Կիրակի, 22 ապրիլ 2018: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին առջեւ մեծ թիւով սկաուտներ (փոքրեր եւ մեծեր) իրենց շատ գեղեցիկ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական տարազներով շարքի կեցած էին եւ կը սպասէին ընդհանուր հրահանգի` քալելու դէպի առաջ:
Առիթը աւանդութիւն դարձած ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ապրիլեան քայլարշաւն էր դէպի մայրավանք, Անթիլիաս:
Այս քայլարշաւը արդէն չորս տարի է, որ տեղի կ՛ունենայ, եւ մենք` իբրեւ ծնողներ, կը մասնակցինք այս գեղեցիկ սովորութեան:
Շեփորախումբին զօրաւոր եւ հաւասարակշռուած նուագին քաջալերական ձայնէն ոչ միայն սկաուտներուն տրամադրութիւնը բարձր էր, այլ նաեւ մեր` ծնողներուս տրամադրութիւնը:
Հպարտ էինք, որ մեր զաւակները յանձնած էինք ՀՄԸՄ-ի այս մասնաճիւղի սկաուտական շարքերուն եւ մարզական դպրոցներուն եւ ահա ազգային գիտակցութեան զգացումներով եւ բարոյական մեր արժանիքները պահպանելու վճռակամութեամբ, անոնք պիտի քալէին ակումբէն դէպի վանք: Ակումբը` մեր Դատին տէր կանգնելու վճռակամութեան խորհրդանիշը, իսկ վանքը` մեր նախնիներուն մասունքներուն մատուռը, յիշատակը եւ գիտակցութիւնը:
Սկաուտ, մարզիկ եւ ծնողք քալեցինք մինչեւ վանք` ճամբուն ընթացքին երբեմն յիշելով մեր պապիկներուն եւ մամիկներուն զոհողութիւնները, երբեմն ալ անոնց փոխանցած պատգամները կամ խօսքերը` «Հա՛յ մնացէք», «Հայերէ՛ն խօսեցէք»:
Հոն` վանքի շրջափակին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան մատուռին շուրջ հաւաքուած սկաուտները եւ մարզիկները, իրենց կոկիկ եւ համաչափ շարքերով, յայտնեցին իրենց յարգանքը, ապա իւրաքանչիւրը ծաղիկ մը զետեղեց բոցավառող կրակին մօտ, որ կը խորհրդանշէր մեր նահատակներուն յիշատակը:
Շատ խորհրդաւոր էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ մարզիկներուն այս փոքր, բայց խորապէս իմաստալից արարողութիւնը, որ խորապէս դաստիարակիչ էր:
Վարձքը կատար` բոլոր պատասխանատուներուն եւ սկաուտական խմբապետերուն, որոնք յղացան եւ քաջալերեցին ապրիլեան այս քայլարշաւը:
ԾՆՈՂ ՄԸ