Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերը պատմութեան անցան ցաւի, կորուստի եւ պայքարի խորհրդանիշ Արցախով: Արցախի նահատակներուն, վիրաւորներուն, հաշմանդամներուն, անհետ կորսուածներուն, գերիներուն եւ գաղթականներուն ցաւը իրենց կուրծքին կրող ՀՄԸՄ-ականներ անգամ մը եւս հաստատեցին, որ մարզախաղերը լոկ մրցում եւ ախոյեանութիւն չեն, ոչ ալ` բաժակ ու մետալ: Մարզախաղերը նաեւ ու շա՛տ յաճախ ամէն գնով կանգուն մնալու կամք են. մարմնով, մտքով ու հոգիով չտկարանալու վճռականութիւն են: ՀՄԸՄ...




















