Աւետիք Իսահակեանը Քրիստափոր Միքայէլեանի մասին
2016 թուականին Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւնը լոյս է ընծայել է Աւետիք Իսահակեանի նամականին. «Աւետիք Իսահակեանի նամակները»: Նամակների այս ժողովածուն ընդգրկում է մեծ գրողի 267 նամակները, որոնք ուղղուած են նշանաւոր մտաւորականների, գրողների, հասարակական-քաղաքական եւ պետական գործիչների, ինչպէս եւ` մտերիմների: Տեղ գտած նամակներից երեքի հասցէատէրը Իսահակեանի հեռաւոր ազգականուհի եւ մտերմուհի Աննան` Աննիկ Մատակեանն է: Այդ նամակներից երկուսում բանաստեղծը ասելիքի զգալի բաժինը յատկացնում է ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի ողբերգական մահուան առիթով ունեցած իր ապրումներին, գնահատականներ է հնչեցնում վերջինիս հասցէին: Յատկանշական է, որ թէեւ յիշեալ նամակներից առաջինը գրուել է 1905 թուականի մարտին, իսկ երկրորդը` նոյն թուականի յունիսին, ամիսներ անց էլ Իսահակեանը նոյն խոր ցաւով անդրադառնում է Քրիստափորի նահատակութեանը, քանի որ, ինչպէս ինքն է գրում, «Աննի՛կ ջան, իմ վիշտն այնպիսի տեսակներից չէ, որ շուտով անցնի»:
Քրիստափոր Միքայէլեանի մահուան հերթական տարելիցի առիթով հրապարակում ենք վերոյիշեալ նամակների այն հատուածները, որոնք վերաբերում են ՀՅԴ հիմնադիր անդամին եւ միաժամանակ հետաքրքրական բացայայտումներ են պարունակում Իսահակեանի անձի եւ հայեացքների վերաբերեալ:
Տարելիցի առիթով անդրադառնանք եւս մէկ հանգամանքի. տարբեր աղբիւրներում, որպէս Քր. Միքայէլեանի նահատակութեան օր` նշւում է մարտի 4-ը կամ 17-ը: Իրականում շփոթութիւն առաջացնող այս փաստը պայմանաւորուած է սոսկ հին եւ նոր տոմարներով օրուայ արձանագրման հետ:
Ներկայացնում ենք նաեւ Քրիստափոր Միքայէլեանին նուիրուած Սիամանթոյի խօսքը: Մեծ պոէտի վշտահար սրտից պոկուած այս անկեղծ պոռթկումը բացայայտում է սիրելի ու գնահատելի մարդու նկատմամբ հեղինակի տածած խոր զգացումները` եւս մէկ անգամ դրսեւորելով Սիամանթոյի բանաստեղծական շռայլ ու շքեղ լեզուն:
Աննա Մատակեանին
11 մարտի 1905, Ղազարապատ
Իմ թանկագի՛ն, իմ լա՛ւ Աննիկ, ես ուզում եմ քեզ շա՛տ լաւ նամակ գրել` ուրախ սրտով, երկար ու բարակ խօսել քեզ հետ, բայց երէկ մի ծանր, սարսափելի գոյժ իմացայ` մեռե՛լ է, զոհուե՛լ է իմ պաշտած, յարգած, աստուածացրած ընկերը` Քրիստափոր Միքայէլեանը, յեղափոխութեան մարգարէն, «Դրօշակ»-ի խմբագիրը, մեր հոգու տէրը, մեր կուռքը… Ես ինձ հիմա որբ եմ զգում: Գնա՛ց այն մեծ մարդը, որի համար կեանքը միայն մտածողութիւն, ուրիշների մասին հոգս, ազգի եւ հայրենիքի համար անյոգնելի եւ անշահասէր ծառայութիւն էր: Նրա կեանքը նահատակութիւն էր, եւ մենք բոլորս պաշտում էինք նրան եւ մեռնելու, վտանգուելու գնում էինք նրա գաղափարի համար…
Ա՛խ դու չես ճանաչում նրան, եւ երնէ՛կ քեզ, եւ ափսո՛ս քեզ, որ նրան չես տեսել: Նա գնա՛ց, եւ աշխարհը սեւացաւ աչքիս: Երբ աշխատում էի կենտրոնանալ, գրել մի գործ, մի մեծ գիրք, աչքի առաջ ունէի նրան` այդ անմահ մարդուն, որը պիտի կարդար, գովէր, համբուրէր ինձ, եւ ես վարձատրուած կը լինէի:
Ինչե՛ր չեմ արել նրա համար, երբ նա ինձ առաջարկում էր մի գործ. Ինչքան էլ վտանգաւոր լինէր, ես թռնում էի եւ երկիւղ ու վտանգ արհամարհելով` գործը գլուխ բերում… Եւ երբ յաջողութեամբ դառնում էի նրա մօտ, նա համբուրում էր ճակատս, եւ ես անսահման երջանիկ էի զգում ինձ… Իսկ նա հիմա չկա… Հայոց խեղճ ազգը շա՛տ մեծ կորուստ ունեցաւ, եւ դեռ շատ երկար ժամանակ կը զգանք այդ կորուստը, նրա պակասը: Իմ աչքում նա ներկայիս ամենամեծ հայ մարդն էր: Ո՞վ կը հասնի նրան. Ո՛չ ոք:
«Աւետիք Իսահակեանի նամակները», էջ 34
Աննիկ Մատակեանին
6 յունիսի 1905, Ալեքպոլ
Աննի՛կ ջան, իմ վիշտն այնպիսի տեսակներից չէ, որ շուտով անցնի կամ մխիթարութեան կարօտ լինի: Սիրտս այնքան չի մորմոքում ընկերներիս կարօտի պատճառով, որքան` միտքս, չոր միտք. շատ ընկերներ եմ կորցրել դարձեալ այդ ճամբի վրայ` հայրենիքին զոհ, բայց այն ամէնը, բոլորը, աւելի թէ պակաս, դրանից մեծ բան չէին կարող շինել կամ կատարել: Ա՛խ, զոհուողներ շատ կան, օրհնեալ մնայ հայ ժողովուրդը, բայց Քրիստափորի պէս մարդ հարիւր տարին մէկ կը ծնի: Նա միլիոնների մէջ մի հատ էր: Նա էր ծնել Դաշնակցութիւնը, եւ նրա հոգին մեր բոլորի վրայ էր: Այդ էր պատճառը, որ այսօր Դաշնակցութիւնը ամենաազնիւ, մաքուր ու մեծ եւ զօրեղ կուսակցութիւնն է: Նա մեր գլուխն էր, մեր հոգին, մեր սիրտը… Բոլորս նրա որդիներն էինք եւ նրա կամքն էինք կատարում: Այո՛, շատերն են մեռել` լաւ ընկերներ, աւելի ջահել, բայց նրանց զոհուելով` յեղափոխութիւնն օգտուել էր, իսկ Քրիստափորի մահով յեղափոխութիւնն անբուժելի վնասուեց: Ո՞վ պիտի բռնէ նրա տեղը: Ոչ ոք չեմ տեսնում հայերիս մէջ: Մեզանից ոչ ոք արժանի չէ նրա ժառանգը լինելու, եւ ահա իմ վիշտը, մինչեւ որ ծագի մի նոր Քրիստափոր: Իսկ ե՞րբ պիտի գայ այդ օրը…
Ես քար սեղմելով իմ վշտոտ սրտի վրայ` նորից պարապում եմ, որովհետեւ պարապելով ես կատարած կը լինեմ իմ սուրբ, իմ բարձր Քրիստափորի կամքը` «Աշխատել, զօր ու գիշեր աշխատել հայրենիքի համար», այդ էր նա միշտ ասում բոլորիս…
«Աւետիք Իսահակեանի նամակները», էջ 37
Սիամանթոյի խօսքը Քրիստափոր Միքայէլեանի մահուան առիթով
Ողբի նամակ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Ո՜վ զարհուրանքի եւ արիւնի առաւօտ, տող մը քու դժխեմ լոյսերուդ մէջէն, ու ամէն նայուածքներու բոլոր արցունքներն ատոր մէջ գտայ, ամէն հոգիի դառնակսկիծ հեծեծանք, ամէն տուայտանք, ամէն գալարում, ամէն աղաղակ, ամէն հռնդիւն, ամէն գերեզման ատոր մէջ գտայ…
Քրիստափորը մեռաւ… Ա՜ն, որ զմեզ իր չքնաղ ու խորունկ հոգիովը կը սնուցանէր, ան, որ քաղցր էր, ան, որ անճառելիօրէն սիրող էր ու բազմագութ ու բազմաչարչար… Քրիստափորը` բովանդակ էութիւն մը, հոգիի եւ գաղափարի տիեզերք մը, ազատութեան եւ փրկութեան լուսաւորիչ մը, վարդապետ մը եւ այսօր մեռեալ մը միանգամայն… Օ՜, ինչպէ՜ս ապրիլ այլեւս, ինչպէ՞ս գոյութիւն ունենալ, ինչպէ՞ս տեւել, ինչպէ՞ս կարենալ երազել… Կը խեղդուիմ կոր, ծանրածանր ցաւէն կը խորտակուիմ, կը ջախջախուիմ ու չեմ կրնար ինքիրմէս դուրս նետուիլ, իմ մէջս վար շրջող փլատակներէն ազատուիլ, չեմ կրնար սպառուիլ, չեմ կրնար հատնիլ, վերջանալ, անէանալ ու կատաղութենէս ու անզօրութենէս ու տարփանքէս կու լամ, կու լամ…
Ո՜վ գիտէ` ի՛նչ պիտի ընեն անոնք, որ հերոսներու պէս կը կռուին, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք, որ կը մտածեն, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք, որ երկիւղածօրէն կը յուսան, ի՞նչ պիտի ընէ հայութեան լաւագոյն մասը, ի՞նչ պիտի ընեն իր հազարաւոր գաղափարազաւակ աշակերտները, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք, որ զինքը կը պաշտեն, ինչպէ՞ս պիտի մխիթարուին, կարելի՞ է մխիթարուիլ այլեւս, թո՛ղ ըսեն ինծի, թո՛ղ ըսեն ինծի…
Մահուան անունէն, որ ինծի համար միայն պաշտելի Քրիստափորը տարած է, որբ աղջկան մը նման կը դողդոջեմ, կոյրի մը նման կը հալածուիմ, ստուերի մը նման կը կորսուիմ ու կեանքի մը պէս կը մարիմ… Ի՞նչ եղար, անզուգակա՛ն, ի՞նչ եղար, ամէնօրեա՛յ մարտիրոս, ի՞նչ եղար, ո՜վ բարոյատու, ի՜նչ եղար, ո՜վ անհաւասարելի. Արդա՞ր է այս, արդա՞ր է, ըսէ՛, ի՞նչ եղար… Ինչպէ՞ս պիտի շարժին անոնք, որ քու ազատախօս պատգամներուդ եւ հայրական թեւերուդ տակ զինուորագրուեցան, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք, որ քու դրօշակդ ու քու ձեռուըներդ համբուրեցին իրենց ուխտի ժամերուն, ի՞նչ պիտի ընենք անոնք, որ քու զէնքերովդ զինուեցան, որ քու նայուածներուդ առջեւ երդուընցան, որ քու ազատաբեր ու անձնուրաց ճամբաներէդ քալեցին, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք, որոնց երազին մէջ Եհովայի մը մեծութեամբը արձանացար: Ինչպէ՞ս օգնութեան հասնիլ այս ամէնուն, ինչպէ՞ս մահագուժել… Գիտե՞ն արդեօք այս յուահատութեան եւ արիւնի առաւօտեան ժամուն, գիտե՞ն մահուանդ կործանարար լուրը, գիտե՞ն, որ զոհուեցար դուն` ամէնօրեայ ողջակէզ… Թերեւս չեն գիտեր ու ատոր համար է, որ կ՛ապրին, ատոր համար է, որ իրենց լայն ուսերը չեն փլչիր, իրենց յուսալից աչուըները չեն կուրանար, ատոր համար է որ իրենց քայլերը կը յառաջանան ու իրենց կամքերը կ՛երկաթուին… Թո՛ղ չգիտնան քու աւերիչ մահուանդ լուրը, թո՛ղ մարդ մարդու առջեւ չխօսի, թո՛ղ մարդ մարդու առջեւ չարտասուէ, թո՛ղ մարդ մարդու առջեւ իր սիրտը չբանայ, թո՛ղ մարդ մարդու առջեւ չարիւնի, թո՛ղ մարդ մարդու առջեւ իր կերպարանքին վրայ մոխիր չցանէ…
Բայց ես լեռնաւոր ցաւին տակ մինակ եմ, միս մինակ, կուրծք մը չկայ, որուն վրայ կործանուիմ, նայուածք մը չկայ, որուն մէջ ապաստանիմ, ձեռք մը չկայ, որուն մահասարսուռ ձեռուըներս երկարեմ, ոսկրակոյտ մըն եմ անապատի մը մէջ եւ չարաշուք իրիկուան մը արիւնոտ անձրեւին տակ… Օ՜, ստուերներ կ՛անցնին քովերէս, ապառաժակերպ ուրուականներ, սուգիս ու մտածումիս հորիզոններէն, եւ ահաւասիկ որ կը յառաջանայ, օ՜ գթութի՜ւն, գթութի՜ւն, ահաւասիկ որ Մղձաւանջս կը յառաջանայ, իր հովէ թեւերը կը զարնէ, իր ագռաւախումբի թեւերը կը փոթորկէ, իր բուի եւ մեռելւորի աղաղակը կու լայ, իր անողորմ դագաղին տախտակները կը շարժէ, իր սպիտակ պատանքները իմ վրաս կը նետէ եւ իր կարմիր խենթութիւնը, իր թունաւոր խենթութիւնը իմ մտածումիս անդունդներուն մէջը կը հոսեցնէ… Ու մահը, զայրագին մահը, մարմարակերպ մահը, համայնակուլ մահը ուսերուս վրան կը խոկայ, մահուան ամբոխներ ուսերուս վրան են, ու ես` ընկճուածս, ես` թշուառս, ես` երազողս, ես` յուսացողս կը ծռիմ, կը դողդոջեմ, կը փլատակուիմ, արցունքներս կու գան յորդահոսան, ու յանկարծօրէն երեսս յետ կը դարձնեմ, ու ի՜նչ անագորոյն ցնորք, ի՜նչ պատկեր, ի՜նչ քաղցրութիւն, ի՜նչ ժպիտ, ի՜նչ մեծութիւն, ու կը տեսնեմ զինքը, կը տեսնեմ ամենամեծ Քրիստափորը ու կը գրկեմ ու կը փաթթուիմ ու կարօտակէզ զաւկի մը նման կը համբուրեմ, կը համբուրեմ, կը համբուրեմ… Ու արիւնս արիւնին կը խառնուի, արցունքներս իր աչքերուն մէջ իր արցունքներուն կը միանան, ատելութիւնս իր չյագեցուած ատելութենէն կը ծովանայ, ու սէրս կ՛արեգակուի, եւ յոյսիս աշտարակները նորէն կը կառուցուին… Ո՞ղջ է: Բայց աւա՜ղ, աւա՜ղ, ցնորապատկերը անգթօրէն կ՛անյետանայ, ուրուագծերը կ՛արիւնին, պաշտելի ձեւերը կը խորտակուին, ու դիակը, հրեշտակային մարմինը, բաժան բաժան, նշխար առ նշխար թեւերուս ու կուրծքիս ու հոգիիս վրան կը ծանրանան…
Ու հիմա գիտեմ, յստակօրէն կը տեսնեմ ճակատագրին ձեռքերը, երկաթէ ձեռքերը, չարազօր ձեռքերը, որ Քրիստափորը սիրողներուն, Քրիստափորը պաշտողներուն վիզերուն կ՛երկարին` գազանօրէն սեղմելով, եւ ահաւասիկ, մտիկ ըրէք, հազարաւոր բերաններէ, հազարաւոր ուխտուածներէ, օ՜ ի՛նչ մեռելաձայն եւ ի՛նչ սրակեղէք համանուագ, վասն զի ասիկա մահագոյժն է, աղէտն է, չարիքին ղօղանջն է, որ Եւրոպայէն Կովկաս եւ Կովկասէն Հայաստան եղեռնականօրէն հնչեց: Ամէն մարդ իմացաւ հիմա, ամէն մարդ ինքիր մէջ կ՛աւերակուի, ամէն մարդ իր հոգիին մէջ այս մահագուժը կը լսէ, ինչպէս գերեզմանափորի մը բահին ձայնը` հողը պեղած պահուն…
Բայց մխիթարութիւնը նորէն ու նորէն ձեզմէ պիտի գայ, ո՜վ սիրական ու հեռաւոր ու հերոսական հայդուկներ, մխիթարութիւնը ձեր կամքէն, ձեր զօրութենէն, ձեր յաղթանակներէն պիտի գայ… Արցունքները մեզի` տկարներուս, անգործօններուս ձգեցէք, գիտեմ, որ արցունքները ձեր արիւնծարաւ աչուըներուն ու ձեր կտրիճի հոգիներուն չեն վայելեր: Մեր փրկութեան հիմնադիրներէն մէկը մեռաւ եւ իր զոհաբերումը զմեզ աւելի պիտի սրտապնդէ: Քրիստափորին պատկերը, պաշտելի պատկերը Քրիստափորին` ամէն տուն, ամէն երդիք, ամէն ցաւի առջեւ, ամէն խրախուսանքի ժամուն, ամէն կռիւի գերագոյն վայրկեաններուն պիտի յաճախէ եւ պիտի յուսադրէ… Իր արեգակեայ հոգիին ոսկիէ դուռերէն ներս նայինք, ու մեր արիւնը պիտի հրավառուի, մեր խինդը պիտի եռայ, մեր բազուկները աւելի ուժով պիտի զարնեն: Իր գերեզմանը մեր խորանն է այլեւս, իր անունը` մեր առջեւ բացուած ազատագիրքը եւ իր յիշատակը` մեր բոլորին ռահվիրան:
Եղբայրօրէն ցաւակից եւ առյաւէտ սգաւոր`
ՍԻԱՄԱՆԹՕ
«Դրօշակ»- Ապրիլ 1905
Թիւ 4 (157)