Մարդ մը… Արմենակ Աշճեան. կեանք մը, ողջախոհ մը, երիտասարդութեան ծարաւ պայքար մը` քաղաքական, գաղափարական եւ պատկանելիութեան համար. պայքար քաղաքական կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար: Կեանքի այս ուղին կը տանի ազատութեան ծարաւի ճանապարհ:
Փետրուար ամսուան ընթացքին մահը կը մօտենար եւ կը տխրեցնէր մեր ընտանիքին մօտիկ շրջապատին հոգին ու սիրտը` մեծ ցաւ ու տխրութիւն պատճառելով:
Մեր հայրը` Արմենակ Աշճեան, շատ կը տխրէր հայ ժողովուրդի պատմութեան, Հայոց ցեղասպանութեան համար, որ բռնութեան ամէնէն սաստիկ աստիճանն է:
Ան կ՛ընդվզէր ոմանց արտայայտութեան դէմ, որոնք կը վախնային նեղացնել Օսմանեան կայսրութիւնը եւ կը շարունակէին ուրանալ այն, ինչ որ ամբողջ աշխարհը գիտէր, 24 ապրիլ 1915-ի ողբերգութիւնը` Արեւմտեան Հայաստանէն հայերու տեղահանման թուականը:
Մեր մօր մտքին մէջ անցեալի տխուր տեսարանները կը կրկնուէին` անապատին մէջ մահը, կիներու բռնաբարութիւնը, որոնք աննախընթաց մարդկային ողբերգութիւններ են:
Իր ամէնէն թանկագին փափաքն էր մեր պատմութեան ճանաչումը` բոլոր երկիրներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւել եւ գտնել իսկական արձագանգ մը` բոլոր երկիրներուն մէջ: Անկէ ետք պահանջել, որ Թուրքիան զղջայ եւ ճանչնայ իր պատմութիւնը` առանց ապատեղեկատուութեան: Հայութեան հաւաքական ծրագրուած ջարդը կը յուզէր մեր հօրը սիրտն ու հոգին: Անհետացածներու յիշատակը միշտ կը սաւառնէր իր մտքին մէջ:
Մեր հայրը` Արմենակ Աշճեան, կը մտահոգուէր յիշողութեան համար, պարտականութիւն կը զգար աշխարհասփիւռ նոր սերունդներուն փոխանցել մեր պատմութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Իր մէջ կը պահէր հայոց պատմութեան վէրքը եւ մշակութային, պատմական, իրաւական եւ քաղաքական փոխհատուցման պահանջը: Յարատեւ կը պահանջէր, որ արդարութիւն ըլլայ:
Մեր հայրը` Արմենակ Աշճեան, կը սիրէր նաեւ Լիբանանը` մայրիներու երկիրը, որ իր սահմանները բացած էր ընդունելու հայ գաղթականները, ներառեալ զինք` եւ իր երկու եղբայրները, մեր հօրեղբայրները` Յակոբ Աշճեան եւ Աբրահամ Աշճեան (Աբօ) եւ անոնց մայրը` Վարդուհի Աշճեան:
Երեք եղբայրները սերտօրէն կապուած էին խոր սիրով, մեծ ջերմութեամբ եւ յարգանքով: Մէկը միւսին հերոսն էր: Անոնց նպատակն ու պայքարը մէկ էր, անոնց գաղափարախօսութիւնը համախմբուած էր նոյն քաղաքական կուսակցութեան շուրջը: Անոնք միշտ միաձուլուած էին լաւին ու գէշին համար: Անոնք երեք հրացանակիրներու պէս կը կազմէին միացեալ ճակատ` թշնամիին, օտարին, անսպասելիին եւ անյայտին դէմ:
Իր եղբայրներուն կորուստը անուղղելի բաց մը ձգեց մեր հօր սրտին մէջ: Անցեալի յիշատակներ, եղբայրներուն հետ ուրախ կամ նուազ ուրախ պահեր, մայրը, որ իր եւ իր եղբայրներուն կեդրոնական առանցքը կը կազմէր: Այս բոլոր յիշատակները իր մէջ կը պահէին պզտիկ բոց մը` մոմի նման, որ չի հալիր եւ մտքին մէջ անդադար կը շարժէ իրենց կեանքին պատմութիւնը սկիզբէն մինչեւ աւարտ:
Մեր հայրը միշտ կը մտածէր լիբանանահայութեան մասին, անոր գոյութեան եւ բարեկեցութեան: Ան հպարտ էր հայ երիտասարդութեամբ եւ հետաքրքրուած էր հայ մշակոյթով, հայ դպրոցներու դասաւանութեամբ եւ կրթութեամբ: Ուշադիր էր համայնքին վերաբերող բոլոր հարցերուն:
Մեր հայրը` Արմենակ Աշճեան, լայնամիտ, հասկացողութեան տէր եւ մտիկ ընող անձ մըն էր: Ան կարողութիւն ունէր իր երեխաներուն սխալները (եթէ կային) անտեսելու` անոնց թոյլ տալով բացայայտել իրենց սխալները, առանց անմիջականօրէն միջամտելու եւ ըլլալու բարոյախօս մը: Ան յստակ գիտէր, որ այդ դիւանագիտական մօտեցումը իր դրական արդիւնքը պիտի տայ` առանց բախումներու կամ վէճի, առանց սերունդներու միջեւ վիճաբանութեան:
Ցաւով ու սուգով ծանրաբեռնուած ենք, բայց կեանքը կը քշէ վէրքերը դէպի յիշողութեան անդունդը եւ մոռցնել կու տայ կեանքի ամէնէն ցաւալի պահերը:
Մենք կ՛աղօթենք մեր հօր համար, իր վերջին հանգիստին համար, դրախտի մէջ: Ան խաղաղութեան եւ հանգստութեան մէջ թող գտնէ իր սիրելիները:
Հողը թեթեւ գայ, հայրի՛կ:
ՃԻՄԻ ԵՒ ՌՈԶԻՆ ԱՇՃԵԱՆՆԵՐ


