18 յունուար 1983-ին կազմակերպուած համաժողովրդային բողոքի միթինկին Կարօ Յովհաննէսեանի արտասանած խօսքէն հատուած:
Թուրք զինուորական եւ քաղաքական պատասխանատուները, այլ մանաւանդ թրքական կառավարութիւնը` արտաքին եւ ներքին ճակատի վրայ, առիթ չեն փախցներ իրենց հակահայ թթու տրամադրութիւնները յայտնելու:
Անցնող տարիներուն ընթացքին, չեղաւ օր մը, երբ թրքական մամուլը, ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը չանդրադառնան գլխացաւանք պատճառող Հայկական հարցին եւ յատկապէս հայկական ահաբեկչութեան: Այս առթիւ դարձեալ, Թուրքիա աշխատանք տարաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ. սեմինարներ, դասախօսութիւններ եւ համագումարներ կազմակերպեց` ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ, Հայկական հարցը սեւցնելու, խեղաթիւրելու եւ այլ ուղղութիւններու առաջնորդելու նպատակաւ: Կարծէք այս միջոցառումները չէին բաւեր, թրքական կառավարութիւնը օտար մամուլէն էջեր գնեց եւ հաղորդակցութեան միջոցները օգտագործեց` հակահայ եւ թրքանպաստ քարոզչութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ յոռի գոյներով ներկայացնելու Հայկական հարցը:
Թուրքիոյ կողմէ ձեռնարկուած այս հակահայ միջոցառումները, որոնք կը սահմանուին պետական ահաբեկչութեան ծիրին մէջ, ամբողջացան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. կոմիտէի անդամ` ընկ. Աբօ Աշճեանի առեւանգումով, որ տեղի ունեցաւ երեք շաբաթ առաջ:
Մեր ընկերոջ առեւանգումը բազմակողմանի նշանակութիւն ունի` թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ հայկական չափանիշով:
Իբրեւ լիբանանցի, ընկ. Աբօ ջերմ ու հաւատաւոր պաշտպանն էր Լիբանանի ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան: Գլխաւոր դարբիններէն մէկն էր ան հայութեան կողմէ որդեգրուած եւ կիրարկուող դրական չէզոքութեան, որ իր լաւագոյն արտայայտութիւնը գտաւ Լիբանանի վերջին ութ տարուան ծանօթ դէպքերուն ընթացքին: Այս քաղաքականութիւնը այլազան առիթներով եւ բազում անգամներ գնահատանքի արժանացած է Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական բազմաթիւ հոսանքներու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ: Ուրեմն, Լիբանանի հայութենէն առաջ, լիբանանցի ժողովուրդը ի՛նք` բոլորէն աւելի` անհրաժեշտ է, որ դատապարտէ այս արարքը, որուն զոհը Լիբանանի ազգային համերաշխութեան ախոյեան մըն է:
Հայկական գետնի վրայ, ընկ. Աբոյի առեւանգումը նախանշան մըն է Թուրքիոյ զինուորական ազգայնամոլ կառավարութեան ա՛յն քաղաքականութեան, որ կը նպատակադրէ անգամ մը եւս Հայկական հարցը:
***
Հայ ժողովուրդը` ընդհանրապէս, եւ հայ երիտասարդութիւնը` մասնաւորաբար, իր քաղաքական ղեկավարութեան հանդէպ ունեցած հաւատքը կը հիմնաւորէ ա՛յն իմաստով, որ այդ ղեկավարութիւնը զանազան գաղութներու մէջ սփիւռքահայութիւնը պիտի պահէ մեր ազգային իւրայատուկ դիմագծութեամբ. այսինքն` թոյլ պիտի չտայ, որ հայ զանգուածները ապաքաղաքականացման եւ բնական ձուլումի ճամբով դադրին քաղաքական գործօն տարրը դառնալէ. պիտի չարտօնէ, որ հայութիւնը կորսնցնէ իր դատը հետապնդելու հնարաւորութիւնը. պիտի չձգէ, որ հնազանդ քաղաքացի ըլլալու դրական իրողութիւնը ժամանակի ընթացքին մեր ժողովուրդը վերածէ պարտուող եւ անդիմագիծ համայնքի մը, ինչպէս այն բոլոր համայնքներն ու ժողովուրդները, որոնք այսօր կա՛մ գոյութիւն չունին եւ կամ ալ զուրկ են իւրայատուկ դիմագիծէ:
Հակահայ տրամադրութիւններու եւ ճնշումի սաստկացման այս օրերուն, մենք` երիտասարդութիւնը, ճակատաբաց կը յայտարարենք, որ վախցողը չենք նմանօրինակ միջոցառումներէն: Վախ սերմանել ուզողներուն համար մեր երիտասարդութիւնը պարարտ հող չէ` այնքան ատեն որ ան կը հաւատայ ազգային ազատագրական պայքարի ճամբով վերատիրանալու իր իրաւունքներուն: Այս ճամբուն վրայ զոհեր տուած ենք անցեալին: Զոհեր կու տանք հիմա ալ, պիտի տանք նաեւ ապագային: Նոր չէ, որ կը կատարուի այս հաստատումը: Եւ արդէն պիտի չուզէինք, որ առանց զոհաբերութեան հասնէինք մեր նպատակին:
***
Այս նուիրական եւ հանդիսաւոր պահուն, ընկ. Աբոն իր առեւանգեալ վիճակով մեզի կը փոխանցէ իր պատգամը, որ ամբողջ հայութեան պատգամն է միեւնոյն ատեն: Մենք կը լսենք անոր ձայնը մեր հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ: Եւ որքան ալ գիտական ու գերարդիական միջոցները, բոլո՛ր միջոցները, ջանան լռութեան մատնել զինք, մենք անոր ձայնը որոտի մը նման կը լսենք հիմա:
Իբրեւ երիտասարդութիւն, մեզմէ իւրաքանչիւրը, անկասկած, կը ձգտի հերոսացման այս գաղափարին, որովհետեւ «մենք անկեղծ զինուոր ենք» բոլոր պայմաններուն տակ, եւ ի գին ամէն բանի` «ուխտած ենք ծառայել երկար ժամանակ»` մինչեւ որ իրականութիւն դառնայ Միացեալ, Ազատ եւ Անկախ Հայաստանը: