Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
2018-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ կաթողիկէ համայնքին յատկացուած խորհրդարանական աթոռի թեկնածու Սերժ Չուխատարեանի հետ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած եւ Հայ կաթողիկէ համայնքին օրհնութիւնը վայելող թեկնածու Սերժ Չուխատարեան ասպարէզով իրաւաբան է, աւարտած է հայկական դպրոց եւ հասակ նետած Հայ դատը պաշտպանելու սկզբունքներով ու գաղափարներով:
Անոր համար կարեւոր է հայ ընտանիքի կազմութիւնը եւ հայկական ինքնութեան պահպանումն ու անոր փոխանցումը` նորահաս սերունդներուն:
Թէ ինչպէ՞ս ընտրած է իր մասնագիտութիւնը հարցումին պատասխանելով` Սերժ Չուխատարեան յայտնեց, որ ինք մանկութենէն սիրած է այդ ճիւղը` աւելցնելով, որ տան մէջ ալ իրաւաբանական մթնոլորտը տիրական եղած է` նկատի ունենալով, որ իր հայրը` նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան, փաստաբան եղած է:
«Այս բոլորը քաջալերեցին, որ իբրեւ ասպարէզ ընտրեմ իրաւաբանութիւնը եւ ըլլամ անիրաւուածին ու ընկճուածին կողքին:
Հոս կ՛ուզեմ փակագիծ մը բանալ եւ ըսել, որ Սերժ Չուխատարեանի ասպարէզը եւ նկարագիրը ժառանգական ըլլալու հետեւանք չէ, այլ` արդիւնք` իր կողմէ սիրով ընտրուած ճիւղին եւ ասպարէզին: Անկարելի է, որ մարդ իր ասպարէզին կամ գործին մէջ յաջողի, եթէ զայն կամովին չէ ընտրած: Իբրեւ իրաւաբան իմ ստանձնած պարագաներուս վստահութիւն կը ներշնչեմ եւ լուրջ աշխատանքով կը ներկայանամ` պաշտպանելու անոնց դատը», ըսաւ ան:
Միութենական աշխատանքներու մաս կազմելու իմաստով Սերժ Չուխատարեան յայտնեց, որ հայ կաթողիկէ համայնքէն ըլլալով, այդ աշխատանքներուն մեկնակէտը եղած է իր համայնքը:
Ան անդամ եղած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ երիտասարդաց համախմբումին, անդամակցած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտական խումբին, ինչպէս նաեւ մաս կազմած է Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ):
Սերժ Չուխատարեան առանձնայատկութեամբ կը խօսի յատկապէս սկաուտական շարժումին մասին` հաստատելով, որ ինք իբրեւ մարդ ամէնէն աւելի ազդուած է այդ շարժումէն: «Սկաուտական փորձառութիւնը կարգապահութիւն կը սորվեցնէ, պատասխանատուութիւն ստանձնելու յանձնառութեան մէջ կը դնէ մեզ, ինչպէս նաեւ կ՛ուսուցանէ ղեկավար ըլլալու քայլերը: Այս բոլորը իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան մարդ արարածին կեանքին վրայ: Անոր կ՛աւելնայ փորձառութիւնը, որ աստիճանաբար կը վերածուի լաւագոյնին հասնելու ձգտումին», ըսաւ ան:
Հայ կաթողիկէ համայնքին մէջ իր ստանձնած պարտականութիւններէն հիմնականը կը նկատուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի եւ Զմմառու Տիրամօր վանքի կալուածոց հարցերու փաստաբանը ըլլալու իր իրականութիւնը:
«Անդամ եմ նաեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տարբեր յանձնախումբերուն, ինչպէս` տնտեսական եւ կալուածոց յանձնախումբերը, Հայ կաթողիկէ վարժարաններու վարչական խորհուրդը եւ Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի «Աղաճանեան» գիշերօթիկի խորհուրդը», աւելցուց ան:
1998-էն մինչեւ օրս Փաստաբաններու սենտիքայի անդամ Սերժ Չուխատարեան երկու նստաշրջանի համար ընտրուած է Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ` 2004-ին եւ 2010-ին: 12 տարուան ընթացքին, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին անդամակցութեան շրջանին ծառայած է բոլորին անխտիր, յատկապէս լիբանանահայութեան` առանց հարցնելու անոր կուսակցական թէ յարանուանական պատկանելիութեան մասին:
Ժողովուրդին ծառայութեան կողքին, Ս. Չուխատարեան պարտականութիւններ ստանձնած է նաեւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի իրաւական հարցերու յանձնախումբին մէջ:
«Այս բոլորին կողքին անշուշտ մնայուն կերպով ներկայ գտնուած եմ ՀՅԴ-ի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն` ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի եւ այլ միութիւններու ձեռնարկներուն եւ կ՛ապրիմ հայկականութեամբ` առանց զուրկ ըլլալու հայկական իրականութենէն», յայտնեց ան:
Ս. Չուխատարեան նաեւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի իրաւաբաններէն մէկն է: Շուրջ 15 տարիէ ի վեր Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի իրաւաբանական խորհրդատուութեան դերակատարութիւն ունի եւ ամէն իմաստով կը ծառայէ գրասենեակ դիմող քաղաքացիներուն:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու փափաքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Սերժ Չուխատարեան հաստատեց, որ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի իր 12-ամեայ ծառայութենէն ետք, իր մէջ արթնցած է իր փորձառութիւնը աւելի բարձր մակարդակի փոխանցելու իղձը, որպէսզի յաւելեալ ծառայութիւն մատուցէ ժողովուրդին:
«Անշուշտ փափաքը ունէի, սակայն թեկնածութիւնս ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն է, որ առաջադրեց, եւ ես սիրով ընդունեցի», շեշտեց ան:
Հայ երիտասարդութեան աշխատանք ու բնակարան տրամադրելու եւ անոնց արտագաղթը կասեցնելու, հայ ընտանիքի կազմութիւնը քաջալերելու յատուկ օրինագիծեր մշակելու առումով Սերժ Չուխատարեանի ձգտումները կը կազմեն անոր ընտրական ծրագիրները, որոնք ծնունդն են գետնի վրայ իր զգացած ցաւերուն:
«Խորհրդարանին մէջ հիմնական աշխատանքը, որ կը կատարուի, օրէնսդիր աշխատանքն է, եւ ես պատրաստ եմ իմ իրաւաբանական փորձառութիւնս ի սպաս դնելու լիբանանահայութեան դիմագրաւած հարցերուն լուծում ներկայացնող օրինագիծերու մշակումին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարեւորագոյն իրագործումը պիտի ըլլայ երկրին տնտեսական իրավիճակին բարելաւումը, ներդրումներու ապահովումը, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան մարդուժ ապահովել եւ երիտասարդութեան տրամադրել աշխատանք, որուն շնորհիւ ան կարենայ արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ:
Ս. Չուխատարեանի նպատակներէն է նաեւ մշակել երթեւեկը կազմակերպելու եւ երթեւեկի խճողումը նուազեցնելու լուրջ ու ընդհանուր ծրագիր մը մշակել` ստեղծելով հանրային փոխադրութեան առողջ, ապահով եւ կանոնաւոր համակարգ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին կազմակերպած ժողովրդային հաւաք-լսարաններուն մասնակցութեան իբրեւ արդիւնք իր տպաւորութիւններուն մասին խօսելով` Սերժ Չուխատարեան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը տակաւին կապուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: «Անշուշտ այս իրականութիւնը ունի իր հիմնաւորումները, որոնցմէ կարեւորագոյնը այն է, որ Դաշնակցութիւնը ծառայած է եւ կը շարունակէ ծառայել լիբանանահայութեան, պաշտպանած է եւ կը շարունակէ պաշտպանել հայութեան իրաւունքները` աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր: Ասիկա ՀՅԴ-ի աւանդն է, որ կայ ու պիտի շարունակուի: Իսկ մենք մեր կարգին, երբ խորհրդարան հասնինք, այդ ուղեգիծին համաձայն պիտի գործենք եւ ժողովուրդին ծառայենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ատիկա իրեն ուրախութիւն կը պատճառէ եւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս գալու յոյս կը ներշնչէ:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ այս օրերուս տիրական դարձած ընտրակաշառքի դրութեան` Ս. Չուխատարեան հաստատեց, թէ ինք համոզուած է, որ հայ ժողովուրդը արժանապատուութիւն ունի, հպարտ է եւ իր քուէն չի վաճառեր: «Աւելի՛ն. լիբանանահայութիւնը հաւատարիմ է ՀՅ Դաշնակցութեան, հետեւաբար ան ո՛չ կը գնուի եւ ո՛չ ալ կը վաճառուի: Կոչ կ՛ուղղեմ լիբանանահայոց, որ 6 մայիսին ուղղուին քուէարկելու եւ իրենց քուէն շնորհելու ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերականգնել, եւ աւելի լայն ու ընդարձակ գործունէութիւն ծաւալելով` միասնաբար ծառայել լիբանանահայութեան», եզրափակեց ան:



