ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Գիրքին հինգերորդ եւ վեցերորդ գլուխները կարելի է համախմբել մէկ վերնագիրի տակ, որն է` միջազգային իրաւունքն ու դիւանագիտութիւնը: Այս աշխատութիւններուն հեղինակները` Հուսինէ Ալլուլ եւ Ուիլ Հենլի, իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ առնչուող կողմերու իրաւական փաստարկներն ու դիւանագիտական կեցուածքները` դէպքին յաջորդող օրերուն եւ ամիսներուն: Օգտագործելով դիւանագիտական նիւթեր եւ ժամանակակից միջազգային օրէնքի ուսումնասիրութիւններ` Ալլուլ կը նկարագրէ պելճիքական կառավարութեան ձեռնարկած քայլերը` «ազատելու» համար պելճիքացի Ժորիսը «Կարմիր սուլթանի ճիրաններէն կամ արեւելեան բռնակալէն»: Անշուշտ պելճիքական դիւանագիտական կեցուածքը որոշ չափով հիմնուած էր եւրոպական պետութիւններու կողմէ` Արեւելքն ու յատկապէս օսմանեան պետութիւնը իբրեւ ստորադաս դիտելու մարմաջէն կամ, ինչպէս յաճախ կը յիշուի, «օրիանթալիսթ» (Orientalist) աշխարհայեացքէն:
Ալլուլ ոչ միայն կը ներկայացնէ պելճիքական կառավարութեան օգտագործած իրաւաբանական փաստարկները, այլ նաեւ կը վերլուծէ անոր խորքը, թաքնուած հակասութիւններն ու ներհակութիւնը: Իբրեւ օսմանեան հողատարածքին վրայ տնտեսական շահեր ունեցող պետութիւն` պելճիքական կառավարութիւնը չէր կրնար պահանջել Ժորիսի արտայանձնումը եւ նոյն ժամանակ` վտանգել տնտեսական առանձնաշնորհումները: Դիւանագիտական ճնշումներն ու օսմանեան հակափաստարկները, ինչպէս Հենլի կը նկարագրէ վեցերորդ բաժինին մէջ, կու գային ցոյց տալու միջազգային օրէնքի իրաւաբանական «որմածակեր»-ը (loophole) կամ թերացումները: Պելճիքական կառավարութիւնը կը պնդէր, թէ Ժորիս իր քաղաքացին էր, եւ ըստ օսմանեան-պելճիքական 1838-ի համաձայնագիրին, պէտք էր դատուէր իր իսկ երկրին մէջ: Ինչպէս Հենլի կը բացատրէ, օսմանեան իրաւաբանները, գլխաւորութեամբ Կապրիէլ Նորատունկեանի, կը վիճարկէին` հաստատելով, որ կատարուած դէպքը կը վերաբերէր օսմանեան սուլթանին եւ, հետեւաբար, օսմանեան դատաստանն էր, որ պէտք էր վճռէր Ժորիսի պատիժը:
Միջազգային օրէնքով եւ փոքր պետութիւններու դիւանագիտութեամբ հետաքրքրուող ընթերցողներուն համար այս երկու գլուխները յատկապէս շահեկան են, որովհետեւ հեղինակները հմուտ կերպով կը ներկայացնեն այն իրաւական գործիքները, որոնք իւրաքանչիւր պետութիւն ունէր իր իրաւագիտական զինանոցին մէջ, եւ որոնցմով պէտք էր «պայքարէր» Ժորիսի համար կամ դէմ:
Հելլի, իր կարգին, շեշտը կը դնէ օսմանեան դիւանագիտութեան վրայ եւ կը բարձրացնէ եւրոպական պետութիւններուն ընձեռնուած առանձնաշնորհումներու (capitulations) հարցերը, որոնք ուրիշ ոչինչ էին, եթէ ոչ` օսմանեան պետութեան վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու քաղաքատնտեսական գործիքներ, եւ որոնք շղարշուած էին միջազգային օրէնքով: Հելիի վերլուծումը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս 20-րդ դարասկիզբին միջազգային օրէնքի փոփոխութիւնները անհատները դրին նոր հարթութեան մը վրայ, ուր անոնք պիտի նոյնանային իրենց պատկանած պետութեան շահերուն հետ` այսպիսով գործօն ազդեցութիւն ունենալով պետութիւններու օրակարգային հարցերու մշակման մէջ: Այսինքն Հելլի կ՛ապացուցէ, թէ ինչպէ՛ս Ժորիսի պելճիքական քաղաքացիութիւնը թոյլ տուաւ այս վերջինիս պետութեան յարիլ միջազգային օրէնքին եւ Ժորիսը ներկայացնել որպէս պելճիքական գերիշխանութեան ենթակայ: Այնուամենայնիւ, Պելճիքայի պետութեան ոչ սպառնական ուժը առիթ ընձեռեց օսմանեան պետութեան` օգտուելու Ժորիսի դատավարութենէն եւ ներկայանալու միջազգային դիւանագիտութեան հարթակին վրայ ոչ ամբողջովին ստորադաս դիրքերէ:
Եօթներորդ եւ ութերորդ գլուխները ընթերցողը կը փոխադրեն դիւանագիտական հարթակէն եւ միջազգային օրէնքի քննարկումէն դէպի հասարակ ժողովրդական խաւեր եւ եւրոպական մամուլ: Հենք տը Սմայէլի աշխատութիւնը ակնարկ մը կը նետէ Եւրոպական եւ յատկապէս պելճիքական մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներուն եւ խմբագրականներուն, որոնք կ՛առնչուէին Ժորիսի դատին եւ Եըլտըզի մահափորձին: Սմայէլի մասնագիտական մօտեցումը ցոյց կու տայ, թէ տեղեկութիւններուն մեծամասնութիւնը, որ կու գար Պոլիսէն, դէպքին յաջորդող քանի մը օրերուն եւ ամիսներուն ընթացքին, ճշգրիտ չէր եւ հիմնուած` սխալ տարաձայնութեանց վրայ: Համիտեան խիստ գրաքննութիւնը կը խոչընդոտէր Եւրոպայի լրագրողներու եւ թղթակիցներու դէպքին բոլոր մանրամասնութիւններու ամբողջական հասանելիութիւնը: Ոչ միայն եւրոպական մամուլը կը հրատարակէր խեղաթիւրուած նիւթեր, այլ, ինչպէս տը Սմայէլ կը բացատրէ, գոյութիւն ունէր ժողովուրդը կանխամտածուած ձեւով ապատեղեկացնելու երեւոյթ: «Արեւելեան բռնակալը», «Ղուրանական արդարութիւնը» կամ «Կարմիր սուլթանը» ոչ միայն պատումներ էին, որոնց ամէնուրեք կարելի էր հանդիպիլ եւրոպական մամուլի էջերուն մէջ, այլեւ անոնք քաղաքական գործիքներ էին, որոնք կեանքի կոչուած էին լուծելու ներազգային (հիմնական պելճիքական) հարցեր: Այս երեւոյթին քննարկումն է, զոր Մարնիքս Պէյէն կը կատարէ ութերորդ գլուխին մէջ` նկարագրելով այն մտաւորականները, որոնք պելճիքական հասարակութիւնը զօրաշարժի ենթարկեցին` ի պաշտպանութիւն Ժորիսի ազատութեան: Պէյէն կը նկարագրէ «մարդկային իրաւունքներ» եզրին գործնականացումը, երբ ձախակողմեան մտաւորականներ (ճանչցուած` որպէս «Ժորիսականներ» (Jorisards) կը շեշտադրէին «քրիստոնեայ Ժորիսը» ընդդէմ «բարբարոս Արեւելքի» զգացական պատումը:
Այս իմաստով, այս բաժինի օգտագործուած աղբիւրները մեծ մասամբ կը բաղկանան մամուլին մէջ հրատարակուած յօդուածներէ, ծաղրանկարներէ կամ զօրակցական կոչերէ, որոնց հանդէպ քննական մօտեցումը թոյլ կու տայ պատմաբանին` կարդալու տողատակի կամ շատ յաճախ ակնբախ հասարակական տրամադրութիւնները եւ հասկնալու ստեղծուած տիսքուրսի ներքին տրամաբանութիւնը, որ պիտի կարենար կողմնորոշել եւրոպական հասարակական կարծիքը: Սմայէլի եւ Պէյէնի աշխատութիւնները զիրար կ՛ամբողջացնեն այն իմաստով, որ առաջինը կը վերլուծէ հակաօսմանեան զգացումներու եւ պատումի ներքին տրամաբանութիւնն ու սկզբունքները, որոնք կը բխէին եւրոպական պետութիւններու գերադասութեան բարդոյթի աշխարհայեացքէն, իսկ երկրորդը կը վերլուծէ ժողովրդական զօրաշարժը` ի պաշտպանութիւն Ժորիսի` որպէս սոյն տրամաբանութեան արտացոլման շարժաբանութիւն:
Չորրորդ գլուխէն սկսեալ գիրքին առանցքը կը զարգանայ Ժորիսի եւ եւրոպական հակազդեցութեան շուրջ` ստուերի մէջ ձգելով հայկական կամ Դաշնակցութեան մէջ ընթացող զարգացումներն ու փոփոխութիւնները, սակայն գիրքին եզրափակիչ մասը կը յաջողի վերստին լուսարձակի տակ առնել պատմութեան այս երեսը: Հեղինակը` Իփեք Եոսմաօղլու, ամփոփում մը կատարելով, ընդհանուր ակնարկ մը կը նետէ օսմանեան հայերու համայնքային եւ քաղաքական կեանքին վրայ` 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ: Եոսմաօղլու կու գայ ըսելու, որ հայ յեղափոխական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը պէտք է հասկնալ որպէս օսմանեան հայ համայնքին մէջ ստեղծուած երկփեղկումի (պոլսակեդրոն եւ գաւառահայութիւն), բարենորոգումներ յառաջացնելու օսմանեան պետութեան ապիկարութեան, ինչպէս նաեւ արդիականացման հետ յառաջացած քաղաքական ահաբեկչութեան օգտագործած նորարար գործիքներու (ինչպէս` Եըլտըզի մահափորձի ականուած կառքը) մէկտեղում:
Ինչպէս հեղինակը դիպուկ կերպով կը բացատրէ, այս երեք հանգամանքները կարելի չէ տարանջատել, եւ միայն անոնց պատմագիտական համարկումով է, որ կարելի պիտի ըլլայ ճիշդ պարունակին մէջ զետեղել Եըլտըզի մահափորձը: Սոյն աշխատութիւնը յաջողեցաւ բազմաթիւ պատասխաններ գտնել հարցադրումներու, որոնք թաղուած էին անցեալի ծալքերուն մէջ` տրամադրելով գիտական այն աւիշը, որով կարելի պիտի ըլլայ հարթել ճանապարհը դէպի նորանոր ուսումնասիրութիւններու եւ նիւթերու, որոնք դուրս մնացած են գիրքին տեսադաշտէն, ինչպէս` ռուսական եւ պուլկարական պետութիւններու հակազդեցութիւնն ու գործօնը, օսմանեան մամուլը եւ այլն: Անշուշտ նման գիտական նախաձեռնութիւններ կ՛ենթադրեն նոր մօտեցումներ, որոնք կարելի եղածին չափ զերծ պէտք է մնան քաղաքական նախապաշարումներէ, զարգանան քննական մտածողութեան խորքով եւ մասնագիտական ու լեզուագիտական տարբեր հմտութիւններու համադրումով: Ինչպէս է պարագան այս գիրքին, խմբագիրներն ու հեղինակները կատարած են քաջալերելի աշխատանք մը, որ լոկ ռումբի մը պատմութենէն անդին կ՛անցնի` զայն բարձրացնելով միջազգային օրէնքի, դիւանագիտութեան, արդիականացման ձեւերու եւ միջոցներու քննարկման աւելի լայն հարթակ:
(Շար. 2 եւ վերջ)