Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 13, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Հայաստանի Նման Լաւ Տուն Աշխարհում Չկա՛յ». Հայաստանի Նախագահը` Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի Սաներուն

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը մայիս 30-ին ընդունած է Քալիֆորնիա նահանգի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ գործող Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի սաներն ու ուսուցիչները: Հիւրերուն մէջ եղած է նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի նախկին նախագահ, իսկ այժմ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի ընտրութեանց թեկնածու Քեւըն տէ Լէոնի գրասենեակի ներկայացուցիչ ու համայնքային գործիչ Պայծառ Թոմասեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապի վարչութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին վարժարանի սաները նշած են, որ ուխտագնացութեան եկած են հայրենիք, եղած են նաեւ Արցախ եւ նախագահին հետ կիսած են իրենց տպաւորութիւնները:

Նախագահ Սարգսեան զրուցած է սփիւռքահայ աշակերտներուն հետ, լսած է անոնց կարծիքներն ու տեսակէտները, պատասխանած` անոնց զանազան հարցումներուն, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերէին հայրենիքի հզօրացման ու զարգացման, սփիւռքի ներուժի ներգրաւման եւ այլն:

Նախագահը վարժարանին սաները յորդորած է յաջորդ տարի կրկին այցելել Հայաստան: «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է գիտնայ, որ տուն ունի այստեղ: Ասիկա ձեր տունն է, եւ Հայաստանի նման լաւ տուն աշխարհի վրայ չկայ: Դուք փայլուն երիտասարդներ էք եւ հպարտ պէտք է ըլլաք, որ հա՛յ էք», ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը:

Հանդիպման աւարտին Պայծառ Թոմասեանը Հայաստանի նախագահին փոխանցած է Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի նախկին նախագահ տէ Լէոնի շնորհաւորանքը` աւելցնելով, որ սփիւռքի մէջ կրթուած սերունդը նոյնպէս պատրաստ է ծառայելու հայրենիքին:

Նշենք, որ Լոս Անճելըսի մէջ 1969-էն ի վեր գործող Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգ. վարժարանը ունի մօտաւորապէս 1000 աշակերտ:

Արցախի Նախագահը Ընդունեց Բժիշկ Թամ Քաթինան

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը 6 յունիսին ընդունեց «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր, անուանի բժիշկ Թամ Քաթինան: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նախագահը ողջունեց Թամ Քաթինայի Արցախ այցելելու որոշումը` նշելով, որ երկրին մէջ քաջատեղեակ են անոր գործունէութեան եւ անոր անձին հանդէպ մեծ յարգանք կը տածեն:

Տեղեկացնենք, որ հանդիպման ներկայ էին նախաձեռնութեան համահիմնադիր, բարերար Ռուբէն Վարդանեանը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

«Թեւանիկ»-ի Ներկայացուցիչները Արցախի Մէջ

Յունիս 3-6 Արցախ կը գտնուէին «Թեւանիկ» բարեսիրական խումբին ներկայացուցիչները: Անոնց կ՛ուղեկցէր Արցախի Հանրապետութեան «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեանը: Հերթական այցելութեան ընթացքին «Թեւանիկ» խումբին կողմէ Արցախի Ասկերանի շրջանի Լուսաձոր, Մարտակերտի շրջանի Պօղոսագոմեր, Կիչան եւ Հայկաջուր համայնքներու դպրոցներուն յանձնուած են համակարգիչներ, տպիչ, մարզական եւ այլ սարքաւորումներ: Դպրոցները ընտրուած են ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզանքի նախարարութեան հետ միատեղ: Յայտնենք, որ ծրագիրը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ:

Համակարգիչներ եւ համապատասխան սարքաւորումներ  տրամադրուած են նաեւ Շուշիի արհեստագիտական համալսարանին:

«Թեւանիկ» խումբի պատասխանատու Իվեթ Դանիէլեանը նշած է, որ արդէն 4 տարի Արցախի մէջ աշխատանք տարած են, եւ որուն այս տարի միացած է նաեւ «Արմէնֆոնտ»-ը: «Մենք կ՛աշխատինք տարբեր բնագաւառներու մէջ օգտակար ըլլալու Արցախի ժողովուրդին: Այս ձեռնարկը իրականացուցած ենք, որովհետեւ մեզի համար կարեւոր է, որ Արցախի մէջ լաւ մասնագէտներ դաստիարակուին, նաեւ խրախուսուին այն մասնագիտութիւնները, որոնք Արցախի համար կարեւոր են», ըսած է Իվեթ Դանիէլեանը: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ սփիւռքը կը կիսէ արցախցիին հոգերը. «Ուրիշ տեղ ապրիլը, ուրիշ երկնքի տակ ծնիլը արգելք չի հանդիսանար մեր առօրեային մէջ մտահոգուելու եւ կիսուելու հայրենիքի հոգերով: Ու կը ձգտինք համահայկական մտածողութեամբ օժանդակելու երկրին հարցերուն վերացման, ունենալ զարգացած եւ ուժեղ հայրենիք»:

