ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ի՞նչ պիտի ըլլայ տպագիր թերթի ապագան: Նոր ժամանակներու արհեստագիտութիւնը անշուշտ միայն տպագիր մամուլի ապագային չէ, որ կը սպառնայ:
Այսօր լուրջ տագնապ կը դիմագրաւեն նոյնիսկ հեռատեսիլի կայանները, անոնց գրեթէ բոլոր ծրագիրները, ներառեալ` լրատուականը:
Այսօր լուրջ տագնապ կը դիմագրաւեն նաեւ շարժապատկերի աշխարհը, շարժապատկեր արտադրող ընկերութիւնները:
Հանրութիւնը այսօր իր տրամադրութեան տակ ունի իր հետաքրքրութիւնները գոհացնող ուրիշ հարթակներ, որոնք ամէն օր աւելի եւս կը բազմանան` աւելի անմիջականութիւն տրամադրելով, սակայն` զիջելով խորք ու բովանդակութիւն:
Տպագիր թերթի տագնապը ամէնէն առաջ զգալի դարձաւ եւ կը շարունակէ խորանալ: Մեծ թերթեր սնանկութեան եզրին հասած են` նուազագոյն թիւով լրագրողներ պահելով իրենց անձնակազմին մէջ, հետեւաբար` խեղճանալով որակի ու ընդգրկման տեսակէտէն:
Մեր վիճակը տարբեր չի կրնար ըլլալ: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ մենք, բազմաթիւ այլ առարկայական պատճառներու բերումով, վաղուց արդէն նուազագոյն պայմաններով աշխատելու վարժութիւն ձեռք ձգած ենք: Իսկ ասկէ աւելին արդէն տպագիր մեր գոյութեան իսկակա՛ն սպառնալիք կը դառնայ: Շնորհիւ մեր ընթերցողներու, հովանաւորներու եւ համայնքի աջակցութեան, սակայն, մենք տակաւին կը դիմանանք, նոյնիսկ կը փորձենք նոր ծրագիրներու մասին մտմտալ:
Յամենայն դէպս մենք ալ անտարբեր չենք կրնար մնալ նորութիւններու հանդէպ: Օրինակ, եւ այս մէկը` մանաւա՛նդ երիտասարդներ ներգրաւելու համար մեր հաղորդակցութեան շրջանակին մէջ, կը ծրագրենք Podcast-ի սկսիլ. նախնական խորագիրն ալ որոշած ենք` «Ասպարէզ կը կարդանք», առաջին հերթին` բոլո՛ր տեսակի տագնապներուն:


