ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ-ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Արդար, ճարտար, խոհեմ, արթուն,
Կայտառ հերոս ես իմաստուն.
Հոգիներու ճարտարապետ,
Հոգիդ է, որ մաշեցիր դուն,
Որ արեւը պահես կեանքիս`
Ծխանի ծուխն իմ երդիքիս:
Աշխարհը դէմս փռեցիր,
Լուսաճաճանչ թեւեր տուիր,
Ըսիր. «Ճախրէ՛, երգեր հիւսէ՛,
Սլացի՛ր, անվախ գեղգեղէ՛»:
Դուն խելքի, միտքի վարժապետ,
Ո՜վ հոգիի ճարտարապետ,
Անտաշ կեանքս դուն շէնցուցիր,
Անծիր երկինք պարգեւեցիր:
Անմշակ միտքիս արտերը
Մշակեցիր, սերմանեցիր,
Գարնան արեւս դուն եղար,
Զով անձրեւներ ալ մաղեցիր…
Ու պտկեցա՜ւ արտս բարի,
Կանաչ կապեց, դարձաւ բերրի:
Տառը-տառին` բառ մանեցիր,
Բառը-բառին` միտք հիւսեցիր
Ու թիւերու աղիւսակով
Կեանքիս հիմնաքարը դրիր…
Բիւր դռները կոպիտ ու փակ
Բացուեցան ու մոռցան կապանք…
Եւ այսպիսո՜վ թաւալեցան
Տարիները մեր հէգ կեանքին,
Ու քայլ առ քայլ կայունացան
Հիմքն ու սիւները իմ միտքին:
Ո՜վ շինարար հոգիներու,
Շէն պահեցիր միտքս լուսէ,
Խաւարէն լոյս տանող ճամբան
Ուսուցի՛չն է, որ կը հիւսէ:
Հիմա ըսէ՛, թէ ինչպէ՞ս ես,
Ինչպէ՞ս անցնիմ ես աննկատ
Եւ ինչպէ՞ս ես ծունկի չգամ,
Չհամբուրեմ ձեռքերդ վարդ…
Ձեռքերդ, որ կնճռոտած են
Միտքս յղկելու կտտանքէն:
Ըսէ՛ք` ինչպէ՞ս չխոնարհիմ,
Չհամբուրեմ ձեռքը սուրբին,
Որ իր կեանքը անտեսելով`
Կեանքի կոչեց, լուսաւորեց,
Ճրագ դարձուց իմ մութ հոգին:
Ըսէ՛ք` ինչպէ՞ս չխոնարհիմ,
Չհամբուրեմ այդ ձեռքերը,
Որոնք շէկ ձեռքս բռնեցին,
Սիրտս ու հոգիս գգուեցին,
Խամրեցան, որ ծլիմ, ծաղկիմ:
Որքա՜ն ալ վերելքներ տեսնեմ,
Որքա՜ն ալ հռչակ վայելեմ,
Բոլորէն վեհ, բոլորէն վեր,
Ի՛մ ուսուցիչս կը դասեմ:
Որքա՜ն ալ փառքի տիրանամ,
Բարձրաստիճան անձ մը դառնամ,
Դրոշմդ սրտիս կը քալեմ,
Ի՛մ սրբագործ, սո՛ւրբ վարժապետ,
Ո՜վ հոգիի ճարտարապետ:


