Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Անցած տարուան ընթացքին համաշխարհային մակարդակով ստեղծուած հարստութեան 82 տոկոսին տէր դարձած է աշխարհի ամենահարուստ բնակչութեան մէկ տոկոսը, մինչ մարդկութեան ամենաաղքատ հատուածի 50 տոկոսին եկամուտը զերօ յաւելում արձանագրած է: Աշխարհի ամենահարուստ 61 անձերու ունեցած հարստութիւնը համահաւասար է մարդկութեան այս ամենաաղքատ հատուածի կէսին ունեցած ամբողջ հարստութեան: Երկու հարիւր պիլիոն տոլար կը հաշուուի այն գումարը, որ աշխարհի ամենահարուստ մէկ տոկոսը խուսափած է վճարել որպէս հարկային պատասխանատուութիւն եւ յաճախ դրամը փախցուցած է դէպի «հարկային դրախտներ»-ու դրամատուներ:
Անգլիական Օքսֆամ կազմակերպութեան այս նորագոյն տեղեկագիրին մէջ տեղ գտած այս թիւերը նորութիւն չեն: Համաշխարհային մակարդակով հարստութեան անհաւասարութեան զարգացման մանրամասնութիւններուն կարելի է մօտէն ծանօթանալ նաեւ World Inequality Report 1918 տեղեկագրին մէջ եւ համանուն կազմակերպութեան կայքէջին վրայ տեսնել տարածաշրջաններու եւ առանձին երկիրներու պարզած պատկերը:
Հարստութեան անհաւասար բաժանումը` ընկերային անարդարութեան ենթահողը, ինքզինք հաստատած պատմական գործընթաց մըն է, որ վերջին տարիներուն պայթունավտանգային մակարդակի հասած է, ինչպէս կը զգուշացնեն Միջազգային դրամական ֆոնտը, Համաշխարհային դրամատունը եւ դրամատիրական համակարգի կայունութեան վերահսկող այլ հաստատութիւններ: «Դրամագլուխը 21-րդ դարուն» անկիւնադարձային գիրքի հեղինակ Թոմաս Փիքեթթիի վերջին ուսումնասիրութիւնը («Brahmin Left vs Merchant Right: Rising Inequality and the Changing Structure of Conflict»), որ կարելի է ձեռքբերել World Inequality Database կայքէջէն, հաւասարութեան եւ ներքաղաքական տագնապի միջեւ պատճառական կապը կը բացայայտէ` լուսարձակի տակ առնելով ամենազարգացած երկիրներու կացութիւնը` Ֆրանսա, Միացեալ Թագաւորութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ:
Առանց հարստութեան այսքան ծայրայեղօրէն անհաւասար բաժանման ստեղծած բեւեռացման գիտակցութեան համակարգային որեւէ փոփոխութիւն, որքան ալ որ բարեացակամ ու անկեղծօրէն տրամադրուած ըլլայ, չի կրնար երաշխաւորել որեւէ կայուն զարգացում:
Առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններէ թելադրուած այս հաստատումը համազօր չէ հարստութեան հաւասար բաժանման յաւակնութիւնը ունեցած տնտեսական քաղաքականութեան բնորդներու ջատագովումին, ինչպէս կարծրատիպային ժամանակավրէպ մտայնութիւն մը պիտի փութայ եզրակացնել:
Խորհրդային պատմական փորձի ձախողութիւնը եկաւ ցոյց տալու, որ սեփականազրկումը եւ Մարքս/Լենինեան այդ եզրայանգումին հետեւումով յղացուած տնտեսութեան պետական ծրագրաւորումը անպայմանօրէն ընկերային արդարութեան երաշխիք չեն կրնար ըլլալ: Հարստութեան արդար ու հաւասար բաժանումը չի կրնար իրականանալ միակուսակցական ամբողջատիրական կարգերու առկայութեան: Խորհրդային պատմական փորձառութիւնը անկասկած որ յաջողութիւններ արձանագրեց տնտեսութեան եւ հասարակութեան արդիականացման իր նախաձեռնութեանց մէջ: Բայց փաստ է, որ առնուազն 1980-ական թուականներէն սկսեալ խորհրդային բնորդը ոչ միայն չյաջողեցաւ հարստութեան ստեղծման մէջ զարգացած երկիրներուն հետ քայլ պահել, այլ ընդհակառակը, վտանգաւոր լճացման իրավիճակի մէջ յայտնուեցաւ: Կը մնայ, որ դրամատիրական համակարգի ներքին հակասութիւններու եւ հարստութեան հետզհետէ աւելի անհաւասար բաժանման պատճառով յառաջանալիք հասարակական բեւեռացման մասին մարքսեան եւ ընդհանրապէս ձախակողմեան մտածողութիւնը աւելի քան ճիշդ են 21-րդ դարու այս սկիզբին:
Բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք պատմականօրէն դերակատար եղած են զարգացած երկիրներու մէջ հասարակութեան կենսամակարդակի կայուն յառաջընթացի ապահովման, բայց 1990-ականներու կէսերէն ի վեր անտեսած են հարստութեան անհաւասար բաժանման հետզհետէ սրող գործընթացը եւ դասեր չեն քաղած իրերայաջորդ միջազգային տագնապներէն` 1994, 1997, 2001, 2008, սուղ գին վճարեցին: Թոնի Պլէյրներու օրինակով ազատ-շուկայականութեան հետ այնքան նոյնանալու իր անխոհեմութեան պատճառով եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը, որ յառաջապահ ուժը եղած էր քաղաքական համակարգերու ժողովրդավարացման եւ հարստութեան աւելի արդար բաժանման երաշխաւոր դարձած բարեխնամ պետութիւններու յառաջացման, շատ երկիրներու մէջ արդէն իսկ դադրած է իշխանութեան այլընտրանք եւ կեդրոն-աջի գլխաւոր մրցակիցը ըլլալէ:
Հարստութեան վերաբաշխումի անհաւասարութիւնը արտադրող համակարգը, որուն շարժիչն է 1980-ականներուն պետական թէ հասարակական ամէն վերահսկողութենէ ձերբազատելու ձգտած դրամագլուխի համաշխարհային շրջագայումը, նիւթական թէ բարոյական ամէն արժէք հեղուկացնող ուժը, ինչպէս մարքսեան դարձուածքով կրնայ բնութագրուիլ, չէզոքացուց նոյնիսկ վերջին քսանամեակին ընկերային արդարութեան յանձնառութեան ամենայուսադրիչ պատմական շարժումը: Խօսքը Հարաւային Ամերիկայի մէջ ծնունդ առած «թեքում դէպի ձախ» երեւոյթին եւ անոր անփառունակ մարումին մասին է: Պրազիլի եւ Արժանթինի մէջ ոչ միայն իշխանութեան վերադարձած են կեդրոն-աջ ուժերը, յաճախ` քուէներովը անոնց, որոնք դարասկիզբին կեդրոն-ձախ ուժերուն տուին ընկերային արդարութեան ի խնդիր յանդուգն քայլերու դիմելու ինքնավստահութիւն, այլ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած քաղաքական դէմքեր դէմ յանդիման կը գտնուին փտածութեան լուրջ ամբաստանութիւններու եւ` աւելի: 21-րդ դարու ընկերվարութիւն կերտելու անկեղծ յանձնառութիւն ունեցող Չաւեսի մը յաջորդած իշխանութիւնը Վենեզուելան վերածած է մղձաւանջային երկրի մը… Թէ Լուլան արգելափակած պրազիլեան արդարադատական համակարգը այնքան ալ անկախ չէ աջ-պահպանողական ուժերու ազդեցութենէն, ինչպէս որ կը փորձուի ներկայացնել միջազգային հանրային կարծիքին մօտ, լրջօրէն նկատառելի իրողութիւն է: Բայց նոյնքան ճիշդ է, որ իշխանութեան վրայ գտնուող Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կամայ թէ ակամայ մասնակից դարձաւ ամբողջ ցամաքամասի մակարդակով գործող փտածութեան համակարգին:
Դէմ յանդիման ձախակողմեան ուժերու հարստութեան անհաւասար բաժանումի սրման դէմ պայքարելու այս անկարողութեան` ծայրայեղ աջակողմեան ուժեր եւ իշխանութեան կեդրոնացումը ընդհուպ մինչեւ նոր-ամբողջատիրականութիւն հասցնելու իրենց ախորժակները բնաւ չթաքցնող վտանգաւոր արկածախնդիրներ տէր դարձան հասարակական դժգոհութեան եւ ցասումի դրամագլուխին: Անոնց ընտրական յաջողութիւնները ընկերային արդարութեան եւ հարստութեան հաւասար բաժանման գրաւական չեն բնաւ: Ընդհակառակը, իրենց հակահամակարգային ամբոխավարութիւնը ոչ միայն ուղի կը հարթէ ամէն տեսակի խտրականութեան թոյլատու իշխանութիւններ օրինականացնելու, այլ սպառնալիք է համաշխարհային բարօրութեան, կայունութեան եւ թերեւս նոյնիսկ` խաղաղութեան: Բայց բարացուցական է հարստութեան անհաւասարութեան զոհ զանգուածներու մէջ կուտակուող ցասումին` գործազուրկ դարձողներէն մինչեւ փողոցները մնացածներ, աշխատանքային ծանր եւ անկայուն պայմաններու ստիպուած համաձայնողներէն մինչեւ ընկերային ապահովութեան նուազագոյն երաշխիքը չունեցողներ եւ, ընդհանրապէս, իր կենսամակարդակի բարելաւման ու ընկերային վերելքային տեղաշարժի ամէն յոյս կորսնցուցած նորահաս երիտասարդութիւն:
Համակարգային իրական փոփոխութիւնը ընկերային արդարութեան հաստատումն է, որ առանց հարստութեան անհաւասար բաժանումի սրման դէմ պայքարին` կը մնայ բարի կամեցողութիւն կամ բովանդակութենէ զուրկ, թէկուզ եւ` անկեղծ ճարտասանութիւն:
Այս մայիս մէկին աշխատանքի դատի պաշտպանութիւնը աւելի քան երբեք կ՛իմաստաւորուի շահագործող ցեցերու մէկ տոկոսին շահերուն ծառայող հարստութեան անհաւասար բաժանումի դէմ պայքարով: Ի՛նչ ալ ըլլան փողոցներն ու հրապարակները ողողած աշխատաւորներու եւ անոնց պահանջներուն ականջալուր քաղաքական ուժերուն օրակարգային խնդիրները, էականը կը մնայ հարստութեան անհաւասար բաժանման համակարգի փոփոխութիւնը:
Համակարգային փոփոխութեան պահանջով Երեւանի եւ Հայաստանի այլ քաղաքներուն փողոցները այս մայիս մէկին ողողուեցան բողոքող զանգուածով: Ի՛նչ ալ ըլլայ Ազգային ժողովին մէջ քաղաքական գործընթացին արդիւնքը, փողոց ելած հարիւր հազարաւոր երիտասարդները այս անգամ վճռական էին իրենց յեղափոխութիւնը, թէկուզ եւ` «թաւշեայ», իր աւարտին հասցնելու եւ չապրելու անցած փորձերու հիասթափութիւնը:
Քուէարկութեամբ իշխանութեան հասած, բայց ժողովրդային լայն զանգուածի վստահութիւնը չվայելող վարչակարգերու երեւոյթը նոր չէ Հայաստանի մէջ: Ընդհակառակը, մաս կը կազմէ անկախութեան յաջորդած պետականութեան եւ ընկերատնտեսական համակարգի կառուցման եւ ամրակայման փորձերու հոլովոյթին:
Առաջինը 1996-ին էր, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերընտրութիւնը հարցականի տակ դրուեցաւ ժողովրդային լայնածաւալ ցոյցերով, որոնք օրին բռնի ուժով ճնշուեցան: Օրուան Հայոց համազգային շարժումին իշխանութիւնը երկու տարի առաջ արդէն նախաձեռնած էր իշխանութեան կեդրոնացման, երբ կասեցուցած էր ընդդիմադիր գլխաւոր ուժին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործունէութիւնը եւ` բանտարկած անոր հայաստանեան ղեկավարութեան առաջնորդ դէմքերը: Այդ մէկը անհրաժեշտ էր ՀՀՇ-ին` սահմանադրութիւնը անցընելու, բայց մանաւանդ տնտեսութեան արագընթաց ազատականացման համար` ի շահ երկրին մէջ կազմաւորուող դրամատէր վերնախաւին, որ պիտի ամրագրուէր որպէս մենաշնորհային սակաւապետութիւն: Այդ բոլորը ենթադրաբար եղան օրէնքի ուժով եւ օրէնքի անունով. բայց ատով հանդերձ, օրուան իշխանութիւնները չյաջողեցան ամրապնդել իրենց օրինականութիւնը: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերընտրութիւնը պիտի երաշխաւորէր ՀՀՇ-ական իշխանութեան համակարգը, բայց այդ մէկը տեղի չունեցաւ: Հայաստանի առաջին նախագահի իշխանութենէն հեռացումը հետեւանք էր քաղաքական հատուածի ճնշումներուն, նորակազմ սակաւապետ խաւին մէջ իրեն հանդէպ վստահութեան կորուստին եւ, ինչպէս հետագային յայտնի դարձաւ, յաջորդ տասնամեակին քաղաքական դաշտէն հեռանալու դիմաց` աւելի քան հանգիստ կենսամակարդակի երաշխիքը տուող թոշակի մը: Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատուով հեռացաւ իշխանութենէն, երկրին խնայեց ապակայունացումը, միաժամանակ, սակայն, ձգելով քաղաքական կարեւոր ժառանգ մը` ներազգային եւ արտաքին ոլորտներուն մէջ: Առաջինը, եւ ամենակարեւորը, մենաշնորհեալ սակաւապետներու խաւի մը ամրագրումն է, որ Ռոպերթ Քոչարեանի օրով, շնորհիւ մանաւանդ 2003-2008 տնտեսական աճին, վերածուեցաւ համակարգի:
Համակարգին դէմ ժողովրդային երկրորդ բողոքի ալիքը 2004-ին էր: Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ մէջ իրենց յաջող աւարտին հասած «գունաւոր յեղափոխութիւններ»-ու անդրադարձը յստակ էր, որքան ալ որ անոնց ետին կանգնած արեւմտեան ֆինանսական յատկացումներն ու մասնագէտներու մասնակցութիւնը բացակայէր Հայաստանի պարագային: Այլ խօսքով, կար ժողովրդային դժգոհութեան ալիք մը, որ շատ հաւանաբար հետեւանք էր մէկ տարի առաջ կազմուած համաձայնական կառավարութեան պատճառով խորհրդարանական ընդդիմութեան չէզոքացման: Բողոքի խաղաղ ցոյցերը, սակայն, արդիւնքի չհասան: Իշխանութիւնը բռնի միջամտելու ռիսքը առաւ այն վստահութեամբ, որ ընդդիմադիր քաղաքական ոչ մէկ ուժ եւ ոչ մէկ ղեկավար պիտի յաջողէր շարժումի վերածել ժողովրդային բողոքի ալիքը: Այդպէս ալ եղաւ: Ի զուր անցան օրին հրապարակ ելած ընդդիմադիր ղեկավարներու նախաձեռնութիւնները, ընդհուպ` մինչեւ միջազգային մայրաքաղաքներ ճամբորդութիւն: Բողոքի այս ալիքին յաջորդեց առաջին հիասթափութիւնը: Ի մասնաւորի, երբ դէպքերէն համերաշխութեան բոլոր նախաձեռնութիւնները համակարգի թէկուզ եւ փոքր, բայց նշմարելի բարեփոխման չյանգեցան:
1998-2008, ինչպէս ըսուեցաւ` տնտեսական աճի օժանդակութեամբ, ամրապնդուեցաւ սակաւապետական համակարգ մը, որ մէկ կողմէ «համախոհական» ժողովրդավարութեան բնորդով չէզոքացուցած էր խորհրդարանական ընդդիմութիւնը եւ, միւս կողմէ, ի դէմս` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, գտած կը թուէր ըլլալ իր յարատեւման եւ վերարտադրման քաղաքական ուժը: Կը թուէր, որ ՀՀԿ-ի թեկնածու Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան հասնիլը, ժողովրդավարութեան խաղի օրէնքներու ձեւականութիւնը յարգելով, դիւրին գործընթաց մը պիտի ըլլար: Բայց Լեւոն Տէր Պետրոսեանին կրկին հրապարակ գալը եւ փետրուարին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքը մերժելով` իր հետեւորդներու զանգուածը ապստամբութեան առաջնորդելը իրավիճակը բարդացուցին: Հայաստանի մէջ արիւն հոսեցաւ, լայնածաւալ հալածանք սկսաւ ընդդիմադիրներուն դէմ, եւ նորընտիր նախագահը իշխանութիւնը ստանձնեց ներքին թէ արտաքին շատ դժուար պայմաններու մէջ: Յաջորդ ամիսներուն, եւ` ի գին փրոթոգոլներու վտանգաւոր «պլըֆ»-ին, Սերժ Սարգսեան յաջողեցաւ ներքին թէ արտաքին լարուածութիւնը նուազեցնել, թերեւս` մինչեւ իսկ չէզոքացնել եւ համակարգը պահպանել, թէկուզ եւ սակաւապետներէն ոմանք, անոնք, որոնք իրենց գրաւը Լեւոն Տէր Պետրոսեանին վրայ դրած էին, կարգի հրաւիրելով… Ի վերջոյ Ռուսիոյ մէջ Փութին այդ ձեւով յաջողած էր ամրապնդել իր իշխանութիւնը… Հետեւաբար, երբ առաջին անգամ իր իշխանութեան հասնելէն տասնամեակ մը ետք Սերժ Սարգսեան «Մարտ մէկ»-ի մասին նշեց Նիկոլ Փաշինեանին հետ իր հանդիպման ժամանակ, իր պատկերացումով այդ ուրուականը ժողովրդային շարժման գլուխը անցած ընդդիմադիր պատգամաւորին պէտք էր յուշէր, որ զգուշ ըլլայ առնելիք քայլէն, որովհետեւ ի վերջոյ պիտի պարտուի: Անշուշտ սխալեցաւ, որովհետեւ «Մարտ մէկ»-ի ուրուականը ոչ միայն վախ չէր պատճառեր, այլ, ընդհակառակը, աւելի վճռական պիտի դարձնէր բողոքի ժողովրդային ալիքին մասնակիցները: Արդարեւ, անցնող տասնամեակին սակաւապետական համակարգի ինքնավերարտադրման գործընթացը սրած էր նաեւ ընկերային ու քաղաքական բեւեռացումը` երկրի հարստութեան տէր դարձած մէկ տոկոսին եւ իր կենսամակարդակի բարելաւման յոյսը հետզհետէ աւելի կորսնցնող ժողովուրդի իննսունինը տոկոսին միջեւ: Իշխանութիւնը պարզապէս չէր կրցած հասկնալ, որ այս բեւեռացումը նաեւ ցասումի կուտակում է, իշխանաւորներու օրինականութեան մերժում, թէկուզ եւ անոնք ընտրուած ըլլան սահմանադրական կարգով: Հակառակ արտագաղթի երեւոյթին` աղքատութեան մակարդակի լրջութիւնը, հարստութեան անհաւասար բաժանումը եւ, մանաւանդ, անոր պատճառով ժողովուրդին մէջ աճող դժգոհութիւնը անտեսուած էին պետական վիճակագրութիւններուն եւ ուսումնասիրութիւններուն մէջ:
Սերժ Սարգսեան յաւելեալ պատճառներ ալ ունէր ինքնավստահ ըլլալու, որ «Մարտ մէկ»-ի ուրուականը միայն իր ընդդիմադիրին սարսափ պիտի պատճառէ: 2013-ի փետրուարին իր վերընտրութիւնը կրկին հարցականի տակ դրած ժողովրդային զօրաշարժին հետեւանքը մեծ հիասթափութիւն եղաւ, որովհետեւ օրին անոր գլուխը անցած իր մրցակիցը` Րաֆֆի Յովհաննիսեան, այնքան վստահ էր, որ ինքն էր ընտրեալ նախագահը, որ չկրցաւ կամ չուզեց ժողովրդային զօրաշարժի դրամագլուխը համակարգային փոփոխութիւններու ծառայող ազդակի վերածել: Իշխանութիւնները յաջողեցան չէզոքացնել ժողովուրդի ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակին հետ ուղղակի առնչակից այլ բողոքի զօրաշարժեր եւս, ինչպիսին էր պարագան Էլեկտրիկ Երեւանին, ինչ որ աւելցուց իրենց ինքնավստահութիւնը` գրաւ դնելու ժողովուրդին հետեւողական հիասթափութեանց եւ ստեղծուած իրավիճակներուն յարմարելու պարտադրանքին վրայ: Մինչ այդ, սակայն, 2016-ի քառօրեայ պատերազմը եկաւ ցոյց տալու իշխանութիւններուն լուրջ բացթողումները, համակարգին մէջ փտածութիւնը: «Սասնայ ծռեր»-ու վտանգաւոր արկածախնդրութիւնը, որ առանձնակի պատահար մը չեղաւ, ահազանգ պէտք էր ըլլար ժողովուրդին մէջ կուտակուած դժգոհութեան վտանգաւոր պոռթկումներու կարողականութեան:
Սահմանադրական գործընթացի ընդհատումը ժողովրդային զօրաշարժով վտանգաւոր է: Կրնայ առաջնորդել այն համոզումին, որ փողոցի ճնշումը միշտ ալ ինքզինք կրնայ պարտադրել, ինչ որ երկիրը անպայմանօրէն անկայունութեան կ՛առաջնորդէ: Բայց ժողովրդային զօրաշարժի այս ծաւալը ինքնին բարացուցական է ժողովրդային քուէով ընտրուած, բայց ժողովրդային օրինականութիւն չվայելող իշխանութիւններու: Այս մէկը հակասական կրնայ թուիլ, բայց որեւէ ձեւով մեծամասնական քուէներ ունենալով հանդերձ, ժողովրդային վստահութիւն չվայելող իշխանութիւններու հանգամանքը փաստացի իրողութիւն է: Այդ մէկը լաւ հասկցաւ Սերժ Սարգսեանը եւ պատիւ բերող քայլ մը առաւ հրաժարելով: Սխալ է այս հրաժարականին երեւոյթը բաղդատել հանրապետութեան առաջին նախագահի հրաժարականին հետ: Առաջինին պարագային հրաժարականը արդիւնք էր վերնախաւի ճնշում-բանակցութիւններուն, եւ Տէր Պետրոսեան իր խօսքին մէջ երբեք չընդունեց սխալած ըլլալ: Ոչ ալ ընդդիմադիր մը ունէր, որուն կը դիմէր: Մեղադրեց «պատերազմի կողմնակիցներ»-ուն` ի տարբերութիւն իրեն, որ խաղաղութիւն կ՛ուզէր: Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր հրաժարականը կապեց արցախեան հարցին: Սարգսեան իրաւունք տուաւ Փաշինեանին եւ ժողովուրդին, ընդունեց իր սխալած ըլլալը: Ցարդ, նախկին խորհրդային տարածքին վրայ, ժողովրդային ճնշումի տակ հրաժարական տուած եւ երկրէն փախուստ չտուած միայն մէկ ղեկավար կար` Էտուարտ Շեւարտնածէ:
Ժողովրդային զօրաշարժն ու անոր գլուխը անցած Նիկոլ Փաշինեանը իրաւամբ կրնան Սերժ Սարգսեանին հրաժարականը նկատել «թաւշեայ յեղափոխութեան» արդիւնք: Իրողութիւնը նաեւ Հայաստանի միջազգային վարկին համար ալ մեծ դրամագլուխ կրնայ ըլլալ: Ի մասնաւորի եթէ նկատի ունենանք, որ մինչ Հայաստանի մէջ ժողովրդային շարժումը յանգեցաւ սահմանադրականօրէն ընտրուած ղեկավարի հրաժարականին, որ իր կարգին կու գայ ցոյց տալու իր գիտակից խոնարհումը ժողովուրդի կամքին առջեւ եւ երկրի կայունութեան ու շահի գերադասումը իր անձնական շահէն, դրացի Ազրպէյճանի մէջ ալիեւեան գերդաստանական համակարգը ինքզինք վերարտադրեց, եւ այս անգամ` ոչ իսկ օտար դիտորդները համոզելով:
Ապրիլի կէսերէն սկսած քաղաքական այս վերիվայրումները եկան նաեւ լուսարձակի տակ առնելու Ազգային ժողովի տեղն ու կարեւորութիւնը` պետական հաստատութիւններու եւ սահմանադրական կարգի պահպանման իմաստով: Թէ բոլոր բանակցութիւնները տեղի ունեցան խորհրդարանին մէջ եւ պատգամաւորները իրենք եղան դերակատարները երկիրը ճգնաժամէն դուրս բերելու ճիգին, ինքնին փաստացի իրողութիւն չէ՞ արդեօք, որ խորհրդարանական համակարգը արդէն գործելու անցած է եւ իր յաջողութեան գրաւականը կապած` այս մեծ մարտահրաւէրին… Խորհրդարանական վարչակարգը դեռեւս 1991-ին առաջարկած ՀՅԴ-ի համար այս պիտի նշանակէ կրկնակի յաջողութիւն եւ աւելցնէ համոզումը վարչակարգի կատարելագործման` սկսելով «ռէյթինկային» կոչուած ընտրակարգի վերացումով: Իր յաջող լրումին հասնելու պարագային, քաղաքական այս աշխուժութիւնը ի լուր աշխարհի պիտի գայ ցոյց տալու, որ ժողովրդային զօրաշարժը, հոգ չէ, թէ ան կոչուի «թաւշեայ յեղափոխութիւն», եւ սահմանադրական կարգերու պահպանման նախանձախնդրութիւն անպայմանօրէն իրարու հակասելու չեն: Ընդհակառակը, քաղաքական դերակատարներու հասունութիւնը կրնայ եւ անոնց համալրումին յանգեցնել:
«Ժողովուրդի թեկնածու» բանաձեւումը, որուն գործածութիւնը օրինականացաւ թէ՛ ՀՀԿ-ական նոր թեկնածուի առաջադրումը բացառելու եւ թէ՛ ալ Նիկոլ Փաշինեանին որպէս միակ թեկնածու ներկայացնելու միտումով, պահի պայմաններով հասկնալի, բայց սահմանադրական կարգերու համար վտանգաւոր այլ իրողութիւն մըն է, որ նախընթաց պէտք չէ ստեղծէ: Այդ իսկ պատճառով նոր ընտրութիւններով նոր Ազգային ժողովի յառաջացումը կենսական է սահմանադրական կարգի ամրագրման համար:
Այս մայիս մէկին աշխարհի մէջ աշխատաւորներն ու աշխատանքի դատի պաշտպանները իրենց ձայնը լսելի պիտի դարձնեն` ի խնդիր իրենց ճակտի քրտինքով ստեղծուած հարստութեան արդար բաժանման եւ ընդդէմ անոր կեդրոնացման` կեղեքողներու մէկ տոկոսի ձեռքերուն մէջ: Աշխատաւորներու բազմատեսակ պահանջներու օրակարգային խնդիրները կը յառաջանան հարստութեան բաժանման այս ծայրայեղ անհաւասարութիւնը աւելի եւս սրող համակարգէն, որուն փոփոխութիւնն է մարդկութեան ամենամեծ մարտահրաւէրը:
Այս մայիս մէկին Հայաստանի մէջ երկու շաբաթէ աւելի զօրաշարժի ենթարկուած ժողովուրդը իր յաղթանակը կը տօնէ: Անոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդներ են, որոնք կեանքի ասպարէզ պիտի սկսին բանակ երթալով: Հազուադէպ են անոնք, որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան պարտականութիւնը հարցականի տակ կը դնեն, բայց բոլորը գիտակից են, որ բանակէն վերադարձին դժուարութիւն պիտի ունենան գործ գտնելու, պատուաւոր աշխատավարձ ունենալու, կենսամակարդակը բարձրացնելու: Շատերուն համար արտագաղթը, արտասահման աշխատանքի երթալը, ընտանիքէն ու հայրենիքէն հեռանալը հեռանկարներ են, որ չեն կրնար նկատի չառնել: Ի հակասութիւն իրենց կեանքի դժուար պայքարին, առանձնաշնորհեալներու փոքրամասնութիւն մը` հայրենի իրականութեան մէկ տոկոսը պիտի շարունակէ մտահոգուիլ միայն իր զեխ կեանքի շարունակման ապահովումով: Նախագահական թէ խորհրդարանական, այդ առանձնաշնորհեալ դասակարգին համար կարեւորը ընկերատնտեսական համակարգի վերարտադրումն է: Ժողովրդային շարժման թիրախը հասկնալիօրէն Սերժ Սարգսեանն էր: Անոր հրաժարականէն ետք թերեւս անխուսափելի էր ժողովրդային զօրաշարժի ճնշումի շարունակութեամբ արգիլել, որ ՀՀԿ շարունակէ իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ պահել: Առանց պետական լծակներու` ՀՀԿ-ն կրնա՞յ ժողովրդային քուէով շահած օրինականութեան յաւակնութիւնը ունենալ: Այդ մէկը յայտնի պիտի ըլլայ յաջորդ ընտրութիւններուն:
Կը մնայ, որ համակարգային իսկական փոփոխութիւնը Սերժէն եւ ՀՀԿ-էն անդին է: Դժուար գործընթաց մըն է, որ արտաքին թէ ներքին բոլոր սահմանափակումները նկատի ունենալով հանդերձ, պէ՛տք է թիրախ ընտրէ հարստութեան աւելի արդար բաժանումը, առանց որուն` ընկերային արդարութեան ամէն յառաջընթաց լաւագոյն պարագային ժամանակաւոր եւ փխրուն պիտի ըլլայ: Անկախութենէն ետք ծնած ու հասակ առած այս երիտասարդ սերունդը «թաւշեայ» թէ «գունաւոր» յեղափոխութիւններու քարոզչութիւնը շատ լսած է, քաջ գիտակից է ժողովրդավարութեան արժէքին` ընտրութիւններէն անդին: Այս շարժումը, ըստ երեւոյթին, գտաւ նաեւ քաղաքական այն ղեկավարը, որ հասկցաւ ժողովրդային շարժման ուժն ու կարեւորութիւնը: Երանի այդ մէկը ըլլայ ոչ միայն իշխանափոխութեան, այլ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար եւս:
Կը մնայ այն, որ հրապարակէն դեռ կը պակսի քաղաքական այն ուժը, որ գիտնայ այս մայիս մէկի հայաստանեան անկիւնադարձը շաղկապել աշխատաւորական պահանջատիրութեան հետ եւ սկիզբ տայ համակարգային փոփոխութեան` ժողովուրդին հետ, ժողովուրդի դերակատարութեամբ, ներքեւից, ինչպէս արեւելահայերէն այնքան իմաստալից կերպով կ՛ըսուի: Նման համակարգային փոփոխութիւն պիտի նշանակէ նաեւ աշխատանքի դատի պաշտպան քաղաքական ուժի վերանորոգում եւ ինքնահաստատում: Նո՛ր սկիզբ:
Պուէնոս Այրես, 1 մայիս 2018