Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Կանանց միջազգային տօնին առիթով, յատուկ կարեւորութեամբ կը շնորհաւորենք աշխարհի որեւէ անկիւն ապրող իւրաքանչիւր հայ կնոջ տօնը:
Տօն, որ կնոջ ըլլալու կողքին, տօնն է իւրաքանչիւր անհատի, համայն մարդկութեան:
Տօն, որ հայ կնոջ տօնը ըլլալու իւրայատկութեան կողքին, տօնն է իւրաքանչիւր հայու, համայն հայութեան, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի:
Մեր ալ տօնն է այս, Լիբանանի հայութեան, իր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերով, բոլոր կառոյցներով, կազմակերպութիւններով, յարանուանութիւններով, եկեղեցական թէ աշխարհիկ հաստատութիւններով:
Կնոջ միջազգային տօնը, համամարդկային իր արժէքով, տօնն է հայ մօր, կնոջ, քրոջ, տատիկին, հայ ուսուցչուհիին, բանուորին ու պաշտօնեային, հայ կին գործատիրոջ, թէ լրագրողին, հայ կամաւոր աշխատողին, թէ կին դերասանին, հայ կին պետական պաշտօնեային, թէ ազգային հասարակական կեանքի մէջ գործօն դերակատարութիւն վերցուցած առաջնորդող ու որոշում կայացնող հայ կնոջ:
Տօնը, սակայն, նշումէն անդին, առիթ է առօրեայ կեանքի, առօրեայ սկզբունքի, առօրեայ գործի: Տօնն է զանոնք իրականութեան վերածելու:
Խնդիրը կիներու իրաւունքի միջազգային չափանիշներու գործադրութիւնը ըլլալու կողքին, հայկական իրականութեան մէջ այդ չափանիշները հայացնելու, հայակեդրոն դարձնելու հարցն է:
Ու այս հարցը եթէ համալիբանանեան իմաստով վերջին քանի մը տարիներուն գրաւած է քարոզչական հրապարակն ու պահանջատիրական փուլ մտած է, սակայն Լիբանանի ներհայկական թատերաբեմին վրայ, նախորդ դարու իննսունականներէն արդէն, եւ խոր համոզումով ու առանց աղմուկի հայ կինը իր դերակատարութիւնը զարգացուցած է թէ՛ պետական բարձրաստիճան դիրքերու, թէ՛ քաղաքապետական խորհուրդներու, թէ՛ պետական կառոյցներու եւ առընթեր խորհուրդներու մէջ ներկայութեամբ:
Ազգային կեանքի մէջ եւս դերակատարութիւնը հայ կնոջ աստիճանաբար ուժեղ դարձած է: Ազգային երեսփոխանական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ խորհուրդներու անդամակցութեան վրայ արագ ակնարկ մը` ինքնին խօսուն կը դարձնէ մեր հաստատումը:
Դեռ չենք խօսիր կրթական, բարեսիրական, մշակութային թէ մարզական բնագաւառներու մէջ հայ կնոջ հետզհետէ եւ արագօրէն զարգացող դերակատարութեան մասին:
Ու այս յարաճուն զարգացումը ինքնաբերաբար կ՛առաջնորդէ քաղաքական կեանքի մէջ յաւելեալ ուժ եւ ներկայութիւն ըլլալու իրականութեան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի լիբանանեան մակարդակի պահանջներուն` վաղ ամուսնութեան խնդիր, բռնութեան հարց, հաւասար ամսաթոշակի արդարութիւն, լիբանանցիութիւն շնորհելու կնճիռ, մեր իմացութեան սահմաններով ու բաղդատաբար այլ միջավայրերու, բարեբախտաբար, հայկական իրականութեան մէջ նման դրսեւորումներ շատ աւելի նուազ կշիռ կը ներկայացնեն` պահելով անշուշտ զանոնք դարմանելու հարկադրանքը:
Թէ անհրաժեշտ է մեր հայկական իրականութեան մէջ աւելիով խթանել հայ կնոջ դերակատարութիւնը, անվիճելի իրականութիւն է:
Այո՛, անհրաժեշտ է բարեփոխել ու ներկայ պայմաններուն եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն պատշաճեցնել հայ համայնքի ներքին կանոնագրի բացթողումները:
Անհրաժեշտ է անտարակոյս վերանայիլ անձնական իրաւունքի եւ դատաստանագիրքի կարգ մը յօդուածները, որոնք հինէն եկած` կը շարունակեն անհաւասարակշռութիւն ստեղծել ընտանեկան վէճերու եւ ամուսնալուծման խնդիրներու մէջ:
Անշուշտ անհրաժեշտ է աւելի զարգացնել կուսակցական թէ հասարակական կեանքին մէջ հայ կնոջ անվիճելի կարողութիւններուն համապատասխան դիրքեր տրամադրելը եւ կամ` խլել:
Այլ խօսքով, հայ ընտանիքին հիմը նկատուող հայ կինը, այր մարդուն հետ, հիմք է մեր ազգային իրականութեան:
Անհրաժեշտ է, մեր ինքնութեան եւ հայկականութեան ամրապնդման ի խնդիր, միասնաբար ձգտիլ, ծրագրել ու գործադրել հայ կնոջ ու հայ այր մարդուն միատեղ ներդրումը ապահովելու լաւագոյն ձեւերը:
Ի խնդիր ուժեղ հայութեան:
Ի սպաս հզօր Լիբանանի:



