ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
«Հայաստանը Կը Պարպուի, Սփիւռքը Կը Մաշի» Արամ Ա. Կաթողիկոս
Օքսֆորտի համալսարանի արեւելագիտութեան ամպիոնի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան վերջերս Դիմատետրի իր էջին մէջ հետաքրքրաշարժ տեղեկութիւն մը հրապարակեց` ներկայացնելով 1948-ին Մարսէյ տպագրուած Յովհաննէս Վարժապետեանի «Գրպանի օրացոյց»-ին 46-րդ եւ 47-րդ էջերը: «Օրացոյց»-ին հեղինակը անոնց մէջ հակիրճ տուեալներով կ’անդրադառնայ 1946–1947 թուականներուն ՀՍՍՌ-ի, այսինքն` Հայաստանի Սովետական Սոցիալիստական Ռեսպուբլիկայի (իմա` Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւն) որոշումով իրականացած ներգաղթի, աւելի ճիշդ` հայրենադարձութեան, եւ այս առիթով` ի նպաստ հայրենադարձութեան Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած «Համաշխարհահայ համագումար»-ին (1):
Անշուշտ, դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի սոյն նախաձեռնութիւնը շատերու մտքին մէջ առիթ մը դարձաւ վերարծարծելու 72 տարի առաջ տեղի ունեցած, ապա հետագայ տարիներու ընթացքին շարունակուած ներազգային այս կարեւոր իրադարձութիւնը, որ 20-րդ դարու մեր պատմութեան մէջ սկիզբը ներգաղթ, ապա, աւելի ճիշդ բնորոշումով մը, հայրենադարձութիւն կոչուած է: Հեռու մնալով այս դէպքերուն շարժառիթ հանդիսացող քաղաքական բուն ենթահողը քրքրելէ, այստեղ պարզապէս պիտի ուզէի փաստացի քանի մը տուեալներ նշել` ընթերցողին ձգելով վերագնահատելու խնդրոյ առարկայ հայրենադարձութեան երեւոյթը եւ զայն ներկայի հետ համեմատելու հնարաւորութիւնը:
Սուլթանական կոտորածներու պատճառով եւ ապա 1915 թուականի երիտթուրքերու իրագործած Հայոց ցեղասպանութենէն եւ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայաթափումէն ետք, հայութեան մնացորդացը ցրուեցաւ աշխարհով մէկ` ստեղծելով ակամայ հսկայ սփիւռք մը` Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն եւ Եւրոպայէն մինչեւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու զանազան քաղաքներուն մէջ: Տարագրուած հայ ժողովուրդը տակաւին մեծ յոյսեր կապած էր միջազգային ռազմաքաղաքական նոր զարգացումներուն հետ, որ` Ա. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին Առանցքի ուժերուն, Թուրքիոյ եւ յարակից այլ պետութիւններուն դէմ Անտանտի յաղթանակող պետութիւնները նկատի կ’առնեն արեան նահատակութեան ամենամեծ վկայութիւնը տուած հայ ժողովուրդի վերապրած զաւակները, եւ ուիլսընեան ծրագիրի իրականացման առընթեր, հնարաւորութիւն կու տան անոնց վերադառնալու իրենց պատմական հողերը: Այս ուղղութեամբ, դժբախտաբար, հայ ժողովուրդի տածած յոյսերուն վերջին առկայծումներն ալ ի դերեւ դուրս եկան: Լոզանի 1923 թուականի դաշնագիրով Հայկական հարցը վերջնականապէս թաղուեցաւ, եւ հայ ժողովուրդի աւելի քան 1,5 միլիոն նահատակներու արեան ճապաղիքին վրայ ամրագրուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը: Այս եւ նախորդող պայմաններուն մէջ սփիւռքահայ որոշ զանգուածներու հայրենիքի մէջ ապրելու միակ յոյսը կը մնար պատմական Հայաստանէն փրկուած համեմատաբար շատ փոքրիկ անոր արեւելեան հողակտորը, ուր 2 դեկտեմբեր 1920 թուականին հաստատուած էին խորհրդային կարգերը:
Հակառակ տիրող բազմաթիւ դժուարութիւններուն` սփիւռքահայերու դէպի Խորհրդային Հայաստան ներգաղթի առաջին փուլը կ’ընդգրկէ 1921-1926 թուականներու, ապա երկրորդը` 1931-1933 եւ 1936 թուականներու ժամանակահատուածները: Առանց մանրամասնելու թուային տուեալները, նաեւ` թէ սփիւռքի ո՛ր երկիրներէն ներգաղթի տարբեր փուլերուն սփիւռքահայերը ժամանած են հայրենիք, անվերապահօրէն այստեղ պէտք է ընդգծել այն ընդհանուր փաստը, որ 1921-1973 թուականներուն, այսինքն` 52 տարիներու ընթացքին, սփիւռքահայ գաղթօճախներէն Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած է շուրջ 200 հազար հայ: Դէպի հայրենիք զանգուածային ներգաղթի մեծ փուլ նկատուած է 1946-1948 թուականներու ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին սփիւռքի 15 տարբեր երկիրներէ Խորհրդային Հայաստան հաստատուած է շուրջ 100 հազար հայ: Այս իրադարձութիւնը մեր տարեգրութեան մէջ արձանագրուած է «Մեծ հայրենադարձութիւն» անունով:
Բնականաբար այս մասին գոյութիւն ունի սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ հրատարակուած հարուստ գրականութիւն, նաեւ` վիճակագրական տուեալներ, իսկ հետաքրքրուողներ վերոնշեալ թիւերուն վերաբերեալ կրնան անարգել վերահասու դառնալ համացանցային աղբիւրներէ, նաեւ` այս ուղղութեամբ տպագրուած բազմաթիւ յօդուածներէ (2) (2) ու գիրքերէ:
Խորհրդային կարգերու փլուզումին պատճառով 1991 թուականին Հայաստանի անկախացումէն, նաեւ հայկական պետականութեան կայացումէն ետք, հայրենիքէն արտագաղթած է աւելի քան 1,1 միլիոն հայ: Տակաւին վերջերս, 5 փետրուար 2018-ին, Աշոտ Մանուչարեանը www.a1plus.am-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ` «Սփիւռքը հիմա հարստացել է, երկու միլիոն աղբար ունենք էստեղից ուղարկած (3)»:
Ներկայիս, համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) հաղորդած պաշտօնական տուեալներուն, Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը 2 միլիոն 972.9 հազար մարդ կը կազմէ: Շատեր վերապահութիւն կը ցուցաբերեն տրուած այս տուեալներուն հանդէպ` կարգ մը հանգամանքներու շարքին նշելով, որ ընդմիշտ արտագաղթողներէն բացի, հազարաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ մեկնելով Ռուսիա` կը պանդխտանան, եւ անոնք Հայաստան կը վերադառնան միայն իրենց աշխատանքային արձակուրդներուն, այլապէս տարուան մեծ մասը կ’անցընեն Ռուսիոյ իրենց այլազան աշխատավայրերուն մէջ:
Ռուսիոյ ներքին գործոց նախարարութեան հաղորդած վերջին տուեալներուն համաձայն, 2011-2017 թուականներուն Ռուսական Դաշնութեան քաղաքացիութիւն ստացած են Հայաստանի 104.572 քաղաքացիներ: Միայն անցեալ տարի Հայաստանէն աւելի քան 25.000 բնակիչ ստացած է ռուսական քաղաքացիութիւն (4):
Անդրադառնալով 1991 թուականի Հայաստանի անկախացումէն ցայսօր հայրենիքի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատած սփիւռքահայերուն` անոնց թիւը կը կազմէ ընդամէնը 5000 մարդ: Բնականաբար նշուած սոյն թիւին մէջ ընդգրկուած չեն Ջաւախքէն եւ Ազրպէյճանէն բռնագաղթուած հայ ապաստանեալները, ինչպէս նաեւ` պատերազմի պատճառով Իրաքէն (շուրջ 1000), իսկ Սուրիայէն (շուրջ 22.000) Հայաստան եկած գաղթական հայերը: Դժբախտաբար այսօր վիճակագրական լուրջ տուեալներ գոյութիւն չունին, թէ Հայաստան ներգաղթած այս ապաստանեալներէն քանի՞ տոկոսը մնայուն կերպով բնակութիւն հաստատած է հայրենիքի մէջ, իսկ հակառակը` քանի՞ տոկոսը վերստին արտագաղթած է` մեկնելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, հիւսիսային, կեդրոնական եւ արեւմտեան Եւրոպայի տարբեր երկիրներ, ընդհուպ` մինչեւ Աւստրալիա եւ այլն:
Նկատի ունենալով ժողովրդագրական վերոնշեալ վիճակագրական թիւերը, կարելի չէ մեր ուշադրութիւնը չդարձնել նաեւ ազատագրուած Լեռնային Ղարաբաղի (ԼՀՂ), այսինքն` Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան եւ սփիւռքէն հոն մնայուն բնակութիւն հաստատած հայութեան վրայ: Ըստ Արցախի Հանրապետութեան մէջ կայացած 2015 թուականի մարդահամարի տուեալներուն, արցախահայութեան թիւը 150.932 մարդ կը հաշուէ, որոնց մէջ սփիւռքէն ներգաղթած հայերուն թիւը ընդամէնը քանի մը տասնեակ ընտանիք կը կազմէ, այսինքն` առաւելագոյնը 250-300 հոգի:
Վերջերս հրապարակուած ժողովրդագրական այլ վիճակագրութիւն մը, որ 2012-2016 թուականներուն ԱՊՀ երկիրներու մշտական բնակչութեան թուաքանակի փոփոխութիւնները կը ներկայացնէ, հայրենի պետութեան եւ Հայաստանի սահմաններու անվտանգութեան հեռանկարով մեզի կը փոխանցէ շատ աւելի տագնապալի մտահոգութիւն մը: Այս պատկերը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ վերոնշեալ թուականներու ընթացքին Հայաստանի բնակչութեան թուաքանակը հարիւր հազարով նուազած է, իսկ օրն ի բուն, բանիւ եւ գործով հայ ժողովուրդի գոյութեան դէմ պատերազմի, կոտորածներու, ընդհուպ մինչեւ զայն բնաջնջելու ծրագրեր մշակող Ազրպէյճանը ամէն տարի հարիւր հազար բնակիչի աճ արձանագրած է: Սոյնը կը նշանակէ, որ Ազրպէյճանի բնակչութեան թիւը 2012-2016 թուականներու միջոցին շուրջ չորս հարիւր հազար մարդով աւելցած է (5):
Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութեան առթիւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսի պատկառազդու հաստատումը` «Հայաստանը կը պարպուի, սփիւռքը կը մաշի», պէտք է իմաստային բազմակողմանի եւ ամբողջական տարողութեամբ ընկալել: Երկու պարագաներուն ալ, Հայաստանի հայաթափումը եւ սփիւռքի մաշումը` ուղղակի կը նպաստեն մեր դարաւոր թշնամիներուն մեզի հանդէպ մշակած վտանգաւոր ծրագրերու իրականացումին: Չկայ աւելի մեծ անհեթեթութիւն, քան, օրըստօրէ ահագնացող վտանգը (6) տեսնելով հանդերձ, ազգովին ցուցաբերել ձեռնածալ, պաղարիւն, անտարբեր եւ ինքնամեկուսացած կեցուածք մը, այլ խօսքով` իրագործել կամաւոր ու հաւաքական ինքնասպանութիւն մը: Սպառնացող վտանգը հարկ է իր սաղմին մէջ խեղդել, այլապէս վերջին վայրկեանին ապարդիւն է ահազանգել` «Hannibal ad portas – Հանիպալ մեր դռներուն է»:
Հայրենազուրկ հայ մը իր անձնական կեանքին մէջ ի՛նչ առաւելութիւններ ալ ունենայ, ինչպիսի՛ հարստութիւններու տէր ալ դառնայ, մտքի եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ ի՛նչ տեսակ նուաճումներ ալ արձանագրէ, քոչուոր կամ վաչկատուն ցեղախումբի մը պատկանելու իր կարգավիճակը երբեք չի կրնար բարեփոխել, այնքան ատեն որ ան իր սրտին մէջ չի կրեր կնիքը իր պատմութեան եւ իր ոտքերուն տակ չի զգար հայրենիքի մը գոյութենական հիմքը եւ իր հաւաքական ընտանիքին, այսինքն` ազգի մը նկատմամբ իր պատկանելիութիւնը: Երկիր մոլորակին վրայ աշխարհագրական եւ հոգեւոր միաձոյլ հայրենիքն է, որ մարդ անհատին կու տայ ինքնութիւն եւ ազգային պատկանելիութեան վկայութիւն:
Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը համազգային զօրակոչ մըն է` խոհեմութեան, լրջախոհութեան, համախմբումի եւ հաւաքական ծրագրուած ձեռնարկներու` կարենալ դիմագրաւելու համար մեր դէմ ծառացած ներկայի եւ ապագայի մարտահրաւէրները: Հարկ է իմաստութեամբ գործել, քանի դեռ ուշ չէ:
Վերադառնալով խնդրոյ առարկայ հայրենադարձութեան նիւթին` պիտի ուզէի եզրակացնել, որ այդ ժամանակուան գոյութիւն ունեցող դժուար պայմաններուն բերումով, նման մեծ իրադարձութեան մը իրագործումը անժամանակ էր եւ չէր համապատասխաներ սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան մասնակի շահերուն: Սակայն, այսուամենայնիւ, մեծ հայրենադարձութիւնը էական նշանակութիւն ունեցաւ` ընդհանուր համահայկական առաւելութիւններուն եւ նորանոր սխրագործութիւններուն առումով: Հայաստան հետզհետէ ապրեցաւ ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական կեանքի աննախընթաց վերելք մը` շնորհիւ հայրենիք ներգաղթած որակաւոր մասնագէտներու, արհեստաւորներու, լեզուաբաններու, օտար լեզուներու տիրապետողներու, բժիշկներու եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներու, յանձինս` Հրաչեայ Աճառեանի, Վահրամ Փափազեանի, Գրիգոր Ահարոնեանի, Յարութիւն եւ Արմինէ Կալենցի, Հրաչեայ Ներսիսեանի, Արման Կոտիկեանի, Վարդուհի Վարդերեսեանի, Գոհար Գասպարեանի եւ, եթէ կարելի է ըսել, Վազգէն Ա. կաթողիկոսի, նաեւ` ուրիշ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու, որոնց անունները հոս մէկ առ մէկ կարելի չէ նշել:
Չմոռնանք նաեւ, որ Հայաստանի 1991 թուականի անկախութեան իրականացումին եւ պետականութեան կայացումին մէջ կարեւոր եւ անուրանալի ներդրում ունեցան նաեւ երբեմնի հայրենադարձ հայութեան ժառանգորդներէն շատեր, որոնց մէջ ամենացայտուն դէմքերէն մին կը հանդիսանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը:
Եթէ համահայկական գերազանց շահերու հեռանկարով սխրագործումներ պիտի կատարուին, ապա ատոնք կարելի կը դառնան Հայաստան եւ սփիւռք սերտ համագործակցութեամբ, եւ ո՛չ որպէս տէր ընդ ծառայի` վերադասի եւ ստորադասի յարաբերութեամբ, այլ` հաւասար ընդ հաւասարի փոխադարձ հասկացողութեան եւ ամբողջական զօրակցութեան սկզբունքով:
Ժընեւ, 13 փետրուար 2018
1) .- Տե՛ս, «Գրպանի օրացոյց»-ին էջերը` դիմելով ստորեւ տեղադրուած հասցէին. https://www.facebook.com/tchilingirian?hc_ref=ARSQDbGjv648s34PSDsIgy_cnROjIEYN5qYuI51BlcCqGAOmZTI3t62mFdXEy2zbvWQ&fref=nf&pnref=story:
2).- Այս առնչութեամբ պիտի յանձնարարէի ծանօթանալ Արմենուհի Ստեփանեանի «Հայրենադարձութեան հայկական փորձը (1946-1948 թթ.)» եւ դոկտ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի «Մայրս տիեզերք» շահեկան յօդուածներուն: Տե՛ս, http://hpj.asj-oa.am/2763/1/2010-1(149).pdf եւ http://www.aztagdaily.com/archives/375296:
3).- Տե՛ս, https://www.youtube.com/watch?v=QH9KncEv2GE:
4).- Տե՛ս այս մասին, «Լուսաբաց», 37-րդ տարի, թ. 1123, 10.02.2018, էջ 12-13:
5).- Տե՛ս ԱՊՀ երկիրներու մշտական բնակչութեան թուաքանակի փոփոխութիւններուն աղիւսակը:
6).- Տե՛ս այս մասին հետեւեալ տեսանիւթը, «Ալիեւը Երեւանը գրաւելու մասին չի մոռացել եւ այն հռչակել է ռազմավարական նպատակ»:
https://www.facebook.com/hayastanimhayreniq/videos/2052925421617643/: