Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն

Յունիս 12, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Եգիպտոսի, Սուտանի Եւ Եթովպիոյ Հայերը» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ հայերը» գիտաժողովի երկրորդ փուլը աւարտեց իր աշխատանքները: Երկփուլ այս գիտաժողովին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ Գահիրէի մէջ, 12 եւ 13 ապրիլ 2018-ին, իսկ երկրորդը` 29 եւ 30 մայիս 2018-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:

Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բոլոր մասնակիցներուն, նշեց, որ մասնակիցներուն «անձնական, ընտանեկան, հաւաքական-ազգային, թէ գիտական ենթահողէ բխած զեկոյցները չեն սահմանափակուիր լոկ գիտելիքի փոխանցումով: Այդ գիտելիքին մէջ կայ գնահատանք` իրագործուածին հանդէպ, պայքար` գոյատեւումի, ճիչ` աջակցութեան, կոչ` որոնումի, թելադրանք` խորաթափանց եւ այլատեսակ վերլուծումներու, մարտահրաւէր` գալիքի: Ան աւելցուց, որ այս հաւաքը ե՛ւ գիտաժողով է, ե՛ւ խորհրդաժողով, նաեւ իւրօրինակ դրսեւորումը` հայու տագնապին, որ միշտ կը դիմափոխուի, կը փոխակերպուի` ի դիմաց հայու գիտաքննական միտքին եւ յարափոփոխ միջավայրին: Գիտաքննական այդ միտքը հաւանաբար բնազանցական տագնապը կ՛ապրի ինքնութենական գոյութենութեան»: Դոկտ. Տագէսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան, որ այս տարի եւս նիւթաբարոյապէս աջակցեցաւ այս գիտաժողովի իրականացման, աւելցնելով, որ` «Խորքին մէջ գրեթէ անկարելի էր երեւակայել, նկատի առնելով դիմագրաւուած նիւթական դժուարութիւնները, այս գիտաժողովին կայացումը` առանց «Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան ամուր եւ վճռական թիկունքին»:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն եւ լիբանանահայ ներկաներուն, ըսաւ. «Անգամ մը եւս սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը մեզ կը հաւաքէ իր փեթակին շուրջ` ծանօթանալու, վերյիշելու, կամ ուսումնասիրելու նոր տարածաշրջան մը, ուր երկար տասնամեակներ շարունակ հայուն զարկերակը իր հիմնադիր ու ստեղծարար ազդեցութիւնը ունեցած է սփիւռքեան կեանքին վրայ, տեղական սահմաններէն շատ անդին: Ասոր մէկ նմուշը տեսանք աւելի քան ամիս մը առաջ, Գահիրէի մէջ, ուր վայելեցինք գաղութի առաջնորդարանին, միութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հիւրընկալութիւնն ու մտաւորական եւ ազգային ներդրումը: Մեր տարիներու գիտաժողովները կազմակերպուած են պատմութեան, քաղաքականութեան, աշխարհագրութեան, ժողովրդագրութեան, տնտեսագիտութեան, սփիւռքագիտութեան, լեզուաբանութեան եւ արուեստներու ուսումնասիրութեան մարզերու եւ անոնց հանդիպման կէտերու սերտողութեան նպատակով»: Ապա խոհուն վերլուծութեամբ մը, «Արմինիըն նեշընլ ինսթիթիութ»-ի (ANI) տնօրէն, վաստակաշատ ցեղասպանագէտ դոկտ. Ռուբէն Ատալեանը «By the Nile and the sea, the currents and tides of modernity and the role of the Armenian Diaspora of Northeast Africa» վերնագրեալ դասախօսութեամբ բացառիկ խորութեամբ եւ վերլուծումով ներկայացուց Ափրիկէի վերջին երկու դարերու քաղաքատնտեսական եւ ընկերամշակութային համառօտ համապատկերը: Ան խորացաւ Ափրիկեան Եղջիւրի շրջանին վերիվայրումներուն, արդիականացման ներքին եւ արտաքին գործօններու շփումներէն յառաջացած ուժականութեան ու այդ «թոհուբոհ»-ին մէջ շրջանի ժողովուրդներուն, հայ փոքրամասնութեան, պետական դէմքերու հակադարձութիւններուն ու կրած ազդեցութիւններուն: Քարտէսներով, փաստաթղթային լուսանկարներով ներկայացուած այս դասախօսութիւնը յառաջացուց այն ենթահողն ու միջավայրը, ուր լուսաբանուեցան յաջորդող 26 զեկոյցները:

