Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

21-րդ Դարու Ամօթը

April 13, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Պահ մը կը մտածես, որ մարդկութիւնը ներկայ ժամանակներու բոլոր առաւելութիւններուն մէջ պէտք է զերծ մնացած ըլլայ նախնադարեան բարբարոս երեւոյթներէ, հոլովոյթներէ: Բայց շուրջդ նայելով` ցաւով կը հաստատես տակաւին դպրոցին մէջ մեր սորված  անմահ Յ. Թումանեանի քառեակը.

Բերանն արնոտ Մարդակերը էն անբան
Հազար դարում հազիւ դառաւ Մարդասպան.
Ձեռքերն արնոտ գընում է նա դեռ կամկար,
Ու հեռու է մինչեւ Մարդը իր ճամբան: 

Ն.

—————————————

90 Հազար Տոլար Ընտանիքը
ՏԱՀԵՇ-էն Ազատագրելու Համար

Խալիտ Խալիտ Ալի իր հարազատներուն հետ, ազատագրուած` 2014-ին

Խալիտ Թաալօ Խուտուր Ալի իր կնոջ եւ զաւակներուն հետ փախած է, երբ 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները յարձակած են Իրաքի իրենց հայրենի քաղաքին վրայ, բայց իր ընտանիքին 19 այլ անդամներ պատանդ բռնուած են: Վերջին չորս տարիներու ընթացքին Խալիտ վճարած է 90 հազար տոլար, անոնցմէ 10-ն ազատելու համար: Բայց հիմա, ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք, կը վախնայ, որ ոչ ոք կրնայ ահաբեկիչներէն փրկուիլ:

Անցեալ տարուան 26 սեպտեմբերին հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջանի Շարիա գիւղ մտաւ կարմիր բեռնատար մը: Ներսը նստած էր 16-ամեայ Շայմը: Փոշոտ, փոքր գիւղին մէջ բեռնատարը շրջապատեցին ընկերները, ընտանիքն ու հարազատները եւ Շայմ  ինկաւ անոնց ձեռքերուն մէջ:

Ասիկա Շայմի վերադարձն էր ՏԱՀԵՇ-ի մօտ պատանդ բռնուելէն աւելի ի քան երեք տարի ետք: Այդ ընթացքին ան վաճառուած էր մէկ ահաբեկիչէն միւսին եւ տեղափոխուած` Իրաքի եւ Սուրիոյ անոնց ամրոցներուն միջեւ: Այժմ Շայմի հօրեղբայրը զինք վերադարձուցած է` վճարելով 11 հազար տոլար:

Խալիտ կը յիշէ այն օրը, երբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները հասած են Սինճար քաղաք: 2 օգոստոս 2014-ի գիշերը ոչ ոք կրնար քնանալ: «Բազմաթիւ պատերազմներ սկսան հարաւային արուարձաններուն մէջ », կ՛ըսէ Խալիտ` նստելով խաչաձեւ ոտքով, իր տան յատակին, նրբագեղ բարձին վրայ:

«Յաջորդ առաւօտ, նախաճաշէն առաջ, մենք լսեցինք աղմուկը եւ ձայնը, ես բացի դուռը եւ հարցուցի քանի մը մարդոց, որոնք կը վազէին փողոցին մէջ. «Ի՞նչ պատահած է»: Անոնք ինծի ըսին. «ՏԱՀԵՇ-ը հոս է»: Բոլորը կը վախնային եւ ինքնաշարժներ ունեցողները փախան լեռները, բայց ես ինքնաշարժ չունէի»:

Խալիտ իր ելեկտրածին մեքենայէն 4 լիթր վառելանիւթ առաւ եւ տուաւ իր դրացիին, որ համաձայնեցաւ Խալիտը, անոր յղի կինը եւ վեց երեխաները ինքնաշարժով փոխադրել դէպի ապահով վայր:

Սակայն Սինճարի լեռը հասնելով` Խալիտ անդրադարձաւ, որ աճապարանքով հեռանալու ատեն տունը մոռցած է իր նոթատետրը, անձնական փաստաթուղթերը եւ քիչ մը դրամ: Այնպէս որ, անոնք դուրս եկան ինքնաշարժէն եւ խորհրդակցեցան` ինչպէ՛ս վերադառնալ տուն, ատոնք առնելու համար: Խալիտի կինը թոյլ չտուաւ, որ ան վերադառնար, բայց համաձայն գտնուեցաւ, որ  իրենց տղաներէն մէկը երթար տուն: Ճամբան ան հանդիպեցաւ Խալիտի եղբօրը` Տախիլին, որ ուշացած` կը  միանար Սինճարէն փախուստին: Եւ Տախիլի տղաներէն մէկը միացաւ անոր  վտանգաւոր ճամբորդութեան:

Փաստօրէն ատիկա փրկեց զանոնք: ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները շուտով առեւանգեցին Տախիլն ու անոր ընտանիքին միւս անդամները, իսկ երկու երիտասարդները մնացին տեսողութենէ դուրս եւ վերջապէս հեռացան: «Բոլորը, որոնք մնացած էին լերան ստորոտը, պատանդ բռնուեցան, միայն անոնք, որոնք վերն էին, փրկուեցան», կ՛ըսէ Խալիտ:

Ան կը շարունակէր հեռաձայնել  եղբօրը բջիջայինին: Ի վերջոյ մարդ մը պատասխանեց եւ ըսաւ. «Մենք Իսլամական պետութիւնն ենք», եւ փակեց:

Խալիտի տղան եւ եղբօրորդին միացան իրենց: Ան գտաւ թրաքթէօր մը, որպէսզի ընտանիքին հետ սուրիական սահման երթան` անցնելով բնակավայրերէ, որոնք ՏԱՀԵՇ արագօրէն կը գրաւէր: Կրակոցներու եւ արձակազէններու փամփուշտներու տարափին տակ անոնք հետեւեցան հիւսիս-արեւելք սահմանին, մինչեւ որ  24 ժամ ետք հասան Իրաքի քրտական Շարիա գիւղ:

Խալիտ տագնապեցաւ իր եղբօր ընտանիքին ճակատագիրով: Սինճարի միւս բնակիչներուն պէս, բոլորը եզիտի կրօնական փոքրամասնութեան անդամներ էին, որոնք ՏԱՀԵՇ կը նկատէր սատանայապաշտներ: Կը թուէր, որ անոնք կա՛մ գերի բռնուած էին, կա՛մ մահացած:

Յաջորդ տարուան մայիսին Խալիտ ստացաւ տեղեկութիւններ մաքսանենգներէ, որ ՏԱՀԵՇ պատանդ բռնած երեխաները եւ կիները տեղափոխած է Սուրիա: Ապա զինեալները սկսան վաճառել զանոնք` բջիջայիններու հաղորդագիրներով լուսանկարներ ուղարկելով  եւ գիներ ճշդելով:

Խալիտ, որ կ՛աշխատէր որպէս գիտութեան ուսուցիչ` ներքին տեղահանուածներու գաղթակայանին մէջ, հասկցած էր, որ բջիջային այդ հաղորդագիներուն շնորհիւ կրնար իր  ընտանիքին վերադարձը տեսնել: Ուրեմն սկսաւ յարաբերութիւններ հաստատել շարք մը մաքսանենգներու հետ: Գալիք տարիները բազմաթիւ անքուն գիշերներ եւ դրամական մտահոգութիւններ  պիտի պատճառէին` անբարեխիղճ անձերու հետ գործ ունենալով:

Բայց անցեալ տարի, ՏԱՀԵՇ-ի փլուզումի ատեն, գոյացուցած էր  90 հազար տոլար եւ յաջողեցաւ ազատել իր ընտանիքի 10 անդամները: Շայման վերջինն էր, մաքսանենգուած` Տէր Զօրէն, ՏԱՀԵՇ-ի արտաքսումէն միայն քանի մը օր առաջ:

Ահաբեկիչներու դաջուածքները Շայմայի վրայ

Խալիտ կ՛ըսէ, որ ինք կրցած է ազատել իր ընտանիքը` առանց ուղղակի խօսելու զինեալ հրոսակախումբերու հետ, այլ` միջնորդներու բարդ ցանցի միջոցով:

Յաճախ քանի մը նման անձեր ներգրաւուած էին Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ աշխատող զանազան գործակալներու հետ, իւրաքանչիւրը գումար մը կը գանձէր: Ատիկա վտանգաւոր աշխատանք էր:

ՏԱՀԵՇ շատ հաւաբար սպաննած է այն մաքսանենգները, որոնք իրենց գրաւած շրջանէն կը հեռացնեն գաղթականները:

Խալիտէն աւելի քան երեք ամիս խլեց Շայմի ազատ արձակումը:

 

Եզիտիները`
Պատանդ Բռնուած

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ 2014 թուականին առեւանգուած  6500 եզիտիներէն տակաւին 3150-ին ճակատագիրը անյայտ է: Եզիտի գործիչ Միրզա Տիննայի կը կարծէ, որ ահաբեկիչները տակաւին եզիտիներ կը վաճառեն առցանց:

Հաստատ թիւեր չկան, թէ քանի՛ եզիտի զոհուած է գերութեան մէջ: Հաւաքական գերեզմանոցներ յայտնաբերուած են Սինճարի շրջանին մէջ, եւ մասնագէտներ եզիտիներու կոչ կ՛ուղղեն ստուգումներ կատարելու:

Ազատագրուած եզիտիներէն շատեր Խալիտի ըրածներուն նման գործողութիւններով փրկուած են:

Երկու միջնորդներու օգնութեամբ Խալիտ ուղարկեց իր ՈւաթսԱփփ-ի հաղորդագիրները, ներառեալ ընտանիքի անդամներուն լուսանկարները` համոզելու զայն, որ ան շուտով կ՛ազատագրուի:  Խալիտ գոյացուց 16 հազար տոլար, որ պէտք էր գործարքին համար եւ սպասեց:

Ապա` լռութիւն: Երեք օր ան ոչինչ լսեց: «Մենք պարզեցինք, որ միջնորդները յարձակումի ենթարկուած, բանտարկուած եւ խոշտանգուած են», կ՛ըսէ ան:

Ատկէ ետք մաքսանենգներու այլ խումբ մը  գործի լծուեցաւ աւարտին հասցնելու համար փրկարար գործողութիւնը: «Իրաքեան միջնորդը ինծի ըսաւ, որ Թոհուք երթամ իմ գումարներս առնելու համար: Շաբաթ մը ետք նոյն անձը հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ այդ գործողութիւնը կ՛ըլլայ քանի մը օր ետք: Ես շաբաթ մը գիշերները չքնացայ», կ՛ըսէ Խալիտ:

Լէյլա եւ իր դուստրը այժմ ազատ` Շարիայի մէջ

Դրամական անհրաժեշտ միջոցները գոյացնելը  եղած է Խալիտի աշխատանքի ամէնէն մեծ  եւ դժուար մասերէն մէկը` ազատագրելու իր հարազատները: Օրինակ, ան ստիպուած էր գտնել 39 հազար տոլար, որպէսզի վերադարձնէ իր քոյրը` Լէյլան եւ անոր երեխաները: Յետոյ ան ստիպուած էր վճարել 29 հազար տոլար` ազատագրելու համար  իր տղուն կինը:

Բայց այդ գումարը ուրկէ՞ պիտի գար:

«Ես դրամ չունէի, ուրեմն իմ ընկերներէս փոխ առի, ոմանք ինծի  տուին 50 տոլար, ուրիշ մը` 100», կ՛ըսէ Խալիտ:

«Բարեկամ մը, որ խորհրդարանի պատգամաւոր է, ինծի 3 հազար տոլար տուաւ: Իմ կնոջս քոյրերն ու եղբայրներն ալ ինծի դրամ ուղարկած են Գերմանիայէն, վերջապէս գումարը գոյացաւ»:

Խալիտ 90 հազար տոլար վճարելով ընտանիքին 10 անդամները վերադարձուց` 9 կիներ եւ աղջիկներ եւ իր քրոջը` Լէյլայի տղան:

Թէեւ Խալիտը կրնան մեղադրել ահաբեկիչներուն գումարներ տալու յանցանքին համար, սակայն ան իր  առաքելութիւնը կը նկատէ ընտանիքին ազատագրումը: Սակայն տեղական իշխանութիւնները գիտէին, թէ ինք եւ այլ եզիտիներ  ի՛նչ կ՛ընեն: Եթէ անոնք ստիպուած ըլլային գումար փոխանցել Սուրիա, պէտք էր արտօնութիւն ստանային  անվտանգութեան ուժերէն:

Խալիտի վճարած որոշ գումարները վերադարձուած են հիւսիսային Իրաքի իշխանութիններու կողմէ այդ նպատակով ստեղծուած գրասենեակին միջոցով:

Թէեւ ՏԱՀԵՇ-ն է, որ առեւանգած էր իր հարազատները, սակայն հրոսակախումբին պարտութիւնը տարաբնոյթ կերպով աւելի կը դժուարացնէ իր ընտանիքի անյայտ կորսուածները  վերագտնելու խնդիրը:

Անոնք իր եղբայրը, չորս եղբօրորդիները,  անոնցմէ մէկուն երկու երեխաներուն կինը եւ Խալիտի քրոջ, Լէյլայի ամուսինն են:

Խալիտ կը կարծէ, որ հաւանաբար անոնք սպաննուած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ, կամ` դաշնակից ուժերու օդային հարուածներու ժամանակ: Թէեւ ոմանք կրնան մնացած ըլլալ ՏԱՀԵՇ-ի բանտերուն կամ մեկուսացուած վայրերու մէջ, ուր զինեալներու խումբերը ապաստանած են: Խալիտ կ՛ըսէ, որ անկարելի է որեւէ բան գիտնալ:

«Ասոնք բոլորը կարելիութիւններ են, բայց 100 առ հարիւր ոչինչ կայ», կ՛ըսէ ան:

«Նոյնիսկ եթէ անոնք մեռած են, մենք պէտք է ատիկա հաստատենք Տի.Էն.Էյ-ի քննութիւնով»:

«Երբ առեւանգուած անձը կը մահանայ, անոր մասին ոչինչ գիտենք, եւ ատիկա իսկապէս դժուար է: Կ՛ուզեմ տեսնել զանոնք, նոյնիսկ եթէ անոնք մահացած են, ես կ՛ուզեմ համոզուիլ, որ անոնք իսկապէս մեռած են», կ՛ըսէ Խալիտ:

Շայմա եւ Լէյլա համաձայնած են իրենց ինքնութիւնը բացայայտել այս պատմութեան համար` յուսալով, որ ատիկա կ՛աւելցնէ  ընտանիքի անդամները վերագտնելու կարելիութիւնը:

                                                                                             «Պի. Պի. Սի.»

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Կայսրութիւնը Զէնքեր Տրամադրելով` Նպաստած Է Հայոց Ցեղասպանութեան

Յաջորդը

Արցախեան Շարժման 30-ամեակ. Արցախի Վերածննդի Օր` Երեսնամեայ Փետրուարի 20

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.