Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Առանձին` Հռոմի Դէմ – Ա. Թատրերգութիւնը

Դեկտեմբեր 27, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահի բեմին վրայ, 53 տարուան ընդմիջումէն ետք, կրկին ներկայացուց Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին»` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի: Ներկայացման շուրջ մամուլի մէջ լոյս տեսած են առնուազն եօթը ակնարկներ:

Գրողը եւ իր ժամանակը.-  «Ժողովուրդի թշնամին»  քաղաքական սեւ ծանակ (satire) մըն է: Իբսեն բնագրի հրատարակիչին ուղղուած իր նամակին մէջ յայտնած է, որ գործը ունի կատակերգական յատկանիշներ: Թատրերգութիւնը կարելի չէ լիարժէք գնահատել` առանց զայն տեսնելու իր լայն պարունակին մէջ: Այստեղ կան ակնարկներ եւ առնչութիւններ: Ալսաքսէն (Թոմսըն) եւ Սթենսկարտ (քաղաքապետ), օրինակ, տիպարներ են Իբսենի «Երիտասարդներու միութիւն» թատրերգութեան մէջ («The League of Youth», 1869): Ոմանք այս գործը կը նկատեն աւարտական հատորը քառագրութիւն մը, որ կը սկսի «Ընկերութեան սիւներ»-ով (Pillars of Society, 1877): Ի դէպ, այդ «սիւները» նորվեկիական ծովեզերեայ փոքր քաղաքի մը վաճառականներն են: Ներկայ թատրը նոյնպէս ծովեզերեայ փոքր աւան մըն է: Այլ թատերագէտներ կը տեսնեն իբսենեան «շղթայ» մը, որ կ՛երկարի մինչեւ իր վերջին գործը: Ինչպէս բեմադրիչը կ՛ըսէ, «Ժողովուրդի թշնամին» կարելի է տեսնել, որպէս Իբսենի անմիջական պատասխանը այն դատապարտումի ալիքին, որ յառաջացած էր նախորդ թատրերգութեան` «Ուրուականներ»-ուն առիթով, որ կը ձաղկէր դարու բարոյական կեղծիքը(1):

Թատրերգութիւնը ներշնչուած է տեղական իրադարձութիւններէ: 1830 թուականին Գերմանիոյ Թէյփլից աւանին մէջ զբօսաշրջութեան եղանակը տնտեսապէս կորսուած էր, երբ առողջապահութեան պատասխանատու տոքթ. Մայզներ ահազանգած էր, որ բաղնիքի ջուրերը վարակուած են քոլերայով: Մայզներ քարկոծուած էր եւ պարտադրուած` փախչելու: Նման դէպք պատահած է Նորվեկիոյ մէջ, 1881-ին: Այսինքն, երբ Իբսեն կը գրէր «Թշնամին»: 1882-ին նաեւ այն տարին էր, երբ Նորվեկիոյ մէջ իշխանութեան հասաւ առաջին ընտրովի կառավարութիւնը: Թատրերգութեան բներգներէն մին անգիտակից մեծամասնութեան «ժողովրդավարական» բռնատիրութիւնն է: Իբսեն իր կեանքի ամէնէն բեղուն տարիները (1862-89) անցուց «ձանձրացուցիչ» Նորվեկիայէն դուրս: Թատրերգութեան հերոսը նոյնպէս կը մտածէր նաւարկել դէպի Նոր աշխարհ:

Իբսեն դառնացած ըմբոստ մըն էր: Նորվեկիա անհաղորդ մնացած էր Եւրոպան փոթորկող իրադարձութիւններուն: Ֆրանսական յեղափոխութիւնը մեծ արձագանգ չէր ունեցած, որովհետեւ Նորվեկիոյ մէջ  գերիշխող տարրը ոչ թէ աւատապետութիւնն էր, այլ դէպի դրամատիրական արտադրական յարաբերութիւններ ուղղուող գիւղական մանր տնտեսութիւնները` թատրերգութեան մէջ բազմիցս կրկնուող «մանր պուրժուազիա»-ն. անկիւնադարձային «Փարիզի քոմմիւն»-ը (1848) ունեցած էր շատ համեստ անդրադարձ: Երբ Եւրոպայի մէջ եւ այլուր կը կազմուէին այլազան տարողութեան ընկերվարական կուսակցութիւններ, Նորվեկիոյ մէջ գոյութիւն չունէր որեւէ արմատական կուսակցութիւն: Ի դէպ, Իբսենի «Catilina» թատրերգութեան (1850) թատրն էր Հռոմը, բայց ասքը ներշնչուած էր Փարիզի քոմմիւնէն: Ինչպէս պիտի տեսնենք,  «Ժողովուրդի թշնամին» եւս ունի ակնյայտ առնչութիւն` յոյն դասական թատրոնին հետ:

Ինչպէս նշած էի, Նորվեկիոյ մտաւորական մթնոլորտը տժգոյն եւ տաղտկալի էր: Այդտեղ գերիշխող էին գերմանական մշակոյթն ու փիլիսոփայութիւնը: Իբսեն որոշ չափով ազդուած էր Հեկելի (1770-1831) անհատական ինքնութեան գաղափարէն եւ մեծապէս` Նիցչէի (1844-1900) «գերմարդ»-ու տեսութենէն: Իբսեն, ցաւօք, կը կրէ 19-րդ դարու գիտութեան սահմանափակութեան եւ յանձնապաստանութեան հետեւանքները: «Ուրուականներ» եւ «Տիկնիկներու տունը»  (Նորա 1879) թատրերգութիւններուն մէջ զաւակները իրենց հօրմէն կը ժառանգեն սիֆիլիս: Այժմ գիտենք, որ այդ գիտական չէ: Հարկ է դիտել տալ, որ ահաւոր այդ ախտը խորհրդանշական է: Զաւակներ կը ժառանգեն իրենց հայրերու մեղքերը: Ի դէպ, Իբսեն հայրն էր իր սպասուհիի ապօրինի զաւակին:

«Ժողովուրդի թշնամին» Թիֆլիսի մէջ բեմ բարձրացած է վաստակաշատ Յովհաննէս Աբէլեանի եւ Սիրանուշի խաղարկութեամբ, 1895-ին: Աբէլեան գործը թարգմանած է ռուսերէնէ: Գասպար Իփէկեան իր կարգին թարգմանած է «Ուրուականներ»-ը, երբ կը գտնուէր Թիֆլիս:

Ժամանակակիցներու վկայութեամբ, Իբսեն անմատչելի, դժխեմ, դիւրագրգիռ անձ մը եղած է(2): Ինչպէս` շարք մը այլ մեծ թատերագիրներ, Իբսեն բանաստեղծ մըն էր, ինչպէս նաեւ` բեմադրիչ մը: Նոյնպէս ժամանակակից յեղափոխական Ռոզա Լիւքսեմպուրկը (1871-1919), տեսաբան Պլեխանովը (1856-1918) եւ այլ յեղափոխականներ կ՛ընդունէին Իբսենի տաղանդը` որպէս թատերագիրի, բայց դիտել կու տային, որ ան չունի խորաթափանց ընկերային-փիլիսոփայական միտք: Այսուհանդերձ, երբ կը քննարկենք արուեստի գործ մը, հարկ է, որ փորձենք հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ արուեստագէտը: Բազմաթիւ մեծ արուեստագէտներ ունեցած են քաղաքական անընդունելի կողմնորոշումներ:

