Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սարիղամիշի Մէջ 1918-ին – Բ.

Յունիս 12, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սիմոն Վրացեան կը շարունակէ. «Կեանքիս ընթացքին ի՜նչ սարսափներ ըսես` տեսած եմ եւ դիմացած: Կարողութիւնը չունիմ Սարիղամիշի այս փոքր դէպքերը մոռնալու: Կը հասկնա՞ք. ի՛նչ ըսել է` «կարողութիւնը չունիմ մոռնալու»…

Սարիղամիշը գտանք քաոսային վիճակի մէջ: Քաղաքը դատարկուած էր: Բնակիչները տուն ու տեղ թողած` հեռացած էին: Կասկածելի մարդիկ մնացած էին, որոնք գիշեր ու ցերեկ թալանով զբաղուած էին: Զինուորական պահեստները անպաշտպան մնացած էին. անհաշիւ հարստութիւն ամբարուած էր` զէնք ու ռազմամթերք, զինուորական եւ քաղաքացիական հագուստ, երկրագործական գործիքներ եւ մեքենաներ, խճուղիներու եւ կամուրջներու շինութեան մեքենաներ, անսպառ դեղորայք, ալիւր, շաքար` տասնեակ միլիոններու արժէքով:

Ռուս բանակը լքած ու խուժանացած` հեռացած էր: Տէր չէր մնացած:  Զօրավար (Միքայէլ) Արէշեանը հազիւ կը կարողանար իր անմիջական զինուորական պարտականութիւններուն հասնիլ: Ռուս բանակի փայլուն զինուորականի համբաւ ունէր, բայց այժմ խեղճացած, ջղայնացած, թրջուած հաւ դարձած էր. բոլորովին անհամապատասխան էր իրեն վստահուած դերին: Սրտի հիւանդութիւն ալ ունէր. ոմանք կ՛ըսէին` հիւանդ կը ձեւանար, եւ ծանր պահերուն գլուխը կը կորսնցնէր: Անոր օգնելու կոչուած ճակատի հրամանատարը` գնդապետ (Աթաբեկ) Բէյ Մամիկոնեանը նոյնպէս ցաւագար ու վախկոտ մէկն էր: Հակառակ իր պատկառելի արտաքին տեսքին եւ երեւութական լրջութեան` իրապէս շրջուն խուճապ էր եւ ո՛չ մէկ վստահութիւն կը ներշնչէր իրեն ենթակայ զինուորներուն ու սպաներուն:

Յիշողութեանս մէջ Արէշեան-Բէյ Մամիկոնեան շրջապատէն ոչ մէկ լուսաւոր գիծ մնացած է: Ո՞րտեղէն հաւաքուած էին այս միջակութիւնները եւ ի՞նչ կրնային ընել ձեւի բերելու Սարիղամիշի անձեւ քաոսը, որ օրէ օր աւելի կը ծանրանար, մանաւանդ` գաղթականութեան հոսանքին պատճառով: Ամէն օր Սարիղամիշ կը թափուէին պատերազմի վայրերէն գաղթականներ, որոնց անհրաժեշտ էր տեղաւորել, կերակրել եւ երկաթուղիով ուղարկել դէպի հիւսիս:

Աշխատանքը մեր միջեւ բաժնեցինք հետեւեալ ձեւով. Վահան Փափազեանը ստանձնեց գաղթականական գործը: Վահան Նաւասարդեանը դարձաւ զօրավար Արէշեանին խորհրդականը, տեսակ մը` շտաբի պետ: Ինծի բաժին ինկաւ Սարիղամիշի պարէտի պաշտօնը` զինուորական հրամանատար: Եւ երեքով գործի անցանք:

Ռազմաճակատէն շարունակ մռայլ լուրեր կը ստանայինք, թշնամին աւելի յանդուգն յարձակումներ կը գործէր: Մեր ուժերը բաւարար չէին եւ արագ կերպով կը տկարանային` հիւանդութեանց, դասալքութիւններու, կարգապահութեան խանգարման եւ, մանաւանդ, հրամանատարական հեղինակութեան բացակայութեան հետեւանքով: Անդրանիկը իր զօրամասով հեռացեր էր կռուի դաշտէն` իբրեւ կարգախօս թողնելով իր ետին` «Թրքահայութիւնը կոտորուեցաւ, թո՛ղ ռուսահայութիւնն ալ կոտորուի»: Իր խօսքը այդպէս չէր ըսուած, բայց ամբոխը այդ իմաստով հասկցած էր:

