ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Համալսարանի բժշկական ուսանողներու շրջապտոյտին դէպի Եգիպտոս` մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցայ զիս հետաքրքրող դարաւոր պատմութեան հետքերն ու տեսարժան վայրերը այցելելու եւ մեր ժողովուրդի համայնքային կեանքին ծանօթանալու համար: Ուսանողաց միութեան անդամ ըլլալով` խնդրած էի յատուկ յանձնարարագիր, որ տեղւոյն մեր հաստատութիւններու այցը դիւրանայ ինծի: Առ այդ, ամենապատեհ առաջին առիթին Գահիրէի էլ-Թուրաա էլ-փուլակիա կոչուած թաղամաս ուղղուելով, Լեւոն Գարմենի յատուկ նամակը ձեռքիս, «Յուսաբեր» մշակութային հաստատութիւն այցելեցի: Մուտքին հանդիպեցայ «Յուսաբեր» օրաթերթի օրուան խմբագիր Բեգլար Նաւասարդեանին: Ջերմ ողջագուրումէ ու սրտբաց խօսակցութենէ ետք զիս հրաւիրեց հաստատութեան բաժիններուն ծանօթանալու` գետնայարկէն մինչեւ դալար կանաչ տանիքը:
Յաջորդ այցերուն եւ կազմակերպուած առիթներուն ներկայ եղայ Գահիրէի ու Աղեքսանդրիոյ դասախօսութիւններուն եւ ընկերական ժողովներուն, հանդիպեցայ նաեւ տեղւոյն քանի մը վեթերաններու: «Յուսաբեր»-ի արտօնատէր Օննիկ Մաճառեանին հետ հանդիպման յայտնեցի հայրենիքի հանրապետութեան երրորդ վարչապետ Համօ Օհանջանեանի գերեզմանին այցի երթալու փափաքս, որ կատարուեցաւ շուտով: Անոր տապանաքարի վրայ գրուած կարդացի` «Ապրեցաւ, ինչպէս քարոզեց»:
Առհասարակ խորհուրդ մըն է որեւէ մարդու մը կեանքը: Օհանջանեանին համար գաղափարը ուժ էր: Խոնարհագոյն մարդը, ըստ իրեն, բան մը չէր արժեր առանց գաղափարի: Կարդացած էի, որ իր մէկ յոբելեանի տօնախմբութեան առիթով կատարուած գովքերուն առիթով կը յայտարարէր. «Ձեզմէ ամէն մէկը Համօ կրնայ դառնալ, եթէ կեանքի մէջ մեծ գաղափարական մը ունենայ, նուիրումի ոգի եւ յարատեւ ծառայելու կորով»: Խօսք, որ, ըստ իս, իր կտակը կը համարեմ մեր սերունդներուն:
Իրապէս, իր կեանքի ընթացքին, հազիւ 20-ը անց ուսանողը, յեղափոխական գործունէութեան նուիրուած էր. 30-32 տարեկանին արարք պաշտպանած էր դատարաններու մէջ ու բանտ նստած էր: Յետոյ աքսորական, ապա Կովկասի հիւանդանոցներու վարիչ եղած էր, հաշտութեան խորհրդաժողովի պատուիրակ եւ վարչապետ` ապա` կրկին աքսորական, բժիշկ եւ Համազգայինի հիմնադիր, բայց յատկապէս շուրջ կէս դար ՀՅԴ մէջ պատասխանատու պաշտօններու վրայ եւ ղեկավարութեան մէջ եղած էր:
Ինծի համար ազգային գործունէութեան ուղընթացք:


