Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Կնոջական Հիւանդութիւններ Եւ Համապատասխան Քննութիւններ»
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 21 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կնոջական հիւանդութիւններ եւ համապատասխան քննութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց կնոջական հիւանդութիւններու եւ ծննդաբերութեան մասնագէտ տոքթ. Գոհար Վարդանեան-Քէշիշեան: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց,...


