Ամփոփ ամպեր.- Ընթերցողը հաւանաբար ծանօթ է դիպաշարին, կու տամ սեղմ ամփոփում մը: Նորվեկիոյ ծովեզերեայ աւաններէն մէկուն եկամուտի գլխաւոր աղբիւրը քաղաքապետութեան կողմէ յանձանձուող հանքային ջուրի բաղնիքներն են: Բժիշկ Թոմաս Շթոքման կը յայտնաբերէ, որ ջուրերը վարակուած են կաշեգործարանի թափօններով: Ջրմուղները վերակառուցելը կը պահանջէ մեծ գումար: Կը նշանակէ նաեւ` կորսնցնել առնուազն մէկ զբօսաշրջային եղանակ: Աւանի (ինչպէս Նորվեկիոյ) մէջ պիտի կայանան քաղաքապետական ընտրութիւններ: Յեղափոխական ձեւացող մամուլը կը դաւաճանէ իր առաքելութեան, հանրային կարծիքը կ՛ուղղէ բժիշկին դէմ: Քաղաքացիներու ժողովը բժիշկը կը յայտարարէ «Ժողովուրդի թշնամի»: Բժիշկը, դուստրը` Փեթրա եւ անոնց միակ պաշտպան նաւապետը կը հեռացուին աշխատանքէ: Քաղաքապետը` Պետրոս, որ բժիշկին եղբայրն է, աւանին գլխաւոր դրամատէրը, որ բժիշկին աներն է եւ «Ժողովուրդի Լրաբեր» թերթին խմբագիրը կը փորձեն կաշառել բժիշկը` խոստանալով դրամ եւ քաղաքական ուժ: Հերոսը ի հարկէ կը դիմադրէ դեւերու փորձութեան եւ մտրակով մը … ներողութիւն… հովանոցով մը իր տաճարէն … ներողութիւն… իր տունէն դուրս կը վտարէ զանոնք: Ի դէպ, Թոմաս իր աները բացայայտօրէն կը կոչէ «սատանայ»: Սատանան փորձեց Յիսուսը` խոստանալով ուժ եւ հարստութիւն. «Զայս ամենայն քեզ տաց, եթէ անկեալ երկիր պագանիցես ինձ»: Ապա Թովմաս կը յայտարարէ, որ  նոր, «ազատ մտայնութեամբ» մարդու պատրաստութիւնը պիտի սկսի` իր շուրջ հաւաքելով 12 ձկնորսներ… ներողութիւն… 12 չքաւոր երեխաներ` որպէս աշակերտ:

Նազովրեցին թատրերգութեան միակ կամ հիմնական ակնարկը չէ: Բժիշկի կերպարը յստակօրէն առնչուած է  Սոկրատի` թէ՛ խորքով եւ թէ՛ գործով:  Առաջին հերթին աւանի տգէտ բնակիչները կը վարուին այնպէս, ինչպէս` Սոկրատի «քարայրի բնակիչները» (առակ մը, որ մեզի հասած է Պղատոնի ճամբով): Բժիշկը կը յիշեցնէ քարայրի այն բնակիչը, որ դուրս եկած էր եւ շլացած` արեւու լոյսով: Քարայրի բնակիչները զինք կը համարեն խելագարած: Արեւու լոյսը անոնց ֆիզիքական ցաւ կը պատճառէ (խորհրդանշական): Շթոքմանի իրականութիւնը նոյնպէս ցաւ կը պատճառէ: Բժիշկի ելոյթը քաղաքային ժողովին առջեւ կը կրկնէ Սոկրատի դատավարութիւնը` թէ՛ խորքով եւ թէ՛ հետեւանքներով: Պղատոն կը ձաղկէ զգացումներով տարուած ամբոխը, որ մահուան դատապարտեց Սոկրատը: Սոկրատ կը հաւատար «փիլիսոփայ արքայի» իշխանութեան եւ ոչ ամբոխի բռնապետութեան: Սոկրատ եւս կը հաւատար ցեղամշակումի (կամ` ազնուասերում, eugenics): Սոկրատ եւս դատավարութեան ընթացքին անարգեց ներկաները` զանոնք բաղդատելով անասուններու հետ: Սոկրատի դատավարութիւնը եւս ցոյց տուաւ, որ ճշմարտութեան ջատագովումը քաղաքացիական առաքինութիւն չէր սեպուեր: Աթէնքի ամբոխը, ինչպէս` աւանի հաւաքը, աւելի ժխտական տրամադրուեցաւ ամբաստանեալի վիրաւորական ելոյթէն ետք: Սոկրատ, ինչպէս` Շթոքման, մերժեց հեռանալ իր քաղաքէն: Աթէնքի մէջ եւս տեղի կ՛ունենային քաղաքական տեղաշարժեր: Ժողովրդավարութիւնը հակադրուած էր սակաւապետութեան (oligarchy): Արիսթոֆանէսի «Ամպեր» կատակերգութիւնը (423 ՆՔ) Սոկրատը կը ներկայացնէ որպէս ծիծաղաշարժ եւ անիրապաշտ կերպար: Սոկրատ կը քարոզէ` «ամպերու վրայ բազմած», կտրուած իրականութենէ: Կողքի նկարին մէջ Սոկրատի աշակերտները կը զբաղին մրջիւններով, իմա` մանրուքներով: «Ամպեր»-ու Ամբոխը կը քարկոծէ Սոկրատի տունը, ինչպէս ամբոխը կը քարկոծէ Շթոքմանի տունը: Սոկրատ, ինչպէս` Թոմաս (ի հակադրութիւն քաղաքապետի), կը սիրէր շրջապատուիլ երիտասարդներով: Իբսեն, որ հակուած էր դէպի դասական թատրոն, վստահաբար քաջ տեղեակ էր: Համընկնումները զուգադիպութեան արդիւնք չեն կրնար եղած ըլլալ:

Կառոյց.- Իբսենի բոլոր թատրերգութիւնները կը ներկայացնեն ողբերգական բարդութիւններ: Այստեղ կը տեսնենք ողբերգութիւնը միամիտ անձի մը, որ ահազանգ կը հնչեցնէ, իրաւարարի ազդարար, արգիլող սուլիչ կը փչէ ի դէմս ամբողջ հասարակութեան եւ վարչակարգին: Բարոյական ճակատումի նժարը կը տատանի: Կարելի չէ կանխօրօք վճռել, թէ իրադարձութիւնը ո՛ւր պիտի յանգի: Բարդ համակարգերու ուսումնասիրութիւնը սկսած է տակաւին 17-րդ դարուն: 19-րդ դարուն հանճարեղ բազմակողմանի գիտնական Հենրի Փուանքարէ (1854-1912) ձեւաւորեց թուաբանական միջոցները, բայց զանոնք կարելի եղաւ որոշ ճշգրտութեամբ լուծել միայն մօտիկ անցեալին, թուայնացման արհեստագիտութեան միջոցով: Տարօրինակ կրնայ թուիլ, բայց նման «թուաբանական» ծաւալուն վերլուծումի ենթարկուած է «Ժողովուրդի թշնամին» թատրերգութեան կառոյցը(3): Կողքի գծագիրին մէջ «բարոյական համակարգ»-ի թաւալումը նկարագրող ծիրը կը շրջի երկու կեդրոններու (լուծումներու) շուրջ, որոնք թուաբանական բարբառին մէջ կը կոչուին «տարօրինակ ձգողներ» (strange attractors):

Հինգ արարները կարելի է տեսնել որպէս հինգ հանգրուաններ: Առաջին արարը ներածական մըն է: Քաղաքապետը կը տեղեկանայ, որ վտանգ կը սպառնայ քաղաքի տնտեսութեան ընդհանրապէս եւ իր դիրքին` մասնաւորաբար: Երկրորդ արարը անկիւնադարձ մըն է բժիշկին համար: Խմբագիր Հովսթատ կ՛ըսէ, որ իսկական վարակը կը ծագի քաղաքակա՛ն ճահիճէն: Առողջապահական հարցը կը վերածուի քաղաքականի: Բժիշկը կը խանդավառուի: Երրորդ արարը անկիւնադարձ մըն է մամուլի կեցուածքին մէջ: Քաղաքապետը, խմբագիրը եւ տպարանապետը, որ կը ներկայացնէ մանր պուրժուազիան, ատենապետն է շարք մը «չափաւորական» ընկերակցութիւններու, դաշինք կը կնքեն: Չորրորդ արարը «դատավարութիւն»-ն է, եռեակ դաշինքը կը յաջողի հանրային կարծիքը իր հակակշռին տակ առնել: Վերջին արարը նոյնպէս անկիւնադարձային է: Բժիշկը կ՛որոշէ քաղաքական պայքարը փոխադրել ա՛յլ գետին: Անգործ եւ անտուն բժիշկը վտանգաւոր ապագան կը պատրաստուի դիմագրաւել առանձին: Բժիշկին խանդավառութիւնը, սակայն, չէր փոխանցուած Իբսենի ժամանակակից հանդիսատեսին: Թատերագէտներ այդտեղ կը տեսնէին լոկ անհեռանկար թախիծ(4):

Խորհրդանիշներ.- Բնագրին մէջ կան ակնյայտ խորհրդանիշներ, ինչպէս` քաղաքապետին պաշտօնական գլխարկը (թագը) եւ գաւազանը (մական): Քաղաքապետը զանոնք կը ձգէ լրագրատան մէջ: Իմա` իշխանութիւն կու տայ լրագրողին: Բժիշկը գրաւեց թագն ու մականը, երբ կը հաւատար, որ «միաձոյլ մեծամասնութիւնը» իրեն հետ է: Ապա դժկամութեամբ վերադարձուց, երբ հասկցաւ, որ առանձին է: Ծովը ի հարկէ կը խորհրդանշէ անսահման ազատութիւնը: Նաւապետը միակ անձն է, որ չէ կաշկանդուած աւանի բարոյականով: Բժիշկի (զեղչուած) որդին կ՛ուզէ դառնալ ծովագնաց: Կան ակնյայտ խորհրդանիշներ, որոնք նոյնպէս զեղչուած էին: Օրինակ` բժիշկի գրասեղանին լամբը, որ «մշտավառ» է: Անգլերէն վիպակը կը խորհրդանշէ պատեհապաշտ խմբագիրին ամուսնական ծրագիրը Փեթրայի հետ: Փեթրա կը մերժէ առաջարկը` ըսելով. «Այս գիրքը ուրիշի մը տուր». ի դէպ, այդ քողարկուած մերժումը եւս զեղչուած էր ներկայացումէն:

Ջուրը Աստուածաշունչի եւ հեթանոսական հաւատալիքներու մէջ կը խորհրդանշէ կեանքը, հոգին: Աւանի ջուրը վարակուած է պատեհապաշտ դրամատէր Քիիլի (ներկայացման մէջ կոչուած` Օրզէ) թափօններով: Քիիլի գործարանը կը գտնուի բաղնիքէն աւելի բարձր տարածքի վրայ: Բարձր դիրքը նոյնպէս խորհրդանշական է: Աւանին համար գրեթէ անկարելի է ձերբազատիլ Քիիլի «վարակ»-էն: Բացատրութեան կարիք կա՞յ: Ջուրին մէջ գտնուող մանրէները անտեսանելի են: Անտեսանելի է նաեւ հոգիներու վարակը: Թերեւս ամէնէն յուզիչ խորհրդանիշներն են այն քարերը, որոնք կոտրած էին տան պատուհանները: Շթոքման կը հաւաքէ զանոնք եւ կ՛ուզէ որպէս աւանդ թողուլ իր զաւակներուն: Քարերը կը խորհրդանշեն ճշմարտութեան համար մղուած պայքարը:

Կան նուազ ակնյայտ խորհրդանիշներ: Բժիշկը կը սիրէ ուտել եւ հիւրասիրել: Կը սիրէ նաեւ` խմել, ծխել եւ բացօթեայ պտոյտներ` երիտասարդներու հետ: Այդ կը նշանակէ` սէր կեանքի հանդէպ, ապրելու հաճոյք: Քաղաքապետը, ընդհակառակը, ունի քրոնիկ «անմարսողութիւն», ամուրի է, կլանուած` իր պաշտօնով:

Ոճ.- Մեծն Անտոն Չեխով (1860-1904) «Ուրուականները» գտած է անախորժ, առանց հիւմըրի: Իբսեն հակապատկերն է անդիմադրելիօրէն համակրելի Չեխովի, որ նոյնպէս (եւ բան մըն ալ աւելի) կը տենչար տեսնել «նոր դարաշրջան», բայց երբեք չդարձաւ տաղտկալի քարոզիչ: Չեխով վկայեալ բժիշկ մըն էր: Բայց իր բժիշկ տիպարները(5), փոխանակ Շթոքմանի նման գոռոզանալու եւ պոռչտալու, լուռ կը տառապէին այն զգացումէն, որ իրենց գիտութիւնը աղքատիկ է, որ` իրենք անկարող են հասկնալու եւ բուժելու:

Իբսենի ոճին մէջ գերիշխող է «արդիականութեան» վերամբարձ գերինքնավստահ յորդորական (didactic) ոգին: Իբսեն կ՛ակնկալէ, որ հանդիսատեսը պարտաւոր է ամբողջ երեք ժամ սրահին մէջ ուղղաձիգ նստիլ եւ ուշադիր լսել իր յանդիմանութիւնները: «Դասապահ»-ը դանդաղ է, որովհետեւ Իբսեն կը ջանայ դանդաղ բացատրել, որպէսզի դանդաղամիտ հանդիսատեսը (իմա` մենք) կարենայ հետեւիլ: Գրեթէ բոլոր թարգմանութիւններն ու ելոյթները կրճատած են «Ժողովուրդի թշնամին»:

Թատրերգութիւնը կը յիշեցնէ դպրոցական ծրագրային վարժութիւնները: Իբսեն կը ներկայացնէ բարոյական երկսայրաբանութիւն մը (dilemma), որ համոզիչ չէ: Ընթերցողը շատ հաւանաբար լսած է նման «հոգեխոյզ» հարցեր. շոգեկառքի մը վարորդն ես, երկաթուղին կը բաժնուի երկուքի: Ձախին կը տեսնես անմեղ սիրուն մանուկ մը, իսկ աջին` երկու չափահասներ: Դէպի ո՞ր կողմ կը թեքես ղեկը, որ քո՛ւ ձեռքերուդ մէջ է: Այս պարագային, ձախին կը տեսնես ճշմարտութիւնը, իսկ աջին` ամբողջ աւանի մը բնակչութիւնը: «Ճգնաժամային բարոյականութիւնը» (crisis ethics) պարզապէս հնարք մըն է հանդիսատեսը գերեվարելու եւ մտրակելու դէպի քո՛ւ ճամբարդ: Պատմութիւնը չէ նշած, որ բաղնիքներու վարակումին պատճառով կործանած են գերմանական եւ նորվեկիական աւանները: Արհեստական, «ծրագրային» տարրը կը ծառայէ, ընդհակառակն, անհաղորդ դարձնելու հանդիսատեսը:

Թարգմանական.-  Բանաստեղծ Իբսեն թատրերգութիւնը գրած է անպաճոյճ լեզուով, որպէսզի իրապաշտ տեսք տայ անիրապաշտ պատկերին: Բնագիրը, սակայն, անցած է երեք խողովակներէ. ֆրանսերէն թարգմանութիւնը, ապա` Շանթի թարգմանութիւնը եւ «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի կողմէ կատարուած պատշաճեցումը:

Շանթ, որ նիցչէապաշտ եւ իբսենապաշտ մըն էր, չէ գոհացած արդէն իսկ գոյ հայերէն թարգմանութեամբ: Պարզ է, որ փափաքած է ունենալ իր ներդրումը(6): Կատարած է զեղչումներ եւ յաւելումներ, «ծաղկեցուցած» է այն հատուածները, զորս համարած է կարեւոր եւ, ուրեմն, յաւելեալ լուսաբանութեան կարօտ: Ելոյթին մէջ որոշ չափով մեղմացուած էին Շանթի զեղումները եւ սրբագրուած` կարգ մը սխալներ:

Շանթ գլխաւոր տիպարներուն անունները փոխարինած էր տարբերակներով, որոնք ոչինչ կ՛ըսեն մեզի: Բայց չէ՞ որ Պետրոս (Peter) առաքեալ այն «ժայռ»-ն է, որուն վրայ հաստատուած է Կաթոլիկ եկեղեցին (այս պարագային` դրամատիրութիւնը), իսկ Թովմաս այն առաքեալն է, որ ուզեց իր մատով ստուգել (այս պարագային բաղնիքի ջուրը ուղարկեց տարրալուծարան): Քաթերինա (Catherina) կը նշանակէ «Մաքրուհի»: Կրնայ նաեւ ակնարկ ըլլալ 307 թուականին նահատակուած սրբուհիին: Քաթերինա Շթոքման նահատակուեցաւ յանուն ճշմարտութեան: Փոխուած են նաեւ այլ անուններ: Բայց նորվեկերէնի մեր չիմացութեան պատճառով կարելի չէ վերծանել անոնց իմաստները: Միւս կողմէ` Շանթ պահած է ֆրանսական հաճոյախօսութիւններ, որոնք անյարիր են հիւսիսի բարքերուն: «Արդեօք չէի՞ք հաճեր», «ձեր խոնարհ ծառան» եւ այլն… Քաղաքապետը տիկին Շթոքմանը հայավարի կը կոչէ` «հարս» ®

Բնագիրը բաղդատած եմ ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն թարգմանութիւններու հետ: Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարութեան պատուիրած թարգմանութիւնը (1932) ամէնէն յաջողն է, ստուգուած է երեք ակադեմիկոսներու կողմէ:  Շանթի տարբերակը միւս երեքէն կը շեղի աւելի քան 130 տեղ: Գրեթէ բոլոր շեղումները կը միտին աւելի մարտական բնոյթ տալ թատրերգութեան: Կան նաեւ անհասկնալի միջամտութիւններ:

Բժիշկը խմբագրատան մէջ կ՛ըսէ. «Ո՛չ, ես բոլորովին այլ բան նկատի ունէի»: Թարգմանուած է. «Ո՛չ, նախ պէտք է յարձակինք բոլորովին այլ հաստատութեան մը վրայ»: Խմբագիրները կ՛առաջարկեն  Շթոքմանի  համար երախտագիտութեան հաւաք մը կազմակերպել: Փոխարինուած է մարտական «ջահակիր տողանցք»-ով: Ի դէպ, «ջահերթը»-ը կրկնուած է աւելի ուշ: Օրաթերթը այլ լեզուներով կը կոչուի «Լրաբեր» կամ «Սուրհանդակ»,  իսկ հայերէնով կոչուած է «Ժողովուրդի Ձայն»: Շրջուած է տրամաբանութիւնը: «Լրաբերը» կը տեղեկացնէ եւ կը զարգացնէ ժողովուրդը, անոր խօսքը ուղղուած է դէպի ժողովուրդ, մինչդեռ  «Ժողովուրդի Ձայն»-ը ուղղուած է` ժողովուրդէն դէպի այլոց: Վերջին արարին մէջ «պիտի պայքարինք» արտայայտութիւնը փոխարինուած է՝ «բոլորն ալ պիտի ճմռտեմ»-ով:

Շանթ դիմած է չափազանցութեան. «մեծ խճողուած քաղաք»-ը վերածուած է «համաշխարհային քաղաք»-ի, աւանի տնտեսութեան առանցքը կամ կիզակէտը կազմող բաղնիքները կոչուած են աւանի «գոյութեան իմաստը» (ներկայացման մէջ` «ապագան»): Բժիշկը իր աները կը կոչէ «փորսուղ»: Ատիկա  վերածուած է «գաւթառ շան»: Շրջուած է իմաստը: Փորսուղը կայտառ, անվեհեր, սրատամ անասուն մըն է, կը սարսափեցնէ ծաւալով իրմէ մեծ այլ գիշատիչները, տրամագծօրէն հակապատկերն է գաւթառ շան: Աներոջ կերպարի մասին` աւելի ուշ:

Թարգմանութեան մէջ կան անհասկնալի շեղումներ. երրորդ արարին մէջ, նախքան քաղաքապետի յայտնուիլը, տպարանապետը բժիշկին ակնարկելով` կ՛ըսէ. «Այս մարդը մեզի օգտակար կրնայ ըլլալ»: Անոնք յեղափոխականներ չէին, պարզապէս կը փորձէին բժիշկը շահագործել: Հայերէն թարգմանուած է` «Ի՜նչ հիանալի աշխատակից»: Խմբագիրը առաջին արարին մէջ կ՛ըսէ, որ կը միտի բժիշկի յօդուածին նուիրել խմբագրական մը: Խմբագրականը թարգմանուած է «երկտող», որ անհամեմատ աւելի նսեմ է: «Գովասանք»-ը վերածուած է «շողոքորթութեան», եւ այլն: Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ հայերէնը կրնայ սխալ թուիլ, բայց բեմական է: Բեմակա՞ն են արդեօք «լաւ տեսակի ջուր» կամ «ենթադրական պակասներ» արտայայտութիւնները:

Զեղչուած են տողեր, որոնք կը բնութագրեն կացութիւնը կամ տիպարը: Որպէս նմուշ` կը վերցնեմ առաջին արարէն առնուած քաղաքապետին միայն մէկ տեսարանը: Քաղաքապետը «կը կասկածի», որ տղոց հետ պտոյտը լաւ գաղափար է, «Ռոսթօ»-ն կը մերժէ` ըսելով` «Աստուա՛ծ իմ», իսկ «Բունջ»-ը` «Աստուա՛ծ իմ, միայն այդ էր պակաս»: Բացի այդ, ոչ թէ քաղաքապետին «մարսողութիւնը խանգարուած» է, այլ ունի քրոնիկ դժուարամարսութիւն: Առաջինը խանգարում է, իսկ երկրորդը` նկարագրային գիծ: Այս բոլորը խորհրդանշական ձեւով, անուղղակիօրէն կը բնութագրեն քաղաքապետը: Այս բոլորը զեղչուած են: Կարելի է տալ այլ օրինակներ: Անուշադիր զեղչումները կը զեղչեն նաեւ թատրերգութեան ասքը: Միւս կողմէ` ուռճացուած են բժիշկին եւ այլոց կարգ մը ելոյթները: Շանթ շեշտած է Իբսենի տաղտկալի քարոզչական «մարտական» բնոյթը` փոխանակ առաջնագիծ բերելու անոր նուրբ, գեղարուեստական երեսը: Ելոյթը բարեբախտաբար խուսափած էր Շանթի կարգ մը զեղումներէն: Բարի՜:

24 նոյեմբեր 2017
(Շար. 1)

—–

  1. «Gengangere», 1881 տառացիօրէն կը նշանակէ «վերաքալողներ»։
  2. Edmund Gosse, Henrik Ibsen, 1907
  3. Tom Eide, Ibsen’s «An Enemy of the People» – On Complexity, Understood Complexity, Vol. 11, No. 3, 2009։։
  4. Franz Mehring,«Ibsen՛s Greatness and Limitations» Neue Zeit, 1900։
  5. Ինչպէս «Երեք Քոյրեր»-ու մէջ (1901) բժիշկ Չէպութիքին։
  6. Ե. Յովականեան, Լեւոն Շանթի կենսափիլիսոփայութիւնը, Պատմաբանասիրական հանդէս, 2, 2004։

 

 

 

 

 

Նախորդը

Պատմական. Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Յաջորդը

«Կ՛ուզեմ Հայրս Տեսնել»

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?