Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի՛ Եկած Էք Մեր Մօտ

March 9, 2018
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Կ’ըսեն, որ լաւատեսութիւնը բնականօրէն կը ներգրաւէ լաւ երեւոյթներ: Կ’ըսեն, որ լաւատեսութիւնը յառաջ կը տանի մեզ` տալով յոյս եւ ստեղծելով հոգեպէս ուրախ ու խաղաղ վիճակ մը: Կ’ըսեն, որ պէտք է աշխարհը տեսնենք վարդագոյն: Կ’ըսեն, որ պէտք է միշտ տեսնենք ամէն երեւոյթի դրական կողմը: Այո՛… Դիւրին է ըսելը… Բոլորս ալ կը փորձենք տեսնել լաւը` կեանքի ամէնէն դժուար պահերուն մէջ: Տեսնել լաւ կողմը` ամէն հարցի ու անձի մէջ:

Ճիշդ է, տեսնելով լաւը` նաեւ կը ձգտինք լաւին:

Բայց տեսնելով միայն լաւը, արդեօք չե՞նք գինովնար այդ վարդագոյն երազային աշխարհին մէջ: Վատը միշտ կայ եւ պիտի ըլլայ: Մեր բոլորին պարտականութիւնն է զայն մատնանշել եւ ոչ թէ ծածկել ու մոռնալ` խփելով մեր աչքերը: Վատը տեսնել` չի նշանակեր ընդմիշտ տառապիլ անկէ, միշտ մտածել այդ մասին եւ կամ ըլլալ յոռետես: Վատը ի յայտ բերելով` պարզապէս կը դառնանք գիտակից ու իրատես: Այո՛, կարելի է ըլլալ իրապաշտ` հարցերուն մօտենալով լաւատեսութեամբ, բայց անընդունելի է ըլլալ կուրօրէն լաւատես:

Երբեմն` «Կոյր կը դառնանք իրողութեան դիմաց եւ նաեւ կոյր կը դառնանք մեր կուրութեան նկատմամբ»:

Daniel Kahneman

Բարի՛ իրիկուն,

Բարի եկած էք հոս, մեր մօտ, տիեզերքի ամենալաւ ու ամենահզօր մոլորակը:

Մեր մօտ ամէն բան լաւ է, ամէն բան կարգին է, ամէն բան` վարդագոյն:

Մեր երիտասարդները կեանքով լեցուն, խանդավառ, խիզախ ու պահանջատէր են, իսկ մեր երէցները ո՛չ միայն գիտակից են, այլ նաեւ մանուկի զուարթ հոգի ունին:

Հոս ամէն մարդ ազատօրէն կ’արտայայտուի: Աշխարհի բոլոր բնակիչները իրարմէ տեղեակ են ու միշտ ամէն բանի մասին ազատօրէն կը զրուցեն: Մեծերը հայրական խրատներով կ’ուղղեն աւելի փոքրերը: Բոլորս կը բաժնենք մեր մտահոգութիւնները, կ’արծարծենք այլազան նիւթեր ու միասնաբար կ’աշխատինք բարելաւելու համար մեր այս սքանչելի երկրագունդը:

Հոս` մեր այս ստեղծած աշխարհին մէջ, ամէն մարդ գիտէ գործը բաժնել, ո՛չ միայն կարող անձերու, այլեւ` արժեւորելով ու յառաջ մղելով բոլորը: Բոլորը զիրար կը սիրեն եւ կ’աշխատին ուրիշին եւ մանաւանդ աշխարհին լաւութեան համար: Մենք կը հաւատանք, որ առողջ մթնոլորտը կ’ուղղէ առողջ աշխատանք ու առողջ  յարաբերութիւններ ստեղծելու:

Մեր մօտ երեւոյթները կարեւոր չեն: Կարեւոր չէ նստած շարքդ կամ սեղանդ, քշած ինքնաշարժդ, հագած զգեստդ կամ ունեցած տիտղոսդ:

Հոս այնքան մտերմիկ է մթնոլորտը, որ նոյնիսկ այժմէական միջոցներով, ինչպէս` Դիմատետրով, համացանցով, կը բաժնենք այլոց «փառքը»` զայն վերածելով հսկայ նուաճումի մը: Պէտք է հասկնալ, որ ամէն մարդ կը սխալի, որ` դիւրին է քննադատելը: Սակայն ճիշդ չէ մատնանշել այդ սխալները միայն, երբ դիմացը մեր աշխարհը կը ծաղկի ու կը բարգաւաճի: Պէտք է ընդունիլ, որ նոյնիսկ այդ սխալները ակամայ կ’ըլլան, ու անոնց սրբագրութեամբ, նոր սխալներ չեն գործուիր: Հետեւաբար, գալով մեր ցաւերուն, մտահոգութիւններուն ու բողոքներուն` սորված ենք պահել թաքուն եւ կամ արտայայտել անուղղակի ու կատակի ձեւով, որովհետեւ «հետեւողական» աշխատանք կը տարուի հոն:

Ճիշդ այդ «հետեւողական» աշխատանքին պատճառով մեր իրականութեան մէջ ամէն մարդ հանգիստ է: Ըլլաք Հայաստան կամ Լիբանան. Ֆրանսա, Քանատա թէ Ամերիկա, անկարելի է` տեսնէք տխրութիւն (բացի անշուշտ այդ քանի մը մոլորած խումբերուն մօտ): Հրամեցէք մեր մօտ, ձեզի ալ տեղ կայ հոս: Նորեկներուն յարմար տեղ ունինք: Ձեր աջակցութիւնը մեզի համար կարեւոր է:

Կարծիքդ յայտնելու առիթներ կրնաս գտնել: Միշտ մտիկ ընող կայ: Սակայն չմոռնաս ըլլալու զուսպ եւ զգուշ, մոլորածներէ հեռու մնալով, որպէսզի յանկարծ չվարակուիս:

Բարի՛ եկած էք, նորեկնե՛ր:

Բարի՛ գիշեր:

 

 

 

Նախորդը

Խիղճին Վէրքը Դարման Չունի

Յաջորդը

Հայաստանի «Մեծ Եղբայրը». Հայ-Ռուս Յարաբերութիւններ Եւ Ռուսիոյ Ներկայութիւնը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.