ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Տարլին ինը տարեկան աղջիկ մըն է: Կ՛ապրի Էլ Սալվատորի փոքր քաղաքներէն մէկուն` Սան Վինսենթէի մէջ, ուր կը մասնակցէի միջեկեղեցական համագումարի մը եւ կը խօսէի Աստուածաշունչի ընկալումի տարբեր բնութագրումներուն մասին` անգլերէն լեզուով: Չնշմարեցի, որ խումբին մէջ կայ նաեւ Տարլին, որ մեծ հօրը հետ եկած էր համագումարին:
Կէսօրուան ճաշի դադարին մօտեցաւ ինծի եւ անգլերէնով ըսաւ. «Կ՛ուզեմ հետդ անգլերէն խօսիլ, քանի որ դպրոցը կը սորվիմ, եւ լաւ կ՛ըլլայ, որ վարժութիւն ընեմ»:
Սիրեցի համարձակութիւնը եւ սկսայ հետը զրուցել` հարցնելով իր եւ իր յաճախած դպրոցին մասին: Ուզեցի գիտնալ, թէ ի՛նչ են իր հետաքրքրութիւնները դպրոցը աւարտելէ ետք: «Ի՞նչ կ՛ուզես ընել դպրոցը աւարտելէդ ետք»:
«Կ՛ուզեմ հայրս տեսնել», եղաւ իր արագ եւ կտրուկ պատասխանը:
Տարլին` խարտեաշ մազերով եւ անուշիկ ժպիտով, իր հաստատ համոզմունքը տուաւ ինծի: Քիչ մը շուարած էի եւ չէի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս առնչել իր պատասխանը իմ հարցումիս: Տարլին չսպասեց, որ ես զարմանքս փարատեմ: «Հայրս երեք տարիէ ի վեր Ամերիկա է, եւ զինք չեմ տեսած: Շատ հաւանաբար պիտի չվերադառնայ», ըսաւ ան ու աչքերէն սկսան հոսիլ մանկական անմեղ արցունքներ, որոնց մէջ կար հօրը կարօտը, բայց նաեւ` ընտանիք ունենալու ապահովութիւնը:
Տարլինի մայրը կ՛աշխատի տեղական վարժարանի մը մէջ` իբրեւ վերակացու: «Գիշերները կը վերադառնայ շատ յոգնած եւ ուժ չ՛ունենար ինծի հետ ժամանակ անցընելու», ըսաւ աղջնակը: Արցունքները քիչ մը աւելի հոսեցան, բայց արդէն ես զինք գրկած էի, եւ ան կամաց-կամաց ապահովութիւն կը ստանար:
Տարլինի հայրը երեք տարի առաջ մեկնած էր Թեքսաս` Միացեալ Նահագներ, գործի աւելի լաւ պայմաններ ձեռք ձգելու եւ հոգալու համար իր ընտանիքին ապրուստը: Այս ալ Էլ Սալվատորի ընկերային կեանքի, տնտեսական դժուար իրականութիւններէն մէկն է: Բայց կար նաեւ այլ երեւոյթ մը: Ան սպառնալիքներ ստացած էր տեղական «աւազակախումբերու» կողմէ, որոնք սպառնացած են իր կեանքին, եթէ ան իրենց մեծ գումարներ չտայ: Տարլինի հայրը, ճարահատ, փախուստ տուած էր Ամերիկա: Մէկ կողմէ իր ընտանիքի նիւթական ապահովութեան համար, բայց նաեւ` իր կեանքին… Այս Էլ Սալվատորի իրական կեանքին տխուր երեւոյթներէն մէկն է…
Էլ Սալվատոր շատ գեղեցիկ երկիր մըն է` շրջապատուած լեռներով, որոնք հրաբխային են: Խիտ անտառներով ծածկուած է այս երկիրը. կը սկսիս մտածել, թէ արդեօ՞ք աշխարհի բոլոր ծառերը հոս մէկտեղուած են: Կարելի չէ չհմայուիլ երկրին գեղեցկութեամբ եւ անգամ մը եւս չհամոզուիլ, որ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը իսկապէս «բարի» է եղած իր գեղեցկութեամբ:
Բայց այդ «բարիին» դիմաց զօրաւոր կերպով կեցած է «չարը»…
«Հրա՛յր, պիտի խնդրէի, որ մինակդ դուրսը չշրջագայիս»: Փաւլոն է զիս խրատողը, մեր Էլ Սալվատորի գրասենեակի երիտասարդ գործակիցս: «Մեր երկրին մէջ կը գործեն աւազակախումբեր, զորս մենք կը կոչենք Մարա, որոնք պետութեան մէջ պետութիւն հիմնած են եւ մեծ վտանգ կը սպառնան ժողովուրդին», ըսաւ ան:
Էլ Սալվատոր 1980-1992 տարիներուն անցած է քաղաքացիական պատերազմի դառն փորձութիւններու մէջէն, որուն ընթացքին արձանագրուած են բազմաթիւ մարդկային կորուստներ: Պատերազմէն ետք պետութիւնը, ըստ պատշաճի, չէ հոգացած ժողովուրդին` ընկերային-հոգեբանական դառն փորձառութիւններուն բուժում ապահովելու ծրագիրներ մշակելով: Եւ այսօր այդ վիճակները բարդացած են եւ վերածուած` «կողոպուտի, վայրագութեան եւ մահուան» իրականութիւններու, որոնք կը գործադրուին կազմակերպուած աւազակախումբերու` «մարա»-ներու կողմէ, որոնք ահ ու սարսափ կը սփռեն ժողովուրդի մէջ:
«Ամէն ամիս երեսուն հազար մարդ կը ձգէ երկիրը տարբեր ձեւերով,- Փաւլոն է խօսողը: – Մարդիկ կ՛ուզեն աւելի լաւ կեանք ու ապագայ եւ հնարաւոր ամէն ձեւ կը գտնեն` դուրս ելլելու երկրէն»: Ու տակաւին, փոքրերու եւ պատանիներու մաքսանենգութիւնը նոյնքան տարածուած է, որովհետեւ անոնք կը գործածուին մարաներուն կողմէ` սպանութիւններ եւ ոճիրներ իրականացնելու նպատակով:
Էռնեսթոն քսանհինգ տարեկան երիտասարդ մըն է, որ կ՛աշխատի այն պանդոկին մէջ, ուր իջեւանեցի: Ան առեւտրական գիտութեանց ուսանող է տեղական համալսարանին մէջ եւ պանդոկին մէջ այս իր ըրած գործը քիչ մը նիւթական ապահովել է իր ապրուստին եւ ուսման ծախսերուն համար: «Մեր երկրին գլխաւոր մտահոգութիւնը անապահովութիւնն է», ըսաւ Էռնեսթոն: Ան համալսարանը աւարտելէ ետք կ՛ուզէ դուրս գալ երկրէն` նոր կարելիութիւններ գտնելու նպատակով: Մինչ այդ Էռնեսթոն կարծես գտած է ապրելու ձեւը իր երկրին մէջ: «Երեւի պիտի հաշտուինք այս կեանքին», ըսաւ ան` պզտիկ ու գոհունակ ժպիտ մը գծելով իր դէմքին վրայ:
Բայց այս երկու իրականութիւններուն մէջէն` բարիին, գեղեցիկին, եւ չարին` անապահովութեան եւ վայրագութեան, ապրեցայ երրորդ իրականութիւնը: Եւ այդ ալ հեռաւոր Էլ Սալվատորի մէջ Արմենիա քաղաքն էր:
Երեւի քիչ մը զարմանալի, բայց նոյնքան ուրախանալի երեւոյթ էր, որ հեռաւոր Էլ Սալվատորի մէջ կը մտնէի Հայաստան քաղաքը` առանց հայու… Իսկ անո՞ւնը: Էլ Սալվատոր կաթողիկէ երկիր է, եւ անոնք Արմենիա անունը տուած են` մեկնելով Աստուածաշունչի Նոյեան տապանի պատմութենէն, որ կայք դրաւ Արարատ լերան վրայ: Ճիշդ է, որ ոչ մէկ հայ կայ, բայց Արմենիա անունը տեսնել քիչ մը ամէն տեղ շատ լաւ ու հպարտանալիք զգացում էր: Բայց չուշացաւ «չար» զգացումը… Կրնա՞յ ըլլալ, որ կը հասնինք այն օրը, երբ պատմութեան մէջ միայն Արմենիա անունը կը մնայ եւ` առանց հայ մարդու… Որպէս հայկական իրականութիւն… Յար եւ նման Էլ Սալվատորի Արմենիա քաղաքի՞ն…
Խումբ մը եկեղեցական առաջնորդներու դիմաց կը խօսէի ընկերա-լեզուաբանական եւ մշակութային ու ազգային ինքնութեան գործօններուն եւ Աստուածաշունչի ընկալումի գործընթացին մէջ անոնց ունեցած ազդեցութեան մասին: Շատ տարբեր դիմագիծներ, իւրաքանչիւրը` իւրայատուկ իր ինքնութեանը մէջ, քով-քովի կեցած եւ կազմած են էլսալվատորեան ազգային մշակոյթը: Անպայմանօրէն հարց կու տաս, թէ ինչպէ՛ս կազմաւորուած է այս ժողովուրդը : Ո՞ւր եւ ե՞րբ անոնք միաձուլուած են իրարու հետ եւ կազմած` այս նոր ինքնութեամբ երկիրը: Կան սպանական գաղութատիրութեան գործած աւերները: Եւ թէ ինչպէ՛ս նոյն այդ գաղութատիրութիւնը «վերացուցած» է երկրին ազգագրական ու ցեղային ինքնութիւնը, եւ որուն յաջորդած է շատ մը ժողովուրդներու հոսքը դէպի նոր երկիր: Եւ այս հոսքին հետ` նոր ժողովո՞ւրդ:
Խօսեցայ հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան, բայց նաեւ Ցեղասպանութեան ահաւորութեան եւ անոր պատճառած մեծ ցաւին մասին, այդ ցաւին խթան եղող ազգային ինքնութեան եւ անոր պատկանելիութեան հպարտութեան եւ պահպանումի անհրաժեշտութեան մասին: Դրի առաջարկս բոլորին. «Պէտք է հպարտ զգաք ձեր ինքնութեամբ, մշակոյթով եւ Աստուածաշունչը պէտք է դնէք ձեր երկրին կեանքին մէջ, որպէսզի բարին զօրանայ»:
Բարին, չարը եւ Արմենիա: Էլ Սալվատորի իմ մէկ շաբթուան ապրած փորձառութիւններս: Բայց բարին պէտք է յաղթէ ու իր տեղը գտնէ, որովհետեւ կայ Տարլինը, ու տակաւին` բոլոր Տարլիները, որոնք «կ՛ուզեն իրենց հայր(եր)-ը տեսնել…»: Ու տակաւին` Էռնեսթոն եւ բոլոր երիտասարդները, որոնք պէտք է հաւատան իրենց երկրի ապագային եւ մնան հպարտ…
Բայց Փաւլոն համոզուած է. «Մեր երկրի դրօշակին վրայ կայ երեք իրականութիւն` Աստուած, միութիւն եւ ազատութիւն»: «Մեր երկիրը այս իրականութիւնները վերածեց լոզունգի` առանց դարձնելու զանոնք ապրող իրականութիւններ: Բայց ինծի համար այս երեքը իմ կեանքի ներշնչումս է եւ անոնց միջոցով կը պահեմ եւ կը կերտեմ իմ ինքնութիւնս եւ մշակոյթս»:
Փաւլոն որոշած է մնալ Էլ Սալվատոր… Ան կ՛ուզէ աշխատիլ, որպէսզի այս երեք իրականութիւնները սերմանէ հաւաքականութեան կեանքին մէջ, եւ որպէսզի բարին յաղթէ: Ան չ՛ուզեր հաշտուիլ իր երկրին ներկայ իրականութեան հետ…
Բայց կայ նաեւ իմ եւ հայուն պայքարը: Արմենիան սոսկ անուն պէտք չէ մնայ: Հոն պէտք չէ հասցնենք երբեք: Արմենիան ապրող կեանք եւ իրականութիւն պարտի մնալ եւ պէտք է աշխատիլ` պահելու համար զայն:
Բայց մինչ այդ կան Տարլինին արցունքները… նաեւ` սրտին փափաքը, որ` «կ՛ուզէ հայրը տեսնել»:
Մինչեւ ե՞րբ աշխարհ ու անոր բոլոր քաղաքական կարգավիճակները պիտի անտեսեն Տարլինին ու անոր նման մանուկներու արցունքները… Բարի արցունքները, որոնք` «կ՛ուզեն իրենց հայրը տեսնել»…
Բարին, չարը եւ Արմենիա:
Պայքարի մեր կեանքերը: Հոն, ուր բարին պիտի կերտել եւ ապրեցնել:
Եթէ Փաւլոյին պայքարն է, բայց նաեւ իմս: Եւ որ նաեւ պէտք է դառնայ իւրաքանչիւրիս պայքարը:
Պայքարը` բարին կերտելու…