ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ: Բազմահազար հայեր, մանաւանդ` երիտասարդներ, քաղաքացիական անհնազանդութեամբ եւ քաղաքակիրթ պահուածքով իրենց դժգոհութիւնը եւ ընդվզումը կը յայտնեն ի տես վերջին տասնամեակներուն աստիճանաբար աճող` երկրի քաղաքական եւ տնտեսական համակարգին յաւելեալ վատթարացման դէմ, որուն վերջնագոյն դրսեւորումը եղաւ Սերժ Սարգսեանի վերարտադրումը: Նախագահական համակարգին անցումը` աւելի ժողովրդավար խորհրդարանական վարչաձեւին: Ճարպիկօրէն, սահմանադրական ձեւաւորումով չափուած ու ձեւուած` իր չափին, զինք դարձնելով վարչապետ, որուն ձեռքերուն մէջ պահուած են երկրին իրողական ղեկավարի բոլոր իրաւասութիւնները:
Այո՛, այս անցումով Սերժ Սարգսեանը կրկին պիտի դառնար երկրի իրողական գերագոյն ղեկավարը` իր ձեռքին պահած բոլոր իրաւասութիւնները:
Պարզ ըսած, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, հետը ունենալով անքակտելի դաշնակիցներ, վարչապետի սահմանադրական իրաւասութիւններ, ձեւական եւ սահմանափակ հնարաւորութիւններով հանրապետութեան նախագահ, կողքին ունենալով լայն կարելիութիւններով օժտուած տնտեսական սակաւապետութիւն եւ ուժային համակարգ, մէկ խօսքով, ամբողջական եւ բոլոր պայմանները ամբողջացնող «ուշիմ» դերաբաշխումով յագեցած իշխանախումբ մը: Երկար դիմանալու եւ գոյատեւելու բոլոր տուեալները պարփակող, անշուշտ` առանց մոռնալու երկրին քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնք գրեթէ ազդեցութեանը տակն են այս համակարգին, որոշ բացառութիւններով, որոնք այլապէս ալ այլընտրանքային ոչ մէկ հնարաւորութիւն պիտի ձգէին Հայաստանի քաղաքացիին վիճակի բարելաւման եւ աստիճանական բարեփոխման:
Այսօր Հայաստան ապրող քաղաքացիին եւ նոր սփիւռք դարձած հայաստանցիին համար ոչ մէկ փոփոխութիւն ու բարելաւում ստեղծելու միջոց մնացած էր: Հայաստանի իշխող համակարգը բեմադրական մեծ վարպետութեամբ կրցած էր Հայաստան եւ անկէ դուրս ապրող հայուն հոգիին ու մտքին մէջ արմատացնել այն գաղափարը, որ ոչ մէկ փոփոխութիւն հնարաւոր է: Ենթարկուելէ եւ զայն ընդունելէ զատ` այլընտրանքային ոչ մէկ հնարաւորութիւն ձգելով ժողովուրդին:
Այո՛, ժողովուրդին ներկայացուցած բոլոր փաստարկները նոյնն են: «Հին» ու «նոր» կարգախօսներ եւ «տրամաբանութեան» եզրերը նոյնն են, պատմութիւնը վկայ: Քաղաքական սոփեստութեան բազմաթիւ օրինակներ առկայ եղած են ու տակաւին կը յամենան, ինչպէս, օրինակ, քաղաքական «շիկացումէ խուսափում» «առճակատումի» խուսափում, «ապահովական գերխնդիր» եւ մանաւանդ` Արցախի հարցի գծով զգուշաւորութիւն: Անշուշտ մեր մեծ դրացիին ուժեղ ներկայութիւնը եւ անոր առնչակցութիւնը եւ կողմնորոշումը այս հարցին ու կողմին նկատմամբ:
Տակաւին կան աւելի պարզունակ ու միամիտ եւ յաւակնոտ ու մանկապատանեկան աստիճանի հասնող դրսեւորումներ, որոնք հոս ու հոն կը յանկերգուին ամէնուրեք:
Քանի մը ցցուն օրինակներ. ուշադի՛ր, մենք ունինք «քաղաքական ու ապահովական գերխնդիրներ», «զգո՛ւշ, հայու մը քիթը պէտք չէ արիւնի», «մենք բաներ գիտենք, որ դուք չէք գիտեր», «խօսիլը դիւրին է, գործը` դժուար» եւ այլն: Ահաւասիկ` տրամաբանութեան այն շարքը, որ իշխող համակարգը եւ իր կողմնակիցները միշտ ալ ներկայացուցած են ժողովուրդին:
Մեր մէջ կը գտնուի մարդոց տեսակ մը, որ հոս ու հոն այս զգուշաւորութեան տրամաբանութիւնը իր մենաշնորհը կը նկատէ:
Բազմահարիւր հազարաւոր մարդոց եւ երիտասարդութեան այս ճշմարտութիւններուն ծանօթ ըլլալը կը բացառուի: Ո՞վ ձեզի իրաւունք տուած է այս երիտասարդութիւնը այնքան միամիտ եւ արկածախնդիր կարծելու: Այսօր Հայաստանի մէջ փողոց իջած երիտասարդութիւնն ու ժողովուրդը եւ անոնց զօրակցող տարրերը քաջ գիտեն ձեր այսպէս կոչուած «փաստարկումները»: Ո՛չ, սիրելի՛ համակարգ եւ կողմնակիցներ. ժողովուրդները միշտ ալ կը հասնին այն աստիճանին, երբ գիտեն պոռթկալ ու դէմ դնելով` չընդունիլ կատարուած իրողութիւնները:
Ժողովուրդները ունին իրենց իմաստուն բնազդները, որուն թելադրանքով կը կողմնորոշուին: Միշտ ալ ժողովուրդին մէջ կը գտնուին խիզախներ, որոնք տուեալ պահուն կ՛առաջնորդեն ժողովուրդը:
Նայեցէ՛ք պատմութեան, նայեցէ՛ք հայ ազատագրական տարիներու գաղափարական սերունդին, որոնք անվարան անցան ազատագրական շարժումներու գլուխը եւ առաջնորդեցին ժողովուրդը:
Մեր ազատագրական պայքարի ժամանակաշրջանին աւելի դժուար էին պայմանները, բայց այդ օրուան մեր ազատագրական պայքարի հաւատացողներ գիտակից կռուի մէջ մտան: Ռուսական եւ օսմանեան կայսրութիւններու դէմ կռուեցան: Զոհուեցան, բանտարկուեցան, ամբողջ կեանք մը ապրեցան կռիւով ու տառապանքով: Գործեցին երբեմն ճիշդ, երբեմն սխալ, բայց ձեռնածալ չմնացին: Կռիւը անհնար նկատելով ի տես իրեն դէմ ցցուող ահարկու ուժերուն` պայքարի դաշտ նետուիլը մէկու մը մենաշնորհը չէ: Այս իմաստով ողջունելի են փողոց իջնող ժողովուրդն ու երիտասարդութիւնը: Այո՛, կարելի է միայն ապրիք ըսել:
Սխալներ կրնան գործուիլ եւ միշտ ալ գործուած են, կարելի է սրբագրել: Ով չէ սխալած եւ այն ալ բազմաթիւ սխալներ: Ո՞վ չէ սխալած, նոյնիսկ` ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող սխալներ: Վերջապէս կը հաւատանք, որ մեր մէջ կը գտնուին քաղաքական իմաստութիւն ունեցող հայրենասէրներ, տարրեր, որոնք կրնան այս շարժումը նուազագոյն վնասներով ճիշդ հունի մէջ դնել: Իմաստութիւնը ունեցող մարդիկ մեր ժողովուրդին մէջ չեն պակսիր, քաղաքական ու ռազմավարական ճիշդ կողմնորոշում ու հունաւորում թելադրող մարդիկ, որոնք կրնան լաւագոյնը ընել` այս շարժումը բարիքի վերածելու:
Այս շարժումը ամէն գնով թերգնահատելն է վատը, համակերպումն է վատը, եթէ ես չեմ ընողը, ուրեմն «լաւը չէ»-ի տրամաբանութիւնն է վատը:
Այս շարժումը ամէն գնով օտար ուժերու թելադրանքը նկատելն է վատը:
Մեր ժողովուրդի առողջ տարրերը, կ՛ենթադրեմ, լաւագոյնս կ՛ըմբռնեն, թէ ո՛ւր կը սկսի մեր ժողովուրդին ու ազգին գերագոյն շահերն ու հնարաւորութիւնները եւ ուր կը վերջանան: