Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Երգահանդէս
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական մարմինին, Սուրիոյ երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպեց երգահանդէս մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հալէպ ժամանած նախկին ՍԵՄ-ական Րաֆֆի Հալէպլեանը` հանդիսատեսին հրամցնելով փունջ մը յեղափոխական եւ հայրենասիրական երգեր, «Սպիտակ» նուագախումբին ընկերակցութեամբ:
Իր խանդավառ ու ոգեւորիչ ելոյթով Հալէպլեանը երգեց մեր ժողովուրդի պայքարի, տառապանքի, հոգեվարքի եւ յաղթանակի ապրումները նկարագրող երգեր` ազգային զարթօնքի շրջանէն անցնելով ֆետայական շարժում, Ցեղասպանութեան արհաւիրքի պահերէն հասնելով մինչեւ մայիսեան յաղթանակ ու զինեալ պայքարէն մինչեւ արցախեան շարժում ու ժամանակակից Սուրիոյ պատերազմ:
«Գ. Եսայեան» սրահը կը թնդար հայկական եռագոյնն ու ՀՅԴ դրօշը բարձրացուցած երիտասարդութեան երգերով ու կանչերով:
Ձեռնարկին բեմավարութիւնն ու բացման խօսքերը եւս վստահուած էին երիտասարդներու:
Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Սարօ Ղազարեանը, իսկ արաբերէն` Սարին Թաթոյեանը:
Օրուան բեմավարն էր Ժագի Մահսերեճեանը: Ընդմիջումով մը առիթ ընծայուեցաւ նաեւ ՍԵՄ-ի անդամներուն` Կասիա Պաղտիկեանին եւ Մարիա Չիչեանին, որպէսզի յաջորդաբար մեկնաբանեն: «Զինուորի մօր երգը» եւ «Զոհուածներին» երգերը Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանը` իր սրտի խօսքը արտասանելու:
Վերապատուելին լուսարձակի տակ առնելով ՀՅԴ-ի դերը ազգային գաղափարախօսութեան պահպանման մէջ` գնահատեց յատկապէս երիտասարդութեան գործունեայ ներկայութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն մէջ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Արշակ քհնյ. Ալաճաճեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:
Հոմսի Ս. Մեսրոպ Եկեղեցւոյ Զանգերը Կրկին Ղօղանջեցին
Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին զինեալ ահաբեկիչներ Հոմսի Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Սահակեան վարժարանի շէնքը գրաւելով` վերածած էին հիւանդանոցի, ապա աւեր գործելով` վնասած էին շէնքին ու թալանած` եկեղեցիին եւ վարժարանին կահոյքը:
Տարիներ ետք, առաջին անգամ կրկին ղօղանջեցին եկեղեցւոյ զանգերը, սակայն այս անգամ` Քրիստոսի Յարութեան աւետիսով:
Արդարեւ, 2 ապրիլին, Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, այցելեց Հոմս եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Ս. զատկուան արարողութիւն եւ բաշխեց Ս. հաղորդութիւն: Ապա սրբազան հայրը ընդունեց զատկական շնորհաւորանքներ:
Արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը այցելեց Ազգ. գերեզմանատուն եւ կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ մեռելոց:
Միացեալ Նահանգներ
Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին Առիթով Վաճառքի Հանուած Են Սաքլարեանի 9 Ստեղծագործութիւններ
Հայաստանի անկախութ»ան 100-ամեակին առիթով, աւելի քան 20 տարիներու ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, միջազգայնօրէն ճանչցուած ամերիկահայ արուեստագէտ Ստեփան Սաքլարեանի (1899-1983) ստեղծագործութիւններէն ինն վաճառքի հանուած են: Նախապէս չցուցադրուած այս պաստառներէն երեքը արդէն իսկ ծախուած են:
Սաքլարեանին ստեղծագործութիւնները մեծ հռչակ շահած են ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլեւ` միջազգայնօրէն, յատկապէս` 1970-ականներուն: Ներկայիս անոր գործերը կը գտնուին աշխարհի տարածքին գործող աւելի քան 60 թանգարաններու մէջ:
Թրքական հալածանքներէ եւ սպանդներէ փախուստ տալով` Սաքլարեանին ծնողները Պուլկարիա ապաստանած են 19-րդ դարու վերջաւորութեան, ուր ծնած է արուեստագէտը, իսկ 1911-ին հաստատուած են Միացեալ Նահանգներ: Սաքլարեանը իր կեանքը նուիրած է գեղարուեստին` դառնալով Հիւսիսային Ամերիկայի արդի վերացապաշտ արուեստի կարեւոր ներկայացուցիչներէն մէկը:
Ստեղծագործութիւնները կարելի է տեսնել եւ գնել` այցելելով www.Sacklarian.org կայքը:
Ֆրանսա
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆրանսական Նոր Ժապաւէն
Բեմադրիչ Արտակ Իգիթեանը Ֆրանսայի մէջ կը պատրաստէ «Անատոլիական պատմութիւն» խորագիրրը կրող նոր ժապաւէն մը: Ժապաւէնի բեմագրութիւնը հիմնուած է Մարք Արենի (Կարէն Մարգարեան) «Այնտեղ, ուր կը ծաղկին վայրի վարդեր. անատոլիական պատմութիւն» գիրքին վրայ:
Ժապաւէնի երաժշտութեան հեղինակը Միշել Լըկրանն է: Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած են ֆրանսացի հանրայայտ դերասաններ` Սամի Նասերին, որ յայտնի է ֆրանսական «Թաքսի» կատակերգութեամբ, Ժերար Տարմոնը, իսկ կնոջ առաջատար դերը կը կատարէ Հերմինէ Ստեփանեանը:
Ժապաւէնի նկարահանումները տեղի պիտի ունենան 2018-ի ընթացքին, որուն աշխատանքային ծրագիրը արդէն պատրաստ է:
Նշենք, որ Մարք Արենի «Այնտեղ, ուր կը ծաղկին վայրի վարդեր. անատոլիական պատմութիւն» վէպին մէջ կը նկարագրուին հայատեաց թուրքի մը ապրումները, երբ ան իր ծերութեան յանկարծ կը բացայայտէ, որ իր ծնողները հայեր եղած են:
Իրաւաբան Ժերար Կերկերեանը Նշանակուած Է Արցախի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանի Խորհրդական
29 մարտին ֆրանսահայ իրաւաբան Ժերար Կերկերեանը նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան գրասենեակի նախագահ Ռուբէն Մելիքեանի խորհրդական:
Կերկերեան` ծնած է 1953-ին, Լիբանան: 1970-էն ի վեր կը բնակի Ֆրանսա: Քաղաքական գիտութիւններու եւ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ է: Հեղինակ է ֆրանսերէնով երկու հատորներու. առաջինը` հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին եւ երկրորդը` արցախեան հակամարտութեան: Կերկերեանը Փարիզի Փաստաբանական պալատի անդամ է: 2015-էն ի վեր Արցախի մէջ կ՛իրագործէ զանազան ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են ամրապնդելու յատկապէս երիտասարդներու կարողութիւնները:
Արցախի Արտադրանքներու Ցուցադրութիւն
Կազմակերպութեամբ Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունին, համագործակցութեամբ Կապոյտ խաչին, 27 մարտին Մշակոյթի տունին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Պութիք էֆեմեր»-ի նախաձեռնութեան, որը իրականացաւ Ժերար Կերկերեանին ջանքերով: Յայտնենք, որ Արցախի մէջ անոր հիմնադրած «Արմատներ» մշակութային կեդրոնի եւ «Արցախ արթ ֆորում»-ի մէջ ցուցադրուած տեղական արտադրանքներն են, որոնք բերուած են Ալֆորվիլ:
Առ այդ, 26 մարտէն սկսեալ «Պութիք Էֆեմեր»-ի մէջ ցուցադրուեցան Արցախէն բերուած` ձեռագործ, ձեռակերտ արհեստաւորական զանազան իրեր, զարդեղէն, յուշանուէրներ եւ գիրքեր` Արցախի գոյութեան տալու համար շօշափելի ներկայութիւն:
Յիշեցնենք, որ Արցախի Բերձոր քաղաքը (նախկին Լաչին) եւ Ալֆորվիլ քոյր քաղաքներ դարձան` հակառակ Ֆրանսայի կառավարութեան ընդդիմութեան, որ փորձեց ձախողեցնել համաձայնագրի ստորագրութիւնը` Բերձորի քաղաքապետին զլանալով Ֆրանսա այցելելու իրաւունքը անցեալ հոկտեմբերին:
Բացումը կատարեց Մշակոյթի տունի ատենապետ Երուանդ Պառաւեանը եւ խօսքը տուաւ տնօրէնուհի Արաքս Տէր Գէորգեանին, որ դրուատելէ ետք այս գործին քաղաքապետարանի աջակցութիւնը, անդրադարձաւ ձեռնարկին կազմակերպման պատճառներուն, որ գլխաւորաբար Արցախի հետ համագործակցութեան նպատակ կը հետապնդէ եւ փոխադարձ կապերու նոր դռներ կը բանայ: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Ժերար Կերկերեանը, որ ամփոփ գիծերով ներկայացուց «Արմատներ» մշակութային կեդրոնին ծրագիրները` միաժամանակ պաստառին վրայ ցուցադրելով այս աշխատանքին նուիրուած ժապաւէնը: Ստեփանակերտի «Արմատներ»-ը վերածուած է տեղւոյն երիտասարդութեան ժամադրավայրի, ուր տեղի կ՛ունենան համերգներ, դասախօսութիւններ, զրոյցներ, փոխանակումներ` ընկերային եւ մշակութային տարբեր հարցերու շուրջ: Կեդրոնը օժտուած է նաեւ սրճարանով մը: Հոն կը կայանան նաեւ մշակութային ձեռնարկներ, կը ցուցադրուին զանազան արտադրութիւններ:
Կերկերեանը յատկապէս ընդգծեց, որ Եւրոպայի ծայրամասը գտնուող Արցախը կը դաւանի եւրոպական արժէքներ, իսկ «Արմատներ»-ը այսօր հանրապետութեան մէջ ֆրանսախօսութեան կենսունակ կեդրոն դարձած է, եւ այցելուները նաեւ կրնան շատ մատչելի գիներով օգտուիլ տեղւոյն սրճարանէն: Այնտեղ կը ցուցադրուին ժապաւէններ, տեսերիզներ, որոնց աւարտին ալ վիճարկումներ տեղի կ՛ունենան:
Խօսք առին նաեւ քաղաքապետ Միշէլ Ժերշինովիցը, Վալ-տը-Մառնի երեսփոխան Լիւք Քարվունասը, որոնք նկատել տուին, որ յառաջիկայ սեպտեմբերին պիտի այցելեն Արցախ եւ Բերձոր քոյր քաղաքին հետ պայմանագիր պիտի կնքեն:
Քանատա
Լաւալի Քաղաքապետական Խորհուրդի Նիստին Կարդացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Յայտարարութիւնը
3 ապրիլին կայացած Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի նիստի ընթացքին քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամ Արամ Էլակօզը կարդաց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնը: Լաւալի քաղաքապետ Մարք Տեմերսի նախագահութեամբ կայացած նիստին հիւրաբար ներկայ էին նաեւ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամները: Նշենք, որ Քանատայի Քեպեք նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալը 1999-ին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Բազմամշակութային Պարերու Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Մոնրէալի համալսարանի Հայ ուսանողներու միութեան, մասնակցութեամբ Լիբանանեան ուսանողական միութեան, 27 մարտին, Մոնրէալի համալսարանի «Ժան Քուպիւ» շէնքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմամշակութային պարերու ներկայացում, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան «Լէ քաւալիէ տիւ Լիպան», քեպեքեան «Լէ պոն տիապլ» եւ հայկական «Գառնի» պարախումբերը:
Մոնրէալի համալսարանի Հայ ուսանողներու միութեան անունով Արեւիկ Աֆարեանը խօսք առնելով` փափաք յայտնեց, որ նմանօրինակ բազմամշակութային ձեռնարկներու կայացումը աւանդութիւն դառնայ համալսարանէն ներս, որովհետեւ անոնք մեծապէս կը նպաստեն գաղութներու միջեւ ծանօթացման եւ փոխադարձ գնահատման: