Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ոսկրափխրութիւնը» Նիւթով

March 9, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 փետրուար 2018-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոսկրափխրութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց  բեկաբուժ- վիրաբուժ` տոքթ. Պետրոս Գարակէօզեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ակնարկելով օրուան դասախօսութեան նիւթին` ըսաւ, որ ոսկրափխրութիւնը (osteoporosis) հիւանդութիւն մըն է, որ մտահոգութիւն կը պատճառէ տարեցներուն: Յիսուն տարիքը անց կիներուն 30%-ը կը տառապի ոսկրափխրութենէ, որուն հիմնական պատճառը Տէ. կենսանիւթի պակասն է: Ան թելադրեց ներկաներուն` պարբերաբար այցելել բժիշկին, կատարել համապատասխան քննութիւնները, յայտնաբերել ոսկրափխրութիւնը եւ հետեւիլ բուժումին: Ապա ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, հրաւիրեց զայն մանրամասնօրէն խօսելու յիշեալ հիւանդութեան մասին:

Տոքթ. Պետրոս Գարակէօզեանը նախ անդրադարձաւ osteoporosis բառին եւ ըսաւ, որ  անիկա յունարէն լեզուէն յառաջացած բառ մըն է եւ բաղկացած է երկու արմատներէ. osteo` կը նշանակէ ոսկոր, իսկ porosis` անցք: Ոսկրափխրութիւնը ոսկրային հիւանդութիւն մըն է, որ կ՛արտայայտուի ոսկորներու կոտրուածքներու վտանգին յառաջացման բարձրացումով` առանց արտաքին որեւէ գործօնի: Կարգ մը հեղինակներ ոսկրափխրութիւնը կ՛անուանեն կանացի գաղտնի հիւանդութիւն, որովհետեւ որոշ կանայք կը տառապին այդ հիւանդութենէն` առանց գիտնալու: Ոսկրափխրութեան ատեն կը նկատուին` ոսկորներու խտութեան նուազում եւ վատառողջ ոսկրային հիւսուածք. ոսկորները կը դառնան  տկար եւ դիւրաբեկ` նուազագոյն մարմնական շարժումի եւ հարուածի պարագային, մասնաւորաբար` կոնքի, ողնայարի եւ դաստակի ոսկորները:

Ոսկրափխրութիւնը կարելի է բաժնել երկու դասակարգումներու.

1.- Առաջնային:
2.- Երկրորդական:

Առաջնային դասակարգումը իր կարգին կը բաժնուի տարբեր խումբերու.

ա.-  Idiopathic osteoporosis.- կը յայտնուի փոքր երեխաներու եւ երիտասարդներու մօտ, որուն պատճառները անյայտ են:
բ.- Postmenopausal osteoporosis (յետդաշտանադադարի ոսկրափխրութիւն):
Դաշտանադադարի ընթացքին կիները կ՛ունենան էսթրոժենի (estrogen) քանակի անկում. էսթրոժենի յատկութիւններէն մէկն է` ոսկորներու պաշտպանութիւնը. անոր նուազումով ոսկորները կը դառնան դիւրաբեկ:
գ.- Senile osteoporosis.- կը յայտնուի յառաջացած տարիքի կիներու եւ տղամարդոց մօտ:

Երկրորդական ոսկրափխրութիւնը տեղի կ’ունենայ որեւէ տարիքի ընթացքին, եւ որուն հիմնական  պատճառը որոշ դեղերու երկարատեւ գործածութիւնն է:

Ոսկրափխրութիւնը հիմնական ախտանշաններ չունի, ան կը մնայ առանց ախտանշանի երկար տարիներ եւ ի յայտ կու գայ յանկարծակիօրէն` ոսկորի մը կոտրուածքով:

Ոսկրափխրութեան կարեւոր պատճառները կարելի է համարել.

ա.- Որոշ դեղերու երկարատեւ գործածութիւնը, ինչպէս` քորթիզոնը (cortisone):
բ.- Քաղցկեղային եւ արեան որոշ հիւանդութիւններ, ինչպէս` սպիտակարիւնութիւնը (leukemia):
գ.- Գեղձային հիւանդութիւնները, ինչպէս` վահանագեղձի գերաշխատանքը (hyperthyroidism) եւ շաքարախտը:
դ.- Քիչ քանակութեամբ կիր (calcium) պարունակող ուտելիքներու սպառումը:
ե.- Նստակեաց կեանքը:
զ.- Ծխախոտի յարատեւ գործածութիւնը:
է.- Ոգելից ըմպելիներու եւ քաֆէինի երկարատեւ գործածութիւնը:

Ոսկրափխրութեան ախտաճանաչումը տեղի կ՛ունենայ ոսկորներու խտաչափութեամբ (osteodensitometry),  որուն միջոցով կը չափուի ոսկորներու խտութիւնը, մասնաւորաբար` ողնայարի, ձեռքի-դաստակի եւ կոնքի ոսկորներուն. ասոնց շնորհիւ կը կատարուի ոսկրափխրութեան ախտաճանաչումը եւ զօրութիւնը, որպէսզի  կարելի ըլլայ կասեցնել զայն եւ արգելք հանդիսանալ ոսկրային կոտրուածքներու: Յիշեալ քննութիւնը պարտադրաբար պէտք է կատարուի 65 տարեկանը անց անձերու պարագային:

Ոսկրափխրութեան հիմնական բուժում չկայ, սակայն կարելի է կասեցնել անոր յառաջխաղացքը` համապատասխան դեղերու գործածութեամբ:

Ոսկրափխրութեան պատճառով պատահած ոսկրային կոտրուածքները կը բուժուին վիրաբուժութեամբ:

Ոսկրափխրութիւնը կարելի է կանխարգիլել կանխազգուշական հետեւեալ միջոցներով.

1.- Ունենալ առողջ սննդականոն, հարուստ կաթնեղէններով եւ կիրով,
2.- Կատարել յարատեւ եւ չափաւոր մարզանք,
3.- Օգտուիլ արեւու ճառագայթներէն, որոնցմէ կրնանք ստանալ Տէ. կենսանիւթ,
4.- Հեռու մնալ ոգելից խմիչքներէ եւ ծխախոտէ:

Աւարտին, դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Դասախօսութեան ներկայ էին «TABA» դեղի ընկերութեան պատասխանատու Մէյ Մահմուտը եւ դեղագործուհի Ռիթա Վարդապետեանը, որ  ներկաներուն ներկայացուց կարգ մը կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու ունեցած կարեւորութիւնը մեր մարմնին համար: Ապա ներկաներէն իւրաքանչիւրին բաժնեց 24 կենսանիւթ մէկ դեղահատի մէջ մէկտեղուած «Forceval» դեղը` մէկ ամսուան համար օգտագործուելու:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ուշադրութի՛ւն, Ուշադրութի՛ւն

Յաջորդը

Աֆրինը Հայոց Ցեղասպանութեան Գործընթացում

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.