Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Արձագանգելով Սարոյեանին. «Հէ՜յ, Լսող-Տեսնող Կա՞յ»

Նոյեմբեր 6, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ուիլիըմ Սարոյեանի թատերական գործերուն շարքին, կայ ողբերգական բնոյթով թատերակ մը, որուն անգլերէն խորագիրն է` «Hello out there» (լոյս տեսած` 1941-ին), որ հայերէնի փոխադրութեան պահուն դարձած է «Հէ՜յ, ո՞վ կայ հոն (կամ այնտեղ)»:

Այս կոչին կը դիմենք այսօր, մեծ գրողի գործին բնոյթէն տարբեր մօտեցումով, թէեւ` այլապէս ողբերգական պայմաններու մէջ: Հարց կու տանք. «Հէ՜յ, Հայաստանի մէջ ականջ ու դատողութիւն ունեցող մարդ մնացա՞ծ է, թէ՞ իշխանութեան բթացնող մեքենան արդուկած-տափակցուցած է ուղեղներուն ծալքերը»(*):

Ինչո՞ւ յիշեցինք Սարոյեանն ու անոր յիշեալ բացագանչութիւնը:

Դրդապատճառը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի շաբաթասկիզբի յայտարարութիւններն էին ու ՔՊ-ական «պարապ-տակառներ»-ու շրջանակին մէջ անոր գտած արձագանգը` մեր հանրութիւնը մոլորեցնելու նորագոյն փորձերը: Անմիջապէս նշենք, որ բոլոր ուղեղները չեն տափակցած ի Հայաստան եւ ի հայ աշխարհ, որովհետեւ ՔՊ-Ալիեւ զուգերգը պատշաճ հակազդեցութիւնը գտաւ, սակայն գործնապէս, նոյն զուգերգը կատարողները աննահանջ կերպով յառաջ կը տանին իրենց էշերը (նոյն սայլին լծուած էշերը), որովհետեւ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ սանձողները կը մնան սակաւաթիւ…

Ի՞նչ են Ալիեւի նորագոյն «գիւտերը», որոնք խորքին մէջ Հայաստանի հետ խաղաղութեան հաստատման նախապայմաններ, աւելի՛ն, սպառնալիքներ են:

Փաշինեանին հետ 8 օգոստոսին թուղթ մը ստորագրած Ալիեւ, առանց բառերը ծամծմելու, Սեւանայ լիճը կոչած է Կէյօճա, «աւետած է, որ ազերիները պէտք է իրենց հայրենիքը` Հայաստան վերադառնան, եւ այդ վերադարձը պէտք չէ վախցնէ հայերը»: Այս «աւետիսը» ունի պոչիկ մըն ալ. ազերիներու վերադարձը հրասայլերով պիտի չըլլայ, այլ` ինքնաշարժներով (անցեալին կար նաեւ Հայաստանը քալելով գրաւելու յոխորտանք մը): Ըստ ցեղասպան արարածին, իրենք գիտական հիմունքներով կը փաստարկեն իրենց տեսակէտները, եւ, ի միջի այլոց, դարձեալ հրապարակ կը նետէ այն վարկածը, թէ հայերը իրենց սեփական հայրենիքին, ներառեալ Արցախի մէջ եկուորներ են, այսինքն լռելեայն սպառնալիք մըն ալ` հոն, իրենք կրնան զանոնք բռնագաղթի մղել, ինչպէս ըրին Արցախի պարագային…

Իմաստ չունի ալիեւեան եւ ընդհանրապէս թուրք-ազերիական «վարկածներուն» եւ յոխորտանքներուն քննարկումը, այլ կը բաւականանաք արձանագրելով, որ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ փաստերու լեռնաշղթաներ ունի, թէ անոնք սուտ են, անհիմն: Հարցը հոն է, որ ՔՊ-ական «ազգընտիր»-ն ու անոր ջոլիրը, հաւատարիմ` թուրք-ազերիական վարկածներն ու տեսակէտները մեր ժողովուրդին կոկորդէն վար հրելու «ուխտին», անգամ մը եւս բանիւ եւ գործով հաւատարմութիւն կը յայտնեն իրենց «պոսերուն»: Արդուկուած ուղեղով Ալեն Սիմոնեանը ցնծութեան մէջ է, որովհետեւ Ալիեւ հրասայլերով Հայաստան մտնելու սպառնալիք չէ ուղղած, իսկ մնացեալ խօսքերը «ներքին սպառման համար են»: Միւս գործակալ-կամակատարը` Սուրէն Պապիկեան, ՔՊ-ապետին խաղաղութեան հաւաստիքները կը քարոզէ, կը փորձէ ազգը համոզել, որ Հայաստան արդէն խաղաղութեան երկինքի տակ կ՛ապրի, որովհետեւ ուաշինկթընեան հադիպումէն ի վեր սահմաններուն վրայ կրակոց չկայ: Տրամաբանող,  այսինքն ուղեղին նուրբ ծալքերը ՔՊ-ականներու արդուկէն հեռու պահող հայը իրաւունք ունի հարց տալու այս թրքուղեղներուն. ազերիները ինչո՞ւ պէտք է մտածեն հրասայլով Հայաստանը գրաւելու մասին, երբ ձեր իշխանութիւնը պատրաստ է Հայաստանի դռները խաղա՜ղօրէն բանալու անոնց թափանցումներուն առջեւ, իսկ թշնամին բանիւ եւ գործով կ՛աշխատի ուաշինկթընեան համաձայնութիւնը լծել համաթուրանական իր ծրագիրներու սայլին: Ըսե՜նք, որ ՔՊ-ականները կամաւոր ու շահու հաշիւներով կոյր եւ խուլ կը ձեւանան, արդեօք Հայաստանի զանգուածը չի՞ տեսներ, չի՞ լսեր, թէ Ազրպէյճան ամէն օր կը յայտարարէ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին տիրանալու աշխատանքները կը մօտենան իրենց աւարտին: Փաստացի նկարներ եւ տեսանիւթեր ողողած են լրատու ցանցերը: Անո՞նք ալ «ներքին սպառումի համար են»: Ասդին` «արդէն խաղաղութեան մէջ կ՛ապրինք» դաւանողները Հայաստանը աւելի՛ եւս տկարացնելու որոշումներ եւ գործնական քայլեր կ՛առնեն (բանակի ծառայութեան ժամանակաշրջանի եւ պիւտճէի կրճատում), երբ ազերիական կողմը մինչեւ լինտերը, եւ ո՛չ միայն ակռաները, կը զինուի գործնապէս, Թուրքիոյ հետ ռազմափորձերը կը բազմապատկուին… «ներքին սպառում»-ի  համա՞ր: Այս բոլորը «լուրջի մի առնէ՞ք»-ն է իրականը, թէ՞ փաստացի թշնամանքը` բանիւ եւ գործով Հայաստանը ջնջելու, լաւագոյն պարագային` թուրք-ազերիական նահանգի մը վերածելու գործընթացը: ՔՊ-ական արդուկէն հեռու կանգնող հայը, հայրենի հողին վրայ եւ սփիւռքի տարածքին ապրող հայրենատէրը կրնայ արագ հաշիւ մը ընել, որ խաղաղութեան սին քարոզներով ազգը օրօրող ՔՊ-ականներու լծակցութեամբ, եթէ համաթուրանական ծրագիրը իրագործման ճամբու մէջ մտնէ, անկէ ետք քանի՞ տասնամեակ, քանի՞ տարի բաւարար պիտի ըլլայ, որպէսզի Հայաստանի մնացորդն ալ մատնուի Արցախի ու… Նախիջեւանի ճակատագիրին: Չէ՞ որ ազերիները հիմա կէս միլիոնի բարձրացուցած են Հայաստան «վերադարձուելիք» ազերիներուն թիւը, իսկ Հայաստանէն արտագաղթը կը շարունակուի, արցախցի տնազուրկները մեծ թիւ են հոն, որո՞ւ հոգը, թէ Պաքու կը պատրաստուի վերջին վարագոյրը իջեցնել արցախցի բանտարկեալ-պատանդներու դատավարութեան խեղկատակութեան վրայ, հայկական կողմը կ՛ամբաստանէ` իբրեւ ցեղասպան, հող գրաւող եւ մասամբ նորին: Այս բոլո՞րն ալ ներքին սպառումի համար են, թէ՞… խաղաղասիրութեան փաստ:

Ահա այս ու նման մտավախութիւններով, ԻՐԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅԱՋԻՆՋ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ իրազեկութեամբ է, որ կ՛արձակենք սարոյեանական կոչը` հայրենի եւ աշխարհատարած հայութեան. «Հէ՜յ, ո՞վ կայ հոն»:

3 նոյեմբեր 2025

(*) Մարդակազմութեան գիտութիւնը կ՛ըսէ, որ ուղեղին «ծալքեր»-ը, ելեւէջները որքա՛ն շատ ըլլան, մարդս ա՛յնքան աւելի իմացական կարողութեամբ օժտուած կ՛ըլլայ:

 

Նախորդը

Ո՞րու Համար Է «Իրական Հայաստանը» Փոխան Ուղերձի

Յաջորդը

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Հիմնադրութեան 32-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

RelatedPosts

Նշմար Մը` Ռոպէր Հատտէճեանի «Առաստաղ» Երկհատոր Վէպին Շուրջ
Անդրադարձ

Ո՞րու Համար Է «Իրական Հայաստանը» Փոխան Ուղերձի

Նոյեմբեր 6, 2025
Հաւատքով Ու Զօրութեամբ
Անդրադարձ

Աշնան Տերեւներ

Նոյեմբեր 6, 2025
Հինգ Տարի Առաջ` Այսօր.  Շուշիի Պաշտպանութեան Մարտերուն Նահատակուեցան Յարութ Բանոյեան, Յակոբ Ասթարճեան Եւ Մոսիկ Սեքլէմեան
Անդրադարձ

Հինգ Տարի Առաջ` Այսօր. Շուշիի Պաշտպանութեան Մարտերուն Նահատակուեցան Յարութ Բանոյեան, Յակոբ Ասթարճեան Եւ Մոսիկ Սեքլէմեան

Նոյեմբեր 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?