Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էտմոն Լեւոն Քիրազ (Քիրազեան)

Դեկտեմբեր 29, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսահայ Երգիծանկարիչին Գործերը Զարդարած Են «Փարի Մաչ», «Վոկ», «Կլամուր» Եւ «Փլէյպոյ» Ամսաթերթերու Էջերը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հայազգի Էտմոն Քիրազը կը համարեն ժամանակակից աշխարհի ամէնէն վառ երգիծանկարիչը, որուն  պատկերազարդումները 20-րդ դարու կէսերէն դարձած են քաղաքականութեան, հասարակական կեանքի եւ համոզումներու անբաժան մասը:

Ծնած է  Գահիրէ, 25 օգոստոս 1923-ին, Եգիպտոս հասած  Լեւոն Քիրազի եւ Էլիզ Սէթեանի ընտանիքին մէջ, որոնք ունեցած են 4 երեխայ` 3 աղջիկ եւ տղայ մը: Էտմոն եւ քոյրը` Անահիտ, երկուորեակներ են: Հայրը Էտմոնը անուանակոչած է ի պատիւ ֆրանսացի բանաստեղծ եւ թատերագիր Էտմոն Ռոստանի:

«Երբ ես փոքր էի, հայրս զիս կը տանէր իր աշխատավայրը` ընկերներուն ցոյց տալու համար իր հանճարեղ տղուն նկարները: Մայրս կը հակառակէր. ան կ՛ուզէր, որ ես դրամատան ասպարէզի մէջ յայտնի անձ մը դառնամ…»:

Քիրազ յաճախած է Գահիրէի Նուպարեան ազգային վարժարան, ապա` ֆրանսական քոլեճ: 10 տարեկանին նկարած է իր առաջին կտաւը` 17-րդ դարու կրօնական բնաբաններով նկարի կրկնօրինակում մը:

«Տարօրինակը այն էր, որ այդ նկարը ո՛ր կողմէն ալ դիտէիր, կը դիտուէր: Հայրս այդ նկարը նուիրեց Պաղտատի հայկական եկեղեցւոյ, եւ ի զարմանս ինծի, ամէն մարդ այդ նկարին մէջ հրաշք մը կը տեսնէր»:

Քիրազի առաջին քաղաքական երգիծանկարները տպուած են  «Իմէյճ», «Փարատ», «Լա Ռեֆորմ տ՛Ալեքսանտրի» եւ «Ալ Մուսաուար» ամսաթերթերուն մէջ, երբ ան հազիւ 17 տարեկան էր:

«Գաղտնիք մը ըսեմ. Եգիպտոսի մէջ մեր այդ թերթը շատ կը ծախուէր, որովհետեւ ամէն մէկ թերթին մէջ քիչ մը քոքային կը դնէինք… հէ՛, հէ՛, հէ՛…»:

Էտմոն Քիրազ 1946-ին հաստատուած է Փարիզ, ուր ուսանած է «Աքատեմի տը լա Կրանտ Շոմիէր»-ի մէջ:

«Փարիզի մէջ զիս գրաւեցին ոչ թէ Էյֆելի աշտարակը եւ Լուվրը, այլ` կիները: Անոնք այնքան թեթեւ էին, որ ոչ մէկ ցաւ կը զգայիր, եթէ ոտքերուդ վրայ կոխէին: Այդ փարիզուհիները կարծես չէին ենթարկուեր բնութեան ձգողականութեան օրէնքին եւ կը սաւառնէին օդին մէջ: Անոնց բարձրակրունկ բարակ ոտքերը հողէն կտրուած էին եւ կը թռչէին օդին մէջ, իսկ թեթեւ շրջազգեստները օդապարիկի պէս զանոնք երկինք կը բարձրացնէին»:

Կը ցանկամ գտնել տղամարդ մը, որուն հետ պիտի չամուսնանամ դրամին համար:

Փարիզի մէջ աշխատակցած է հետեւեալ թերթերուն`

«Լա Պաթայ», 1950-1951
«Լը Ռուժ եւ Լը Նուար», 1951-1952
«Սամըտի Սուար», 1952-1954
«Իսի Փարի», 1955-1959

Այս վերջին թերթին մէջ ստեղծած է «Գեղեցկուհիներու արձանագրութիւններ» (Carnets de Belles) շարքը:

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ծանօթացած եւ բարեկամացած է  երիտասարդ երգիծանկարիչներու` Փոյնէի, Էֆելի, Պելուսի, Ֆեզանի, Պոսքի, Շաւալի, Ալտեպերի, Տուպուայի հետ: 1959 թուականին Մարսել Տասօ, որ արդէն նկատած էր Քիրազի տաղանդը, կը խնդրէ անկէ ստեղծելու «Փարիզուհիներ» (Les Parisiennes) շարքը` իր նորաստեղծ «Ֆրանսայի օրեր» (Jours de France) թերթին համար:

Իմ մէջս կան բազմաթիւ կիներ. ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ գոհանամ մէկ տղամարդով:

«Ժուր տը Ֆրանս»-ի մէջ կ՛աշխատէի: Մարսել Տասօ շատ հաւնած էր գծագրութիւններս եւ, ա՜, ամէն օր կ՛ուզէր, որ շատ գծագրութիւն տամ: Եւ լաւ է, որովհետեւ կը սպասէր, մինչեւ վերջը կը սպասէր գծագրութիւններուս, ես ալ, ինծի երբեմն կ՛ըսեն, որ գծագրութիւն մը ըրէ, է՜, օրեր կը տեւէ: Բայց եթէ ըսեն, որ  ժամը 7:00-ին գծագրութիւն մը կ՛ուզեմ… ատիկա կ՛ըլլայ… ուժ կը գտնեմ: Եւ այդ մարդուն հետ 30 տարի աշխատած եմ «Ժուր տը Ֆրանս» թերթին մէջ: Եւ ամէն գծագրութիւն ընելուս` պէտք է իրեն ցոյց տամ: Շատ հաւնած էր»:

Այստեղէն ալ կը սկսի Քիրազի յայտնի «Փարիզուհիներ» շարքը` պատկերազարդումներ, որոնք կը ներկայացնէին Փարիզի կիներու բարոյական սկզբունքները, երիտասարդ, թեթեւ, սլացիկ, նրբագեղ, երկար ոտքերով, տժգոյն դէմքերով, խելացի փարիզուհիները:

Երկար ոտքերով փարիզուհիները Քիրազի գլուխ գործերն են: Այդ կերպարները կը խորհրդանշեն 1950-ական թուականներու ֆրանսուհիները: Քիրազի ֆրանսուհիները ոչ միայն գայթակղեցուցիչ եւ ցանկայարոյց են, այլեւ` ազատատենչ ու համարձակ, գեղեցիկ ու ժամանակակից: Քիրազի նկարներուն մէջ կիներ երբեմն մերկ են, բայց ոչ մէկ պարագայի` գռեհիկ: Անոր իւրաքանչիւր գիծը, գոյնը կը վկայեն այն մասին, որ Քիրազ սիրահարած է գեղեցիկին եւ կնոջ գեղեցկութեան:

Շարքը տպուած է ֆրանսական զանազան հրատարակութիւններու կողմէ, օրինակ` «Փարի Մաչ», «Վոկ», «Կլամուր» ամսաթերթերու, նոյնպէս` սպանական եւ իտալական յայտնի թերթերու մէջ:

Քիրազի սուր դիտողականութեամբ, նուրբ հիւմըրով եւ ինքնատիպ վարպետութեամբ կատարուած գործերը հետզհետէ զայն կը դարձնեն Ֆրանսայի ամէնէն ճանչցուած երգիծանկարիչներէն մէկը: Անոր գրեթէ բոլոր նկարներուն կ՛ընկերանան երկխօսութիւններ եւ մեկնաբանութիւններ, որոնք քիչ դեր չեն կատարած նկարներու յաջողութեան գործին մէջ:

Կան դրացիներ, որոնք մեզ կը դիտեն: Պէտք է վարուիս նոր ամուսնացողի մը պէս:

1970-ականներուն Քիրազի աշխատանքներէն ոգեշնչուած` «Փլէյպոյ» ամսաթերթի վերջերս մահացած հիմնադիր Հիւ Հեֆնըր անոր առաջարկած է սրամիտ պատմութիւններ ստեղծել տղամարդոց ամսաթերթին համար:

Քիրազ ալպոմներ սկսաւ հրատարակել 1950-ական թուականներուն:  Գրած է «Ինքնակենսագրութիւն եւ յիշողութիւններ» գիրքը: Քիրազի «Փարիզուհիներ» շարքի նկարները ցուցադրուած են  Ֆրանսայի եւ արտերկրի բազմաթիւ պատկերասրահներու մէջ: 25 գործեր կը գտնուին Փարիզի «Քառնաւալէ» թանգարանին մէջ:

Քիրազ իր ամբողջ ասպարէզին ընթացքին գործակցած է ծանուցումներու ամէնէն մեծ  գործակալութիւններուն հետ, որոնց շարքին գերմանական «Նիվէա» ընկերութեան հետ` արտադրութիւններու ծանուցումներուն համար:

«Քսան հազար նկար գծած եմ, մէկ երկու հատը կը սիրեմ… միւսները չեմ սիրեր… հա՛, հա՛, հա՜… ը՜ըը… բան է… աղուոր բան մը գծելու համար պէտք է վերէն բան մը գայ… ը՜… մինչեւ վերջը ուզես նէ աղուոր բան չես գծեր: Բայց մէկէն մէկ` օդը աղուոր է, չեմ գիտեր` ի՛նչը աղուոր է… կու գայ»:

Էտմոն Քիրազ սահուն կը խօսի հայերէն:

«Հայաստան այցելեցի (քանի մը տարի առաջ – Ա.), որովհետեւ ըսի, որ ամօթ է, այսքան ատենէ Հայաստանը չեմ տեսած: Ես Հայաստանը ուրիշ տեսակ  կ՛երեւակայէի,  մանաւանդ Երեւանը աշխարհի միւս քաղաքներուն կը նմանի կոր… բայց քիչ մը կ՛ուզէի, որ աւելի հայկական ըլլայ: Ամէն երկիր իմ գծագրութիւններէս կ՛ուզեն… մինակ Հայաստանը չուզեց: Հայաստանի ոչ մէկ թերթ ինձմէ  գծագրութիւն ուզած է: Ես ալ ըսի, որ տարօրինակ չէ, որովհետեւ Հայաստանը ուրիշ փրոպլեմներ ունի»:

Նուէրս ընտրէ՛ քու ճաշակիդ համեմատ, բայց պահէ՛ էթիքեթը, որպէսզի վերադարձնեմ, եթէ չհաւնիմ:

Քիրազ այսօր ալ կը շարունակէ իր ստեղծագործական աշխատանքը եւ վարպետութեան դասեր կու տայ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ:

Երգիծանկարներու հաւաքածոյ

Lissi, Diogène, 1954
Carnet de belles, 1959
Les Parisiennes (Parisian Women), 1963
Les Parisiennes au volant, 1966
La Parfaite Secrétaire, 1967
Parlez-moi de moi : les Parisiennes, 1973
Sonate à quatre mains, 1978
Les Femmes de Kiraz, 1985
Les Parisiennes se marient, 1994
Je les aime comme ça (I Like Them That Way), 2000
Jamais le premier soir (Never the First Night), 2001
Kiraz dans Playboy (Kiraz in Playboy), 2002
Elles et moi (The Girls and I), 2003
Mini drames, Denoսl, 2005

Ձեւագէտ, ժամանակակից հագուստներու դերձակ Քրիսթիան Լաքրուա հետեւեալը գրած է Քիրազի մասին.

«1950-60 թուականներուն զբաղելով ժամանակակից հագուստներու ստեղծումով` ես բազմաթիւ ամսաթերթերու կը հետեւէի, նոր մոտելներ կը փնտռէի: Կը յիշեմ` այդ տարիներուն ես տարուած էի Քիրազի նկարներուն մէջ պատկերուած աղջիկներով: Կ՛երեւակայէ՞ք` Քիրազը կը կանխատեսէր, ան կը տեսնէր ապագան եւ կը նկարէր այնպիսի աղջիկներ եւ այնպիսի հագուստներով, ինչպիսիք անոնք պիտի կրէին 20 տարի ետք: Քիրազ արտակարգ կը զգար նորոյթի ոգին եւ գոյները: Իմ կազմաւորմանս մէջ ան շատ մեծ դեր կատարած է, եւ պիտի ըսեմ, որ անոր նկարներուն մէջ պատկերուած աղջիկներուն հագուստները Ֆրանսայի մէջ նորոյթի նոր դարաշրջան մը բացին»:

Օգտագործուած աղիւրներ՝
«Ծագումով հայեր» (Արմինիա Թի.Վի.)
«Թերթ Էյ.Էմ.», «Վոկ», «Փարի Մաչ»

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Դեկտեմբեր Գ.- Միացեալ Նահանգներու Նախագահին Որոշումին Շարժառիթը

RelatedPosts

Պատմութեան Մէջ Քանդիչ Դաւաճանութիւններ
Մշակութային եւ Այլազան

Պատմութեան Մէջ Քանդիչ Դաւաճանութիւններ

Նոյեմբեր 14, 2025
«Ոչ Ոք Ըսաւ, Որ Ես Հիմլերի Թոռն Եմ: Ամբողջ Կեանքս Սուտ Էր»
Մշակութային եւ Այլազան

«Ոչ Ոք Ըսաւ, Որ Ես Հիմլերի Թոռն Եմ: Ամբողջ Կեանքս Սուտ Էր»

Նոյեմբեր 7, 2025
Թանգարաններու Ամէնէն  Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին
Մշակութային եւ Այլազան

Թանգարաններու Ամէնէն Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?