ՎԱՐԴԻՆԷ ԷԹՈՅԵԱՆ
Մահէ յարութիւն առած, բնաջնջումէ վերընձիւղուած սփիւռքահայը կրցաւ նոր սերմեր ցանել ի սփիւռս աշխարհի` յանուն յարատեւելու ու յառաջդիմելու իր աննկուն կամքին, ինքնուրոյն նկարագիրին եւ հաւասարակշիռ մտածողութեան: Լիբանանահայութիւնը` սփիւռքահայութեան մէկ կարեւոր բեկորը, միշտ ալ եղաւ հայու գոյութիւնը պահպանելու բանակին յառաջապահ զինուորը: Հոս, բարձրանալու ճիգը մի՛շտ ալ եղաւ հաւաքական մարմաջ:
Որբ, անտուն լիբանանահայը դառնութեան բաժակը ցմրուր ըմպելէ ետք, ձեռք-ձեռքի տալով ձուլումի ու ոչնչացումի դէմ` բռնեց պաշտպանութեան վահանը, կերտեց մեր ապագան` կառուցելով հայ ժողովուրդի գոյատեւումը ապահովող կարեւորագոյն կեդրոնները` եկեղեցին, ակումբը, դպրոցը: Հայ դպրոցը մի՛շտ վայելեց լիբանանահայութեան գուրգուրանքն ու սէրը: Մարդիկ` բարերարներ եւ բարեկամներ, հայ դպրոցին համար լայն բացին իրենց քսակը: Բոլորը ըմբռնեցին, որ առանց հայ դպրոցի` կարելի չէ ապահով ապագայ պատրաստել լիբանանահայ գաղութին համար: Այսօր, սակայն, ցաւօք սրտի, հայ դպրոցին հանդէպ նոյն ակնածանքն ու գուրգուրանքը գոյութիւն չունի: Տգիտութեան համազօր վարմունքով շատեր կը փորձեն իրենց անպատասխանատու ընթացքով ու արտայայտութիւններով հայ դպրոցի դերը անվարանօրէն նսեմացնել, տարապարտ զրպարտանքներ կը կիսուին, եւ աւելի՛ն, դժբախտաբար հայ դպրոցի ընկրկումին մէջ կը տեսնեն իրենց նեղ ու ներանձնական հաշիւներով գոհացում ու հիմնաւորում տուող անբացատրելի համոզում: Կասկածամիտ ու թերահաւատ անհատներ անհիմն տեղեկութիւններով, փշոտ քննադատութիւններով, կամայ թէ ակամայ, կը վնասեն հայ դպրոցի դիմագիծին: Հոս փակագիծի մէջ կ՛ուզեմ նշել այս անհիմն տեղեկութիւններէն մէկը` Ազգային Միացեալ վարժարանին վերաբերեալ, ըստ որուն, Ազգային Միացեալ վարժարանի ուսուցիչները իրենց ամսաթոշակները չեն ստանար: Կ՛ուզեմ` իբրեւ այդ ուսուցչական կազմին մաս կազմող անհատ, վստահեցնել, որ բոլոր ուսուցիչները նոր հաստատութեան բացումէն մինչեւ օրս, ճի՛շդ ժամանակին ու նաե՛ւ երբեմն ժամանակէն առաջ գանձած են իրենց ամսեթոշակները ամբողջականօրէն, եւ այս մէկը մենք վստահ ենք, որ կ՛իրականանայ յանուն անձնուէր պայքարողներու, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն հայ դպրոցը ոտքի պահելու` քաջ գիտակցելով հայ դպրոցին անհրաժեշտութիւնը սփիւռքահայուն գոյատեւութեան համար:
Քննադատութիւնը, առանց այլ ընտրանքի կամ արմատական լուծումի, կը մնայ բամբասանքի աղբակոյտին մէջ: Սխալը դարմանելու ճիգը հաւաքական պատասխանատուութիւն է, եւ պէտք չէ չարախօսութեան նետեր արձակել այս կամ այն անխոնջ անձնաւորութիւններու հասցէին: Այս ապերախտ բանսարկուները ոչ միայն սխալները լուսարձակի տակ կ՛առնեն, այլ զանոնք խոշորացոյցով կը դիտեն եւ ոզնիի նման փուշեր կը ցցեն իրենց անձնական հաշիւները մաքրելու` ի վնաս լիբանանահայութեան յարատեւութեան:
Բարձրացում… այս պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայու թիրախը: Աւազներէն յարութիւն առած հայը ձեռքը երկարեց իր վիրաւոր եղբօր` միասնաբար դիմագրաւելու բոլոր խոչընդոտները, գոյատեւելու եւ աշխարհին ապացուցելու, թէ հայը չ՛ընկրկիր, չի վհատիր եւ երբե՛ք չի նահանջեր: Միասնաբար կրնանք սրբագրել բոլոր սխալները եւ յառաջդիմել: Միասին պայքարինք ձուլումի ժանիքներուն դէմ, եւ ոչ` իրարու դէմ:



