Հայ Կնոջ Դերակատարութիւնը Ա. Հանրապետութեան Օրերուն*
ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով, հայորդիներ, աշխարհի չորս ծալքերէն, հաւաքուած ենք այս գիտաժողովին, ակնարկ մը նետելու եւ անդրադառնալու, իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն, թէ ի՛նչ եղած է 100 տարի առաջ` դրական կամ ժխտական առումով: 18 տարուան իմ փորձառութեամբս` որպէս «gender consultant», լիբանանցի կանացի ազգային մարմինի անդամ, կ՛ուզեմ վերլուծել հայ կնոջ իրավիճակը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն եւ անոր ունեցած ներդրումը` քաղաքական...



















