Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Բագրատունի. «Հայաստանի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Ցանկութիւն Ունեցող Լիբանանցի Գործարարներու Թիւը Մեծ Է»

Մարտ 19, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին բաւական աշխուժութիւն կը նկատուի: Փետրուարին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հայաստան, վերջերս Լիբանան այցելեց Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան: Լիբանանի խորհրդարանի հայ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ատիկա պատահական չի նկատեր: «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ Լիբանանի ու Հայաստանի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը կու գայ դարերու խորքէն, ներկայիս նոր ազդակ կը հաղորդուի երկու երկիրներու  յարաբերութիւններուն:

Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի` Լիբանան կատարած այցելութեան մասին, Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ անիկա շատ կարեւոր է տնտեսական մարզին մէջ  երկու երկիրներու համագործակցութեան աշխուժութիւն հաղորդելու համար: «Վերջին շրջանին Լիբանան-Հայաստան յարաբերութիւններու  աշխուժութեամբ կը վերահաստատուին երկու ժողովուրդներու  պատմական յարաբերութիւնները: Երկու կողմերուն մօտ կը մատնանշուի միասին գործակցելու նախանձախնդրութիւնը: Հիմնականին մէջ կ՛իրականացուին քննարկումներ տնտեսութեան մարզին մէջ յաւելեալ աշխատանքի ուղղութեամբ: Յատկապէս զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ», ըսաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ վարչապետի այցելութեան շրջագիծին մէջ ընդգծուեցան ներդրումային ծրագիրներու հետ կապուած, ինչպէս նաեւ լիբանանցի եւ հայաստանցի գործարարներու յարաբերութիւններու փոխշահաւէտ գործակցութեան վերաբերող հարցերը: Այստեղ ան կարեւոր նկատեց Հայ-լիբանանեան ներդրումային հիմնադրամի ստեղծման պայմանաւորուածութիւնը, որուն մասին խօսուեցաւ վարչապետին Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին:

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նկատել տուաւ, որ Լիբանանը խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին է, եւ յառաջիկայ օրերուն դժուար թէ գործնական քայլեր ըլլան, սակայն նշեց, որ երկու երկիրներու միացեալ աշխատանքին նոր թափ հաղորդելու պարարտ հողը ստեղծուած է: «Վստահաբար, տակաւին կանուխ է յստակ գործողութիւններու մասին խօսիլ, սակայն այս փուլին յստակ կրնանք ըսել, որ պարարտ հողը ապահովուած է: Այդ առիթը պէտք չէ փախցնել եւ թիրախային աշխատանք պէտք է տանիլ բոլոր ուղղութիւններով, այսինքն` աշխատիլ գործարարներու հետ, մանրամասն, ներկայացնել Հայաստանի մէջ գործարար միջավայրի հետ կապուած ներդրումային ծրագիրներուն վերաբերող հարցերը: Հայաստանի հետ աշխատելու քարոզչութիւնը պէտք է զանգուածային ձեւով կատարուի: Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու ցանկութիւն ունեցող լիբանանցի գործարարներուն թիւը մեծ է, սակայն միաժամանակ Լիբանանը կ՛ակնկալէ, որ հայաստանցի գործարարները եւս ներդրումներ կատարեն», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Ան այս հոլովոյթին մէջ հայ համայնքի կառոյցները  աշխուժօրէն ներգրաւելը անհրաժեշտ նկատեց: «Վարչապետի օրակարգը բաւական յագեցած էր, ցաւօք, ժամանակ չգտնուեցաւ հայ համայնքի մեծ թիւով ներկայացուցիչներու հետ հանդիպում կազմակերպելու` առկայ հարցերը քննարկելու համար: Ինչպէս կը տեսնէք, Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններուն նոր թափ հաղորդելու առիթը կայ, եւ շատ կարեւոր կ՛ըլլայ, եթէ այդ գործին մէջ Լիբանանի հայութիւնը, գործող հայկական կառոյցները եւս ներգրաւուին, բոլորս ալ պատրաստ ենք այդ աշխատանքը կատարելու», աւելցուց ան:

Նախորդը

«Կ՛աշխատինք Բռնկած Հրդեհը Հակակշռել, Իսկ Ոմանք Կ՛աշխատին Հրդեհներ Բռնկեցնել» Հաստատեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Լիբանանցի Հայուն Քուէն Գին Չունի

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?