Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդար Խաղաղութիւն, Այլ Ոչ Թէ` Արդարութեան Ուրացում

Մարտ 9, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Վերջապէս, 1 մարտ 2018-ին  Հայաստանը  պաշտօնապէս չեղեալ յայտարարեց 2009-ին  ստորագրուած զիջողական հայ-թրքական  արձանագրութիւնները: Այսպիսով, հայկական գարունը աւելի տաք ջերմաստիճաններ արձանագրեց, քան` բնական գարնանային եղանակի մուտքը այլուր:

Անշուշտ, արձանագրութիւններուն չեղեալ յայտարարուիլը օդէն չեկաւ, այլ անիկա կը բխէր հայ ազգի պահանջատիրական սկզբունքներէն: Եւ հայութեան կողմէ բացայայտուեցաւ, որ այդ սկզբունքները տակաւին կ՛ապրին հայկական հասարակական կեանքին մէջ: Պատմութիւնը պիտի չմոռնայ, որ թէ՛ հայրենիքին մէջ եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին հայը բարձրաձայն ու հպարտօրէն «Ո՛չ» ըսաւ այնպիսի արձանագրութիւններու, որոնք պարտութեան կը մատնէին Հայ դատի պայքարը, ուրացումի կ՛ենթարկէին պատմական արդարութիւնը եւ կը սպաննէին հայ անհատի պայքարի ոգին:

Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պաշտօնապէս չեղեալ յայտարարուիլը մեծ ապտակ մըն է թրքական կառավարութեան նորօսմանական քաղաքականութեան, որ չարաչար կը փորձէ հայութեան ստիպել մոռացութեան ենթարկել ցեղասպանութեան, տեղահանութեան, ջարդերուն եւ բռնագրաւուած կալուածներուն գոյութիւնը: Ան (թրքական կառավարութիւնը) կը հովանաւորէ  խաղաղութեան եւ դրացիական այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր գոյութիւն չունին համամարդկային արժէքներ, ուր հասարակ տիպար մարդու յատկանիշներ չկան (մերժելով ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը եւ ներում հայցել հայերէն), եւ ուր կը տիրէ անտառի օրէնքը (Թուրքիան` իբրեւ մեծ պետութիւն, կը փորձէ իր նախապայմանները պարտադրել աւելի փոքր պետութեան մը), եւ Թուրքիան այդ օրէնքը փորձեց կիրարկել Հայաստանի վրայ, բայց բարեբախտաբար ձախողեցաւ թէ՛ ժողովրդականօրէն եւ թէ՛ պետականօրէն:

Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պաշտօնապէս չեղեալ յայտարարուիլը նաեւ մեծ պարտութիւն մըն է հայկական հասարակութեան մէջ գտնուող բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն զիջիլ թրքական նախապայմաններուն առջեւ, ուրանալ համահայկական օրակարգերը, ապաքաղաքականացնել հայութիւնը, մեկուսացնել հայը Հայ դատի պայքարէն, հայկականութենէ պարպել նոր սերունդը: Անիկա պարտութիւնն է մանաւանդ անոնց, որոնք կ՛ուզեն իրենց առեւտրական գործերն ու ներդրումները կատարել Թուրքիոյ մէջ` անձնական շահերը գերադասելով ազգի սրբազան շահերէն եւ նեցուկ կանգնելով թրքական ծաւալապաշտ քաղաքականութեան` իրենց շռայլօրէն թափած գումարներով` թրքական շուկաներուն մէջ:

Շատեր պիտի կարծեն, որ ժողովրդային «Ո՛չ»-ը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պաշտօնապէս չեղեալ յայտարարուիլը մերժում է խաղաղութեան եւ բարի դրացիութեան: Անոնք կը սխալին` նախընտրելով զիջողական քաղաքականութիւնը` պատմական արդարութեան հաշուոյն:

Ի հարկէ, որեւէ ազգ, որ ողբերգութեան ենթարկուած է, պիտի մերժէ յարաբերութեան մշակումը այն ուժին հետ, որ ծրագրեց այդ ողբերգութիւնը, առանց որ վերջինս իր սխալը ճանչնայ, ներում հայցէ եւ հատուցէ: Բացէ՛ք միջազգային պատմական եւ իրաւական արխիւները ու պիտի տեսնէք, թէ ողբերգութեան ենթարկուած բոլոր ազգերը ո՛չ թէ միայն մերժած են յարաբերութեան մշակումը իրենց թշնամիներուն հետ, այլեւ պայքարած են յանուն իրենց պատմական եւ արդար իրաւունքներու վերատիրացման:

 

 

Նախորդը

Յեղաշրջման Ուղիով` Լուսաւորման Ուղիով

Յաջորդը

Գրախօսական. Եըլտըզի Պոմպան

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?