Նշմար. Արձագանգելով Սարոյեանին. «Հէ՜յ, Լսող-Տեսնող Կա՞յ»
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ուիլիըմ Սարոյեանի թատերական գործերուն շարքին, կայ ողբերգական բնոյթով թատերակ մը, որուն անգլերէն խորագիրն է` «Hello out there» (լոյս տեսած` 1941-ին), որ հայերէնի փոխադրութեան պահուն դարձած է «Հէ՜յ, ո՞վ կայ հոն (կամ այնտեղ)»: Այս կոչին կը դիմենք այսօր, մեծ գրողի գործին բնոյթէն տարբեր մօտեցումով, թէեւ` այլապէս ողբերգական պայմաններու մէջ: Հարց կու տանք. «Հէ՜յ, Հայաստանի մէջ ականջ ու դատողութիւն ունեցող...


