Օրուան հրատապ պահանջն էր` կանգնեցնել թշնամիին յառաջխաղացումը: Ասոր համար, առաջին հերթին, պէտք էր ուժեղացնել ճակատի զօրամասերը օգնական ուժերով: Սարիղամիշի պահեստի մասերը գրեթէ սպառած էին. մնացածները ո՛չ մէկ վստահութիւն կը ներշնչէին: Զօրավար Արէշեանի դիմումները Ալեքսանտրապոլ` զօրավար Նազարբէկեանին, ո՛չ մէկ արդիւնք կու տար: Սկսանք ուղղակի հեռագիրով ռմբակոծել Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդը: Հետեւանքը եղաւ նոյնը` «Ձեր ուժերով բաւականացէք»:

Սարիղամիշի մէջ եւ, առհասարակ, ճակատի մերձաւոր թիկունքին սուր կարիք կար մտաւորական ղեկավար ուժերու, որոնցմով լեցուն էր Թիֆլիսը: Մեր դիմումները Հայոց ազգային խորհուրդին այս գծով ալ արձագանգ չէին գտներ:

Ռազմաճակատէն կը պահանջէին կտրուկ միջոցներով դասալքութեան վերջ տալ: Բանակին կարգապահական ոգին կոտրողները անպատիժ կը մնային: Անհրաժեշտ էր զինուորական դատարան կազմել` պատժելու համար դաւաճաններուն եւ դասալիքներուն: Զօրավար Արէշեանը դատական կազմին յարմար ուժեր չէր գտներ եւ ի զուր կը բախէր ընդհանուր հրամանատարութեան եւ Հայոց ազգային խորհուրդին դռները: Մեր թախանձագին խնդրանքներուն ալ պատասխանելով` Թիֆլիսէն կը յորդորէին սեփական ուժերով բաւականանալ:

Փորձեցինք «սեփական ուժերով» զինուորական ատեան կազմել. բան դուրս չեկաւ: Երկու Վահանները վճռական կերպով մերժեցին զինուորական դատարանի կազմին մէջ մտնել. անոնց խիղճը թոյլ չէր տար մահուան դատավճիռ արձակել: Երբ ղեկավարները իրաւունք ունէին խիղճով առաջնորդուիլ, բնական էր, որ ստորադասներն ալ նոյնպէս խիղճին ապաւինին: Օրեր տեւող վէճերէն ու խօսակցութիւններէն ետք կարելի չեղաւ զինուորական ատեան կազմել, եւ թիկունքին դասալիքները անպատիժ կը վխտային:

Սիմոն Վրացեան եւ Դրօ` Դրաստամատ Կանայեան

Օր մըն ալ Սարիղամիշ գտնուող 101-րդ ձիաւոր հարիւրեակը ըմբոստացաւ եւ մերժեց ճակատ երթալ: Արէշեանին բոլոր ջանքերը կարգի բերելու` անօգուտ անցան: Մարդիկ կ՛ուզէին հետեւիլ դասալիք` ռազմաճակատէն հեռացած ռուս զօրամասերուն:

Զօրավար Արէշեանը սիրտը բռնած` կը չարչարուէր ցաւէն ու անկարողութենէն` նաեւ մեզի ալ չարչարելով: Նստած մռայլ` անտանելի կացութենէն ելք կ՛որոնէինք: Եթէ այս դրութիւնը շարունակուէր, կարճ ժամանակամիջոցին ռազմաճակատը փուլ կու գար, եւ թշնամին առանց արգելքի կը յառաջանար դէպի Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ:

Մէկ ալ ի՛նչ հրաշք: Deus ex machina! (լատիներէն բառացի` աստուած մեքենայէն, իմաստը` աստուածային միջամտութիւն, ՅՉ): Վակներեան հերոսի պէս մուտք գործեց Դրոն (Դրաստամատ Կանայեան): Ո՞ւր տեղէն ո՛ւր եւ ի՞նչ օրհասական պահուն: Կարծես հետը լոյս բերաւ: Նոյնիսկ Արէշեանին դէմքը պայծառացաւ: Դրոն բանակի կոմիսար (լիազօր) էր եւ երեւանեան զօրամասերուն հրամանատար:

Բախտաւոր աստղի տակ ծնած մարդիկ կան, որոնց համար անկարելի բան գոյութիւն չունի: Հող առնեն` ոսկի կը դառնայ: Յաջողութիւնը անոնց անբաժան ընկերն է:

Դրոն յայտնեց, որ Երեւանէն եկած է զէնք ու ռազմամթերք հայթայթելու Արարատեան դաշտի զօրամասերուն համար: Կարսէն ստացած եւ ուղարկած է որոշ քանակութեամբ փամփուշտ, հրացաններ եւ գնդացիրներ: Հիմա կ՛ուզէր Սարիղամիշի պահեստներէն զէնք ու փամփուշտ ուղարկել Երեւան:

Բոլոր պահեստները, իբրեւ պարէտի, իմ տրամադրութեան տակ էին: Ես, ի հարկէ, առաջարկեցի` ինչ որ հնարաւոր է փոխադրել: Արէշեանը անմիջապէս հաւանութիւն տուաւ. «Տարէք ինչ որ կ՛ուզէք եւ որքան որ կ՛ուզէք: Միայն թէ, սիրելի՛ պարոն Դրօ, մի քանի օր մնացէք` մեզի օգնելու:

1918-ի մարտի վերջը կ՛իյնայ Սարիղամիշը: Կովկասեան բանակի հրամանատար վրացիներ` զօր. Իլիա Օտիշելիծէ, Ակակի Չխենկելիի հրամանով, 11-12 ապրիլ 1918-ին, գրեթէ առանց կռիւի, թշնամիին կը յանձնէ զօր. Նազարբէկեանի կողմէ լաւ ամրացուած Կարսի բերդը: Աջին` Բէյ Մամիկոնեան

Դրոն կը շտապէր վերադառնալ Երեւանի նահանգը, ուր արիւնահեղ քաղաքացիական կռիւներ տեղի կ՛ունենային, եւ ուր ինքը հրամանատար էր: Միայն ստիպողական հարկադրանքի տակ անձամբ եկած էր զէնք ու ռազմամթերք տանելու: Բայց զօրավար Արէշեանին եւ մեր խնդրանքը այնքան բուռն էր, որ ստիպուած եղաւ տեղի տալ: Իր զինուորականի բացառիկ բնազդով ան արագ կերպով ըմբռնած էր կացութեան ահաւոր լրջութիւնը եւ անմիջական դարմանումի անհրաժեշտութիւնը:

Առաջին հերթին անհրաժեշտ էր վերջ տալ 101-րդ հարիւրեակի ըմբոստութեան, որ կը բարոյալքէր ու կազմալուծէր բանակը: Մարդիկ զինուած` նստած էին զօրանոցին մէջ եւ կը մերժէին ենթարկուիլ հրամանատարութեան` ցուցական կերպով:

Իբրեւ բանակի լիազօր` Դրոն արագ կերպով պատրաստեց վստահելի զինուորական ուժ եւ հրամայեց, որ ըմբոստները դուրս գան զօրանոցէն:

Հարիւրեակը դուրս եկաւ ու շարուեցաւ հրացանները ձեռքերնին: Դրոն կարճ ճառով մը դիմեց անոնց հայրենասիրութեան`  յորդորելով, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մեկնին ռազմաճակատ: Աջէն ու ձախէն տրտունջներ լսուեցան, մերժումի բացագանչութիւններ: Դրոն պահ մը լուռ դիտեց եւ, յանկարծ, վագրի ոստումով ատրճանակը ուղղեց հարիւրեակին ու գոչեց.

– Հանդա՛րտ:

Անակնկալի եկած զինուորները արագ կատարեցին հրամանը:

– Տասը քայլ առա՛ջ,- պոռաց Դրոն:

Առանց վարանումի զինուորները տասը քայլ առաջ անցան:

– Հրացանները դնել գետին,- հրամայեց Դրոն:

Պահ մը տատանումէ ետք ամէնքը հրացանները վար դրին: Քիչ անդին կեցած էր Դրոյի պատրաստած վաշտը` գնդացիրներով զինուած: Զինուորները կը տեսնէին այդ:

– Սուրերը դնել գետին,- նորէն հրամայեց Դրոն:

Զինուորները սուրերն ալ վար դրին:

– Տասը քայլ ե՛տ,- գոչեց Դրոն:

Հարիւրեակը մէկ մարդու պէս ետ քաշուեցաւ նախկին տեղը:

Դրոյի հրահանգով եկան, արագօրէն հաւաքեցին ու տարին հրացաններն ու սուրերը: Ապա Դրոն պահանջեց, որ անմիջապէս ըմբոստութեան պարագլուխները  յանձնեն: Առանց դժուարութեան երեք հոգի յանձնեցին:

