Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յեղաշրջման Ուղիով` Լուսաւորման Ուղիով

March 9, 2018
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդկութեան արժանիքներու հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ գիտութեան յառաջխաղացքը Ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ եւ բազմատեսակ փուլերէ անցած են եւ նոյնպէս պիտի շարունակեն զարգանալ: Կը մնայ որոշել, թէ ժամանակի ո՛ր կողմն ենք մենք, եւ ո՞ր կողմը պէտք է ըլլանք: Յեղափոխական մեր դիմագիծը մեզի կը պարտադրէ ըլլալ յառաջադէմ, սակայն յաճախ կ’անտեսենք այդ բառին իմաստն ու կամքը` զայն փոխարինելով վաղեմի ու դասական խորհուրդներով:

Քսաներորդ դարու սկիզբի Սիմոն Զաւարեանի առաքելութիւնը Պէյրութի մէջ նոյնն էր, ինչպէս եղած է ու պիտի շարունակէ ըլլալ Զաւարեան ուսանողական միութեան ուղին: Մէկ բառով  սահմանելով` Զաւարեանի առաքելութիւնը լուսաւորումն էր:

Լուսաւորում` գիտութեան եւ գիտակցութեան, զարգացման եւ յառաջդիմութեան եւ, վերջապէս, յանդգնութեան մէջ:

Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը լուսաւոր մտքի ու հոգիի մարմնացումն է:

Անհաւատն ու տեղքայլ ընողը տեղ չունին Դաշնակցութեան մէջ: Դանդաղաշարժը պիտանի չէ Դաշնակցութեան համար: Փայլած են ու կը փայլին միայն իրենց ժամանակէն առաջ եկողները, ինչպէս` Զաւարեանը:

Կեղծ այլախոհութեան ու նախնական յառաջդիմողականութեան  «ռահվիրաները» այսօր լաւապէս գիտցուած ու ճանչցուած են մեր ընկերութեան մէջ, որ օրէ օր առ աւելի կը դառնայ նիւթապաշտ եւ սմսեղուկ: Այս երեւոյթին հովանաւորներն են անոնց հանդիսատեսները եւ ծափահարողները:

Ցաւալին այն է, որ շատեր կը կարծեն, թէ ժամանակին հետ քայլ պահելը համակշիռ է նենգութեան եւ եսի շահերուն, եւ թէ` սկզբունքը համակշիռ է յետամնաց պահպանողականութեան: Ի դէպ, մեր ախտերը արեգակի շողերուն պէս տեսանելի են ու կիզիչ: Կը տեսնենք ու կը լսենք եւ կը խօսինք, սակայն չենք շարժիր: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ կ’ապրինք մակերեսային ու նիւթական անհատականութեան խաւարին մէջ:

Առ այդ, կու գայ Զաւարեանի պատգամը, որն է` լուսաւորումը: Լուսաւորում` խիղճի, հաւատքի ու կամքի: Լուսաւորում`գիտակցութեան, զարգացման, յանդգնութեան ու գործի:

Զաւարեանի ուղիով ոտնակոխենք ամբոխավարութեան ռահվիրաները, խորտակենք նենգամիտ եսի ստրուկները եւ վերադառնանք Զաւարեանի լուսաւոր խորհուրդին` անկեղծ եւ յանդուգն բարոյականին:

 

Նախորդը

Աթէշեաններու Պատարագը Աւարտած Է

Յաջորդը

Արդար Խաղաղութիւն, Այլ Ոչ Թէ` Արդարութեան Ուրացում

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.