Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Վերջերս Լիբանան կը գտնուէր Անդրանիկ Պաղտասարեանը: Ան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի մեծ բարերարներէն մէկն է եւ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ գործող «Գարուն» կաթի վերամշակման գործարանի սեփականատէր: «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ բարերարին հետ` իմանալու անոր վերջին բարեգործութիւնները Թալիշի մէջ եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրներուն մասին:
«ԱԶԴԱԿ».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական մարմինի ատենապետ եղած էք:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ.- Այո՛, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի երկրպագուներէն մէկն եմ ու նաեւ հաւատացած եմ, որ մեր այսօրուան հայ պատմութեան իրականութեան մէջ մեծ դեր կը խաղայ եւ պիտի խաղայ հիմնադրամը: Կը շարունակեմ հիմնադրամի ծիրին մէջ կամ անոր շուրջ աշխատիլ, օգնել, խօսիլ, տրուած ըլլալով, որ հիմնադրամը այսօրուան կազմակերպութիւններուն մէջ ամէնէն շինիչ, ճիշդ, մաքուր գործն է: Վերջերս մեր երկրի` հայրենիքի մէջ քաղաքական եւ տարբեր տեսակի փոփոխութիւններ եղան երիտասարդներու պոռթկումով եւ շարժումով. մասնաւորապէս քննարկուեցաւ նաեւ հիմնադրամը, թէ արդեօք որեւէ տեսակի հարց ունի՞` նիւթական, բարոյական: Եւ բոլորը միասին որոշեցին, որ հիմնադրամը մաքուր կազմակերպութիւն է եւ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը` առանց որեւէ փոփոխութեան:
«Ա.».- Խօսինք Թալիշի մէջ ձեր կատարած բարեգործութեան մասին:
Ա. Պ.- Նախ ըսեմ, որ կատարածս բարեգործութիւն չէր, պարտականութիւն էր: Տունը նստած էինք ես եւ Սօսին, երբ լսեցինք, որ Թալիշի վրայ յարձակում կատարուած է եւ 100-է աւելի զոհեր տուած ենք: Ցնցուեցանք: Չէի գիտեր` Թալիշը ո՛ւր կը գտնուի: Քարտէսը բացինք, տեսանք, հեռաձայնեցինք Արցախ, ապրեցանք այդ գէշ օրերը, լացինք, ջղայնացանք, պոռթկացինք: Ըսինք` ի՞նչ պիտի ընենք, հեռաձայնեցինք հիմնադրամին եւ ըսինք, որ հասկցէք` ի՞նչ պէտք է ամբողջ Թալիշը վերականգնելու համար: Ըսին, որ ժամանակ կ՛ուզէ, դեռ շատ կանուխ է այդ մասին խօսելու: Մենք ըսինք, որ կը սպասենք, բայց այնպէս թող ըլլայ, որ կրկին չվնասէ մեզի թշնամին: Թալիշը կարելի՞ էր տեղափոխել լերան միւս լանջին, որ ապահով ըլլայ: Այս գործը սկսան սերտել եւ որոշեցին լրիւ նոր Թալիշ կառուցել: Հարցուցի, որ եթէ նորէն յարձակում ըլլայ, ի՞նչ պէտք է ընենք. ըսին, որ որոշ կազմածներ պէտք է տեղադրեն լերան լանջերուն, որպէսզի գիտնանք թշնամիին շարժումները: Ըսի` ի՛նչ որ պէտք է, ըրէք: Շատ գեղեցիկ շրջան մը եղաւ. Հոլանտայի նոր գիւղի պէս գունաւոր, շատ տոկուն շինութիւններ պատրաստեցին, 25 տուն, որոնց մէջ նաեւ ապաստարան կայ, նոր համայնքային կեդրոն, նոր դպրոց, հրապարակ, կոյուղի, ջուր, ինչ որ գիւղ մը պէտք ունի, ամէն բան պատրաստուած էր, այդ շինութիւնները եւ պաշտպանութեան սարքերը 5 միլիոն տոլար արժեցին: Զարմացած եմ, որ մենք ունինք