Այցելութեան ընթացքին իրագործուած է «Թեւանիկ»-ի ծրագիրներէն ուրիշ մը` կարգ մը բազմազաւակ եւ ընկերային անապահով ընտանիքներու ցուցաբերուած է նիւթական աջակցութիւն:

 Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Մանուկ Պէյ Միրզայեանի Ծննդեան 250-ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

7-9 յունիսին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկին կողմէ կազմակերպուեցաւ միջազգային գիտաժողով մը` նուիրուած օսմանեան եւ ռուսական դիւանագիտական ասպարէզի ամէնէն յայտնի դէմքերէն մէկուն` Մանուկ Պէյ Միրզայեանի ծննդեան 250-ամեակին: Գիտաժողովը, որ կազմակերպուեցաւ պատմական գիտութիւններու եւ հայատառ թրքերէն գրականութեան մարզերու մասնագէտ փրոֆ. Յասմիկ Ստեփանեանին առաջարկով, գումարուեցաւ Հայաստանէն եւ եօթը այլ երկիրներէ գիտնականներու մասնակցութեամբ:

Մանուկ Պէյ Միրզայեանը նոյն ատեն եղած է Օսմանեան կայսրութեան եւ Ռուսիոյ հպատակ, յարգուած հիւր` աւստրիացի եւ ռուս տիրակալներու պալատներէն ներս: Ան ունեցած է մետաքսի, բուրդի, բամպակի, ծխախոտի, համեմներու եւ մեղրամոմի վաճառքի մենաշնորհ: Իր հայրը ծնունդով Հայաստանի Աշտարակ շրջանի Կարբի գիւղէն էր, իսկ Մանուկ Պէյ Միրզայեանը ծնած էր Պուլկարիոյ Ռուսչուք բնակավայրին մէջ:

Մանուկ Պէյ Միրզայեանի եւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի անուններուն հետ կը կապուի ռուս-թրքական պատերազմի օրերուն Մահմուտ Բ. սուլթանը ծայրայեղ ծանր վիճակէն դուրս հանելու եղելութիւնը: Մանուկ Պէյն էր նաեւ, որ աջակցած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ ենիչէրիներու հզօր ու երկրին համար չափազանց վտանգաւոր դարձած վարչակարգը տապալելու գործին:

Հաղորդենք, որ գիտաժողովին երրորդ օրը Աշտարակի Կարբի գիւղին մէջ կատարուեցաւ Մանուկ Պէյ Միրզայեանի անուան հրապարակի բացումը:

Պոլսոյ «Ոմանք» Խումբը Համերգով Հանդէս Կու Գայ Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, Պոլիսէն եկած «Ոմանք» այլընտրանքային երաժշտական խումբը 8-15 յունիս ելոյթով հանդէս պիտի գայ Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:

«Ըստ Հայերն Այսօր» լրատուական կայքէջին, համերգային շրջագայութեան նպատակն է` Հայաստանի մէջ ներկայացնել «Ոմանք»-ի «Բանալիք» նոր ալպոմը:

Յիշեցնենք, որ «Ոմանք» այլընտրանքային երաժշտական խումբը, որ կազմուած է Պոլսոյ մէջ, մօտ ըլլալով հայ աւանդական երաժշտութեան` իր երգերով կը փորձէ պատմել իր բնակավայրին եւ աշխարհին մասին: Համերգներուն ընթացքին երաժշտասէրներուն պիտի մատուցէ բաւական բազմազան երգացանկ, որուն մէջ մեծ մաս կը կազմեն տարածաշրջանի տարբեր լեզուներով արտայայտուող աւանդական եղանակները, Սայաթ Նովայի, Արթօ Թունճպոյաճեանի եւ հայ երաժշտութեան այլ վարպետներու գործերէն նմուշներ: Երգացանկը կը ներառէ նաեւ Դանիէլ Վարուժանի եւ հայ գրականութեան այլ տիտաններու բանաստեղծութիւններու հիման վրայ ստեղծուած յօրինումներ: Խումբի երգացանկին մէջ կան նաեւ հայերէն եւ թրքերէն հեղինակային երգեր: Թէ՛ հեղինակային, թէ՛ միւս երգերուն մէջ «Ոմանք»-ը կը ձգտի պատմել ներկան` իրարու կապելով անցեալի պատմութիւնն ու ապագայի երազը:

Մարի Իզմիրլեանի Անուան Մանկատունը Վերակառուցուեցաւ

«Իզմիրլեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ, Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան տարածքը արդէն առաւել հասանելի եւ մատչելի դարձաւ հաշմանդամութիւն ունեցող  փոքրիկներու համար: Այս մասին կը յայտնէ «Մետիամաքս» լրատուակայանը:

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վերանորոգուած մանկատան բացման արարողութեան մասնակցեցան` «Իզմիրլեան» հիմնադրամի կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Գրեգորի Ճերեճեանը, Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանը, «Իզմիրլեան» հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Լուսինէ Գալայճեանը:

2017-2018 ժամանակաշրջանին, «Իզմիրլեան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով, շինարարական աշխատանքներ իրականացուեցան Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան տարածքին` նպատակ ունենալով մանկատան տարածքը առաւել հասանելի եւ մատչելի դարձնել հաշմանդամութիւն ունեցող  փոքրիկներու համար:

Շինարարական աշխատանքները, որոնք իրականացուեցան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէն, ներառած են սակաւաշարժ  փոքրիկներու համար թեքահարթակներու կառուցում, շէնքի կողային ճակատներու ջերմամեկուսացում եւ բակի  ցանկապատի վերանորոգում:

Տարածքի կանաչապատման աշխատանքներուն իր աջակցութիւնը ցուցաբերեց Երեւանի քաղաքապետարանը:

Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ենթակայ կառոյց հանդիսացող Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատունը, որուն նպատակն է առանց ծնողական խնամքի մնացած հաշմանդամ փոքրիկներու շուրջօրեայ խնամքի ապահովումը, 2004-էն ի վեր կը գտնուի «Իզմիրլեան» հիմնադրամի հոգածութեան եւ ուշադրութեան կեդրոնը:

«Իզմիրլեան» հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Լուսինէ Գալայճեանը յայտնեց, որ հիմնադրամը կը շարունակէ Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան իր աջակցութիւնը` նկատի ունենալով կառոյցին պահանջները:

Սիլվա Կապուտիկեանին Եւ Արա Շիրազին Նուիրուած Յուշաքար Բացուած Է

Վերջերս Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Արա Շիրազի ծննդեան օրն էր: Ան պիտի դառնար 77 տարեկան: Կապուտիկեան 1 հասցէի վրայ, այն շէնքին մէջ, ուր Արա Շիրազն ու մայրը` Սիլվա Կապուտիկեանը ապրած են 1978 թուականէն, բացումը կատարուած է միացեալ յուշաքարի մը: Բնակարանը արդէն վերածուած է բանաստեղծուհիին տուն-թանգարանի:

Նշենք, որ ձեռնարկին մասնակցած են գրողներ, արուեստի այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներ, հարազատներ, ինչպէս նաեւ` այդ օրերու մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեանը, որովհետեւ հետագային ազատ կացուցուած է իր պաշտօնէն: Հնչած են Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւններէն:

Հաղորդենք, որ յուշաքարին հեղինակը Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետ Ասլան Մխիթարեանն է:

Յունիս 10-ին Կայացաւ «Համով-Հոտով Երեւան» Հայկական Խոհանոցի Չորրորդ Փառատօնը

«Երեւանեան ամառ 2018» եռամսեայ ձեռնարկներու ծրագիրով, յունիս 10-ին, Երեւանին մէջ արդէն 4-րդ անգամ ըլլալով, իրականացուեցաւ «Համով-հոտով Երեւան» հայկական խոհանոցի փառատօնը:

Այս տարի փառատօնը տեղի ունեցաւ մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի մօտակայ զբօսայգիին մէջ:

Փառատօնին ընթացքին առանձին տաղաւարներով ներկայացուեցան Երեւանի շարք մը ճաշարաններ, հայկական ազգային եւ եկեղեցական տօները, իսկ մասնակիցները կարելիութիւն ունեցան ծանօթանալու եւ համտեսելու հայկական խոհանոցային ժառանգութեան լաւագոյն ուտեստները:

Նշենք, որ փառատօնը կայացաւ Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինի եւ «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման աւանդոյթներու պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար:

 Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Պալէի Փառատօն

Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 115-ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, որոնցմէ մէկը պալէի փառատօնն է` Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին նախաձեռնութեամբ:

Յունիս 8-ին, 11-ին եւ 13-ին ներկայացուեցան եւ պիտի ներկայացուին խաչատրեանական «Սպարտակ», «Գայեանէ» եւ «Դիմակահանդէս» պալէները: Փառատօնի բացման երեք պալէներուն նուիրուած ցուցահանդէս կայացաւ օփերայի թատրոնի ճեմասրահին մէջ, ուր պիտի ցուցադրուի նաեւ Արամ Խաչատրեանի մասին ժապաւէն:

Իսկ յուլիս 24-ին, օփերայի թատրոնի ղեկավար Կոստանդին Օրբէլեանի գնահատմամբ, պատմական իրադարձութիւն տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, 60 տարուան ընդմիջումէ ետք Մեծ թատրոնի բեմին վրայ նորէն պիտի ցուցադրուի «Գայեանէ» պալէն` Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի ամբողջ անձնակազմին մասնակցութեամբ:

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեմատեան-Բանաստեղծութիւններ, Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր» (Հեղինակ` Կորիւն Արք. Պապեան)

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Ու Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութեան Պաշտօնեաներու Աշխատանքային Այցելութիւնը Լիբանան

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?