«ԿԱՄՈՒՐՋ» Մետիա կեդրոն
2018 փետրուար 7-ին հայ ժողովուրդի նուիրեալ զաւակ, Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, «Ոսկանապատ» վերլուծական կեդրոնի հիմնադիր Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանը կը դառնար 60 տարեկան:
Հայաստանի համար ամենադժուարին տարիներուն եւ իր մասնագիտութեան մէջ գագաթնակէտին հասած, յայտնի քաղաքագէտ, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանը ձգեց ամէն ինչ, Տաշքենդի այդ տարիներու իր ապահով կեանքը եւ վերադարձաւ հայրենիք` իր ժողովուրդի կողքին ըլլալու համար: 1988-ի անհանգստութիւններով եւ վտանգներով լի տարին էր, երբ ան կնոջ ու մանկահասակ երեխաներուն հետ եկաւ ոչ թէ պարզապէս Հայաստան, այլ` Ստեփանակերտ, ուր լուրջ ռազմական գործողութիւններ կը հասունանային: Այդ ժամանակէն ի վեր շատ տարիներ անցած են, սակայն Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանը երբեք չզղջաց իր ընդունած որոշման համար:
Ինչպէս կը կարծէր Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանը, իւրաքանչիւր հայու պարտքն է ոչ միայն ծառ տնկել ու որդի ծնիլ, այլեւ` հոգ տանիլ հայրենիքի մասին, որ ինչպէս եւ մայրը` միակն է: Ան կ՛ըսէր. «Արդեօք մեր ֆինանսական բարեկեցութիւնն աւելի՞ արժէքաւոր է, քան՝ մեր երեխաներու ապագան»:
Ըսել, թէ ի՛նչ հսկայածաւալ աշխատանք կատարած է Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանը հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի համար, կը նշանակէ` բան չըսել: Անոր հեռանալով փուլ եկաւ սիւնը, եւ անոր կորուստն անփոխարինելի կը թուի…
«Կամուրջ» մետիա կեդրոնը պատրաստած է «ՀՈՂԻ ԿԱՆՉԸ» ժապաւէնը` նուիրուած մեծ հայրենասէրի յիշատակին եւ կատարելով անոր կամքը: Մենք կը հաւատանք, որ անոր անմահ հոգին մեզի հետ է, եւ անոր գործերն ու մտքերը յաւիտեան պիտի ապրին մեր սրտերուն մէջ…


