ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Պարզ եւ խոնարհ անուն մը:
Դաշնակցական մարտիկի անզուգական անձնաւորութիւն մը եւ մարտական առասպելատիպ ղեկավար մը:
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ ապահովութեան ռազմական վէմը:
Դաշնակցութեան յեղափոխական աւանդներու վերընձիւղման եւ Հայ դատի ուժական պայքարի տարածման անձնդիր առաջնորդը:
Միայն ընկ. Աբոն կրնար այս բոլոր արժանիքները միատեղ մարմնաւորել` իր հեզութեամբ, համբերութեամբ, յանդգնութեամբ, խստապահանջութեամբ եւ անուշ ժպիտով:
Այս հանգրուանին դժուար է մանրամասնել մեր քաղաքական ու մանաւանդ մարտական աշխատանքներու մէջ ընկ. Աբոյին կատարած ներդրումները: Տակաւին ամբողջական արժեւորումը չէ կատարուած վերջին քառասնամեակին մեր երիտասարդութեան քաղաքականացման ու յեղափոխականացման զարթօնքի շրջանին: Տակաւին չեն բացուած մեր յեղափոխական աւանդներու վերադարձին վերաբերող թղթածրարները: Տակաւին պատմական առարկայականութեամբ չէ գնահատուած լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանական գործունէութիւնը:
Վստահաբար ինք, հաւատարիմ իր լռակեացութեան, երբեք պիտի չարտայայտուէր իր դերակատարութեան մասին: Մանաւանդ, պիտի չուզէր, որ մենք եւս արտայայտուինք այդ մասին: Սակայն, զինք մօտէն ճանչցողները, իր գործակիցները, իր շունչով ու օրինակով կազմաւորուած մեր տղաքը, ու մանաւանդ Լիբանանի մեր ժողովուրդը կը գիտակցին ու կը զգան մեր պատմութեան այդ ճակատագրական հանգրուանին ընկ. Աբոյին կենսական մատուցումը` իբրեւ կազմակերպող ուժ, հարուածող բազուկ եւ ներշնչող ոգի:
29 դեկտեմբեր 1982-ին թուրք պետութեան դաւադրութեամբ առեւանգուեցաւ եւ անյայտ պայմաններու մէջ սպաննուեցաւ ընկ. Աբօ Աշճեան: Պատահական չէր թրքական դաւադիր արարքը, որովհետեւ հարուածը ուղղուած էր հայկական պահանջատիրութեան սուրբ գործին մղում տուող գլխաւոր պատասխանատուի մը անէացման:
Այսօր, իր ֆիզիքական անյայտացման յիշատակը կը նշենք մեր մեծ ընկերոջ: Սակայն յիշատակէն անդին, մենք պէտք է ոգեկոչենք ընկ. Աբոյի մարտական ու քաղաքական վաստակը, որ մերն է ու մեզի պիտի պատկանի այնքան ատեն որ հետամուտ ենք հաւատարիմ մնալ ու հետամուտ ըլլալ այդ վաստակի շարունակման: Մեր կազմակերպական ու ազգային ներկայ մտահոգիչ հանգրուանին, ընկ. Աբոյի օրինակելի վաստակը կը պարտադրէ ինքզինք` իբրեւ լուսատու ճանապարհ մեր ամէնօրեայ թէ հեռակայ աշխատանքներուն:
Ճիշդ ըմբռնելու համար մեր ընկերոջ վաստակը, հարկ է ետ երթալ աւելի քան չորս տասնամեակներ:
Հայ դատի հետապնդման ճակատին վրայ մեր քաղաքական թէ դիւանագիտական աշխատանքները կը բախէին անելի: Թուղթի ճամբով կատարուած աղերսանքները վերածուած էին աննպատակ ծիսակատարութեան: Մեզ լսողը միայն մենք էինք: Մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւնները չէին հետաքրքրուած 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան գործադրուած եւ, ըստ իրենց, ա՛լ պատմութեան անցած անարդարութեամբ մը, որուն իբրեւ հետեւանք հայութեան մնացորդացին մէկ մասը կը շարունակէր հիւծիլ օտար ափերուն, իսկ միւս մասը Հայաստան աշխարհի մէկ փոքր հողաշերտին վրայ ազգային ու հայրենական անբաւարարութեան մատնուած էր:
Լռութեան պատ մը բարձրացած էր մեր պահանջատիրութեան առջեւ: Լռութեան պատ մը, որ արհամարհանքի հանգամանք տուած էր Հայ դատի մեր «խելօք» աշխատանքներուն: Պէտք էր քանդել այդ պատը: Քանդելու համար պէտք էր դիմել մեր ազատագրական պայքարի քաղաքական ակունքներուն, պէտք էր վերադառնալ մեր յեղափոխական աւանդներուն: Վայրկեանը կը պահանջէր յանդգնութիւն եւ յաւելեալ յանդգնութիւն, որպէսզի ճեղքուի լռութեան պատը, որպէսզի հանգստութիւնը խանգարուի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն` ի դիմաց մեր պահանջատիրութեան լրջութեան:
Այդ յանդգնութեան մեկնակէտը հանդիսացաւ մեր երիտասարդութեան ու ժողովուրդին քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման հրամայականը: Իր գաղափարախօսական եւ մարտական աւանդներու փորձառութեամբ, մեր կուսակցութիւնը այդ հրամայականի սատարման ու տարածման գերակշիռ մղիչ ուժը կրնար ըլլալ ու եղա՛ւ: Այդ հրամայականին մարմին տուին մեր կառոյցներուն ընդմէջէն դաստիարակուած ու թրծուած տղաքը, որոնք իրենց կրակի փորձառութիւնը ստացած էին ընկ. Աբոյին ու անոր գործակիցներուն շունչին տակ:
Կարելի չէ պատկերացնել այդ օրուան սերունդի քաղաքականացման ու յեղափոխականացման հրամայականի մարմնացումը` առանց ընկ. Աբոյին ու իր գործակիցներուն տիրական ներկայութեան: Մանաւանդ ընկ. Աբոյին, որուն մէջ միշտ գերակշռող էր դաշնակցական մարտականի գաղափարականութիւնը, հաւատարմութիւնը, խիզախութիւնը, կարգապահութիւնը, ընկերասիրութիւնը, խստապահանջութիւնը եւ անձնազոհութիւնը:
Այդպէս է, որ ցնցուեցաւ լռութեան պատը` նոր էջ բանալով Հայ դատի պահանջատիրական երթին առջեւ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը նոր հարկադրանքներ ստեղծած էր հայութեան ու յատկապէս մեր կուսակցութեան համար: Իրարու հակադրուող կողմերուն նկատմամբ հայութիւնը հաշտարարի ու դրական չէզոքութեան յստակ դիրքորոշում որդեգրած էր: Հակառակ այս դիրքորոշման, կողմերը յաճախ փորձաքարի կ՛ենթարկէին մեր անկողմնակալ կեցուածքը: Հայութիւնը պարտադրուած էր դիմելու ինքնապաշտպանական գործի` բոլոր հայաբնակ շրջաններուն մէջ:
Ինքնապաշտպանական այս գործին անվիճելի հրամանատարն էր ընկ. Աբօ: Իրեն վիճակուեցաւ կազմակերպել, մարզել, պարէնաւորել, զինել եւ ռազմավարական ուղղութիւն տալ հայկական դիրքերուն: Ինքնապաշտպանական աշխատանքը աստիճանաբար յանգեցաւ այնպիսի մակարդակի, ուր բացայայտ կը դառնար հայկական բանակի մը յառաջացման սաղմնաւորումը:
Գաղտնիք չէ, որ Դաշնակցութեան համար դաշնակցական մարդը պէտք է կարողանայ միատեղել գաղափարն ու գործը, եւ այդ ճամբով իրագործել գաղափարականի ու մարտականի նոյնացումը: Այս սկզբունքին ամբողջական գիտակցութեամբ, ընկ. Աբոյին համար գաղափարականին մարտականացումը եւ մարտականին գաղափարականացումը անփոխարինելի պատուանդան էին ազգային գործին:
Ընկ. Աբոյին համար ինքնապաշտպանական դիրքերու վրայ գտնուող մեր տղոց մարզումը, այսինքն` մարտականացումը, թերի էր առանց անոնց միատեղ գաղափարականացման: Ուստի, ան յատուկ բծախնդրութիւն ցուցաբերեց անոնց գաղափարական դաստիարակութեան ու քաղաքական գիտակցութեան զարգացման: Իսկ գաղափարականի մարտական գործնականացման գծով, անոնց փոխանցեց երեք պարզ գիտելիքներ.-
Առաջին. դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար ձեր օճախներն ու հարազատները: Երկրորդ. դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար մեր ժողովուրդը: Երրորդ. դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար ձեր պատիւն ու հայութեան արժանապատուութիւնը:
Ահա այսպէս է, որ ինքնապաշտպանական գործին հրամանատարը պատրաստեց «գաղափարի զինուոր»-ը որ, երբ պահը եկաւ, գիտցաւ հարուածել ճշգրտութեամբ եւ հարուածել արդարութեամբ:
Չենք կրնար հեշտութիւն որոնել ընկ. Աբոյին եւ իր սերունդին վիճակուած առաքելութեան մէջ: Այդ առաքելութիւնը դժուարին էր: Տասնամեակներու սփռեալ պայմաններու տակ թուլցած էր պատմութեան հետ մեր անմիջական կապը: Սկսած էր տարտամիլ հայու խիզախ նկարագրային յատկութիւնը: Կորսնցուցած էինք մեր ազատագրական աւանդներու կապը: Այս բոլորին վերականգնումն ու վերատիրացումը անքակտելի նախադրեալներն էին այդ առաքելութեան: Աւելի՛ն, օրուան ստեղծած արդի պայմաններուն մէջ գործի յաջողութեան մարտահրաւէրը կը պահանջէր այդ պայմաններուն հակակշռումը:
Իրենց առաքելութեամբ, ընկ. Աբոն ու իր սերնդակիցները մեզի վերադարձուցին անարդարութեան դէմ կրկին անգամ խիզախելու մարտունակութիւնը, վերահաստատեցին մեր պահանջատիրութեան մէջ կրկին անգամ յանդուգն ըլլալու համարձակութիւնը, ամրապնդեցին ազգային գործին մէջ գաղափարականով առաջնորդուելու եւ մարտունակութեամբ աշխատելու գիտակցութիւնը:
Պարզօրէն, անոնք ուրուագծեցին նոր ժամանակներու պահանջատէր հայու կերպարը եւ պահանջատիրութեան մշակոյթը, որոնք չսահմանափակուեցան միայն Լիբանանի ու սփիւռքեան միւս գաղութներով: Անոնք հունաւորումը հանդիսացան 1987-ի մեր 24-րդ Ընդհանուր ժողովի «Դէպի Երկիր» ուղիին: Անոնք ներշնչման աղբիւրը հանդիսացան Արցախեան ազատամարտի մեր քաջարի մարտիկներուն:
Սփիւռքի ու հայաշխարհի տարածքին պահանջատէրի նոր կերպարի եւ մշակոյթի վարակումը կը շարունակէ եւ պէտք է շարունակէ ձեւ ու բովանդակութիւն տալ մեր պահանջատիրական գործին եւ լուսագծէ մեր երթը դէպի նոր նուաճումներ:
Ընկ. Աբոն օրինակելի ներկայացուցիչն է պահանջատիրական նոր կերպարի եւ մշակոյթի առաքելութեան: Հոս կը կայանայ մեր անմահ ընկերոջ վաստակին էութիւնն ու արժէքը: Այնպէս, ինչպէս Հայկական Յեղափոխութեան սկզբնաւորութեան «ռայա» հայը, որ կորսնցուցած էր իր մարտունակ յատկութիւնը, վերատիրացաւ անոր` Հայաստանի քաղաքական ու տնտեսական ազատագրման համար, նոյնպէս եօթանասունական թուականներուն սփիւռքի հայը, որ կտրուած էր իր մարտունակ աւանդէն, վերանուաճեց զայն` վերածուելու համար ազդու պահանջատէրի:
Ա՛յս է ընկ. Աբոյին վաստակին հանրագումարը: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեզի համար անոր կտակը:
Այսօր երբ մերթ ընդ մերթ մեր շուրջ կը նայինք, կը զգանք տեղ-տեղ սպրդող կազմակերպական թուլացումներն ու գաղափարական խորթացումները, կը նշմարենք ոմանց մօտ մարտունակութեան տկարացումը: Յանուն մեր կազմակերպութեան եւ ի շահ մեր դատին, մեզի վիճակուած է վերանուաճել մեր ընկերոջ վաստակը, արժանի ըլլալ անոր կտակին:
Ընկեր Աբօ: Օրինակելի վաստակով պարզ ու խոնարհ ընկեր մը: Մեծ ու առաքինի ընկեր մը:
Իր մեծութիւնը կը կայանար իր խոնարհութեան մէջ: Իր օրինակելիութիւնը կը սահմանուէր իր անձնազոհութեամբ: Իր ղեկավարութիւնը կը յատկանշուէր իր կարգապահութեամբ: Իր իմացականութիւնը կը խորհրդանշուէր իր անհատնում արիութեամբ:
Այո՛, թշնամիին կողմէ դաւադրաբար առեւանգուեցաւ. բայց չկքեցաւ: Նենգաբար սպաննուեցաւ. բայց անմահացաւ: Կարելի չէ պատկերացնել տարողութիւնը` թէ թուրք գործակալները ընկ. Աբոյին ինչ չարչարանքներու ենթարկեցին եւ չարչարանքի տակ ինչ հարցումներ ուղղեցին: Բայց վստահօրէն գիտենք, որ Կարսի Թաթուլ զօրավարին նման անոնց ինչ պատասխան տուաւ ընկ. Աբոն. «Եթէ հարուածը իմն է, պիտի մեռնիք»:
2012