Գումարուեցան եօթը նիստեր, որոնց ընթացքին զեկուցեցին Ֆրանսայէն, Մ. Նահանգներէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Եգիպտոսէն, Եթովպիայէն, Շուէտէն, Գերմանիայէն եւ Միացեալ Թագաւորութենէն ժամանած փորձագէտներ ու մասնագէտներ: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու. 1) Պատմութիւն` մինչեւ Ի. դարասկիզբ, 2) Ցեղասպանութիւն, նպաստամատոյց եւ պետութիւն, 3) Եգիպտահայութիւնը 1940-80-ականներուն, 4) Երիտասարդութիւն, ինքնութիւն, եգիպտահայութիւնը այսօր, 5) Կրթութիւն եւ ժառանգ, 6) Սուտանի հայօճախը, 7) Եթովպիոյ հայօճախը:

Հայրենի երիտասարդ պատմաբան Վահէ Սարգսեանը լուսարձակի տակ առաւ հայ-եգիպտական հնագոյն կապերը` հիմնուելով Վանի, Կարմիր Բլուրի, եւ Մեծամօրի մէջ պեղուած եգիպտական գտածոներուն վրայ: Փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեանը բացայայտեց Վերին Եգիպտոսի Սպիտակ վանքի որմնանկարներուն հայկականութիւնը, որմնանկարիչին անունն ու ժամանակը: Շուէտի Արքայական թանգարանի աշխատակից Անն Կրոնհամմարը ներկայացուց Եգիպտոսի խտիւի նուիրակ եգիպտահայ Օհան Տեմիրճեանին շուէտական գործունէութիւնը եւ իբրեւ Շուէտի թագաւորի ներկայացուցիչի` Եգիպտոսի մէջ անոր գործունէութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութեան ազգային ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Վարդան Դեւրիկեանը ըրաւ պատմականը եգիպտահայ թեմին` զայն բաժնելով չորս փուլերու: Եգիպտահայ պատմաբան Արմին Քրէտեանը վերլուծեց Գահիրէի հայոց 1906-ի եւ Աղեքսանդրիոյ հայոց 1911-ի մարդահամարներուն տուեալները` ահազանգելով նաեւ արխիւային նիւթերու հանդէպ առկայ անհոգ վերաբերումը: Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ համալսարանին տնօրէնը ժամանակակից եւ դասական լեզուներու եւ գրականութեան բաժանմունքի հայագիտութեան բաժնի տնօրէն դոկտ. Վահրամ Շեմմասեանը ներկայացուց Փոր Սայիտի գաղթակայանի հիմնումը եւ նկարագրեց գաղթականներուն կեանքը` անոնց այնտեղ կեցութեան շուրջ չորս տարիներուն ընթացքին: Փրոֆ. Հիլմար Քայզերը լուսարձակի տակ առաւ Գրիկէրի (Գրիգոր Կէրկէրեան) ուղենշային ուսումնասիրութիւնները` Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ առարկեց, որ ցեղասպանագիտութիւնը միայն վերջերս հասաւ վերլուծական այն մակարդակին, որուն առաջին քայլերը առած էր Գրիկէր: Մինիսոթայի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ճոն Արմաճանին վերլուծեց Եգիպտոսի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները` փոքրամասնութեանց եւ մարդկային իրաւանց հանդէպ: Ան ընդգծեց անոնց ունեցած ազդեցութիւնը Եգիպտոսի հայօճախին վրայ: Եգիպտահայ մտաւորական Հայկ Աւագեանին «Արեւ» օրաթերթին մէջ Վահան Թէքէեանի լոյս ընծայած յօդուածներուն վերլուծութեան ու անոնց բովանդակային յախուռն ընթացքին խնդրով խորաթափանց եւ արդիական ուսումնասիրութիւնը կարդաց դոկտ. Մարուշ Երամեանը: Դոկտ. Գէորգ Եազըճեանը ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց եգիպտահայութեան վերաբերող խորհրդային արխիւներու գաղտնի փաստաթուղթերուն: Փրոֆեսէօր Վերժինէ Սվազլեանի եգիպտահայ հայրենադարձներու` Հայաստանին ունեցած նպաստին համապարփակ յօդուածը կարդաց դոկտ. Եազըճեանը` ի բացակայութեան փրոֆ. Սվազլեանի:

Հայաստանի Ազգային արխիւի վաստակաւոր հետազօտող Գոհար Աւագեանը ծանրացաւ աւելի Գահիրէի հայոց առաջնորդարանի արխիւին նիւթերուն վրայ, նաեւ ընդգծեց ընդհանրապէս սփիւռքահայ արխիւներու կարեւորութիւնը` հայագիտական մերօրեայ պրպտումներուն համար: «Նորավանք» գիտակրթական կեդրոնի գիտական քարտուղար Վահրամ Հովեանը տուաւ պատկերը Եգիպտոսի հայ համայնքի մերօրեայ լրատուամիջոցներուն վիճակին, բովանդակութեան, առաքելութեան, եւ գնահատականը կատարեց համացանցի վրայ անոնց ներկայութեան: Լիմի Չոլաքեան-Խունկանեանը ներկայացուց Եգիպտոսի Հայ աւետարանական համայնքը` անդրադառնալով Ի. դարասկիզբի անոր կազմաւորման եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ համայնքի ներկայ իրավիճակին: Եգիպտահայ Թովմաս Զաքարեան` իբրեւ անդամը «Երիտասարդ Հայ»-ի նմանակ եգիպտական «Հոկտեմբեր» պարբերականի խմբագրակազմին, ներկայացուց «Հոկտեմբեր»-ը, անոր գաղափարախօսական ելակէտերը,  ձեռնարկող երիտասարդներուն մտահոգութիւնները: Իսկ Ժիրայր Դանիէլեանը հակիրճ ներկայացուց «Հոկտեմբեր»-ի պէյրութեան տարբերակ «Երիտասարդ Հայ»-ը: Երկու ելոյթները զուգահեռներ գծեցին եւ ի յայտ բերին հայօճախներու մէջ երիտասարդ, նորարար, ըմբոստացող ալիքներուն իրարմէ անկախ եւ անջատ գոյութեան մը փաստը: Շահեկան էր սփիւռքագէտ, միջազգային համբաւի տիրացած «Diaspora» պարբերականի խմբագրակազմի անդամ դոկտ. Սօսի Գասպարեանին յառաջ քաշած տեսութիւնը. ան եգիպտահայերը նկատեց լուռ աշխարհաքաղաքացիներ` ժամանակակից Եգիպտոսի մէջ: Քննարկումներուն ընթացքին դոկտ. Գասպարեանին այս տեսութիւնը նկատուեցաւ ընդհանրական վիճակը նաեւ սփիւռքի շարք մը այլ հայօճախներուն հայութեան: Շահեկան էր երիտասարդ եգիպտահայ Ասփէ Ճիզմեճեանին նիւթը. ան քննարկեց ինքնութեան մտային թէ արուեստի ընկալման երեսակները` Եգիպտոսի հայօճախին մէջ: Նախկին հալէպահայ, ներկայիս եգիպտահայ ուսուցչուհի եւ հայերէնի դասախօս դոկտ. Երամեանը բարձրաձայնեց եւ տեսականացուց արեւմտահայերէնի ուսուցման խնդիրները` եգիպտահայ դպրոցին մէջ: Անոր ի պատասխան` Հայկազեան համալսարանի դասախօս, կրթական մշակ Շաղիկ Խիւտավերտեանը համեմատական զուգահեռներ գծեց լիբանանահայ դպրոցին առնչութեամբ եւ տուաւ անոր տեղին, դերին եւ բնոյթին հաւատամքը: Համալսարանական հայ ուսանողութեան եգիպտահայ համապատկերը ներկայացուց երիտասարդ հետազօտող, եգիպտահայ Այգ Զաքարեանը: Եգիպտահայ համալսարանական ուսանողութեան ուսումնական տուեալներուն հասանելիութիւնը առիթ տուած է Զաքարեանին, որ կատարէ նման հայագիտականօրէն հազուադէպ (թերեւս իր բնոյթով` առաջինը) ուսումնասիրութիւն: Ճարտարագէտ, դոկտ. Նայիրի Համբիկեանը լուսարձակը սեւեռեց սփիւռքի շինարարական ժառանգին վրայ, եւ մեկնելով եգիպտահայ փորձէն (ուր եգիպտահայ պատկան իշխանութիւնները գործնապէս լծուած են վերականգնել եգիպտահայ անցեալի ժառանգը)` ան նկարագրեց եգիպտահայ առկայ հնագոյն գերեզմանատան վերականգնումի եւ բարեկարգումի աշխատանքները: Համբիկեանը ընդգծեց, որ սփիւռքահայ աւանդը Մար Մինայի գերեզմանատունով կարելի է դրսեւորել նաեւ շինարարական թէ շօշափելի փաստերով: Դոկտ. Համբիկեանը նաեւ շահեկան տեսաբանական դրոյթ մը ներկայացուց սփիւռքահայ աւանդին ու ժառանգին մասին: Փրոֆ. Արմաճանին ներկայացուց Հիւսիսային Սուտանի եւ Եթովպիոյ սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները` փոքրամասնութեանց եւ մարդկային իրաւանց հանդէպ, ու ընդգծեց անոնց ունեցած ազդեցութիւնը Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայօճախին վրայ: Երիտասարդ արխիւագէտ Աննա Աւագեանը Հայաստանի Ազգային արխիւի նիւթերու հիմամբ ներկայացուց Սուտանի հայ համայնքին պատմութիւնը` ԺԹ. դարավերջէն մինչեւ մեր օրերը: Դոկտ. Արտակ Մաղալեանը ներկայացուց Եթովպիա այցելած հայ ուղեգիրներուն ճանապարհորդական գիրքերը, նոթերը եւ արժեւորեց զանոնք: Փարիզի ՀԲԸՄ «Նուպարեան» մատենադարանի երիտասարդ եւ աշխուժ տնօրէն դոկտ. Պորիս Աճեմեանը իր զոյգ դասախօսութիւններով ներկայացուց հայերու աւանդը Եթովպիոյ մէջ, մանրամասնեց Եթովպիոյ, կայսերական փողերախումբի` Երուսաղէմի «Արարատեան» որբանոցի սաներուն մասին, եւ մանրամասնեց, թէ ինչպէ՛ս Եթովպիան` իբրեւ ուղղափառ երկիր, եթովպահայերուն համար նկատուած է հայրենիք, եւ թէ ի՛նչ քաղաքականութեամբ Եթովպիոյ կայսրերը ներգրաւած էին հայերը պետական ծառայութեան համակարգին մէջ: Շահեկան էր նաեւ Ռուբինա Սվաճեան-Քինկուէլի զեկոյցը իր հօր` արքայական ոսկերիչ Պետրոս Սվաճեանին մասին: Սվաճեան ներկայացուց անոր հաստատուիլը Եթովպիա, եւ թէ ինչպէ՛ս ան ստացած էր կայսեր պաշտօնական արտօնագիրը` ոսկերչական արտադրամաս հիմնելու մասին:

Գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում եւ ընդհանուր արժեւորում, ուր կարեւորուեցան նման գիտաժողովներու անհրաժեշտութիւնը, անոնց յառաջացուցած խթանը` նմանատիպ ուսումնասիրութիւններու եւ նման գիտաժողովներու համար անհրաժեշտ նիւթաբարոյական աջակցութիւնը:

Նիստերէն մէկուն աւարտին ներկայացուեցան վերջին երեք տարիներուն հայկական սփիւռքին նուիրուած արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ հայերէն լոյս տեսած գիրքեր, որոնցմէ ոմանց հեղինակները ամփոփ գիծերու մէջ մանրամասնեցին իրենց երկերուն որոշ երեսակները: Նիստերէն անջատ, ներկաները առիթ ունեցան դիտելու Հայկազեան համալսարանի «Մուկար» արուեստից ցուցասրահ ցուցադրուած Ալեքսանդր Սարուխանի շուրջ 50 երգիծանկարներուն կրկնօրինակները, որոնք ազնուօրէն տրամադրուած էին տիար Շահէ Խաչատուրեանին եւ ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին կողմէ: Ցուցադրուած էին նաեւ եգիպտահայութեան մասին հրատարակուած հայ եւ օտար երկասիրութիւններ` Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան հայագիտական գրադարան»-էն: Գիտաժողովին առաջին իրիկունը եթովպահայ եւ եթովպաբնակ Վարդգէս Նալպանտեանը դասախօսութեամբ մը ներկայացուց Եթովպիոյ հայօճախը` իր պատմական անցեալէն մինչեւ այսօր: Խիստ շահեկան այս դասախօսութիւնը որոշ զուգահեռներ ունէր 2017 մայիսի գիտաժողովին Իրաքի հայօճախին ներկայ վիճակին նուիրուած դասախօսութեան հետ:

Յառաջիկայ տարուան կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Կիպրոս-Յունաստանի հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2019 մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են: Այդ առումով, յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ

Նախորդը

Հարազատի Որոնման Լուսանցքին Եւ Համշէնցի Աղջիկը

Յաջորդը

Ո՛չ Թրքականին…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?