Հարիւրեակը զղջում ու հնազանդութիւն յայտնեց: Լուրը կայծակի արագութեամբ հասաւ ռազմաճակատի զօրամասերուն եւ անոնց վրայ ցնցիչ տպաւորութիւն գործեց:

Այնուհետեւ արագ կերպով կազմուեցաւ պատերազմական ատեան` դատելու համար խռովարարներուն երեք պարագլուխները:

Առանց ձգձգումի` զօրավար Արէշեանը հրաման արձակեց. կը կազմուէր զինուորական դատարան, նախագահ` Սիմոն Վրացեան, անդամ` Դրօ, դատախազ` սպայ… ափսո՜ս, անունը մոռցած եմ, քարտուղար` տեղակալ Պետեա Բէգզատեան: Դատարանին կը յանձնուէին վերեւ նշուած երեք ըմբոստները:

Դատը տեղի ունեցաւ զօրանոցներէն մէկուն մէջ: Սուինաւոր պահակներու հսկողութեան տակ ներկայացան երեք ամբաստանեալները: Երկուքը գորշ եւ աննշան տեսքով մարդիկ էին, նախկին բանուորներ, որոնք անմիջապէս խոստովանեցան իրենց յանցանքը եւ ամբողջ պատասխանատուութիւնը ձգեցին երրորդին վրայ. ան գրգռիչ ճառեր արտասանած էր եւ ըմբոստութեան դրդած` զինուորներուն. իրենք անոր հետեւած էին, անմեղ զոհեր էին… Գործէն սակայն չէր երեւեր, որ անոնք անմեղ զոհեր եղած էին:

Երրորդը` նախկին անտառապահ, քառասունի մօտ, վիթխարի հասակով, երկար, սուր ոլորուած պեխով, խոշոր եւ թափանցող աչքերով, պատկառելի արտաքինով, լեզուանի տղամարդ մըն էր: Իր տեսքով` իսկական հերոս:

Քննութենէն, հրամանատարական տեղեկատուութենէն եւ վկաներու ցուցմունքներէն, պարզուեցաւ, որ երեքն ալ հաւասարապէս յանցաւոր էին. ամէն առիթով շուրջերնին դժգոհութիւն կը սերմանէին, կարգապահութեան չէին ենթարկուեր, պարտականութենէն կը խուսափէին, ընկերակիցներուն մէջ գրգռիչ քարոզչութիւն կ՛ընէին, կը դրդէին լքել դիրքերը եւ հետեւիլ ռազմաճակատէն հեռացած ռուս զօրամասերուն: Ակնյայտնի կերպով կը ձգտէին կազմալուծել բանակը, որպէսզի իրենք շուտով կարենան տուն վերադառնալ…

Պատկերը ցնցիչ էր: Մէկ կողմէ հրամանատարութեան անճարակութիւնը, միւս կողմէ` ծայր աստիճանի բարոյալքում: Այս երեքը բացառութիւն չէին. պոլշեւիզմը բանակին հոգին պղծած էր. հայրենիքի գաղափարը արագ կերպով մարդոց միտքերէն կը ցնդէր` տեղ տալով անասունի նախնական բնազդին:

Դատախազը երեքին համար ալ մահապատիժ պահանջեց: Այս օրուայ հոգեբանութեամբ ոմանք թերեւս մեղադրեն դատախազին. ինչո՞ւ ա՛յս երեքը պէտք էր մեռցուէին, երբ իրենց նման ուրիշներ եւ աւելի մեծ յանցաւորներ, աւելի բարձր դիրքերու վրայ, կը պտտէին անպատիժ, «Չաշկա Չայու»-ի (Թիֆլիսի մէջ յայտնի սրճարան, ՅՉ) եւ թիկունքային զանազան հիմնարկութիւններու հերոսներ: Ինչպէ՞ս հաշտուիլ նման անարդարութեան հետ: Հապա «մարդկային խիղճը» կամ «սոցիալիստական գիտակցութի՜ւնը»: Հապա` «մի՛ սպաններ»-ը: Հապա` մեր դաւանանքը մահապատիժի դէմ…

14 մայիս 2018
Շար. 2

———————-

(1) «Կեանքի Ուղիներով. դէպքեր, դէմքեր, ապրումներ», Սիմոն Վրացեան, Ա. հատոր, Գ. տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007, էջ 187-201:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Յունիս 1968)

Յաջորդը

Գրողի Անկիւն. Թոռներուս Ամերիկան Եւ Իմս

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?