Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեհաստանի Հայութիւնը Կը Խոչընդոտէ Թրքական Նախաձեռնութիւնը

Յունիս 13, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Ինչպէս սփիւռքի մէջ բնակող հայ համայնքներուն մեծամասնութիւնը, նոյնպէս լեհահայերն ալ հրատապ կարեւորութեամբ հետեւեցան այս տարուան ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական տագնապին, ժողովրդային ցոյցերուն, ընդվզումին եւ պետական համակարգ փոխելու արդար պահանջներուն, որոնք նախ եւ առաջ ուղղուած էին Հայաստանի մէջ տիրող իշխանութեան ու անոր շահագործող հարստապետական կարգերուն դէմ եւ հայ քաղաքացիին արժանապատիւ ապրելակերպ ապահովելու, ընկերային տնտեսական բնագաւառին մէջ արդար հասարակարգ ձեւաւորելու եւ օրէնքի իշխանութեան ներկայութիւնը պարտադրելու հիմնական ու վսեմ նպատակներուն: Իշխանութենէն խաղաղօրէն հեռանալու ու քաղաքակիրթ ոճով իշխանափոխութեան այս օրինակելի անկիւնադարձը եզակի ու ուսանելի երեւոյթ մըն է ոչ միայն միջինարեւելեան պետութիւններու, այլեւ ամբողջ ազատատենչ աշխարհին համար:

Յատկանշական էր նաեւ Լեհաստանի մէջ այս տարուան հայանպաստ քաղաքական եռուզեռը, մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակի նուիրուած զանազան նախաձեռնութիւնները, եւ անհնար է ատոնք բոլորը յիշատակել:

Սակայն ինքնայատուկ էր 2018 թուականի առաջին օրերէն ծայր առած` Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն թրքական բանակի զինուորներու յիշատակին նուիրուած Լեհաստանի մէջ յուշարձան կանգնեցնելու թրքական նախաձեռնութիւնը: Յուշարձան կանգնեցնելու այս ծրագրի թրքական փափաքը կեանքի կոչուած էր Լեհաստանի մէջ թրքական դեսպանատան ջանքերով:

Երբ 17 հոկտեմբեր 2017-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Լեհաստան այցելութեան ժամանակ, անոր ներկայացուցած առաջարկի հիման վրայ հաւանութին տրուած էր երկու յուշարձաններ կանգնեցնելու ծրագրին, մին մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ, իսկ միւսը` Քրաքով քաղաքին մէջ: Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբը ձեռնածալ չմնաց այս երեւոյթին դիմաց: Քրաքով քաղաքին մէջ երկար տարիներէ ի վեր գործող Հայ մշակութային ընկերութեան մասնակցութեամբ ու լեհահայութեան հետ միատեղ ջանքերով ընկերային ցանցերու, ստորագրահաւաքներու, բողոքներու ու Քրաքով քաղաքի քաղաքապետարանի ազդեցիկ ներկայացուցիչներու, հայկական շահերը պաշտպանող համախոհներու օգնութեամբ, լեհահայերու բարեկամ` լեհ ականաւոր քաղաքական գործիչներու, զանազան անձնաւորութիւններու, գրաւոր ու բերանացի բողոքներուն եւ ջանքերուն շնորհիւ` լեհահայութիւնը կրցաւ խոչընդոտել ու արգելակել Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն թրքական բանակի զինուորներու յիշատակին նուիրուած յուշարձան կանգնեցնելու թրքական նախաձեռնութիւնը:

Յաջորդ յիշատակելի նախաձեռնութիւնը եղաւ, Պոզնան քաղաքի մէջ Սուրբ Պենետիկդի հիմնարկութեան ու միջազգային քննարկումներու կեդրոնի միատեղ կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 21 ապրիլ 2018-ին Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Հայկական հարցը երէկ եւ այսօր» դասախօսական շարք, հանրային ասուլիս եւ հայկական պատարագ:  Այս առիթով Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբը մասնակցեցաւ կազմակերպուած նախաձեռնութեան,  հանրային ասուլիսին ու պատարագին: Դասախօսութիւններ կարդացին Վերոնիքա Թոմիսը, Մակտալենա Ստաշիաքը եւ ուրիշներ, պէտք է յիշել, որ Պոզնանի պետական համալսարանի դասախօս լեհ փրոֆ. Կժեկոժ Քուխարչիքը բազմաբովանդակ ու տպաւորիչ դասախօսութիւն մը ներկայացուց` լուսաբանելով Հայկական հարցին հետ կապուած գերմանական առնչութիւնները, Քուխարչիքը հեղինակն է նաեւ Լեհաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Քսաներորդ դարու առաջին հոլոքոստը» գիրքին, որուն առաջին տպագրութիւնը լոյս տեսաւ 2005-ին, իսկ երկրորդը` 2012-ին, այս առիթով սրտի խօսք արտասանեց նաեւ եւրոխորհուրդի լեհ պատգամաւոր հայասէր Մարեք Եուրեքը: Դասախօսական շարքի այս երեւոյթին անդրադարձաւ տեղական մամուլը:

Համագումարէն ետք ներկաները հրաւիրուած էին Պոզնանի Սուրբ Մալկոժաթա կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած հայկական պատարագին: Հետաքրքրական էր, որ կոմիտասեան  պատարագի խմբային երգեցողութիւնը կատարելու համար վերոյիշեալ կազմակերպիչներուն հրաւէրով Ուքրանիայէն հրաւիրուած էր ուքրանացի դպրապետ Անդրիաս Սքրապիուքը, որ երկար տարիներէ  ի վեր կը ղեկավարէ Լվովի Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման մայր եկեղեցւոյ «Սաղմոս» երգչախումբը: Դպրապետ Սքրապիուքը երեք օրերու խտացուած դասընթացքի շնորհիւ` կրցաւ մարզել 30 լեհերէ կազմուած երգչախումբը, որոնց մէջ երկու հալէպահայեր կային: Մարզուած երգչախումբը եկեղեցւոյ մէջ ներկայ խուռներամ հաւատացեալներուն հրապուրիչ ձեւով ներկայացուց կոմիտասեան հմայիչ պատարագի երաժշտութիւնը: Պատարագը հայերէնով մատուցեց Հայ եկեղեցւոյ ծէսին նուիրեալ լեհ հոգեւորական ու Վարշաւայի Սթեֆան Վիշինսքիի Աստուածաբանական կաթողիկէ համալսարանի դասախօս փրոֆ. Եուզեֆ Նաումովիչը:

Իսկ Լեհաստանի Վրոցլավ քաղաքի Ազգագրական թանգարանին մէջ Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հայ-լեհական կապերու զարգացման կեդրոնին համագործակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին նուիրուած մշակութային ու գեղարուեստական երեկոյ: Նախաձեռնութենէն առաջ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Էդգար Ղազարեանին մասնակցութեամբ Վրոցլավի մէջ հայկական պուրակին մէջ գտնուող խաչքարին առջեւ ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք ներկաները ուղղուեցան տեղւոյն Ազգագրական թանգարան: Հայ-լեհական կապերու զարգացման կեդրոնի նախագահ Կարէն Շահումեանի գրական երեկոյի բացման խօսքէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը 103-ամեակի այս առիթով արտասանեց իր սրտի խօսքը: Գէորգ եւ Արամ Սայեղ եղբայրները ջութակի ու կիթառի վրայ հայ դասական ու հայրենասիրական երգեր նուագեցին: Պոզնանցի լեհ բանաստեղծուհի, թարգմանիչ, լրագրող, մշակութային գործիչ, զանազան մրցանակներու դափնեկիր, բազմաթիւ բանաստեղծական հատորներու, թարգմանութիւններու հեղինակ, Հայաստանի Գրողներու միութեան ոսկէ մետալակիր Կալինա Իզապելա Ժոլանը կարդաց իր բանաստեղծութիւններէն փունջ մը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Է. Ղազարեանը մասնակցեցաւ այդ բանաստեղծութիւններու հայերէն   թարգմանութիւններու ընթերցումով: Թող այս նախաձեռնութիւնները խունկ ու աղօթք դառնան բազմաչարչար մեր սրբադասուած նահատակներու հոգիներուն:

 

 

 

Նախորդը

«Պէտք Է Հասկնանք, Որ Մեզի Համար Հայրենիք Կայ, Պէտք Է Արագօրէն Զարգացնենք Զայն» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Անդրանիկ Պաղտասարեան

Յաջորդը

Հայ Կնոջ Դերակատարութիւնը Ա. Հանրապետութեան Օրերուն*

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?