15 Յունիս. Հայաստանի Պետական Խորհրդանիշներու Օրուան Տօնը
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Թէեւ Հայաստանի վերանկախացեալ հանրապետութեան պետական տօները հաստատող 1995-ի օրէնքով նախատեսուած չէր 15 յունիսի` «Հայաստանի պետական խորհրդանիշներու օր»-ուան տօնը, այսուհանդերձ, 2006-ին հասարակական նախաձեռնութեան կարգով հրապարակ նետուեցաւ ՀՀ պետական Խորհրդանիշներու օր տօնելու գաղափարը, որ 2009-ին կառավարութեան հաւանութեան արժանանալով` ամէնամեայ տօնի վերածուեցաւ խորհրդարանի յատուկ օրէնքով եւ 2010-էն ասդին կը նշուի պետական ու ժողովրդային շուքով: Առաջադրուածը, փաստօրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշին եւ պետական...




















