Յօդուածներ

Յակոբ Եափուճեանի Յիշատակին

Յակոբ Եափուճեանի Յիշատակին

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Յակոբ Եափուճեանի հետ ծանօթութիւնս կը սկսի  1988 դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ, Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէի հրաւէրով Սփիւռքահայ  մշակութային միութիւններու խորհրդաժողովին: Համազգայինը բաւական պատկառելի  պատուիրակութեամբ Ժամանած էր Երեւան: Յակոբը` Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, կողքին ունէր դոկտ. Արմենակ Եղիայեանը, Կարպիս Հարպոյեանը, Գեղանի  Էթեմեզեանը: Տողերս գրողը կը ներկայացնէր Նոր սերունդ մշակութային միութիւնը: Առաջին նիստին, ձեւականութիւնը յարգելով, պաշտօնական բարեւներ փոխանակեցինք: Պաղ պատերազմի  խե՜ղճ...

Մեր Հօր` Արմենակ Աշճեանին

Մեր Հօր` Արմենակ Աշճեանին

Մարդ մը... Արմենակ Աշճեան. կեանք մը, ողջախոհ մը,  երիտասարդութեան ծարաւ պայքար մը` քաղաքական, գաղափարական եւ պատկանելիութեան համար. պայքար քաղաքական կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար: Կեանքի այս ուղին կը տանի ազատութեան ծարաւի ճանապարհ: Փետրուար ամսուան ընթացքին մահը կը մօտենար եւ կը տխրեցնէր մեր ընտանիքին մօտիկ շրջապատին հոգին ու սիրտը` մեծ ցաւ ու տխրութիւն պատճառելով: Մեր հայրը` Արմենակ Աշճեան, շատ կը տխրէր...

«Այս Հանգրուանին Բոլորէն Կը Պահանջուի  Զգաստ Ըլլալ` Նուազագոյն  Վնասներով Դուրս Գալու Համար»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայ Կնոջ Տօնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Կանանց միջազգային տօնին առիթով, յատուկ կարեւորութեամբ կը շնորհաւորենք աշխարհի որեւէ անկիւն ապրող իւրաքանչիւր հայ կնոջ տօնը: Տօն, որ կնոջ ըլլալու կողքին, տօնն է իւրաքանչիւր անհատի, համայն մարդկութեան: Տօն, որ հայ կնոջ տօնը ըլլալու իւրայատկութեան կողքին, տօնն է իւրաքանչիւր հայու, համայն հայութեան, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի: Մեր ալ տօնն է այս, Լիբանանի հայութեան, իր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերով, բոլոր կառոյցներով,...

ԿՈՉ  Արտասահմանի Լիբանանահայերուն.  Արձանագրուեցէ՛ք Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Համար

Տօնդ Շնորհաւոր, Հա՛յ Ուսուցիչ

Նորահաս սերունդներու կրթութեան գործը միշտ ալ արժանացած է պետութիւններու անմիջական գուրգուրանքին եւ հոգածութեան: Կրթական ոլորտը յառաջադէմ եւ նոյնիսկ երրորդ աշխարհի պատկանող երկիրներուն մէջ կը շարունակէ վայելել պետութեան հովանաւորութիւնը` համահաւասար կերպով առիթ տալով բոլորին ստանալու տարրական եւ երկրորդական ու ընդհանրապէս համալսարանական բարձրագոյն ուսում: Հաւաքականութեան մը բնականոն եւ առողջ զարգացումը, ինչպէս նաեւ տուեալ հաւաքականութիւնը նոր ներուժով պատուաստելու եւ անոր կեանքին ժամանակակից հնչեղութիւն...

Սլաք.  8 Մարտի Թրքավարի Նուէր

Սլաք. 8 Մարտի Թրքավարի Նուէր

ԼԱԽՏ 8 մարտին, մինչ ամբողջ աշխարհի տարածքին մարդիկ հեւքի մէջ էին Կիներու միջազգային օրուան առիթով իգական սեռի ներկայացուցիչներուն պէս-պէս ծաղիկներ ու նուէրներ ընտրելու եւ նուիրելու, թրքական իշխանութիւնները իրենց երկրի կիներուն համար ընտրեցին ոչ հասարակ, իւրայատուկ նուէր մը` արտայայտելու համար փափուկ սեռին նկատմամբ իրենց ունեցած անզուգական ու խոր գնահատանքին, մեծարանքին ու սիրոյն ամբողջ տարողութիւնը: Անոնք յղացան «լուսաւոր գաղափար» մը` 8 մարտին,...

Թուլացող Երեք Օղակ Մէկ Նպատակի Դիմաց (Ուսուցչաց Օր)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   Օղակ առաջին: Հայ ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը սնուցող հայ վարժարանը կ՛ապրի դժուարին պահեր: Խօսքը կը վերաբերի սփիւռքահայ իրականութեան, որ սկսած է տակաւ կորսնցնել դիմագծային իր իւրայատկութիւնը: Սա նորութիւն չէ, որուն կ՛անդրադառնանք, որով կը մտահոգուինք, կ՛ընդվզինք ու յաճախ կը պոռթկանք: Սակայն նորութիւնը այն է, որ, գիտակցելով հանդերձ մեզ սպառնացող վտանգի ահաւորութիւնը, հաւաքաբար կը շարունակենք մնալ դիտողի դերին մէջ, անտարբեր, քմահաճ...

Հայ Դպրոցը` Հայու Գոյութեան Պաշտպանութեան Վահանը

Հայ Դպրոցը` Հայու Գոյութեան Պաշտպանութեան Վահանը

ՎԱՐԴԻՆԷ ԷԹՈՅԵԱՆ Մահէ յարութիւն առած, բնաջնջումէ վերընձիւղուած սփիւռքահայը կրցաւ նոր սերմեր ցանել ի սփիւռս աշխարհի` յանուն յարատեւելու ու յառաջդիմելու իր աննկուն կամքին, ինքնուրոյն նկարագիրին եւ հաւասարակշիռ մտածողութեան: Լիբանանահայութիւնը` սփիւռքահայութեան մէկ կարեւոր բեկորը, միշտ ալ եղաւ հայու գոյութիւնը պահպանելու բանակին յառաջապահ զինուորը: Հոս, բարձրանալու ճիգը մի՛շտ ալ եղաւ հաւաքական մարմաջ: Որբ, անտուն լիբանանահայը դառնութեան բաժակը ցմրուր ըմպելէ ետք, ձեռք-ձեռքի տալով ձուլումի...

Ուսուցչաց Տօնին Նուիրուած. Հոգիներու Ճարտարապետ

ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ-ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Արդար, ճարտար, խոհեմ, արթուն, Կայտառ հերոս ես իմաստուն. Հոգիներու ճարտարապետ, Հոգիդ է, որ մաշեցիր դուն, Որ արեւը պահես կեանքիս` Ծխանի ծուխն իմ երդիքիս: Աշխարհը դէմս փռեցիր, Լուսաճաճանչ թեւեր տուիր, Ըսիր. «Ճախրէ՛, երգեր հիւսէ՛, Սլացի՛ր, անվախ գեղգեղէ՛»: Դուն խելքի, միտքի վարժապետ, Ո՜վ հոգիի ճարտարապետ, Անտաշ կեանքս դուն շէնցուցիր, Անծիր երկինք պարգեւեցիր: Անմշակ միտքիս արտերը Մշակեցիր, սերմանեցիր, Գարնան արեւս դուն...

Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթի Խմբագրապետ Արա Գոչունեանի Այցելութիւնը Պէյրութ

Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթի Խմբագրապետ Արա Գոչունեանի Այցելութիւնը Պէյրութ

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին հրաւէրով Պէյրութ այցելեց պոլսահայ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրապետ Արա Գոչունեանը` նշելու թերթին 110-ամեակը: Հինգշաբթի, 1 մարտի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած  հրապարակային հանդիսութեան ընթացքին Արա Գոչունեանը ներկայացուց Ի. դարու առաջին տասնամեակին հիմնուած օրաթերթը, անոր անցած ուղին, կատարեց անոր պատմականը, անդրադարձաւ հիմնախնդիրներուն, շեշտեց կարեւորութիւնը թերթին թուայնացման, տարածման հարցերը, նկարագրեց բովանդակութիւնը, թերթին յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը սփիւռքահայ մամուլին...

Արխիւային Ռազմավարութիւն

Գրախօսական. Եըլտըզի Պոմպան

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Գիրքին հինգերորդ եւ վեցերորդ գլուխները կարելի է համախմբել մէկ վերնագիրի տակ, որն է` միջազգային իրաւունքն ու դիւանագիտութիւնը: Այս աշխատութիւններուն հեղինակները` Հուսինէ Ալլուլ եւ Ուիլ Հենլի, իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ առնչուող կողմերու իրաւական փաստարկներն ու դիւանագիտական կեցուածքները` դէպքին յաջորդող օրերուն եւ ամիսներուն: Օգտագործելով դիւանագիտական նիւթեր եւ ժամանակակից միջազգային օրէնքի ուսումնասիրութիւններ` Ալլուլ կը նկարագրէ պելճիքական կառավարութեան ձեռնարկած քայլերը` «ազատելու» համար պելճիքացի...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Արդար Խաղաղութիւն, Այլ Ոչ Թէ` Արդարութեան Ուրացում

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Վերջապէս, 1 մարտ 2018-ին  Հայաստանը  պաշտօնապէս չեղեալ յայտարարեց 2009-ին  ստորագրուած զիջողական հայ-թրքական  արձանագրութիւնները: Այսպիսով, հայկական գարունը աւելի տաք ջերմաստիճաններ արձանագրեց, քան` բնական գարնանային եղանակի մուտքը այլուր: Անշուշտ, արձանագրութիւններուն չեղեալ յայտարարուիլը օդէն չեկաւ, այլ անիկա կը բխէր հայ ազգի պահանջատիրական սկզբունքներէն: Եւ հայութեան կողմէ բացայայտուեցաւ, որ այդ սկզբունքները տակաւին կ՛ապրին հայկական հասարակական կեանքին մէջ: Պատմութիւնը պիտի չմոռնայ, որ թէ՛...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Յեղաշրջման Ուղիով` Լուսաւորման Ուղիով

Մարդկութեան արժանիքներու հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ գիտութեան յառաջխաղացքը Ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ եւ բազմատեսակ փուլերէ անցած են եւ նոյնպէս պիտի շարունակեն զարգանալ: Կը մնայ որոշել, թէ ժամանակի ո՛ր կողմն ենք մենք, եւ ո՞ր կողմը պէտք է ըլլանք: Յեղափոխական մեր դիմագիծը մեզի կը պարտադրէ ըլլալ յառաջադէմ, սակայն յաճախ կ’անտեսենք այդ բառին իմաստն ու կամքը` զայն փոխարինելով վաղեմի ու դասական խորհուրդներով: Քսաներորդ դարու սկիզբի...

Աթէշեաններու Պատարագը Աւարտած Է

Աթէշեաններու Պատարագը Աւարտած Է

ՀՐԱԿ «Հայր Մեսրոպէն ետք... անտէր մնացինք», կ՛ըսէ պոլսահայ բարեկամուհի մը մեր առաջին հանդիպումին` մշակութային կեդրոնի մը մէջ: Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը անգամ մը եւս դարձաւ գաղութի հիմնահարց: Ամբողջ գաղութը ելեկտրականացած վիճակ մը կ՛ապրէր: Տարիներէ սպասուած պահը հասած էր, Ազգային ժողովի ընտրութիւններ եւ ապա Կրօնական ժողով տեղի պիտի ունենային` օժտելով գաղութը նոր հոգեւոր առաջնորդով մը: Գաղութին մէկ կարեւոր մասը փոփոխութիւն կ՛ուզէր...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Հայաստանի «Մեծ Եղբայրը». Հայ-Ռուս Յարաբերութիւններ Եւ Ռուսիոյ Ներկայութիւնը Հայաստանի Մէջ

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ Հայաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ միակ դաշնակիցը կը համարուի. Վրաստանը արեւմտայնացուած է, Ազրպէյճանը, խուսափելով Ռուսիայէն, մտերմացած է Կեդրոնական Ասիոյ շարք մը երկիրներու հետ, իսկ Հայաստանը վերջին տարիներուն աւելի կը խորացնէ իր բարեկամութիւնը Ռուսիոյ հետ: Այս անհաւասար կապը երկու երկիրներուն միջեւ` կ՛ընդգրկէ երկկողմանի առեւտրական համաձայնագիրներ, լայնածաւալ ռուսական սեփականութիւն` հայկական կարեւորագոյն կալուածներու, ռուսական ռազմական ներկայութիւն` հայկական հողի վրայ, ինչպէս նաեւ`...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Բարի՛ Եկած Էք Մեր Մօտ

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Կ’ըսեն, որ լաւատեսութիւնը բնականօրէն կը ներգրաւէ լաւ երեւոյթներ: Կ’ըսեն, որ լաւատեսութիւնը յառաջ կը տանի մեզ` տալով յոյս եւ ստեղծելով հոգեպէս ուրախ ու խաղաղ վիճակ մը: Կ’ըսեն, որ պէտք է աշխարհը տեսնենք վարդագոյն: Կ’ըսեն, որ պէտք է միշտ տեսնենք ամէն երեւոյթի դրական կողմը: Այո՛... Դիւրին է ըսելը... Բոլորս ալ կը փորձենք տեսնել լաւը` կեանքի ամէնէն դժուար պահերուն մէջ: Տեսնել...

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Հ. ԱԴԱՄԵԱՆ Աշխարհիս պատմութեան որեւէ ժամանակաշրջան եթէ ուսումնասիրենք, պիտի տեսնենք, որ մարդ արարածը միշտ ունեցած է բանի մը կամ ուժի մը հաւատալու տրամադրութիւնը: Իսկ այսօր այդ հաւատալիքներու ընտանիքին մաս կազմած է ամէնէն վատն ու ամէնէն քայքայիչը, որն է նիւթականը: Բարոյականութիւնը համազօր է այն սուրբ հաղորդութեան, որ մարմինն է այն Տիրոջ, որ ժամանակաշրջանի մը համար ամէնէն հզօրն էր, մինչեւ այն պահը,...

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Կիներու Կրկնակի Ցաւը

Աֆրինը Հայոց Ցեղասպանութեան Գործընթացում

ՍԵՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Աֆրինը կարեւոր դեր է ունեցել այն պատճառով, որ մօտ մէկ դար առաջ այդ շրջանում էին գտնւում Քաթմա ու Ռաժօ ճամբարները: Ռայմոնտ Գէորգեանի` թուրքերէն թարգմանուած ու «Իլեթիշիմ» հրատարակչութեան կողմից հրատարակուած «Հայոց ցեղասպանութիւն» գրքի համաձայն, Ցեղասպանութեան ընթացքում Անատոլիայի (Արեւմտեան Հայաստանի, «Ակունք»-ի խմբ.) չորս կողմերից հայերի կարաւաններն անցել են այդ ճամբարներով: Քաթմանը գտնւում էր Անատոլիայի կաթոլիկ հայ համայնքի...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Ոսկրափխրութիւնը» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ոսկրափխրութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 փետրուար 2018-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկրափխրութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց  բեկաբուժ- վիրաբուժ` տոքթ. Պետրոս Գարակէօզեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ակնարկելով օրուան դասախօսութեան նիւթին` ըսաւ, որ ոսկրափխրութիւնը (osteoporosis) հիւանդութիւն մըն է, որ մտահոգութիւն կը պատճառէ տարեցներուն: Յիսուն...

Խաչօ՞, Թէ՞ Չալօ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ուշադրութի՛ւն, Ուշադրութի՛ւն

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Ուշադրութի՛ւն, ուշադրութի՛ւն, Կորսուած է մեր Յակոբին Ինքնաթուղթը թանկ մարդկային: Ձեր բոլորէն կը խնդրուի Փնտռել, գտնել, տիրոջ յանձնել Փաստաթուղթը այս անվաւեր: Կորսուած է նաեւ բժիշկին Խիղճը նուաստ, որ դրամին Կը ծառայէ, ոչ հիւանդին: Գտնողներէն կը խնդրուի Բնաւ չդպչիլ այդ վարակիչ, Վտանգաւոր, դաժան ախտին: Ուշադրութի՛ւն, ուշադրութի՛ւն, Կորսուած է փաստաբանին Երդումը, որ ան կատարեց Պաշտպանելու դատը անկեղծ: Ցեխերու մէջ եթէ գտնէք,...

Խմբագրական.  Իրաւահաւասարութիւն (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Իրաւահաւասարութիւն (Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով)

Կիներու միջազգային օրուան նշումը եզրաբանական ձեւափոխում կ՛ունենայ հետզհետէ: Կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարգախօսային առաջադրանքը այսօր առաւելաբար կ՛արտայայտուի սեռային իրաւահաւասարութիւն եզրոյթով: Շահագործումի, խտրականութեան, խոշտանգումի կամ բռնաբարումի արարքները իրաւազրկելու առումով կրնան վերաբերիլ ո՛չ միայն կիներուն, հետեւաբար աւելի տրամաբանական ընկալում ունի սեռային իրաւահաւասարութիւն ըսելաձեւը: Իրաւահաւասարութիւն բառը ինքնին օրինական ենթաիմաստ ունի: Առաջադրանքը ուրեմն այս հաւասարութիւնը սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով ամրագրելու իմաստը կը ներառէ: Իսկ իրաւական ամրագրումէն...

Page 717 of 1110 1 … 716 717 718 … 1,110

Արխիւներ