Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմաւորել 100-Ամեակը 10. Առանց Անցելապաշտութեան` Անյետաձգելի Անմիջականի Մասին

Մարտ 19, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Լսէ՛ք, հայե՛ր,
Դուք պէտք է վերադառնաք
ձեր անկախ երկիրը,
որից դուք ինքներդ ձեզ դուրս քշեցիք,
ինչքա՞ն կարելի է այսպէս ապրել`
անրջելով անվերջ Հայաստան,
այս արեւադարձային բաղնիքում…
որ Լոս Անճելոսն է կէսօրին…

Արտեմ Յարութիւնեան
Յուդայի արձակուրդը, էջ 64

Կը սիրենք բանաստեղծները այն պահերուն, երբ ակնթարթ մը կը թօթափենք մեր հոգիները խաւարող եսի մոխիրը:

Հայը կը սիրէ իր բանաստեղծները տօնական առիթներով եւ անոնց տեւողութեամբ, բայց հոգիով եւ միտքով չի լսեր զանոնք:

Մեր ժամանակակիցն է Արտեմ Յարութիւնեանը, իր բանաստեղծութիւնը անշպար խօսք է` ուղղուած աշխարհատարած հայերուն:

Թէեւ` մենախօսութիւն:

Ասկէ առաջ ալ յիշած եւ մէջբերած եմ Արտեմ Յարութիւնեանի խօսքը:

Հինգ ամիս ետք` հարիւրամեակ… մեր հոգիներուն առագաստները պիտի ուռին անցեալի յուշերով, դրուագներով: Ինչե՜ր պիտի ըսուին: Մենք մեզ պիտի օրօրենք յանձնառութիւն չպահանջող անցելապաշտութեամբ: Պէտք է միշտ մտածել, որ անցեալը անցեալ է, մեր անցած ուղին, անոր շարունակութիւնն ենք կամ կը կարծենք ըլլալ: Շարունակութիւն` ինչպէ՞ս. կրաւորակա՞ն, թէ՞ գիտակից: Ազգի անցեալը մեզի հետ է, եթէ մենք չենք գումարած հրաժարումները. յոգնակի: Հրաժարումներու աղբիւսին վրայ տօնուած յոբելեանները «անուշ հովիկ, փչէ յուշիկ»-ի երգ են, եթէ անոր հանդէպ ունինք սոսկ հանդիսատեսի վերաբերում:

Սրահներ պիտի յուզուին` Արտեմ Յարութիւնեանի բառերով` անրջելով Հայաստան… Այդպէս են բոլոր ամեակները, միայն կը փոխուի տիափազոնի առաջին թրթռացումը:

Անդրանիկ հանրապետութեան հարիւրամեակը,  անցեալի պանծացում ըլլալէ առաջ եւ վերջ, ի՞նչ պիտի բերէ մեր անլոյծ հարցեր ունեցող ժողովուրդի վաղուան: Հարիւրամեակը ժողովուրդի մը եւ անոր հայրենիքին պատմութեան յիշեցումն է: Այդքա՞ն պիտի ըլլայ, թէ՞ պիտի ագուցուի մեր ներկային: Ինչպէ՞ս կարելի է ագուցման մասին խօսիլ, երբ ուրիշի կողմէ մեր բաժան-բաժան ըլլալէն ետք մենք կ’որոշենք բաժան-բաժան ըլլալ` արտագաղթ եւ մնալ անվերադարձ` առանց անսալու բանաստեղծի մորմոք խօսքին` «դուք պէտք է վերադառնաք ձեր անկախ երկիրը…»:

Տեղ մը օրակարգ պիտի ըլլա՞յ բանաստեղծին խօսքը, թէ` «ինչքա՞ն կարելի է այսպէս ապրել` անրջելով անվերջ Հայաստան…»:

Գումարուելիք գիտաժովներուն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ամպագոռգոռ տօնախմբութիւններուն, ո՞վ պատասխան պիտի տայ հոգեկան տագնապ յառաջացնող հարցման, թէ ազգային հեռանկար ունի՞ն մեր նախաձեռնութիւնները:

Ի հարկէ պէտք չէ մոռնալ անցեալը, անդրանիկ հանրապետութեան ստեղծման մեծութեան գործերը, անոնց կտակը, բայց հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ պիտի աւելցնենք, ի՞նչ կ’աւելցնենք:

Անցեալը սոսկ թուական մը չէ, անոր ետին եղած են կեանքեր, ճակատագիրներ: Անոնցմէ ոմանք կերտած են մեր ներկան` մեզի կտակելով իրաւունք եւ արժէքներ: Այդ մարդիկ դարերէ ի վեր սոսկ յիշատակ կամ աշխարհագրական բացատրութիւն դարձած հայուն հայրենիքի գէթ մէկ բեկորը վերադարձուցած են հայուն, որպէսզի ան ապրի ազատ, անկախ, ինքնիշխան, տէր` իր ճակատագրին:

Երբ հարիւրամեակի ոգեշնչող ձեռնարկներուն ներկայ պիտի ըլլանք, եթէ յանկարծ հարց տրուի, թէ ի՞նչ պահած ենք, ի՞նչ կը պահենք անոնց ժառանգութենէն, ոչ թէ ընդհանուր ձեւով, այլ` անհատապէս, ի՞նչ պատասխան պիտի կարենանք տալ: Արդարեւ, պէտք է մտածել, թէ ի՛նչ կ’ըլլայ ժողովուրդ մը` առանց հայրենիքի եւ հայրենիք մը` առանց իրեն տէր ժողովուրդի:

Որքան որ ալ յուզիչ ըլլան մեր վերաբերումները, մեր գեղեցիկ խօսքերը, երբ հողը կը լքուի, ի՞նչ իմաստ կ’ունենայ նշաւակուած «անրջելով անվերջ Հայաստան»-ը: Մեր պարտականութիւնը, սէրը, հաւատարմութիւնը, շարունակութիւն ըլլալու տեսակ մը գիտակցութիւնը իրականացուցա՞ծ կ’ըլլանք տպաւորիչ հանդիսութիւններով, այս կամ այն մեծի կամ յայտնի անձնաւորութեան մեր ինքնասիրութիւնը շոյող շողոմ խօսքերով, հազար կամ հարիւրաւոր անձերու երգիչներու ձօնուած ծափերով:

Եղած է անդրանիկ անկախ հանրապետութիւնը, առասպելական դէմքերու անուններ կը յիշենք` Արամ, զօրավար Նազարբէկեան, զօրավար Սիլիկեան, Դրօ եւ ուրիշներ: Այսօր ինչպէ՞ս մեր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնենք, միայն անոնց անունները չմոռնալո՞վ, թէ՞ շարունակելով անոնց  գործը, անոնց շարունակութիւնը ըլլալով: Հիմա անկախ հայրենիք կայ, բայց ազգի կէսէն աւելիին համար ան հեռո՜ւ հեռաւոր տեղ մըն է, կայ առանց մեզի: Բայց կրնա՞յ տեւել առանց մեզի: Առանց մեզի` ան օր մի չի՞ վերածուիր խոպանի:

Մեր ժողովուրդի այսօրուան կացութեան մասին վերլուծական եւ յանձնառութեան մտածում չունինք: Օրը օրին ապրելու, կրաւորականութիւնը կեանքի ոճ դարձնելու, հեռուէն սուրբ սպասելու, գլուխ փրկելու սովորութիւնը կը խոչընդոտեն ազգի գոյացումը, անոր իրաւունքներու վերականգնումը: Այս մտահոգութիւնը ապրած են տեսանողներ, ազգի անշահախնդիր իմաստուններ, բայց, ինչպէս միշտ, անոնք մաս չեն կազմած որոշողներու խմբակին, եւ այդպէս ալ չենք յաջողած իրականացնել ազգի լիակատար փրկութիւնը` միացում ժողովուրդի եւ միացում հայրենիքի:

Աւելի քան դար մը առաջ Յովհաննէս Թումանեան, առանց սպիտակ ձեռնոց դնելու, 1910-ին, աւելի քան դար մը առաջ, ըսած է հետեւեալը.

«Ուրիշ ընդհանուր հանգամանքների հետ զարհուրելի ծնող եղել է մեզ համար մեր պատմութիւնը: Նա երկար դարերով մեզ դրել է բարբարոս ժողովուրդների ոտների տակ: Իսկ ամէն կենդանի գոյութիւն, որ ոտնատակ է ընկնում, եթէ չի մեռնում, այլանդակւում է, դառնանում ու փչանում է: Էսպէս է բնութեան օրէնքը: Եւ էս տեսակ կեանքը կ’ունենայ, այո՛, շատ բան, ե՛ւ «յառաջադիմութիւն», ե՛ւ «կուլտուրա», ե՛ւ «մամուլ», ե՛ւ «գրականութիւն», ե՛ւ «դպրոց», ե՛ւ «բարեգործութիւն», բայց էդ բոլորը ներսից կերած ճիճուի նման են, եւ տառապում են հիմնական պակասութիւններով, մի ընդհանուր ցաւով, որի ճարը դրսից չի կարելի: Էդ տեսակ կեանքը կը տայ եւ տաղանդաւոր մարդիկ, սակայն նրանք էլ կը լինեն դառն ու դաժան: Բայց նա չի կարող ծնել ազնիւ մարդիկ, բարի սրտեր ու բարձր ոգիներ: Հէնց է՛ն, ինչը որ դարձնում է մի կեանք գեղեցիկ ու հրապուրիչ, մի ժողովուրդ` թանկ ու համակրելի… Ուրիշ ճանապարհ չկայ. ներսից է լինելու հաստատ փրկութիւնը, որովհետեւ ներսից ենք փչացած» (ընդգծումները` Յ. Պ.):

Այս «ոտնատակ» ըլլալու կացութիւնը, ըստ ժամանակի եւ աշխարհագրութեան, ձեւ կը փոխէ: Եթէ անցեալին այդ ոտնատակը բարբարոսական էր, այսօր նուրբ է, քաղաքակիրթ, շողոմ, ընդարմացնող: Այդպէս են այսօր ապահովութեան եւ սպառողական ընկերութեան գլանին տակ գտնուող հայկական զանգուածները, ազգի աւելի քան կէս սփիւռք(ներ)ը եւ կրնկակոխ հետեւող Հայաստանը:

Գոհ ենք, քանի որ հայ անհատները կը յառաջադիմեն, բարձր ուսում կը ստանան, տէր կը դառնան մշակոյթի, կուլտուրայի, հայ հաւաքականութիւնները կ’ունենան բազմալեզու մամուլ եւ բազմալեզու գրականութիւն, դպրոց, ուր հարազատ լեզուն կը դառնայ աղքատ ազգականի լեզու, բարեգործութիւն կը ստանայ, կը ստեղծուին, ինչպէս կ’ըսուի, «լաւ ապրելու իրաւունք ունինք»-ի պայմանները:

Յովհաննէս Թումանեանի դատումը յանդուգն է,  բայց` որքա՜ն ճիշդ: Արդարեւ, յանուն պատշաճեցումներու բոլոր տեղատուութիւնները ներսից կերած ճիճուի նման են: Հայուն` հայերու ուղղուած օտարաբարբառ թերթը, գրականութիւնը, խօսքը` ըսուած հայուն, ինքնութիւնը ներսէն կրծող որդերն են, զորս վարժուած ենք յառաջդիմութիւն համարել: Այնքա՜ն տեղի տուած ենք եւ կը շարունակենք տեղի տալ, մանր քաղքենիի վերաբերումով, որ կացութիւնը քննադատելը կը համարուի նեղմտութիւն, յետադիմութիւն, տգիտութիւն: Իսկ Յովհանէս Թումանեան կ’ըսէ, թէ` «Մենք քաղաքակրթուած ենք միմիայն շորերով, լուսաւորուած ենք միմիայն վկայականներով», զորս կը պարզենք դրօշակի պէս:

Երբ այնքան կարեւոր պատմական իրադարձութեան յոբելեան պիտի տօնենք, մեր ժողովուրդը եւ ղեկավարութիւնները պիտի խօսի՞ն նաեւ նահանջներու հակադրուող վերականգնումներու մասին, Յովհաննէս Թումանեանի յայտնաբերած ճիճուներու դէմ գործածելու միջատասպան դեղերը, որպէսզի ազգի ինքնութիւնը եւ հպարտութիւնը վերականգնին հարազատութեան հողի վրայ:

Պիտի կարենա՞նք հայուն հասցէագրուած օտարաբարբառ թերթը եւ լրատուամիջոցը հայացնել:

Հայածնունդ գրողը ժողովուրդի հոգին կարդացող գրականութիւնը պիտի մշակէ՞ հայերէն գիրով ու խօսքով:

Հայը մոլորակի այլանուն եւ բազմանուն աշխարհներուն մէջ պիտի շարունակէ՞ լարել իր վրանը եւ պիտի չլսէ՞ տունդարձի փողը…

Չենք խորհի՞ր, որ եթէ այսօր դեռ ուշ չէ այդ փողի ձայնը լսելու, օր պիտի գայ, որ ուշ պիտի ըլլայ, եւ բոլոր գինովցնող հրավառութիւնները պիտի մոռցուին:

Եւ Հայկ նահապետը պիտի փոխարինուի Վերսեն Ժեթորիքսով, Նիկոլ Դումանը` Տէյվի Քրոքեթով…

Աղէտի դիպաշար չէ, աղէտի սենար չէ, ինչպէս կ’ըսենք նոր իմաստութեամբ:

Պիտի նուաճե՞նք մեր հայու հոգին` հայ գիրին, հայ խօսքին եւ հայու հարենիքին մէջ…

12 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան

–————————————

Սէրը  

Ա՛ռ ժպիտդ եւ տո՛ւր անոր,
որ երբեք այդ չէ ունեցած:
Ա՛ռ շող մը արեւի
եւ անով ճեղքէ խաւարը:
Գտի՛ր աղբիւր մը
եւ մաքրէ ան, որ ցեխի մէջ է:
Ա՛ռ արցունք մը եւ դի՛ր դէմքին
անոր որ չի գիտեր արտասուել:
Ա՛ռ քաջութիւնը եւ դի՛ր սրտին մէջ
անոր, որ ալ չի կրնար պայքարիլ:
Գտի՛ր իմաստ մը կեանքին եւ բաժնէ
անոր հետ, որ չի գիտեր` ո՛ւր կ՛երթայ:
Ձեռքիդ մէջ ա՛ռ յոյսը եւ ապրէ՛
անոր շողերու լոյսին մէջ:
Ա՛ռ բարութիւնը եւ տո՛ւր
անոր, որ տալ չի գիտեր:
Գտի՛ր սէրը եւ
զայն ճանչցո՛ւր բոլորին:

Խաղաղութիւնը

Եթէ աշխարհի խաղաղութիւն կ՛ուզես,
երկրիդ մէջ խաղաղութիւն պէտք է ըլլայ:
Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես երկրիդ,
շրջանիդ մէջ խաղաղութիւն պէտք է ըլլայ:
Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես շրջանիդ,
քաղաքիդ մէջ խաղաղութիւն պէտք է ըլլայ:
Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես քաղաքիդ,
փողոցին մէջ խաղաղութիւն պէտք է ըլլայ:
Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես փողոցը,
տան մէջ խաղաղութիւն պէտք է ըլլայ:
Եթէ տանդ մէջ խաղաղութիւն կ՛ուզես,
սրտիդ մէջ խաղաղութիւն պէտք է ըլլայ:

Հայացուց` Յ.Պ.

Մահաթմա Կանտի, Հնդկաստանի Հայրը
(ծն. 2/10/1869, սպաննուած` 30/01/1948)

————————————-

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմաւորումը Պաթումի Պայմանագիրը

Յաջորդը

Խմբապետ Մուշեղ (Աւետիսեան, 1887-1956). ­Սաս­նոյ ֆե­տա­յա­կան սե­րուն­դին ան­կեղծ զի­նո­ւորն ու քա­ջա­րի խմբա­պե­տը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?