տասնեակ հազարաւոր հայեր աշխարհի վրայ, որոնք կրնան շատ աւելի մեծ գումարներ տալ, ոչ թէ միայն Թալիշի համար, այլ` Գիւմրիի, կամ` ո՛ւր որ հարկ է, բոլոր շրջաններուն մէջ անոնք կրնան շատ մեծ հրաշքներ գործել: Իմ ամէնէն մեծ ցաւս եւ մտահոգութիւնս այն է, որ եթէ ես իմ ունեցածիս 70 առ հարիւրը տալով` կրցայ գիւղ մը վերականգնել, ո՞ւր է մեր ժողովուրդը, ո՞ւր են մեր մեծահարուստները: Ե՞րբ պիտի գիտնանք, որ ունինք ազատ, անկախ երկիր, ունինք Արցախ եւ Հայաստան: Թալիշով բան չի փոխուիր, ունինք բազմաթիւ շրջաններ, որոնք պէտք ունին օգնութեան: Գիւմրիի մէջ մենք ունինք մօտ 800 հատ թիթեղաշէն տուներ: Երբ «Հայաստան» հիմնադրամը սկսաւ Գիւմրիի տուներուն համար աշխատանք տանիլ, այդ օրէն մինչեւ այսօր 40 ընտանիք միայն կրցած ենք հանել թիթեղաշէն տուներէն: Ուրեմն շինուած շէնքի մը մէջէն պարապ յարկաբաժին կը գնենք, լրիւ կը վերանորոգենք, կը լեցնենք կահ-կարասիով, որ Յովնանեանները նուիրած են: Ընտանիքը ներս կը մտնէ` նոր կեանք ստացած, արիւն եթէ տանք, այդքան չեն ուրախանար: Կրնա՞ք երեւակայել, միայն 40 տուն կրցած ենք պատրաստել ու բնակեցնել: Բայց այս է իրականութիւնը, մենք մեր ազգին տուող չենք: Ես հրեային կ՛ըսեմ, ինչպէ՞ս միլիոններ կը ղրկէք Հրէաստան, կը կողոպտեն. կ՛ըսէ` ո՞վ է կողոպտողը, նոյնիսկ եթէ կողոպտէ դրամը, Հրէաստանի մէջ պիտի ծախսէ. մտածելակերպի լրիւ տարբերութիւն ունինք մենք եւ հրեաները:
«Ա.».- Խօսինք հիմնադրամի նոր ծրագիրներուն մասին:
Ա. Պ.- Կը կրկնեմ, եթէ ժողովուրդը դրամ չտայ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, կամ Հայ օգնութեան միութիւնը, դժուար կրնան գոյատեւել: Մենք արժանթինահայէն, ուրուկուէյահայէն, Փորթուգալի հայէն աւելի դիւրին գումար նուէր կը ստանանք հիմնադրամին, քան` Քալիֆորնիայի հայէն, Նիւ Եորքի հայէն, Լիբանանի հայէն: Ի՞նչ է պատճառը, դեռ չեմ կրցած գիտնալ: 15 օր առաջ Երեւան էի, ծանօթացայ Ֆլորիտայէն հայու մը, որ գաղթած է Լիբանանէն 50 տարի առաջ: Ըսաւ ինծի, որ կ՛ուզեմ օգտակար ըլլալ հայութեան: Ան յայտնեց իր ծրագիրը, որ Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր որբերուն եւ հաշմանդամներուն օգտակար կ՛ուզէ դառնալ: Ըսի, որ այս մէկը շատ դժուար եւ մասնագիտական գործ է. որբերու պարագային, կան անոնց կենցաղի, ուսման եւ ապագայի հարցերը: Գալով հաշմանդամներուն, ամէն մէկ հաշմանդամ բանի մը պէտք ունի. շատ լաւ գիտենք, որ հիմնադրամը Զուիցերիոյ գաղութին կողմէ ունի հաշմանդամներու յայտնի կեդրոն. աշխարհի մէջ հազիւ քանի մը հատ կայ այդպիսի լաւ կեդրոն: Սակայն այդ պզտիկները երբ 16-17 տարեկան ըլլան, այլեւս տեղ չունին իրենց գործը շարունակելու, միջոցներ չունին: Ան ըսաւ, որ մինչեւ 50 միլիոն տոլար պատրաստ է նուիրելու. տեսէք, այսպէս մարդիկ ալ ունինք, կարեւորը չեղածին մասին չխօսինք, «ի՞նչ կրնանք ընել»-ու մասին խօսինք, ապագային մասին խօսինք. պէտք է, որ ժողովուրդը ձեռք-ձեռքի տայ, որպէսզի լուրջ ծրագիրներ իրականացնենք: Գործը համահայկական առումով պէտք է ըլլայ:
Մեր ծրագիրները այնքան շատ են: Տեսէք` Թալիշը ծրագիր չէր, յանկարծ եկաւ դիմացնիս, եւ պէտք էր արագօրէն քայլ մը առնէինք: Մեր բոլոր մարզերը պէտք է երթանք, դպրոցները քննենք, եթէ շէնքին կառոյցը տոկուն է երկրաշարժերու համար, քննենք, թէ դպրոցները ինչի՞ պէտք ունին, գիւղին մէջ դպրոցը փո՞քր է, թէ՞ մեծ է: Բայց մենք միայն դպրոցաշինութեան մասին չենք մտածեր, այլ քովը ժողովասրահ, համայնքային կեդրոն, բուժկեդրոն կառուցելու մասին ալ կը մտածենք: Կը նայինք` այդ գիւղը ինչի՞ պէտք ունի, եթէ շէնքը ի վիճակի չէ, կը քանդենք եւ բոլորովին նորը կը շինենք: Դրամը, որ կը տրուի որպէս նուիրատուութիւն հիմնադրամին, այնքան լուրջ կը քննուի, ոչ թէ միայն հիմնադրամի հաշուեքննիչներէն, այլ նաեւ` ամերիկեան հաշուեքննիչներէն: Երբ Ամերիկայէն նուիրատուութիւն կ՛ընենք հիմնադրամին, մեր տուրքերէն որոշ քանակութեամբ կը զեղչուի. երբ 5 միլիոն վճարեցի, ինծի յաջորդ տարին մէկ միլիոն վերադարձուեցաւ, որովհետեւ ես բարեգործութիւն ըրի, կառավարութիւնը կու գայ քննելու այդ գործունէութիւնը, կը նային` տրուած գումարով ի՛նչ կառուցուած է. կ՛ըսեն, որ այս գումարով ասոր կէսը չենք կրնար սարքել, մենք ալ կ՛ըսենք, մեր ժողովուրդը ինք կը սարքէ իր գիւղին դպրոցը, տունը, ճամբան: Վերջին տասը տարուան ընթացքին ամերիկացի հաշուեքննիչներ չորս անգամ գացին Արցախ եւ մէկ-մէկ քննեցին շինուած կառոյցները, ոչ թէ միայն շէնքը դուրսէն, այլ կը նային շէնքին որակը, ինչ հիմք դրուած է, եւ յայտարարեցին, որ այդ գումարներով կարելի չէ այդքան գործ ընել: Գիտէք` այլեւս դար մը կ՛ապրինք, որ մէկը միւսին վրայ չի կրնար փոշի թափել. դժբախտաբար շատ դժուար է հիմնադրամին համար դրամահաւաք ընել:
Ինչ որ գործ անհրաժեշտ է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, պէտք է օր առաջ ըլլայ, որպէսզի այդ ժողովուրդը ոչ միայն կեանք ստանայ, այլ նաեւ դուրսէն եկողները գան, տեսնեն երկիրը բարօր է, երկիրը ուրախ է. երբ Թալիշ վերանորոգուած գիւղը տեսայ, զմայլեցայ, վառ գոյներով այնքան լաւ սարքուած էր: Պարսկահայ տէր եւ տիկին մը կային հետս, որոնց հետ միասին Արցախէն վերադարձանք, անոնք Արցախի նախագահին ըսին, որ Թալիշի ճամբան քարքարուտ է, մենք կ՛ուզենք ճամբան ասֆալթապատել, նախագահը կ՛ըսէ, երկու երրորդը պէտք է քարոտ մնայ, որ զրահապատները երթան-գան, իսկ մէկ երրորդը կարելի է ասֆալթապատել, զոյգը կը վճարէ այդ գումարը:
Մինչեւ չտեսնեն, չապրին, չեն գիտեր` ինչի՛ մասին է խօսքը: Երբ դպրոցի մը բացումը կը կատարուի, կը տեսնես երեխաները եւ իրենց ծնողները, սիրտդ կը բացուի ուրախութենէն: Եթէ ես պիտի չօգնեմ, հապա ո՞վ պիտի օգնէ վաղը:
Պէտք է հասկնանք, որ մեզի համար հայրենիք կայ, պէտք է արագօրէն զարգացնենք զայն: Վազք պէտք է` մեր երկիրը զօրացնելու, մակարդակը բարձրացնելու համար. ինծի համար նոյնքան կարեւոր են յետին գիւղի պզտիկները, որքան` իմ թոռնիկներս: Եթէ արագօրէն բոլորս չաշխատինք, ժամանակը մեր դէմն է, մենք սերունդն ենք Աղբալեանի, Վրացեանի, չենք գիտեր, թէ նոր սերունդը պիտի շարունակէ՞ բարեգործութիւն կատարել, թէ՞ ոչ: