ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Հայ ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը սնուցող հայ վարժարանը կ՛ապրի դժուարին պահեր: Խօսքը կը վերաբերի սփիւռքահայ իրականութեան, որ սկսած է տակաւ կորսնցնել դիմագծային իր իւրայատկութիւնը: Սա նորութիւն չէ, որուն կ՛անդրադառնանք, որով կը մտահոգուինք, կ՛ընդվզինք ու յաճախ կը պոռթկանք:
Սակայն նորութիւնը այն է, որ, գիտակցելով հանդերձ մեզ սպառնացող վտանգի ահաւորութիւնը, հաւաքաբար կը շարունակենք մնալ դիտողի դերին մէջ, անտարբեր, քմահաճ տրամադրութիւններու ենթակայ, աւելի քան կրաւորական, անվճռակամ, իրականութենէն խուսափելու եւ ինքնարդարացման պատճառներ ներկայացնելու միշտ պատրաստ:
Այլ խօսքով` ազգովին գիտակից ենք սփիւռքեան թաւալգլոր մեր գոյավիճակին, ամէն օր կը տեսնենք ապազգայնացումի եւ օտարամոլութեան հրէշային պատկերներ, կը ցաւինք ի տես իրերայաջորդ սերունդներու կորուստին եւ կը բաւարարուինք կարգախօսերու ետին թաքնուելով:
Պիտի ըսուի, թէ ինչո՞ւ կ՛անտեսենք կատարուած հսկայ աշխատանքները` հայ վարժարանը կանգուն պահելու, ինչո՞ւ կ՛անգիտանանք նուիրեալ հայորդիներու ներդրումն ու գիտակցական ծառայութիւնը` հայ վարժարանի գոյերթը պահպանելու, ինչո՞ւ կասկածի տակ կ՛առնենք հայ վարժարանի առաքելութիւնը, երբ անոր առաջին հիմնադիրը` սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, իր կարգին դիմագրաւեց բազում խոչընդոտներ, գտնուեցաւ դժուարին պահերու մէջ, սակայն շնորհիւ իր պայծառ մտքին, տիտան կամքին ու ազգայնադրոշմ համոզումին, շարունակեց իր երթը եւ ցոյց տուաւ ազգ ու հայրենիք կերտելու սպիտակ ճանապարհը:
Մեր պատասխանը չի կարօտիր բանաձեւումներու, ոչ ալ բռնազբօսիկ հիմնաւորումներու, որովհետեւ հայ վարժարանի նկատմամբ մեր տածած սէրն ու յարգանքը, գերազանցապէս կը բխին հայու արժանապատուութենէն, ազգային գիտակցական մակարդակէն, բայց մանաւանդ` կոյր չձեւանալու հրամայական պահանջէն:
Արդ, հայ վարժարանը պէ՞տք է մնայ իր սրբազան առաքելութեան գագաթին, պէ՞տք է քայլ պահէ արդիական նուաճումներու հետ, օգտուի արհեստագիտական ամէն նորութենէ եւ կարելիութենէ, ունենայ շքեղ կառոյց ու յարմարութիւններ եւ լոյս ճառագայթէ շուրջ բոլոր, անկասկած եւ անվերապահօրէն:
Սակայն հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ եւ մեր հոգիները կը ճմլէ այն է, թէ ինչո՞ւ հայ վարժարանը սկսած է կորսնցնել իր գրաւչութիւնը, հեղինակութիւնն ու կարեւորութիւնը շատ-շատերու համար:
Արդեօք հայ վարժարանը կրթական, ուսումնական, վարչական, կառուցային, կազմակերպչական թէ աշխարհահայեացքային հարցե՞ր կը դիմագրաւէ, որոնք պէտք է անյապաղ լուծումներ գտնեն, որպէսզի կարենանք հայ վարժարանի առաքելութիւնը վառ պահել եւ հայեցի դիմագիծով սերունդներու շարունակականութիւնը ապահովել:
Ըստ երեւոյթին, ցարդ կազմակերպուած խորհրդաժողովներու, սեմինարներու եւ վարժանքներու եզրայանգումները իրենց արդիւնաւէտութիւնը չեն ունեցած եւ կամ չեն նպաստած ինքնաբիւրեղացման:
Օղակ երկրորդ:
Մեզմէ ո՞վ կը յանդգնի ուրանալ հայ դաստիարակի դերակատարութիւնը: Ո՞վ կրնայ համոզել, որ հայ ուսուցիչը լոկ ուսուցողի եւ գիտութիւն ջամբողի տիպարն է, մարդկային վեհ սկզբունքներու ջատագովը:
Այո՛, հայ ուսուցիչը նորահաս սերունդին լուսաւոր ճանապարհին կողմնացոյցն է, առաջնորդողն ու խանդավառողը: Այդուհանդերձ, հայ վարժարանին դիմագիծ ու հնչեղութիւնը պարգեւողը հայ դաստիարակն է, որ օժտուած է ակադեմական բարձր կրթութեամբ եւ ազգային արժէքներու խոր իմացութեամբ:
Դարեր շարունակ հայ դաստիարակն է, որ մայրենիին հանդէպ ցուցաբերած բծախնդիր մօտեցումով, հայ գրականութեան ու մշակոյթին տիրութիւն ընելու եզակի նախանձախնդրութեամբ կրցած է ներշնչել հայ աշակերտը, արթնցնել ազգային ոգին եւ զայն վարակել ազգային ապրումներու գեղեցկութեամբ:
Բնորոշիչ սա խօսքերուն առընթեր եւ սփիւռքեան հայ իրականութեան վիճակը նկատի առած, արդեօք իբրեւ ազգի բաղադրիչներ որքանո՞վ սատար կը կանգնինք վառ պահելու հայ դաստիարակի կերպարի իւրայատկութիւնը, զայն նիւթականի տաղտուկէ ձերբազատելու եւ ծանրաբեռնուածութենէ զերծ պահելու գիտակցութենէ մղուած: Բեմի ճառերը պարզապէս փուչիկներ են, ոչ մէկ իմաստ կը զգենուն, երբ անոնք կ՛արձակուին վայրկեանները խանդավառելու:
Արդ, երբ կը շեշտադրենք հայ դաստիարակի կերպարը ու զայն կ՛ուզենք տեսնել նիւթապէս ապահով եւ հոգեպէս հանգիստ, պարզապէս կ՛ընդգծենք այն վճիտ իրականութիւնը, որ առանց հայ դաստիարակի հայ վարժարանը չի կրնար իր բարձր առաքելութեան մէջ ըլլալ, հայաշունչ տարերքի մէջ գտնուիլ:
Որովհետեւ ի՞նչ իմաստ ունի հայ վարժարանի գոյութիւնը, եթէ երբեք անոր երդիքին տակ ամէնօրեայ ապրում պիտի չըլլայ հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը: Այլ խօսքով` ի՞նչ իմաստ ունի պահել հայ վարժարան, երբ Մաշտոցի շունչը, Խորենացիի միտքը, Նարեկացիի ոգին, Կոմիտասի հանճարը, Վարուժանի, Օշականի, Սիամանթոյի, Սեւակի ու բազում մեծութիւններու անգերազանցելի արժէքները ամէն օր չճառագայթեն հայ մանուկի սրտին ու հոգիին մէջ:
Օղակ երրորդ:
Բոլորիս սրտերը կը ցաւին, երբ ամէն կրթական տարեմուտին կը լսենք, որ հայ ծնողներ, հայ վարժարան աւարտած մայրեր ու հայրեր իրենց զաւակները կը յանձնեն օտար վարժարան: Խոստովանինք, որ տարուէ տարի կ՛աւելնան թիւերը, մանաւանդ` բարեկեցիկ ծնողներու, որոնց 2-3 զաւակներ արդէն մանկապարտէզի տարիքին կը սկսին յաճախել այս կամ այն օտար վարժարանը:
Կայ մետալին միւս երեսն ալ, երբ հայ վարժարանի մը տնօրէնը կը մերժէ արձանագրել նախակրթարանի աշակերտ մը, պատճառաբանելով անոր չարութիւնն ու անհանդարտութիւնը: Ծնողքին ու մասնագէտ բժիշկին իսկ վկայութեամբ, երեխան կրնայ շարունակել դպրոց յաճախել, սակայն պէտք ունի յաւելեալ ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի: Եւ ահա, հայ ծնողքի ընդվզումին մէկ այլ արտայայտութիւնը. երեք զաւակները, ընթացիկ կրթական տարեմուտին կ՛արձանագրէ օտար վարժարան, ուր կ՛արժանանան ամենաջերմ վերաբերումի եւ հոգածութեան: Զո՞վ մեղադրել:
Օղակ եզրակացութիւն:
Կասկածէ վեր է, որ հայը հայ պահող երեք կառոյցները տակաւ կը թուլանան: Սփիւռքեան պայմանները կը դառնան հեղձուցիչ եւ տոկալու մեր կարողութիւնը կը նուազի: Հայ վարժարանը կը կորսնցնէ մեծ թիւով աշակերտներ, հայ դաստիարակը կը դիմագրաւէ բարոյահոգեբանական հարցեր, իսկ հայ ծնողքի ապազգային մօտեցումը կը թունաւորէ ամբողջ հաւաքականութիւն մը:
Եւ մենք կ՛ուզենք ազգովին ապրիլ, հայօրէն շնչել ու ստեղծագործել:
Կը փափաքին գաղութահայ մեր կեանքը բարելաւել, կ՛աշխատինք հայեցի դիմագիծի պահպանութեան համար, կը փորձենք ամէն գնով հասնիլ ազգային մեր տենչերուն, եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնենք` պաշտպանելու ազգային դիմագիծն ու արժանապատուութիւնը:
Սփիւռքահայութիւնը աւելի քան հարիւր տարի է նետուած է գոյութենական պատերազմի դաշտ եւ կը մղէ անհաւասար մարտեր:
Ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօրուան պահանջուածը ռազմավարական ճիշդ ուղղութիւններ որդեգրելն է, հաստատութենական մտածողութեամբ ղեկավարելը, մարդուժի օգտագործումը, հայ դաստիարակի հանդէպ լուրջ ու անկեղծ մօտեցում ցուցաբերելու հրամայականը:
Այս բոլորը, որպէսզի 9 մարտի տօնը պահէ իր խոհական իմաստը:
7 մարտ 2018



