Քաթալոնիոյ Եւ Արակոնի Միացեալ Թագաւորութիւնը Եւ Անոր Տարածումը Դէպի Լանկըտոք, Պալէարեան Կղզիներ Եւ Վալենսիա
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Իպերիական թերակղզիին վրայ հռոմէական տիրապետութիւնը տկարացաւ 406-ին, գերմանական ցեղերու ներխուժումներուն պատճառով:
Վիսիգոթեր, Աթհոլֆի գլխաւորութեամբ, 410-ին իրենց ենթարկեցին Թարրաքոնենսիսը եւ Էպրոյի հովիտը: Օրիք 475-ին վիսիգոթերուն առաջնորդը եղաւ, թագաւորութիւն հաստատեց Թոլոսայի (ներկայ Թուլուզ) մէջ եւ Թարրաքոնենսիսը իր տիրապետութեան տակ առաւ: Վիսիգոթեր հետագային կորսնցուցին Փիրէնեան լեռներէն հիւսիս տարածուող երկրամասերը եւ Թոլետոն ընտրեցին իբրեւ կեդրոն:
Արաբ եւ պերպէր զօրագունդերէ բաղկացած իսլամական բանակները 714-ին հասան Սարակոսա: 718-ին անոնք գրաւեցին ներկայ Քաթալոնիան եւ Ալ-Անտալուս նահանգին կցեցին: Նարպոն գրաւուեցաւ 720-ին:
Ֆրանքներ բուռն դիմադրութիւն կազմակերպեցին արաբական ներխուժող ուժերուն: Ռուսիյոն 760-ին ազատագրուեցաւ արաբներէն: Քրիստոնեայ ուժերը, ֆրանքներու թագաւոր Շարլըմանաի որդի Լուիի առաջնորդութեամբ 801-ին ազատագրեցին Պարսելոնան եւ ներկայ Քաթալոնիոյ մեծ մասը: Այնուհետեւ Պարսելոնա Իպերիական թերակղզիին մէջ քրիստոնէական ուժերու կարեւոր կեդրոն դարձաւ:
***

Պարսելոնայի ազատագրումէն ետք, նոյն օրերուն` 801-ին Շարլըմանյը թագաւոր Պարսելոնայի կոմսութիւնը հաստատեց, որ կ՛ընդգրկէր Էպրոյէն հիւսիս, մինչեւ Փերէնեան լեռներ տարածուող հողերը` Մարքա Հիսփանիան: Նոն տոհմէն Պերա կոմս հռչակուեցաւ: Այսպիսով Պարսելոնայի կոմսերը ֆրանքներուն ենթակայ դարձան: Կոմս Վիֆրէտ 878-ին Պարսելոնայի եւ նաեւ Կիրոնայի կոմսը եղաւ եւ կոմսութիւնը դարձուց ժառանգական: Կոմս Պորրել Բ. 987-ին մերժեց ճանչնալ ֆրանք թագաւորին` Հուկ Քափէթի գերիշխանութիւնը եւ գործնապէս անկախ գոյավիճակ հաստատեց:
Քաթալոնիա անուանումը առաջին անգամ գործածուեցաւ 1117-ին:
Կոմս Ռամոն Պերենկէր Դ., որ Արակոնի Փեթրոնիլա թագուհիին հետ ամուսնացած էր, 1137-ին Պարսելոնայի եւ Արակոնի գահերը միացուց, իրեն կցեց Լիէտան եւ Թորթոսան եւ միաւորեց Քաթալոնիոյ հողերը: Ան Պարսելոնայի կոմս եւ արակոնցիներու իշխան տիտղոսը առաւ:
Զաւակը եւ յաջորդը` Ալֆոնսօ Բ. Արակոնցի նուաճեց Փերէնեան լեռներէն հիւսիս տարածուող Փրովանսը (հարաւ-արեւելեան Ֆրանսան), եւ Արակոնի թագաւոր ու Պարսելոնայի եւ Փրովանսի կոմս տիտղոսները առնելով իշխեց 1164-էն 1196: Ան նաեւ բանաստեղծ էր եւ 1174-ին ամուսնացած Քասթիլիոյ Ալֆոնսօ Է. թագաւորի դուստր Սանչայի հետ:
Պարսելոնայի եւ Արակոնի միջեւ շարք մը դաշինքներ կնքուեցան եւ անոնք միացեալ ուժերով պայքարեցան իսլամներուն դէմ ու անոնցմէ շարք մը բնակավայրեր ազատագրեցին:
***
Իբրեւ Արակոնի թագաւոր եւ Պարսելոնայի կոմս Ալֆոնսօ Բ.ի 1196-ին յաջորդեց որդին` Փերէ (Պետրոս) Բ. Կաթոլիկ: 1205-ին ան ճանչցաւ պապին աւատական գերիշխանութիւնը եւ Հռոմի մէջ Իննովկենտիոս Գ. պապին ձեռամբ թագաւոր օծուեցաւ: Փերէ Բ., Քասթիլիոյ Ալֆոնսօ Ը., Նաւարայի Սանչօ Է. եւ Փորթուգալի Աֆոնսօ Բ. թագաւորները միացեալ ուժերով յարձակեցան Ալմոհատ իսլամ պէրպէր խալիֆայութեան վրայ եւ Լաս Նաւաս թէ Թոլոսայի 16 յուլիս 1212-ի ճակատամարտին ջախջախեցին Նասէր խալիֆային ուժերը:

Փերէ Բ. իր իշխանութիւնը տարածեց Ֆրանսայի հարաւային շրջաններուն` Լանկըտոքի մէջ, ուր կային աւատական տիրոյթներ, որոնց գլխաւորը Թուլուզի կոմսութիւնն էր:
Լանկըտոքի մէջ բաւական տարածուած էր քաթարներու աղանդը, որ 1176-ին հերձուած հռչակուած էր Հռոմի եկեղեցւոյ կողմէ: Իննովկենտիոս Գ. պապ հրամայեց ոչնչացնել աղանդաւորները: Տարբեր վայրերէ հաւաքուած խաչակիր տասը հազար կռուողներ 1209-ին սկսան արշաւանքի: Անոնք Պեզիէ հասան յուլիս 21-ին: Քաղաքին եպիսկոպոսը` Ռենօ տը Մոնփէյրու փորձեց բանակցութեան մտնել եւ խուսափիլ արիւնահեղութենէ, բայց ապարդիւն: Յաջորդ առտու, յուլիս 22-ին խաչակիրներ յարձակման անցան: Պեզիէ քաթար եւ կաթոլիկ խառն բնակչութիւն ունէր: Սիսթերսեան աբբահայր Առնօ Ամալրիք հրամայեց սուրի քաշել քաղաքին բոլոր բնակիչները: Երբ հարցուցին ինչպէս զանազանել աղանդաւորները կաթոլիկներէն, ան ըսաւ. «Սպաննեցէք բոլորը, Աստուած գիտէ եւ երկինքի մէջ իր հաւատացեալները կը զատէ աղանդաւորներէն»: Այդ օր Պեզիէի 20 հազար բնակիչները սուրի քաշուեցան:
Խաչակիրները պարսպապատ Քարքասոն հասան օգոստոս 1-ին եւ 7-ին գրաւեցին քաղաքը: Այնուհետեւ Սիմոն տը Մոնֆոր խաչակիր բանակի հրամանատար նշանակուեցաւ: Իրար ետեւէ գրաւուեցան Ալպին, Քասթելնոտարին, Քասթրը, Ֆանժոն, Լիմուն, Լոմպէրը եւ Մոնրէալը: Դեկտեմբերին խաչակիրները հասան Լասթուր: 1210 մարտին անոնք գրաւեցին Պրամը, յունիսին պաշարեցին Մինէրւը եւ յուլիս 22-ին գրաւեցին զայն: Թերմ պաշարուեցաւ օգոստոսին եւ նոյեմբերին գրաւուեցաւ: Արշաւանքները շարունակուեցան յաջորդող տարիներուն:
Խաչակիրներուն դէմ դնելու համար քաթարները դիմեցին Փերէ Բ.ի, օգնութիւն խնդրելով: Փերէ, հաւատացեալ կաթոլիկ, 1213 յունուարին նամակներ գրեց աբբահայր Առնօ Ամալրիքի եւ Սիմոն տը Մոնֆորի, թելադրելով արդարութիւն հաստատել: Այնուհետեւ Փերէ Բ. դաշնակցեցաւ Թուլուզի կոմսին եւ այլ աւատատէրերու հետ եւ յարձակման անցաւ Սիմոն տը Մոնֆորի զօրքին վրայ: Վճռական ճակատամարտը տեղի ունեցաւ Մուրէի մէջ, 12 սեպտեմբեր 1213-ին. Փերէ սպաննուեցաւ եւ անոր բանակը ցիրուցան եղաւ:
***

Փերէ Բ.ի յաջորդեց հնգամեայ որդին` Խայմէ Ա. էլ Քոնքերիտոր (նուաճող): Ան 1221-ին ամուսնացաւ Քասթիլիոյ Ալֆոնսօ Ը. թագաւորի դուստր Էլէանորի հետ, ճնշեց ազնուականներու ըմբոստութիւնները եւ համաձայնութեան եկաւ Նաւարայի Սանչօ Է. թագաւորին հետ:
Խայմէ Ա. 5 սեպտեմբեր 1229-ին, 155 նաւերով, 1500 ձիաւորներով եւ 15 հազար հետեւակ զինուորներով արշաւանքի սկսաւ Պալէարեան կղզիներուն վրայ եւ 31 դեկտեմբերին Մայորքան գրաւեց արաբներէն: Մինորքա գրաւուեցաւ 1232-ին, Իպիսա` 1235-ին: Այնուհետեւ մեծ թիւով քրիստոնեաներ, գլխաւորաբար` քաթալաններ բնակութիւն հաստատեցին Պալէարեան կղզիներուն վրայ: Մայորքայի մէջ քաթալաններ մեծամասնութիւն կազմեցին:
Խայմէ Ա.-ի բանակին կորիզը քաթալան զինուորներն էին. փոքրաթիւ, բայց կարգապահ ուժ էին արակոնցի ասպետները:
Պալէարեան կղզիներու ազատագրումէն ետք Խայմէ Ա. յարձակման անցաւ Վալենսիոյ իսլամներուն վրայ: Վալենսիա, իսլամական Պալանսիան, առանձին թայֆա թագաւորութիւն էր եւ կը գտնուէր Զայյան իպն Մարտանիշի իշխանութեան տակ:
Խայմէ Ա. 25 յուլիս 1235-ին պաշարեց Վալենսիայէն հիւսիս գտնուող Ֆոյոսը: Իսլամական ուժերը կեդրոնացան Էլ Փուիկի շուրջ: Նոյն օրերուն Խայմէ Ա. Թերուէլի մէջ բանակցութեան մէջ մտաւ Վալենսիա քաղաքի կառավարիչ էմիր Ապու Զէյտի հետ, համաձայնութեան գալու համար: Ապու Զէյտ, վախնալով քրիստոնէական ուժէն, հպատակութիւն խոստացաւ, քրիստոնեայ դարձաւ եւ սարակոսացի Մարիա Ֆերրանտիայի հետ ամուսնացաւ:
Քաթալան եւ արակոնցի զօրքերը 1236-ին, քաթալան ազնուական Պերնաթ Կուիլլէմ տ՛Էնթենսայի հրամանատարութեան տակ, յարձակման անցան Վալենսիայի ուղղութեամբ: Խայմէ Ա. խոստացաւ ազատագրումէն ետք քաղաքին գլխաւոր մզկիթը եկեղեցիի վերածել եւ Վալենսիան Թարրակոնայի թեմին կապել:
Խայմէ Ա.ի բանակը գրաւեց Լա Վալ տ՛Ուիքսոն, Նուլէսը եւ Ալմէնարան, եւ այնուհետեւ` Պեթերան, Փաթերնան, Մոնքատան եւ 25 յունիս 1237-ին հասաւ Էլ Փուիկ, Վալենսիոյ դուռերը:
Արակոնցի եւ քաթալան զինուորները վերակառուցեցին Էլ Փուիկի ամրութիւնները եւ ծովափի երկայնքին հողէ եւ քարէ պատնէշներ բարձրացուցին: Աւելի քան մէկ ամսուան աշխատանքէ ետք հին ամրոցը ամրացուեցաւ եւ հարիւր հոգինոց պահակախումբ մը կեդրոնացուեցաւ հոն:
Այնուհետեւ քրիստոնեայ ուժերը յարձակումներ շղթայազերծեցին Վալենսիոյ յարակից բնակավայրերուն վրայ:
Զայյան իպն Մարտանիշ Խաւիթայի եւ Խուքարի բնակիչներէն զօրք հաւաքեց, բոլորը միասին` 600 ասպետ եւ 11 հազար զինուոր եւ 15 օգոստոս 1237-ին քալեց էլ Փուիկի վրայ:

Խայմէ Ա.-ի զօրքը կը հաշուէր 50 ասպետ եւ հազար գիւղացի զինուոր: Ճակատամարտը տեւեց ամբողջ օրը: Իսլամական գերազանց ուժերը հիմնովին ջախջախուեցան եւ ցիր ու ցան փախուստի դիմեցին: Նահատակուեցաւ նաեւ քրիստոնեայ ուժերու հրամանատարը` Պերնաթ Կուիլլէմ տ՛էնթենսա:
Քրիստոնեայ ուժերու յառաջխաղացքի պայմաններուն տակ մեծ թիւով իսլամներ Վալենսիոյ շրջանէն խոյս տուին դէպի հարաւ:
Խայմէ Ա. վերակազմեց իր ուժերը եւ շարունակեց յառաջխաղացքը: Նահատակ Պերնաթ Կուիլլէմի որդին` Պերնաթ Կուիլլէմ կրտսեր, որ տասը-տասնըմէկ տարեկան էր, Էնթենսա տոհմի պետ եւ քրիստոնեայ ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ:
Էնթենսաները քաթալան ամէնէն հեղինակաւոր տոհմն են: Անոնց օրրանը Էնթենսա գիւղն է Արակոնի Լա Ֆրանխա շրջանին մէջ, Փրէ Փիրէնէի բարձունքներուն, Սան Խայմէ եկեղեցիով եւ քանի մը տուն բնակչութեամբ: Նշենք, որ Էնթենսայի պարոնութիւնը հաստատուած էր Սինսա գետի հովիտին, Փրիորաթի եւ Թերրէս տէ լ՛Էպրէի մէջ: Առաջին պարոնը եղած էր Խեսսիանա տ՛էնթենսա, ԺԲ. դարուն, որ ամուսնացած էր Ալքոլէա տէ Սենսա գիւղի աւատատէրի դստեր հետ: Խեսսիանայի որդին` Ալամանտա Ա. (1205-1244) ամուսնացած էր Քասթէլվէլի աւատատէրի դստեր հետ եւ ընդարձակ հողեր ձեռք ձգած: Նշենք, որ ամէն տարի յուլիս 25-ին Սան Խայմէի (Սուրբ Յակոբ) տօնը մեծ շուքով կը նշուի Էնթենսայի մէջ:
Պերնաթ Կուիլլէմ կրտսերի հրամանատարութեան տակ Խայմէ Ա. թագաւորին բանակը պաշարեց Միջերկրականի ափին գտնուող Պուրրիանան (ներկայ Պորրիանա), որ ճանչցուած էր իբրեւ կանաչ քաղաք: Արակոնցի երկու ասպետներ` Հուկօ տէ Ֆոլլալքէր, հիւրընկալներու ուխտին ղեկավարը, եւ Պլաս տէ Արակոն, որ Վալենսիա աքսորէն կը վերադառնային, Ալքանիսի մէջ միացան Խայմէ Ա.-ի եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին անոր իսլամական ուժերուն մասին: Երկու ամսուան պաշարումէ ետք Պուրրիանա գրաւուեցաւ 1 յուլիս 1238-ին: Այնուհետեւ Խայմէ Ա. իրար ետեւէ գրաւեց Փենիսքոլան, Քասթելիօ տէ լա Փլանան, Պորրիոլը, Քուէվաս տէ Վինրոման եւ Վիլլաֆամէսը:
Իսլամական Պալանսիան այլեւս ամբողջովին մեկուսացած էր եւ շրջափակուած: Արակոնցի եւ քաթալան ուժերուն միացած էին նաեւ նաւարացի կռուողներ եւ Քալաթրաւայի ուխտի ասպետներ:
Յուսահատական դիմադրութենէ մը ետք, 28 սեպտեմբեր 1238-ին Վալենսիա անձնատուր եղաւ եւ քրիստոնեայ ուժերը մտան քաղաք: Շուրջ յիսուն հազար իսլամ մաւրեր փախուստ տուին դէպի հարաւ:
Խայմէ Ա. այնուհետեւ պատերազմի բռնուեցաւ Մուրսիայի մաւրերուն հետ: 26 մարտ 1244-ին ան դաշինք կնքեց Քասթիլիոյ Ալֆոնսօ Ժ. թագաւորին հետ, որուն հիմամբ Պիարէն եւ Վիլլախոյոսայէն հարաւ տարածուող հողերը Քասթիլիոյ թագաւորութեան կցուեցան:
Մինչ Մուսրիայի մաւերուն հետ պատերազմը կը շարունակուէր, Խայմէ Ա. խաղաղութեան դաշինք կնքեց Կրանատայի սուլթան Մոհամէտ պըն Նասէրի հետ: Պարսելոնա վերադառնալով 1269 սեպտեմբերին ան նաւատորմ կազմեց եւ ճամբայ ելաւ դէպի արեւելք, խաչակրական արշաւանքի, բայց փոթորիկի բռնուելով հարաւային Ֆրանսա ցամաք ելաւ, ուրկէ Մոնփելիէի վրայով վերադարձաւ:
Խայմէ Ա. եւ Ֆրանսայի Լուի Թ. (Սէն Լուի) թագաւոր 11 մայիս 1258-ին Քորպէյի մէջ դաշինք կնքեցին, որուն հիմամբ Լանկըտոք բաժնուեցաւ Քաթալոնիայէն:
Խայմէ Ա. էլ Քոնքերիտոր գրականութեան եւ արուեստներու հովանաւոր եղաւ: Իր օրով քաթալան մշակոյթը տարածուեցաւ դէպի Պալէարեան կղզիներ, Վալենսիա եւ Իպերիական թերակզիի այլ շրջաններ: Ան մահացաւ 27 յուլիս 1276-ին: