Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. ՀՅԴ Ընտրամեքենայի Նոր Արտադրամասերը

May 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան զանգուածային լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձան արտերկրի լիբանանցիներուն խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան երեւոյթին: Պատկերներ, թիւեր, վիճակագրական տուեալներ եւ այդ բոլորին վրայ կատարուած հետեւութիւններ:

Օրէնքը նոր է եւ առաջին անգամն է, որ լիբանանեան սփիւռքը կը մասնակցի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Ասիկա անշուշտ քայլ մը առաջ է բոլոր լիբանանցիները օրէնսդիր ժողովի ձեւաւորման գործընթացին եւ հետեւաբար նաեւ Լիբանանի քաղաքական գործընթացներու իրաւական բաժինին մասնակից դարձնելու առումով:

Պաշտօնական թիւեր չեն հրապարակուած, այսուհանդերձ լիբանանեան սփիւռքը նկատելի համեմատութիւններով կը գերազանցէ Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներուն թիւը: Այդ թիւի համեմատութեամբ չեն, որ կ՛արձանագրուին անշուշտ ընտրութիւններուն մասնակցողներուն համրանքները:

Օրէնքը նոր է. ընտրական մշակոյթը` նոյնպէս: Տակաւ կը բազմապատկուին թիւերը, հետագայ ընտրութիւններուն մասնակցութեան նոր քանակ ապահովելու եւ Լիբանանէն դուրս ապրող մանաւանդ յառաջիկայ սերունդները այս երկրին կապելու, անոնց ձայնը որոշումի կեդրոններուն մօտ լսելի դարձնելու առումով:

Արտերկրի լիբանանահայը բոլոր պատճառները ունէր աշխուժ մասնակցութիւն բերելու նաեւ այս ընտրութիւններուն. միաժամանակ թէ՛ իբրեւ լիբանանցի եւ թէ՛ իբրեւ լիբանանահայ կրկնակի պարտականութիւնները կատարելու առումով:

«Ազդակ» բազմիցս անդրադարձած է նախ օրէնքին բերած նորութեան եւ համապատասխան մանրամասնութիւններուն, նախապէս արձանագրուելու եղանակին եւ ժամկէտին, ապա տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած ընտրական լսարաններուն, փոխանցումներուն, ընդառաջումներուն եւ մանաւանդ Դաշնակցութեան կեդրոնատեղիներուն մէջ ընտրական աշխատանքները համադրելու եւ լիբանանահայերը ընտրութեան օրը քուէատուփ ուղղորդելու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:

Այս բոլորը բնականաբար համակարգուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընտրական կեդրոնական գրասենեակին եւ անոր բաժանմունքներուն կողմէ: Փաստօրէն, երկուշաբթի օր Դաշնակցութեան համատարած ընտրամեքենաները իրականացուցին առաջադրանքը:

Այս կը նախանշէ, որ Լիբանանի մէջ իր կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակով համակողմանի արժեւորումի արժանացած եւ իբրեւ մոտել մատնանշուող Դաշնակցութեան ընտրամեքենան կ՛ունենայ իր մասնաճիւղերը աշխարհի տարածքին:

Ասիկա առաջին փորձառութիւնն էր: Արտերկրի ընտրամեքենաները բանեցան նաեւ Լիբանանի մէջ իրենց ընտրական աշխատանքներուն փորձառութիւնը կուտակած կամաւոր ընկերներ-ընկերուհիներու եւ արտերկրի լիբանանահայ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան այսօրուան առաջնային օրակարգի իրականացման մէջ:

Հիմա մեկնարկն է Լիբանանի մէջ վաստակ ապահոված կուսակցական ընտրամեքենայի նոր տարածքներու նուաճման, նոր թիւերու ամբարման, նորուժի կուտակման:

Աշխատանքը հեռանկարային է եւ կը միտի համալրել թիւերը, հետեւաբար` նոր արտադրամասերով օժտել մարդուժի պատրաստութեան համալիրը:

«Ա.»

Նախորդը

«Լիբանանահայութեան Ծառայութիւնը Եւ Անոր Իրաւունքներուն Պաշտպանութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւանդն Է, Եւ Մենք Պիտի Հետեւինք Այդ Ուղեգիծին» «Ազդակ»-ին Յայտնեց Ս. Չուխատարեան

Յաջորդը

Մայիս 1. Աշխատաւորի Ազատագրման Օր Ու Նահանջի Դէմ Պատերազմ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.