Արցախի Նախագահը Պարգեւատրեց ՀՅԴ Հայ Դատի Գործիչ Գասպար Կարապետեանը
Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: «Արցախի Հանրապետութեանը մատուցած ծառայութիւնների համար եւ ծննդեան 70-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ, ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախմբի ղեկավար Գասպար Կարապետեանին պարգեւատրել «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով», նշուած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի համապատասխան հրամանագիրին մէջ:




















