Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի «Մեծ Եղբայրը». Հայ-Ռուս Յարաբերութիւններ Եւ Ռուսիոյ Ներկայութիւնը Հայաստանի Մէջ

Մարտ 9, 2018
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Հայաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ միակ դաշնակիցը կը համարուի. Վրաստանը արեւմտայնացուած է, Ազրպէյճանը, խուսափելով Ռուսիայէն, մտերմացած է Կեդրոնական Ասիոյ շարք մը երկիրներու հետ, իսկ Հայաստանը վերջին տարիներուն աւելի կը խորացնէ իր բարեկամութիւնը Ռուսիոյ հետ:

Այս անհաւասար կապը երկու երկիրներուն միջեւ` կ՛ընդգրկէ երկկողմանի առեւտրական համաձայնագիրներ, լայնածաւալ ռուսական սեփականութիւն` հայկական կարեւորագոյն կալուածներու, ռուսական ռազմական ներկայութիւն` հայկական հողի վրայ, ինչպէս նաեւ` երկկողմանի եւ բազմակողմանի տնտեսական եւ անվտանգութեան դաշինքներ:

1990-ական թուականներէն սկսեալ Մոսկուան Հայաստանին տրամադրած է այն, ինչ անհրաժեշտ էր երկրին գոյատեւման համար, հաշուի առնելով Հայաստանի աշխարհաքաղաքական պահանջները, անվտանգութիւնը: Երկիրը դէմ յանդիման գտնուած է բացառապէս պահանջկոտ տարածաշրջանային կացութիւններու` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շարունակուող հակամարտութիւններու լոյսին տակ: Այս պատերազմը պատճառ դարձած է, որ երկրի չորս սահմաններէն երկուքը մնան փակ, 1990-ականներու սկիզբէն կերտած է Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ անկախութենէն ի վեր կը շարունակէ մնալ Հայաստանի համար հիմնական սպառնալիքը: Այս պատճառով պաշտպանուելու ձգտումը մղած է երկիրը աստիճանաբար կախեալ մնալու Մոսկուայէն:

Ծաւալուն զիջումներ Հայաստանի պետութեան կողմէ թոյլ տուած են, որ Ռուսիան սեփականատէր դառնայ երկրի տնտեսութեան մեծ մասին: Այս զիջումներուն առաջինն ու մեծագոյն օրինակն է 2003 թուականի պարտքի դիմաց կալուածամասերու պայմանագիրը, որ հայկական հինգ հիմնական ուժանիւթի կալուածներ փոխանցած է Ռուսիոյ` պարտքի փոխհատուցման դիմաց: Այս կալուածներուն մաս կը կազմեն` Մեծամօրի հիւլէական կայանը, երկրի վեց ջրելեկտրական գործարանները, ինչպէս նաեւ` միակ ջերմելեկտրական գործարանը: Այս բոլորը երբ միացնենք, Մոսկուա սեփականատէրը կը դառնայ երկրի ելեկտրականութեան եւ ընդհանուր ուժանիւթի 90%-ին:

Այսօր Հայաստանի շուկայի վրայ գործող օտարերկրեայ ընկերութիւններուն շուրջ մէկ երրորդը ռուսական է, եւ Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի տնտեսութեան հիմնական ներդրողը` 4 միլիառ տոլարի կուտակային ներդրումներով:

Երկկողմանի առեւտուրի առումով, Ռուսիան կը հանդիսանայ Հայաստանի ներածումներու հիմնական աղբիւրը եւ հայկական վաճառանիւթի երկրորդ հիմնական ուղղութիւնը:

Ռուսիա բնակող նկատելի հայկական սփիւռքը ռուսական հեղինակութեան եւս մէկ գործիք է: Պանդուխտներու դրամական փոխանցումները զգալիօրէն կ՛ազդեն Հայաստանի տնտեսութեան վրայ` կազմելով երկրի ՀՆԱ-ի 13%-ը: Նոյնիսկ աւելի աւանդական «սոֆթ փաուըր»-ի ծիրին մէջ, Ռուսիան ընդարձակ ներկայութիւն ունի Հայաստանի բնակչութեան մէջ: Օրինակ` տեղացիներուն շուրջ 49%-ը կը վստահի ռուսական լրատուամիջոցներու` որպէս իրենց ամէնօրեայ լրատուական աղբիւրին1:

Հայաստանը 2015 թուականին դարձաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ. այս անդամակցութիւնը լայնօրէն կը համարուի իբրեւ Ռուսիոյ կողմէ պարտադրուած քայլ, որ պէտք էր բարելաւէր Հայաստանի տնտեսական վիճակը, սակայն Ռուսիոյ պարտադրուած միջազգային պատժամիջոցներու պատճառով Հայաստանը ԵՏՄ-ի անդամակցութեան դրական արդիւնքները տակաւին չտեսաւ: Ինչ կը վերաբերի ռազմական համաձայնագիրներու, Ռուսիան եւ Հայաստանը կնքած են դաշինք մը, որ անցած տարուան ընթացքին երկարաձգուած է. անիկա կը հաստատէ, որ ռուսական զօրք մը մնայ Հայաստանի մէջ: Այս զօրանոցը Գիւմրիի մէջ կը գտնուի եւ առնուազն մինչեւ 2044 թուական այդ հինգ հազարնոց բանակը պիտի մնայ Հայաստանի հողին վրայ` օժանդակելու համար հայկական զինուած ուժերուն` ապահովելու Հայաստան-Թուրքիա, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Իրան սահմանները2: Այս զօրքը պաշտպան պիտի կանգնի հայկական բանակին` որեւէ մէկ յարձակման ժամանակ: Այս համաձայնագիրը, սակայն, կ՛ընդգրկէ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած պետական սահմանները` դուրս ձգելով Արցախը:

Բացի այս` Հայաստանը նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ է, որուն չորրորդ յօդուածը կը նշէ, որ այն պարագային, երբ անդամ պետութիւններէն մէկը յարձակման ենթարկուի, այդ անդամ պետութիւններուն կողմէ կը դիտարկուի իբրեւ յարձակում` բոլոր անդամ պետութիւններուն վրայ: Այս պատճառով է, որ Հայաստանը շատ գործնական դեր կը խաղայ այս կազմակերպութեան վրայ, տրուած ըլլալով, որ միակ երկիրն է, որ ներկայիս պատերազմի սպառնալիքին տակ կը գտնուի: Առաւել եւս, Մոսկուան Հայաստանին զէնքեր եւ զինամթերք կը մատակարարէ զեղչուած գիներով, ներառեալ` բազմակի հրթիռային համակարգեր, հակահրասայլային հրթիռներ, ինչպէս նաեւ` ձեռքի հակաօդային հրթիռներ: Ռուսիան կրնայ համարուիլ Հայաստանի անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը:

Այս բոլորը ցոյց կու տան Ռուսիոյ հսկայական ազդեցութիւնն ու իշխանութիւնը Հայաստանի վրայ` տնտեսական, զինուորական եւ բնականաբար նաեւ կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս, ապացուցելով Հայաստանի կախուածութիւնը Ռուսիայէն: Վիճակ մը, որ չափազանց վտանգաւոր կրնայ թուիլ Արցախի վրայ նոր յարձակման մը ժամանակ, երբ Ռուսիան Հայաստանը նկատելով իր «իշխանութեան» տակ` անցնի Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները մշակելու` մէկդի ձգելով իր պարտաւորութիւնները Հայաստանին հանդէպ:

30/11/2017

 

Աղբիւրներ`

1.- Pearce, K. (2011). Armenian Media Landscape(Rep.). Yerevan: Caucasus Research Resource Center. Retrieved from http://www.mediainitiatives.am/sites/default/files/ArMediaSurveyReport.pdf

2.- Sahakyan, A. (2016, February 27). Russia’s Staging Bases in Armenia. Retrieved from https://www.huffingtonpost.com/armine-sahakyan/russias-staging-bases-in_b_9339046.html

Նախորդը

Բարի՛ Եկած Էք Մեր Մօտ

Յաջորդը

Աթէշեաններու Պատարագը Աւարտած Է

RelatedPosts

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը
Զաւարեանական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Օգոստոս 26, 2025
Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը
Զաւարեանական

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?