբը թափով սկսած է աշխատանքի  2017-ի աշնան: Այժմ կը պատրաստուին հանրութեան ներկայացնելու օրօրոցին նախատիպը: «Cribby-ն զինուած է տեսախցիկով, կշիռքով, ձայնագրուած գիրքերու նուագարկիչով, որով կարելի...

Մատենադարանի Ձեռագիրներուն 25 Տոկոսը Թուայնացուած Է

Մատենադարանի Ձեռագիրներուն 25 Տոկոսը Թուայնացուած Է

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր Ղեւոնդեանը կը տեղեկացնէ, որ Մատենադարանի ձեռագիրներուն 25 տոկոսը թուայնացուած է: Մատենադարանը այս տարի, Գիտութեան պետական կոմիտէին աջակցութեամբ, ձեռք բերած է նոր սարք մը, որ կարելիութիւն կու տայ թուայնացնելու միքրոժապաւէնները: «Մինչեւ նոր արհեստագիտութիւնները` կ՛օգտագործէինք միքրոֆիլմեր, այսինքն ձեռագիրը կը լուսանկարուէր, եւ յատուկ սարքի միջոցով ժապաւէնին պարունակութիւնը կը կարդացուէր: Այդ սարքը դանդաղ կ՛աշխատէր, բացի այդ,...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Տարին Աւարտեցա՞ւ

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 2017 տարին բաւական լուրջ քաղաքական ցնցումներ յառաջացուց Միջին Արեւելքի մէջ: Քաղաքական ցնցումներ արձանագրուեցան մասնաւորապէս Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին, Սուրիոյ, Ծոցի եւ Պաղեստինի մէջ: 2018 տարեշրջանին միջինարեւելեան տարածքի աշխարհաքաղաքական վիճակը ըմբռնելու  համար պէտք է շրջանային որոշ դէպքեր վերյիշենք եւ վերլուծենք 2018-ին տեղի ունենալիք քաղաքական դէպքերը: Անշուշտ այս բոլորը ենթադրութիւններ կ՛ըլլան, սակայն միջինարեւելեան քաղաքական իրադարձութիւնները միշտ ալ եղած են յանկարծակի,...

«Էներգետիկա»ն՝ Որպէս Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնների Առանցք. Դոկտ. Կարէն Խանլարեանի Դիտարկումները

«Էներգետիկա»ն՝ Որպէս Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնների Առանցք. Դոկտ. Կարէն Խանլարեանի Դիտարկումները

ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտու աշխատանքների մեկնարկը եւս մէկ քայլ է հայ-իրանական յարաբերութիւնների՝ ընդհանրապէս, իսկ տնտեսական յարաբերութիւնների՝ յատկապէս առաւել զարգացման համար: «Ալիք»ի հետ զրոյցում նման կարծիք յայտնեց Իսլ. խորհրդարանում Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը: «Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններն բաւականին հետաքրքիր դինամիկա (զարգացում-Խմբ.) են ունեցել վերջին տարիներին, եւ բաւականին հետաքրքիր փոփոխութիւններ կան յարաբերութիւններում», նշեց պատգամաւորը՝ յաւելելով. «Դա առնչուած է...

Կաղանդ Պապուկի Մտահոգութիւնն Ու Ծիծեռնակին Խոստումը (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Նամակս կը գրեմ որպէս դպրոցական պարտականութիւն: Գիտեմ, որ չար մանուկներու ցուցակդ  լեցուն է, իսկ հնազանդ մանուկներունը` դատարկ: Կեանքդ նոյնպէս դատարկ է: Դուն չես գիտեր, թէ ինչպիսի խնդիրներէ անցած եմ կեանքիս ընթացքին: Ցտեսութիւն: Ես քեզ կը սիրեմ: Կաղանդ պապուկին ուղղուած ամերիկացի վեցամեայ մանուկի մը նամակը: (Համացանց - Թուիթըր) Միշտ չէ, որ պէտք է գանգատիլ համացանցի անպատեհութիւններէն, հակառակ յոռի եւ...

Լքուած Տան Մահը (Ամանորի Առիթով)

Լքուած Տան Մահը (Ամանորի Առիթով)

ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ - Բարի՛ լոյս, հարեւա՛նս: Ինչպէ՞ս ես: Օրդ ինչպէ՞ս սկսեցիր: - Բարի՛ առաւօտ, հարեւա՛նս, որ ասեմ` լաւ, կը հաւատա՞ս: Մանաւանդ էս օրն իմ համար վառ յիշողութիւնների, տխուր ապրումների, յոյզերի օր է: - Էլի տիրոջդ հե՞տ է կապուած: - Հա՛, բա էլ ո՞ւմ: Է՜հ, հարեւա՛նս, պատմել, սիրտս բանալ եմ ուզում, թէ չէ մէկ էլ տեսար` անհանգիստ շարժումներիցս պատերս փուլ եկան:...

«Արմէնպրէս»-ի Հարցազրոյցը Հայաստանի Բնապահպանութեան Նախարար Արծուիկ Մինասեանի Հետ

«Արմէնպրէս»-ի Հարցազրոյցը Հայաստանի Բնապահպանութեան Նախարար Արծուիկ Մինասեանի Հետ

Կենսառեսուրսների Գերշահագործման Մարտահրաւէրից Մինչեւ Սեւանի Ջրի Թափանցիկութեան Աննախադէպ Ցուցանիշ. Նախարարն Ամփոփեց Տարին Վարեց՝ ԱՆՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Բնապահպանութեան ոլորտում նախարարութիւնն այս տարի մեծածաւալ աշխատանքներ է իրականացրել մի շարք խնդիրների ուղղութեամբ: Այնուամենայնիւ, մարտահրաւէրներ դեռ կան: «Արմէնպրես»ի հետ զրոյցում տարին ամփոփեց եւ առաջիկայ անելիքներից խօսեց ՀՀ բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանը: ԱՆՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ.- Պարոն Մինասեան, «Դիլիջան ազգային պարկ»ում վերահսկողութիւնն այս տարի ուժեղացուեց, աշխատանքներում ներգրաւուեց նաեւ...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.   Նոր Տարին Չմարող Երազանքով

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Նոր Տարին Չմարող Երազանքով

Արցախի ներքաղաքական կեանքը 2017 թուականին յագեցած էր բուռն իրադարձութիւններով: 2017-ի սկզբին ԱՀ սահմանադրութեան փոփոխութիւնների հանրաքուէի մեկնարկը տրուեց, ամրանը 3 տարի անցումային ժամանակաշրջանի համար ընտրուեց ԱՀ նախագահ, իսկ աշնան սկզբին կազմաւորուեց կառավարութիւն` ԱՀ նախագահի գլխաւորութեամբ: ՀՅԴ Արցախի կառոյցն աշխուժ մասնակցութիւն ունեցաւ ներքաղաքական բոլոր իրադարձութիւններին: Դժուար, բայց սկզբունքային որոշմամբ ՀՅԴ-ն դէմ էր սահմանադրութեան փոփոխութիւնների տարբերակին, սակայն դա չխանգարեց մնալ որպէս իշխանական հիմնական...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Ամանորեայ Մտորումներ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Տարիներ առաջ, երբ 6-րդ դասարան էի, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Նշան Փալանճեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը որոշեց «արեւելեան» Պէյրութի շրջանի աշակերտները ընդունիլ Կենաց ազգային վարժարանին մէջ, Տըպպայա, այժմ` Եղիշէ Մանուկեան ազգային վարժարան: Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ շատ մեծ ճիգ մըն էր` փորձել ամէն գնով քանի մը ամսուան մէջ տարեշրջանը փրկելու: Այս ժամանակաշրջանին շատ մը դպրոցներ իրենց դռները փակ...

Փառաւոր Ու Տպաւորիչ Հանդիսութիւն` Քարեն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի 70-ամեակին Առիթով

Փառաւոր Ու Տպաւորիչ Հանդիսութիւն` Քարեն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի 70-ամեակին Առիթով

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Տարիները որքա՜ն արագ սահեր են: Դեռ երէկ էր կարծէք, երբ Ճեմարանի շրջափակին մէջ հազարաւոր հայորդիներու ներկայութեան կը տօնախմբուէր մեր այս սիրելի կրթօճախին 50-ամեակը (1997): Լոյս կ՛ընծայուէր նաեւ դպրոցին պատկառելի յուշամատեանը` հոն ամփոփելով այն բոլոր թանկագին տեղեկութիւններն ու պատմական լուսանկարները, որոնք կը գծէին հալէպահայութեան կրթական կեանքին կարեւոր մէկ երեսը: Այդ թուականէն անցեր են ահաւասիկ քսան տարիներ եւս: Ու այդ...

Ճեմարանի 70-ամեակի Յոբելենական Հանդիսութեան Յաջորդեց Մտերմիկ Խրախճանք Մը` Երգիչ Յովսէփին Մասնակցութեամբ

Ճեմարանի 70-ամեակի Յոբելենական Հանդիսութեան Յաջորդեց Մտերմիկ Խրախճանք Մը` Երգիչ Յովսէփին Մասնակցութեամբ

Շաբաթ, 23 դեկտեմբերին տեղի ունեցած Ազգային Քարեն Եփփէ Ճեմարանի 70-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութենէն ետք, ճեմարանականները մասնակցեցան խնամակալութեան կազմակերպած մտերմիկ խրախճանքին, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ այս առիթով Հալէպ ժամանած հալէպահայ հանրածանօթ երգիչ Յովսէփ Գասպարեանը: Ճեմարանականներէն իւրաքանչիւրը պահ մը անջատուելով մթնոլորտէն` կեանքի կոչեց հեռու թէ մօտիկ անցեալէն անմոռաց յիշատակներ, երգիչ Յովսէփը` նոյնպէս: Ան յուզումով վերյիշեց նախապատերազմեան շրջանի իր նուագախումբին ելոյթները եւ կարօտով...

Հրապարակի Վրայ Է Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ Կռիւ» Խորագիրով Տեսահոլովակը

Հրապարակի Վրայ Է Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ Կռիւ» Խորագիրով Տեսահոլովակը

Հրապարակի վրայ է դասական եւ  ազգային երգերու հանրածանօթ մեկնաբան Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ կռիւ» խորագիրով տեսահոլովակը (https://www.youtube.com/watch?v=zss3VgZ8y2E,): Տեսահոլովակին նախաձեռնութիւնը եղած է անձամբ Հաճեանին կողմէն: Բառերուն հեղինակն ու պատրաստողը Սամուէլ Թադէոսեանն է, իսկ երաժշտութիւնը կը պատկանի հայրենի երգահան եւ երգիչ Սամուէլ Գալստեանին: Բնագիրը նաեւ թարգմանուած է անգլերէնի` շնորհիւ Ռուբէն Ճամպազեանի եւ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի: «Առայժմ թարգմանութիւնը զետեղած եմ տեսահոլովակին տակը, յուսամ` նիւթական միջոցներ...

Page 740 of 1110 1 … 739 740 741 … 1,110

Արխիւներ